Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարք կը սպառնայ եւ կը հալածէ հոգեւորականները
s-2 «Կովերու պարտէզի» համաձայնագրի վերաբերեալ ահազանգ հնչեցնելէն ետք, Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարք եւ իր հանցակից Պարետ Վարդապետ սկսած են սպառնալ եւ հալածել Հոկտեմբեր 27-ի եւ Նոյեմբեր 15-ի յայտարարութիւնները ստորագրած հոգեւորականները:
s-3 Հոկտեմբեր 27-ի յայտարարութիւնը հրապարակելէն ետք, անոնք սկսան ստորագրած քանի մը հոգեւորականներուն կանչել իրենց գրասենեակները եւ ահաբեկել՝ սպառնալով անոնց կարգալոյծ ընել, պաշտօններէն հանել, Միաբանութենէն հեռացնել, ամսեկանները կտրել եւ այլն:
s-4 Այս ահաբեկումներու պատճառով երեք Վարդապետներ (երկուքը Երուսաղէմէն, մին արտասահմանէն) իրենց ստորագրութիւնները քաշեցին յայտարարութենէն եւ Պարետ Վարդապետի պատրաստած Նոյեմբեր 12-ի հրապարակած յայտարարութիւնը ստորագրեցին, որու բովանդակութիւնը միայն սուտեր էին եւ կեղծիքներ:
s-5 Ի պատիւ քանի մը հոգեւորականներու, պէտք է ըսել, որ անոնք տեղի չտուին անոնց ահաբեկումներուն ու սպառնալիքներուն եւ իրենց ստորագրութիւնները չքաշեցին:
s-6 Ատկէ ետք անոնք սկսան ստորագրած հոգեւորականները իրենց պաշտօններէն հանել:
s-7 Մեզի հասած հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն՝ պաշտօնէ հանած են ձեռագրատան տեսուչին:
s-8 4000 ձեռագիրներու հաւաքածուին տեսուչը հեռացուած է պաշտօնէն առանց յանձնում-ստանձնում ընելու:
s-9 Պարզապէս Նուրհան Պատրիարք իր կատարածուն ղրկած է եւ տեսուչէն բանալին պահանջած է:
s-10 Պաշտօնէ հեռացուած է նաեւ Ս. Փրկիչի տեսուչը:
s-11 Հոս կարեւոր է որ մեր հայրենակիցները գիտնան, որ երկու պարագաներուն ալ պաշտօններէ հեռացուած վարդապետներու փոխարէն նշանակուած են Հոկտեմբեր 27-ի եւ Նոյեմբեր 15-ի յայտարարութիւնները չստորագրած իրենց մանկլավիկ եւ կամակատար հոգեւորականները:
s-12 Պաշտօնով կը վարձատրուին իրենց դաւաճանութեան համար:
s-13 Յայտարարութիւնները հրապարակելէ ետք Նուրհան Պատրիարք իր կատարածուին միջոցաւ լուր կը ղրկէ յայտարարութիւնները ստորագրած բոլոր եկեղեցականներուն, որ արգիլուած է իրենց Պատրիարքարան մտնալ եւ Պատրիարքը տեսնալ:
s-14 Անոնց նոյնիսկ արգիլած են պատարագէն վերջ նշխար տանիլ Պատրիարքին:
s-15 Ստորագրած եկեղեցականներէն մէկուն ամսեկանը յանիրաւի կտրուած է եւ դրամը փոխանցուած է երկու վարտապետներէն մէկուն, որ իր ստորագրութիւնը քաշած էր Հոկտեմբեր 27-ի յայտարարութենէն:
s-16 Ասոր ալ 30 արծաթով կը կաշառեն:
s-17 Նուրհան Պատրիարք-Պարետ Վարդապետ տխրահռչակ զոյգը, որ հայութեան կողմէ արդէն արժանացած են հողատու եւ դաւաճան «տիտղոսներուն», մեծ ճնշում կը բանենցնեն Միաբանական Ժողովի ատենապետին վրայ, որպէսզի ան իր ստորագրութիւնը դնէ «Կովերու պարտէզի» համաձայնագրին վրայ:
