Sentence view

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Partdev
AnnotationYavrumyan, Marat M.

[1] tree
Մեսրոպ Բ. պատրիարքը երկար տարիներէ ի վեր կը տառապէր տեմանսէ։
s-1
news-0010-000102M5
Մեսրոպ Բ. պատրիարքը երկար տարիներէ ի վեր կը տառապէր տեմանսէ։
Mesrop B. patriark’ë erkar tarinerē i ver kë taṙapēr temansē.
[2] tree
Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը հաւանաբար կայանայ յաջորդ կիրակի։
s-2
news-0010-000102M6
Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը հաւանաբար կայանայ յաջորդ կիրակի։
Verǰin òçman ew yowġarkaworowt’ean kargë hawanabar kayanay yaǰord kiraki.
[3] tree
Պատրիարքարանը Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի վախճանման առթիւ կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
s-3
news-0010-000202M7
Պատրիարքարանը Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի վախճանման առթիւ կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Patriark’aranë Erǰankayišatak Mesrop B. patriark’i vaxč̣anman aṙt’iw kataraç ē heteweal yaytararowt’iwnë.
[4] tree
«Այսօր, 8 Մարտ 2019, Ուրբաթ ժամը 12.15ին իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84րդ Գահակալ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը, խոր սուգի մատնելով Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին եւ իր հոգեւոր զաւակները, ի Ստանպուլ, ի Գաւառս եւ ի Կրետէ։
s-4
news-0010-000302M8

«Aysòr, 8 Mart 2019, OWrbat’ žamë 12.15in ir hogin Erknawor Hòr jeṙk’erown mēǰ awandec’ Polsoy Patriark’akan At’oṙi 84rd Gahakal N.A.T. Mesrop B. Patriark’ Hayrë, xor sowgi matnelov Hayastaneayc’ Aṙak’elakan S. Ekeġec’in ew ir hogewor zawaknerë, i Stanpowl, i Gawaṙs ew i Kretē.
[5] tree
Ծանօթ է, թէ Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասը տարի անգործութեան մատնուած էր անդարմանելի հիւանդութեան հետեւանքով եւ ութը տարի վայելած էր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի խնամքը։
s-5
news-0010-000302M9
Ծանօթ է, թէ Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասը տարի անգործութեան մատնուած էր անդարմանելի հիւանդութեան հետեւանքով եւ ութը տարի վայելած էր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի խնամքը։
Çanòt’ ē, t’ē Patriark’ Hayrë aweli k’an tasë tari angorçowt’ean matnowaç ēr andarmaneli hiwandowt’ean hetewank’ov ew owt’ë tari vayelaç ēr S. P’rkič Azgayin Hiwandanoc’i xnamk’ë.
[6] tree
Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը ձեռնասունն էր Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր եւ սկսեալ կուսակրօն քահանայութեան օրերէն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր Պատրիարքական Աթոռի վարչական կազմէն ներս։
s-6
news-0010-000402MA
Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը ձեռնասունն էր Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր եւ սկսեալ կուսակրօն քահանայութեան օրերէն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր Պատրիարքական Աթոռի վարչական կազմէն ներս։
Mesrop S. Patriark’ Hayrë jeṙnasownn ēr Eranašnorh Šnorhk’ S. Patriark’ Hòr ew skseal kowsakròn k’ahanayowt’ean òrerēn ir gorçòn masnakc’owt’iwnë beraç ēr Patriark’akan At’oṙi varčakan kazmēn ners.
[7] tree
Նորին Ամենապատուութիւնը, 14 Հոկտեմբեր 1998ին ընտրուած էր Պատրիարք Հայոց Պոլսոյ, յաջորդելով Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքին, որուն անմիջական գործակիցը հանդիսացած էր։
s-7
news-0010-000502MB
Նորին Ամենապատուութիւնը, 14 Հոկտեմբեր 1998ին ընտրուած էր Պատրիարք Հայոց Պոլսոյ, յաջորդելով Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքին, որուն անմիջական գործակիցը հանդիսացած էր։
Norin Amenapatowowt’iwnë, 14 Hoktember 1998in ëntrowaç ēr Patriark’ Hayoc’ Polsoy, yaǰordelov Eranašnorh Garegin B. Patriark’in, orown anmiǰakan gorçakic’ë handisac’aç ēr.
[8] tree
Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք նախ քան Պատրիարք ընտրուիլը, իր հոգեւոր ծառայութիւնը կեդրոնացուցած էր մանկանց, երիտասարդաց եւ հոգեւորականներ պատրաստելու գործին եւ այդ ծառայութեան գիծը շարունակուած էր նաեւ իր Պատրիարքութեան շրջանին։
s-8
news-0010-000502MC

