Պետական Խորհուրդի Ընդհ[անուր] Ժողովը կը քննէ եղեր Մամուլի կանոնադրութիւնը, որը անշուշտ գործադրութեան յանձնուելէ առաջ պիտի ենթարկուի Երեսփ. Ժողովի վիճաբանութեան։
Սահմանադրական երկիրներու մէջ կայ երկու զօրեղ եւ նուիրական հաստատութիւն՝ ժողովուրդին մտածման ու զարգացումներուն իբրեւ բեմ, մէկը՝ Խորհրդարանը, Ազգային ներկայացուցիչներու ժողովը, միւսը՝ Մամուլը։
Ինչպէս որ Երեսփոխանական Ժողովը պէտք է բացարձակապէս անկախ եւ անձեռնմխելի ըլլայ, նոյնպէս Մամուլը պէտք է ըլլար անկաշկանդ եւ ազատ՝ ո՛ եւ է սահմանափակումէ, ո՛ եւ է ճնշիչ կանոններէ ու այնպիսի կանոնական տրամադրութիւններէ՝ որոնք այս կամ այն կերպով, այս կամ այն առիթի տակ բաց դուռ կազմեն իշխանութեան քաղաքական ոտնձգութիւններուն ու վարչական միջամտութիւններուն։
Inčpēs or Eresp’oxanakan Žoġovë pētk’ ē bac’arjakapēs ankax ew anjeṙnmxeli ëllay, noynpēs Mamowlë pētk’ ē ëllar ankaškand ew azat, o՛ ew ē sahmanap’akowmē, o՛ ew ē č̣nšič kanonnerē ow aynpisi kanonakan tramadrowt’iwnnerē, oronk’ ays kam ayn kerpov, ays kam ayn aṙit’i tak bac’ dowṙ kazmen išxanowt’ean k’aġak’akan otnjgowt’iwnnerown ow varčakan miǰamtowt’iwnnerown.
Եթէ կարելի է Երեսփոխանական Ժողովին խօսելու ազատութիւնը կանոնադրութեան եւ սահմանափակումներու ենթարկել, եթէ կարելի է Երեսփ. Ժողովին, այսինքն ժողովուրդի կարծիքներուն եւ մտածումներուն թարգման ըլլալու կոչուած անձնաւորութիւններուն խօսքի չափը կշիռքի ենթարկել եւ արգելափակ միջոցներու տակ առնել՝ առանց ճշմարիտ ազատութեան դէմ մեղանչելու, կարելի է նոյնպէս մամուլի ազատութիւնն ալ սահմանաւորել ու չափուած կանոններու շրջանակի մը մէջ սեղմել։
Et’ē kareli ē Eresp’oxanakan Žoġovin xòselow azatowt’iwnë kanonadrowt’ean ew sahmanap’akowmnerow ent’arkel, et’ē kareli ē Eresp’. Žoġovin, aysink’n žoġovowrdi karçik’nerown ew mtaçowmnerown t’argman ëllalow kočowaç anjnaworowt’iwnnerown xòsk’i čap’ë kšiṙk’i ent’arkel ew argelap’ak miǰoc’nerow tak aṙnel, aṙanc’ č̣šmarit azatowt’ean dēm meġančelow, kareli ē noynpēs mamowli azatowt’iwnn al sahmanaworel ow čap’owaç kanonnerow šrǰanaki më mēǰ seġmel.
Ինչպէս որ կատարեալ Սահմանադրութիւնը պարտաւոր է ամէն կերպով դիւրացնել ժողովուրդի ցանկութիւններուն, պահանջներուն ձգտումներուն եւ հայեացքներուն միջոցները, ապահովելով Խորհրդարանին՝ իր բարոյական ու մեքենական գործունէութեան անթերի ազատութիւնը, նոյնը պարտաւոր է ընել՝ միեւնոյն համեմատութեամբ եւ միեւնոյն պատճառներով՝ Մամուլի համար։
Inčpēs or katareal Sahmanadrowt’iwnë partawor ē amēn kerpov diwrac’nel žoġovowrdi c’ankowt’iwnnerown, pahanǰnerown jgtowmnerown ew hayeac’k’nerown miǰoc’nerë, apahovelov Xorhrdaranin, ir baroyakan ow mek’enakan gorçownēowt’ean ant’eri azatowt’iwnë, noynë partawor ē ënel, miewnoyn hamematowt’eamb ew miewnoyn patč̣aṙnerov, Mamowli hamar.