s-18 Բոլոր ստորագրած եկեղեցականներուն արգիլուած է հարցազրոյց տալ կամ յօդուած տպել:
s-19 Անոնցմէ մէկուն ստիպած են փակել այն Ֆեյսպուքեան էջը, ուր ան հրապարակած էր Հոկտեմբեր 27-ի յայտարարութիւնը:
s-20 Մինչդեռ Պարետ Վարդապետ իրաւունք ունի ուզած յօդուածը տպել ու ուզած հարցազրոյցը տալ եւ Հայ ազգին մէջ սուտեր եւ ապատեղեկութիւններ տարածել:
s-21 Նուրհան Պատրիարք այնքան առաջ գացած է իր վրէժխնդրութեան եւ ոխակալութեան մէջ, որ որոշած է նոյնիսկ քանի մը եկեղեցականներ, որ ստորագրած են յայտարարութիւնները հեռացնել Միաբանութենէն:
s-22 Մեզի հասած հաւաստի տեղեկութիւններով ան Միաբանութենէ հեռացուցած է երիցագոյն անդամը՝ Ժիրայր Ծ. Վրդ. Թաշճեանը:
s-23 Հայր Ժիրայր 85 տարեկան է եւ Միաբանութեան անդամ է աւելի քան 60 տարի եւ այսօր, անիկա կը հեռացուի Միաբանութենէ միայն անոր համար, որ համարձակած է ստորագրել զոյգ յայտարարութիւնները:
s-24 Ինչպիսի՜ ուղղամտութիւն եւ արդարամտութիւն:
s-25 Նուրհան Պատրիարքէն պէտք չէ սպասել ուղղամտութիւն եւ արդարամտութիւն, քանի որ անիկա փոքրոգի եւ ոխակալ անձ մըն է:
s-26 Միաբանութենէ կը հեռացուի նաեւ Գիսակ Արք. Մուրադեան, դարձեալ անոր համար, որ ան եւս համարձակած է ստորագրել Նոյեմբեր 15-ի յայտարարութիւնը:
s-27 Հոս տեղին է յիշել եւ յիշեցնել Նուրհան Պատրիարքը իր իսկ խօսքերը՝ ուղղուած Գարեգին Վեհափառին.
s-28 «Սպառնալիքը չի՜ պատշաճիր կրօնականին, նամանաւա՜նդ բարձրաստիճան»:
s-29 Որքան ճիշտ ըսուած է, բայց երանի այս խորհուրդ տուողը ինք այսօր սպառնալիքներ չըներ:
s-30 Երուսաղէմին մէջ արդեն տարածուած խօսք կայ, թէ Նուրհան Պատրիարք միայն մտահոգ է դրամով եւ իր կերակուրով:
s-31 Ասոնցմէ զատ իրեն ուրիշ բան չի հետաքրքրեր:
s-32 Ան արդեն ամիսներ է որ եկեղեցի չէ իջած, չէ մասնակցած պատարագներուն եւ եկեղեցական արարողութիւններուն:
s-33 Արդէն տարիներ է, որ պատարագ չէ ըրած:
s-34 Քանի տարի է, որ չէ հանդիսապետած Հրաշափառներուն, մեծահանդէս թափօրներուն եւ նոյնիսկ Զատկի արարողութիւններուն:
s-35 Շաբաթ եւ Կիրակի օրերու պատարագներուն մասնակցելու փոխարէն Երուսաղէմի եւ Թել-Ավիվի ճաշարաններուն եւ առեւտուրի կեդրոններու մէջ նախաճաշ կամ ճաշ կ՚ընէ աշխարհականներու հետ:
s-36 Ժողովուրդը նոյնիսկ կը ծաղրէ ըսելով, որ եթէ կ՚ուզէք Պատրիարքը տեսնալ գացէք ճաշարանները, հոն կրնաք տեսնալ զինքը:
s-37 Ահա թէ ինչպիսի հոգեւորական մը բազմած է այսօր Երուսաղէմի պատմական Աթոռին:
s-38 Չարիք մըն է, որ պատուհասած է Առաքելական այդ դարաւոր Աթոռը:
s-39 Յօդուածը կ՚ուզեմ աւարտել իր խորհուրդով, որ ժամանակին համարձակած էր տալ Գարեգին Վեհափառին, բայց անիկա կը պատշաճի ճիշտ իրեն.
