Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 «Ազգային Ճակատը Փխրուն Չի Կրնար Մնալ» Վիգէն Յովսէփեան
s-2 Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ծրագրուած երկխօսութեան մասին յայտարարութիւններ եւ վերլուծումներ են ամէն կողմ:
s-3 Կարելի չէ այս կարեւորագոյն հանգրուանին, ու այս կարեւորագոյն նիւթի եւ սպասուող իրադարձութիւններուն մասին որոշ մտորումներ եւ կարծիքներ չունենալ, հակառակ այն իրողութեան որ շատ մը մանրամասնութիւններ կը պակսին մեզի՝ մանրամասնութիւններ ի դէպ որոնք կարեւոր են լիարժէք կարծիք ու կեցուածք կազմելու, եւ որոնց մասին ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ բացատրութիւններու չգոյութիւնը անհանգստութեան, եւ մինչեւ իսկ կասկածներու կ՚առաջնորդեն։
s-4 Ոեւէ հայ անհատ, իրականութիւններէ եւ քաղաքական գործընթացներէ ընդհանրապէս կտրուած պէտք է ըլլայ որպէսզի Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան միանշանակ կերպով հակառակի։
s-5 Եթէ գտնուած են քաղաքական ուժեր եւ գործիչներ որոնք անցեալին վերապահութիւն ունեցած են նման երկխօսութեան հանդէպ, իրենց դիրքորոշումը հիմնած են ոչ թէ ըստ էութեան երկխօսութիւն ունենալուն վրայ, այլ Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած անընդունելի նախապայմաններուն, ինչպէս նաեւ այդ նախապայմաններուն վրայ գծագրուող երկխօսութեան օրակարգին ուղղութեամբ։
s-6 Վստահ եմ որ այսօր ալ տարբեր չէ պարագան։
s-7 Սկսինք հաստատելով թէ մեզ բոլորիս պարզ է թէ այս երկխօսութիւնը քաջալերող որեւէ գերպետութիւն, իր առաջնահերթութիւններուն մէջ չունի Հայաստանի կամ հայութեան շահերը։
s-8 Բնական է որ իրենք իրենց սեփական շահերէն թելադրուած է որ պիտի քաջալերեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը, ու մինչեւ անգամ բնականոն յարաբերութիւններու զարգացումը։
s-9 Այս իմաստով, անշուշտ որ ակներեւ է թէ նման երկխօսութեան օրակարգ առաջ կը քշուի միշտ երբ տուեալ պահուն Հայաստանը խոցելի վիճակի մէջ կը գտնուի։
s-10 2008ին, Սերժ Սարգսեանը հազիւ դուրս եկած էր Մարտ 1ով բնութագրուող ներքին իրադարձութիւններէն, եւ օդի ու ջրի նման կարիքը ունէր միջազգային նեցուկի՝ յատկապէս Արեւմուտքի հետ բարեկամական կապերու, երբ այս վերջինը կը նկատուէր ներքին ընդդիմութեան մօտիկը կամ մինչեւ իսկ հովանաւորը։
s-11 Սերժ Սարգսեանի համար, հնարքը Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւններու պատրաստակամութիւնն էր, երբ ան յընթացս ընդունեց Թուրքիոյ որոշ նախապայմանները որոնք խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին մեր ազգային օրակարգի որոշ երեսներ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը քննարկութեան մէջ դնող օրակարգը։
s-12 Այդ ժամանակ ականատես եղանք թէ ինչպէս արմատական ընդդիմութիւնը առաջնորդող Լեւոն Տէր Պետրոսեանը մինչեւ իսկ յայտարարեց գործունէութեան դադար՝ չի խոչընդոտելու համար ընթացող բանակցութիւնները։
s-13 Ներկայիս, ՀՀ իշխանութիւնները անգամ մը եւս կը գտնուին յարաբերաբար տկար դիրքերու վրայ, առաւելաբար Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մէջ Հայաստանի կրած պարտութեան հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ-ի սահմաններուն վրայ շարունակուող եւ ճգնաժամը խորացնող Ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն պատճառով։