Եթէ Խորհրդարանը բերանն է ժողովուրդին եւ վերահսկիչը՝ դատական ու գործադիր իշխանութեանց, Մամուլը եւ՛ ամենօրեայ շրթունքն է ժողովուրդին եւ՛ վերահսկիչը թէ՝ գործադիր ու դատական իշխանութեանց, թէ նոյնինքն օրէնսդիր իշխանութեան՝ Խորհրդարանին միանգամայն։
Այն օրը ուր Մամուլին իրաւասութենէն խլուի ազատութիւնը՝ առաձգական եւ միշտ նենգաւոր կանոններու միջոցով, այն օրը ուր մամուլը կորսնցնէ իր խօսքի ազատութիւնը՝ ա՛յն օրը արդէն երկրին բովանդակ ազատութիւնը կարելի է բռնաբարուած եւ քանդուած համարիլ։
Սահմանադրութիւնը, որ իբրեւ հիմնական սկզբունք, կ՚ապահովէ անհատին խօսքի ու գաղափարի ազատութիւնը, չի կրնար երբեք ո՛չ մէկ արգելիչ միջոցներով ու եղանակով կաշկանդել անհատներուն հաւաքական ձայնը, խօսքի հաւաքական ազատութիւնը։
Ճիշդ է, կրնայ պատահիլ որ Մամուլի անարժան գործիչներ եւ անազնիւ մարդիկ զեղծանին այս ազատութեամբ եւ շահագործեն այս ազատութիւնը՝ ի նպաստ դատապարտելի շահերու եւ դիտումներու։
Č̣išd ē, krnay patahil or Mamowli anaržan gorçičner ew anazniw mardik zeġçanin ays azatowt’eamb ew šahagorçen ays azatowt’iwnë, i npast dataparteli šaherow ew ditowmnerow.
Բայց բոլոր այդ պատճառները, բոլոր այդ նկատումներն ու նախատեսութիւնները բնաւ չեն կրնար այնքան արժէք ունենալ որ աւելի կշռեն քան ինքն իսկ խօսքի ազատութիւնը եւ այդ ազատութեան ընդհանուր օգուտները։
Եւ Դատարանը՝ Մամուլի միջոցով կատարուած ամէն անիրաւ քննադատութիւն, ամէն զեղծում ու վնաս կը դատէ այնպէս՝ ինչպէս կը դատէ ո՛ եւ է անհատէ մը ուրիշ անհատի մը դէմ բացուած իրաւունքի դատ։
EW Dataranë, Mamowli miǰoc’ov katarowaç amēn aniraw k’nnadatowt’iwn, amēn zeġçowm ow vnas kë datē aynpēs, inčpēs kë datē o՛ ew ē anhatē më owriš anhati më dēm bac’owaç irawownk’i dat.
Ընդունելով որ անհատ մը՝ առանց Մամուլի դիմելու, կարող է խօսքով ու իր լեզուով վնասել ուրիշի մը պատուին, անիրաւութիւն հասցնել անոր, պատճառել բարոյական եւ նիւթական վնասներ՝ փողոցի մէջ, հանրութեան առջեւ, գաղտագողի փսփսուքներով եւ դեռ բազմաթիւ եղանակներով՝ միթէ Օրէնքը բերնակա՞պ դնել հարկադրուած է մարդոց շրթունքներուն վրայ, քաղաքացիներէ 100 կամ 500 ոսկիի երաշխաւորութի՞ւն կը պահանջէ։
Ëndownelov or anhat më, aṙanc’ Mamowli dimelow, karoġ ē xòsk’ov ow ir lezowov vnasel owriši më patowin, anirawowt’iwn hasc’nel anor, patč̣aṙel baroyakan ew niwt’akan vnasner, p’oġoc’i mēǰ, hanrowt’ean aṙǰew, gaġtagoġi p’sp’sowk’nerov ew deṙ bazmat’iw eġanaknerov, mit’ē Òrēnk’ë bernaka?p dnel harkadrowaç ē mardoc’ šrt’ownk’nerown vray, k’aġak’ac’inerē 100 kam 500 oskii erašxaworowt’i?wn kë pahanǰē.
Ո՛չ, այս տեսակ ծիծաղելի եւ անհեթեթ միջոցներ ձեռք չ՚առներ եւ չէ առած, այլ պարզապէս անիրաւուածին բողոքին համաձայն՝ անիրաւողին ու յանցաւորին օձիքէն կը բռնէ եւ զայն դատաստանի կ՚ենթարկէ։
O՛č, ays tesak çiçaġeli ew anhet’et’ miǰoc’ner jeṙk’ č,aṙner ew čē aṙaç, ayl parzapēs anirawowaçin boġok’in hamajayn, anirawoġin ow yanc’aworin òjik’ēn kë bṙnē ew zayn datastani k,ent’arkē.