Mesrop Srbazan Patriark’ nax k’an Patriark’ ëntrowilë, ir hogewor çaṙayowt’iwnë kedronac’owc’aç ēr mankanc’, eritasardac’ ew hogeworakanner patrastelow gorçin ew ayd çaṙayowt’ean giçë šarownakowaç ēr naew ir Patriark’owt’ean šrǰanin.
[9] tree
Ներհամայնքային գործունէութեան ծիրէն ներս, նաեւ ունեցած էր աշխոյժ գործունէութիւն Պատրիարքական Աթոռը եւ համայնքը ծանօթացնելու յաչս օտար շրջանակներու։
s-9
news-0010-000602MD
Ներհամայնքային գործունէութեան ծիրէն ներս, նաեւ ունեցած էր աշխոյժ գործունէութիւն Պատրիարքական Աթոռը եւ համայնքը ծանօթացնելու յաչս օտար շրջանակներու։
Nerhamaynk’ayin gorçownēowt’ean çirēn ners, naew ownec’aç ēr ašxoyž gorçownēowt’iwn Patriark’akan At’oṙë ew hamaynk’ë çanòt’ac’nelow yačs òtar šrǰanaknerow.
[10] tree
Իր ունեցած պաշտօնական եւ բարեկամական յարաբերութեամբ Պատրիարքական Աթոռը լաւագոյնս ծանօթացուցած էր երկրի տեղական մամլոյ պատասխանատու խմբագիրներուն։
s-10
news-0010-000602ME
Իր ունեցած պաշտօնական եւ բարեկամական յարաբերութեամբ Պատրիարքական Աթոռը լաւագոյնս ծանօթացուցած էր երկրի տեղական մամլոյ պատասխանատու խմբագիրներուն։
Ir ownec’aç paštònakan ew barekamakan yaraberowt’eamb Patriark’akan At’oṙë lawagoyns çanòt’ac’owc’aç ēr erkri teġakan mamloy patasxanatow xmbagirnerown.
[11] tree
Կրօնական Ժողովի եւ համայնքային վարչային դէմքերէն ստացած լիազօրութեամբ ցուպ ի ձեռին այցելած էր Եւրոպական ոստաններ եւ ունեցած պաշտօնական տեսակցութիւններով յանուն համայնքի զօրակցութիւն յայտնած էր Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացէն ներս։
s-11
news-0010-000602MF

Krònakan Žoġovi ew hamaynk’ayin varčayin dēmk’erēn stac’aç liazòrowt’eamb c’owp i jeṙin ayc’elaç ēr EWropakan ostanner ew ownec’aç paštònakan tesakc’owt’iwnnerov yanown hamaynk’i zòrakc’owt’iwn yaytnaç ēr T’owrk’ioy EWromiowt’ean andamakc’owt’ean gorçënt’ac’ēn ners.
[12] tree
Ինքը, եղաւ արի եւ քաջ հովուապետը, որ գիտցաւ տէր կանգնիլ համայնքի շահերուն։
s-12
news-0010-000702MG
Ինքը, եղաւ արի եւ քաջ հովուապետը, որ գիտցաւ տէր կանգնիլ համայնքի շահերուն։
Ink’ë, eġaw ari ew k’aǰ hovowapetë, or gitc’aw tēr kangnil hamaynk’i šaherown.
[13] tree
Հայ Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս, պահած էր Պոլսոյ Աթոռի դիրքը, նաեւ պահելով Նուիրապետական Աթոռներու հետ աւանդական կապը։
s-13
news-0010-000702MH
Հայ Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս, պահած էր Պոլսոյ Աթոռի դիրքը, նաեւ պահելով Նուիրապետական Աթոռներու հետ աւանդական կապը։
Hay Ekeġec’woy çirēn ners, pahaç ēr Polsoy At’oṙi dirk’ë, naew pahelov Nowirapetakan At’oṙnerow het awandakan kapë.
[14] tree
Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանակներ եւս այսօր կը սգան մեծանուն Պատրիարքին մահը, միշտ յիշելով իր աշխոյժ գործունէութիւնները, զոր ունեցած էր զանազան առիթներով՝ գործակցելով իրենց։
s-14
news-0010-000702MI
Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանակներ եւս այսօր կը սգան մեծանուն Պատրիարքին մահը, միշտ յիշելով իր աշխոյժ գործունէութիւնները, զոր ունեցած էր զանազան առիթներով՝ գործակցելով իրենց։
Miǰekeġec’akan ew miǰkrònakan šrǰanakner ews aysòr kë sgan meçanown Patriark’in mahë, mišt yišelov ir ašxoyž gorçownēowt’iwnnerë, zor ownec’aç ēr zanazan aṙit’nerov, gorçakc’elov irenc’.
[15] tree
Այս դառն կորուստին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովոյ 9 Մարտ 2019 թուակիր արտակարգ նիստին պիտի քննարկուին յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգի հետ առնչուած պարագաները։
s-15
news-0010-000802MJ
Այս դառն կորուստին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովոյ 9 Մարտ 2019 թուակիր արտակարգ նիստին պիտի քննարկուին յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգի հետ առնչուած պարագաները։
Ays daṙn korowstin aṙt’iw Patriark’akan At’oṙoy Krònakan Žoġovoy 9 Mart 2019 t’owakir artakarg nistin piti k’nnarkowin yowġarkaworowt’ean ow t’aġman kargi het aṙnčowaç paraganerë.
[16] tree
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հօր վախճանման մասին տեղեկութիւն փոխանցուած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն։
s-16
news-0010-000902MK
Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հօր վախճանման մասին տեղեկութիւն փոխանցուած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն։
N.A.T. Mesrop Patriark’ Hòr vaxč̣anman masin teġekowt’iwn p’oxanc’owaç ē naew Hay Ekeġec’woy nowirapetakan At’oṙnerown.

Edit as listText viewDependency trees