s-40 «Դուք եւս ձեզ հռչակէք կարգազուրկ եւ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը փրկէք ամբողջական կործանումէ»:
s-41 Երուսաղէմի Պատրիարքարանը արդէօ՞ք ստիպուած էր վարձակալելու «Կովերու պարտէզ» կալուածը
s-42 Այս յօդուածին մէջ պիտի ներկայացնենք Պարետ Վարդապետին երեք ուրիշ սուտեր, որոնք ան ներկայացուցած է Հայկական Ռատիօին տուած հարցազրոյցին ատեն՝ խաբելու համար Հայ ժողովուրդը եւ արդարացնելու իր եւ Նուրհան Պատրիարքին հակականոնական ու յանցաւոր ճամբայով ստորագրուած «Կովերու պարտէզ» կալուածին վարձակալութեան համաձայնագիրը:
s-43 Հարցազրոյցի գլխաւոր սուտերէն մին այն է, թէ իբր Երուսաղէմի Պատրիարքարանը ստիպուած էր «Կովերու պարտէզ» կալուածը վարձակալելու, քանի որ վանքը դրամական ծանր վիճակի մէջ է եւ այդ գործարքէն եկած գումարով պիտի փորձեն դուրս գալ այդ ծանր վիճակէն:
s-44 Ասիկա մեծ սուտ մըն է, որ Պարետ Վարդապետ մէջտեղ նետած է, իրենց խայտառակ եւ հակահայկական գործարքը արդարացնելու համար:
s-45 Իրականութիւնը այն է, որ Երուսաղէմի Պատրիարքարանը դրամական ծանր վիճակի մէջ չէ, պարտքի մէջ չէ, դրամատուներէն վերցուցած վարկեր չունի եւ որ ամենէն կարեւորն է, այսօր վանքին եկամուտը աւելին է, քան ծախսերը:
s-46 Ուստի, Պատրիարքարանը ստիպուած չէր դրամական ծանր վիճակի մէջ ըլլալուն պատճառաւ «Կովերու պարտէզ» կալուածը վարձակալութեան տար:
s-47 Հարցազրոյցի երկրորդ սուտը այն է, որ եթէ Պատրիարքարանը «Կովերու պարտէզ» կալուածը վարձակալութեան չի տար, ապա Երուսաղէմի Քաղաքապետարանը այն Կանաչ գոտի կը հռչակէր կամ ալ կը բռնագրաուէր:
s-48 Ասիկա նոյնպէս շատ լաւ ծրագրուած եւ հաշուարկուած սուտ մըն է, որուն միջոցաւ ան կը փորձէ արդարանալ եւ Հայ ժողովուրդը խաբել եւ իրականութենէ շատ հեռու պատճառ մը ներկայացնել:
s-49 Ի՞նչ է իրականութիւնը:
s-50 Իրականութիւնը այն է, որ նախ Երուսաղէմի Քաղաքապետարանը Հին Քաղաքէն ներս եւ Արեւելեան Երուսաղէմին մէջ ոչ մէկ տարածք կանաչ գոտի հռչակած է:
s-51 Ատկէ զատ, Քաղաքապետարանը ինչպէ՞ս կրնար «Կովերու պարտէզը» կանաչ գոտի հռչակէր, երբ 2020 թուականին Պատրիարքարանին հետ այդ կալուածի վերաբերեալ արդէն համաձայնագիր ստորագրած էր, համաձայն որու այդ տարածքը 10 տարւոյ համատեղ վարձակալութեան տրուած է որպէս ինքնաշարժերու կայանատեղի (parking):
s-52 Նուազագոյնը մինչեւ 2030 թուական այդ կալուածին վերաբերեալ Քաղաքապետարանը որոշում չէր կրնար առնել:
s-53 2030 թուականէն ետք ալ, պայմանագիրը կարելի էր նորոգել եւ շարունակել այն գործածել որպէս կայանատեղի:
s-54 Ուստի այս պատճառը նոյնպէս չի արդարացներ անոնց ստորագրած խայտառակ համաձայնագիրը, քանի որ սուտ է եւ միայն խաբելու ու մոլորցնելու նպատակ ունի:
s-55 Հոս կ՚ուզեմ անդրադառնալ վերջերս հայկական հեռուստատեսութիւններէն մէկուն տուած Պարոն Մանուէլ Հասէսեանի հարցազրոյցին, որ որպէս Դենիմարկի մէջ Պաղեստինի դեսպան մաս կազմած էր Հայաստան այցելած Պաղեստինեան պաշտօնական պատուիրակութեան:
s-56 Ան կը խօսի կայանատեղիին վերաբերեալ Երուսաղէմի Քաղաքապետարանին հետ 2020 թուականին Պատրիարքարանի ստորագրած համաձայնագրին մասին եւ կ՚ըսէ, որ երբ ինք լսած է, որ Պատրիարքարանը Քաղաքապետարանին հետ պիտի 10 տարւոյ պայմանագիր ստորագրէ, համաձայն որու «Կովերուն պարտէզ» կալուածի աղբը մաքրելէն ետք հոն կայանատեղի պիտի ըլլայ եւ տասը տարի վերջ անիկա պիտի վերադառնայ Պատրիարքարանին, ինք չէ հաւատացած ատոր:
s-57 Ան կ՚ըսէ, որ երբ ինք լսած է այդ համաձայնագրի մասին, հասկցած է, որ իրականութիւնը բոլորովին տարբեր բան մըն է:
s-58 Ան անմիջապէս հասկցած է, որ կայ 99 տարւոյ վարձակալութեան համաձայնագիր եւ աւելի մեծ ծրագիր:
s-59 Եւ երբ հարցազրոյց ընող լրագրողը կը հարցնէ, որ դուք կը հաւատաք, որ Պատրիարքարանը խաբեց, ան կը պատասխանէ.
s-60 - Անշուշտ անոնք խաբեցին:
s-61 Հոս կ՚ուզեմ ներկայացնել յօդուածի վերջին սուտը:
s-62 Երբ Հայկական Ռատիօին լրագրողը կը հարցնէ Պարետ Վարդապետը, թէ ինչո՞ւ կալուածին վրայ Երուսաղէմի համայնքի երիտասարդ ընտանիքներու համար բնակարաններ չեն շինուիր, այլ հիւրանոց, ան կը պատասխանէ, որ «Կովերու պարտէզ» կալուածին վրայ Երուսաղէմի Քաղաքապետարանը արտօնած է միայն կայանատեղի եւ հիւրանոց շինել:
s-63 Ասիկա ուղղակի ծիծաղելի սուտ մըն է, որ անիկա դարձեալ մէջտեղ կը նետէ, արդարացնելու համար Նուրհան Պատրիարքին հետ միասին իրենց ազգադաւ գործարքը:
s-64 Որեւէ մէկը, որ կը զբաղի կալուածական եւ շինարարական գործունէութեամբ շատ լաւ գիտէ, որ եթէ կալուածի մի վրայ կ՚արտօնուի հիւրանոց շինել, ապա հոն բնակարան շինելու ոչ մէկ արգելք կրնայ ըլլալ:
s-65 Այս սուտը մէջտեղ դնելով Պարետ Վարդապետ կը կարծէ, թէ Հայ ժողովուրդը տգէտ է եւ ատանկ կրնայ անոր վրայ խնդալ, սակայն իրականութիւնը այն է, որ այսպիսի աժան սուտեր յօրինելով ինք եւ իր հանցակից Նուրհան Պատրիարքն են, որ ծիծաղելի վիճակի մէջ կը յայտնուին:
s-66 Հայ ժողովուրդը շատ լաւ հասկցած է, թէ ինչ տեսակ թաքուն եւ ազգադաւ գործարք մը ստորագրուած է, որ հակառակ է Պատրիարքարանի, Եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգի շահերուն, բայց քանի որ այդ գործարքը նպաստաւոր է իրենց անձնական շահերուն, քանի որ ատոր դիմաց 30 արծաթ ստացած են, ուստի հիմա իրենց դաւաճանութիւնը արդարացնելու համար ամէն տեսակ սուտեր կը յօրինեն եւ կը փորձեն խաբել Հայ ժողովուրդը:
s-67 Բայց այդ սուտերը աւելի կը մերկացնեն անոնց յանցանքը ու դաւաճանութիւնը եւ իրենց կը դնեն աւելի գէշ ու ծիծաղելի վիճակի մէջ:

Text viewDownload CoNNL-U