Պետական Խորհուրդի քննութեան ներկայացող Մամուլի Կանոնագիրը կը պահանջէ եղեր որ «լրագրի արտօնատէր մը 500 ոսկիի երաշխաւորութիւն մը տայ կանխաւ». ինչո՞ւ. հապա եթէ այդ 500 ոսկիի երաշխաւորութիւնը չի կրնայ տա՜լ։
Petakan Xorhowrdi k’nnowt’ean nerkayac’oġ Mamowli Kanonagirë kë pahanǰē eġer or «lragri artònatēr më 500 oskii erašxaworowt’iwn më tay kanxaw». inčo?w. hapa et’ē ayd 500 oskii erašxaworowt’iwnë či krnay ta!l.
Ո՞ր քաղաքացիէն նիւթական սակ պահանջուած է՝ իր ապագայ զեղծումներուն, յանցանքներուն, անիրաւութիւններուն կամ ոճիրներուն ի հաշիւ. ո՞ր խանութպանէն, ո՞ր վաճառականէն եւ ո՞ր առեւտրականէն օրէնքը կանխաւ այդ տեսակ երաշխաւորութիւններ կ՚առնէ՝ անոնցմէ մէկուն գործի ձեռնարկելէն առաջ, չէ՞ որ անոնց իւրաքանչիւրն ալ կարող է խարդախել, անիրաւել, գողանալ եւ վնասի ենթարկել անհատի մը կամ հանրութեան բարոյական ու նիւթական շահերը։
O?r k’aġak’ac’iēn niwt’akan sak pahanǰowaç ē, ir apagay zeġçowmnerown, yanc’ank’nerown, anirawowt’iwnnerown kam oč̣irnerown i hašiw. o?r xanowt’panēn, o?r vač̣aṙakanēn ew o?r aṙewtrakanēn òrēnk’ë kanxaw ayd tesak erašxaworowt’iwnner k,aṙnē, anonc’mē mēkown gorçi jeṙnarkelēn aṙaǰ, čē? or anonc’ iwrak’ančiwrn al karoġ ē xardaxel, anirawel, goġanal ew vnasi ent’arkel anhati më kam hanrowt’ean baroyakan ow niwt’akan šaherë.
Երկրին համար օգտակար յօդուածներ բացատրութիւնը այնքան յարաբերական, այնքան պարագայական եւ առաձգական իմաստ մը ունի որ կարող է Լրագրութեան եւ Մամուլի ազատութեան գլխուն դառնալ մշտական սպառնալիք ու մշտական ճնշում։
Erkrin hamar ògtakar yòdowaçner bac’atrowt’iwnë aynk’an yaraberakan, aynk’an paragayakan ew aṙajgakan imast më owni or karoġ ē Lragrowt’ean ew Mamowli azatowt’ean glxown daṙnal mštakan spaṙnalik’ ow mštakan č̣nšowm.
Ինչ որ ես բացարձակապէս օգտական կը դատեմ երկրին շահերուն համար, ուրիշ մը կարող է նոյնքան վնասակար դատել. ո՞ր աստիճանաչափով պիտի վճարուի այդ այնքան անորոշ, այնքան տարտամ օգտակարութիւնը, ինչպէս կ՚ըլլան սովորաբար իշխանութեանց կողմէ սահմանուած կանոնները։
Inč or es bac’arjakapēs ògtakan kë datem erkrin šaherown hamar, owriš më karoġ ē noynk’an vnasakar datel. o?r astič̣anačap’ov piti vč̣arowi ayd aynk’an anoroš, aynk’an tartam ògtakarowt’iwnë, inčpēs k,ëllan sovorabar išxanowt’eanc’ koġmē sahmanowaç kanonnerë.
Երկրին օգտակարութեան խնդիրը կը շօշափուի բազմաթիւ եւ բազմաձեւ մտքով, գիտութեան փիլիսոփայութեան, բարոյականի, քաղաքականութեան, ընկերական վարդապետութեանց եւ դեռ այնքան այլազան գաղափարներու ու թէօրիներու միջոցով։
Ինչ որ այս ինչ գաղափարը, այս ինչ հայեացքն ու համոզումը մէկ քանիներու համար բացարձակ արդարութիւններ կրնան ընդունուած ըլլալ ի նպաստ երկրին ու անոր զարգացմանը, նոյն գաղափարներն ու համոզումները կրնան վճռական կամ ենթադրական չարիքներ համարուիլ կառավարութեան տեսակէտով. ո՞վ պիտի ըլլայ ճշմարտութիւնը վճռողը։
Inč or ays inč gaġap’arë, ays inč hayeac’k’n ow hamozowmë mēk k’aninerow hamar bac’arjak ardarowt’iwnner krnan ëndownowaç ëllal i npast erkrin ow anor zargac’manë, noyn gaġap’arnern ow hamozowmnerë krnan vč̣ṙakan kam ent’adrakan čarik’ner hamarowil kaṙavarowt’ean tesakētov. o?v piti ëllay č̣šmartowt’iwnë vč̣ṙoġë.
Անցեալին եւ դեռ շատ մօտիկ անցեալին մէջ աշխարհքի ամենասուրբ ճշմարտութիւններէն մէկ քանին, օրինակի համար՝ Ազատութիւնն ու Իրաւունքը՝ կառավարութեան կողմէ կը նկատուէին քրէական ոճիրներ եւ անոնց քարոզիչները՝ եղեռնագործներ։
Ինչո՞ւ կարելի չըլլայ ընդունիլ թէ այսօրուան կեանքին մէջ ալ կրնան պատահիլ նոյնքան ուրիշ համոզումներ եւ գաղափարներ՝ որոնք ճշմարտութիւններ են եւ հետեւաբար օգտակար երկրին, բայց ո՛չ կառավարութեանը։
Inčo?w kareli čëllay ëndownil t’ē aysòrowan keank’in mēǰ al krnan patahil noynk’an owriš hamozowmner ew gaġap’arner, oronk’ č̣šmartowt’iwnner en ew hetewabar ògtakar erkrin, bayc’ o՛č kaṙavarowt’eanë.
Այսպէս, այս երկրին մէջ այսօր իսկ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ ու մէկէ աւելի կուսակցութիւններ կան, որոնք համոզուած են թէ կեդրոնացման վարչական ձեւը աղէտ մը, չարիք մըն է պետութեան ու երկրին համար. մինչդեռ անձնաւորութեանց ուրիշ խմբակցութիւն մը կամ կազմակերպութիւն մը՝ իբրեւ չարիք ու աղէտ կը նկատէ երկրին համար ապակեդրոնացման դրութիւնը։
Այսպէս, վարչութեան գլուխ անցած կեդրոնացման գաղափարի պաշտպան անձնաւորութիւնները կարող պիտի ըլլան այս ու այն րոպէին հալածել եւ ճնշել ապակեդրոնացման կուսակիցներն ու պրօպականտիստները, զանոնք նկատելով իբրեւ երկրին անդորրութիւնը վրդովող մարդիկ։
Ու Մամուլի օրէնքը իրենց զէնքը պիտի ըլլայ. այդ զէնքով իրաւունք պիտի ունենան դադրեցնել թերթեր, արգիլել գրքերու հրատարակութիւնները եւ նոյն իսկ պատժել անոնց հեղինակները։
OW Mamowli òrēnk’ë irenc’ zēnk’ë piti ëllay. ayd zēnk’ov irawownk’ piti ownenan dadrec’nel t’ert’er, argilel grk’erow hratarakowt’iwnnerë ew noyn isk patžel anonc’ heġinaknerë.
Երկրին օգտակարութիւնը եւ Երկրին անդորրութիւնը չափազանց անորոշ եւ անիմաստ բացատրութիւններ են, պէտք է ճշդորոշել զանոնք ու սահմանել, թուումն մասանցը ընելով նոյն Օգտակարութեան եւ Անդորրութեան դէմ մեղանչող պարագաներուն, որպէսզի կարելի ըլլար կշռել զանոնք, վիճել անոնց վրայ եւ Խորհրդարանի որոշումէն ետքը դնել գործադրութեան։
Իսկ 500 կամ աւելի ու պակաս ոսկիներու երաշխաւորութիւն պահանջելը լրագրապետներէ կամ հրատարակիչներէ՝ բացէ ի բաց հարուած է՝ ուղղուած ժողովուրդի մտաւոր զարգացման ու յառաջդիմութեան։
Isk 500 kam aweli ow pakas oskinerow erašxaworowt’iwn pahanǰelë lragrapetnerē kam hratarakičnerē, bac’ē i bac’ harowaç ē, owġġowaç žoġovowrdi mtawor zargac’man ow yaṙaǰdimowt’ean.