s-14 Առ այդ, պարզ է ուրեմն եւ ակնկալելի, որ իշխանութիւնները շահագրգռուած ըլլան դիւանագիտական ինչ որ «յաջողութիւն» ձեռք ձգելու առումով, մանաւանդ եթէ այս գործընթացներուն կապուած են խոստումներ, առաջարկներ, օժանդակութիւններ։
s-15 Ի տարբերութիւն 2008-2009ի տիրող իրադրութեանց, այսօրուան միակ դրական երեւոյթը եթէ կարելի է այսպէս գնահատել այն իրողութիւնն է որ տնտեսապէս ջախջախուող Թուրքիան, իր վրան կը զգայ ԱՄՆի հետ վատթարացած յարաբերութիւններու հետեւանքները, եւ անմիջական կարիքը ունի միջազգային բեմի վրայ իր համար դրական տեղաշարժերու, դրական քարոզչութեան։
s-16 Այս իսկ իմաստով, եւ իր վրայ ունեցած պարտադրանքներուն պատճառով, կրնայ ըլլալ որ նախնական փուլերուն ընթացքին Թուրքիան ցոյց տայ ճկունութիւն, ու անհեթեթ նախապայմաններով հանդէս չգայ, բայց պէտք է միամիտ ըլլալ համոզուելու համար թէ ան իրեն յատուկ գոռոզութեամբ եւ ակրեսիվութեամբ (հաւանաբար նաեւ Ատրպէյճանի ճնշման տակ) շատ շուտով նոր նախապայմաններ եւ սպառնալիքներ առաջ պիտի չքաշէ։
s-17 ՀՀ իշխանութիւնները լաւ պէտք է հասկնան, թէ կամայ-ակամայ, իրենք այսօր կոչուած են հայ ազգի համընդհանուր շահերը պաշտպանելու։
s-18 Ճիշտ է որ Հայաստանի ոեւէ պաշտօնատար կամ կառավարութիւն ընտրուած է առաւելաբար հետապնդելու ՀՀ քաղաքացիներու շահերը, բայց հայկական իրականութեան մէջ կան հարցեր ու բնագաւառներ ուր կարելի չէ բաժնել Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան շահերը, հակառակ այն իրողութեան որ ՀՀ իշխանութիւնները ըստ էութեան չեն ստացած սփիւռքահայութեան մանտաթը։
s-19 Թուրքիոյ նման դարաւոր թշնամիի եւ ոճրագործ պետութեան հետ յարաբերութիւններու հարցը համազգային կարեւորութեան խնդիր է, ազգային շահերու խնդիր է։
s-20 Եւ ուրեմն, կարելի չէ սխալիլ համոզուելու թէ ՀՀ իշխանութիւնները, յատկապէս այս բնագաւառին մէջ, կրնան պաշտպանել միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու շահերը՝ վերակենդանացնելով այն անհեթեթ համոզումը թէ հայութեան պարագային կրնայ գոյութիւն ունենալ պետական եւ ազգային շահերու միջեւ տարանջատում, երկուութիւն, կամ աւելի վատը՝ հակադրութիւն։
s-21 Եթէ նման համոզումի անհեթեթութիւնն ու վտանգը լիովին պարզ չէր 1990-ականներու իշխանաւորներուն, ապա ուրեմն վերջին երէք տասնամեակներու մեր պատմութեան գլխաւոր դասը պէտք է եղած ըլլայ այն, թէ Հայաստանի պետական շահերը խարսխուած են հայ ազգային շահերու վրայ, եւ հայ ազգային շահերը խարսխուած են նոյն ՀՀ պետական շահերը պաշտպանելու հրամայականին վրայ։
s-22 Այսպէս փաստեցին եղելութիւնները, այսպէս փաստեցին մեր թշնամիներու առած քայլերը, այսպէս կը թելադրեն նաեւ հայ ազգի եւ Հայաստան աշխարհի ռազմավարական առաջադրանքները։
s-23 Կը մնայ ակնկալել եւ պահանջել որ ՀՀ իշխանութիւնները չսխալին իրենց առաջնահերթութիւնները կազմելու ընթացքին, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա խօսակցութիւններուն մէջ իրենց ընթացքը ճշտելու ժամանակ։
s-24 Այստեղ ու յատկապէս այս համազգային օրակարգի դաշտէն ներս սխալելու ու փորձառական քայլեր առնելու տեղը չէ։
s-25 Կան ժամանակաւոր կամ մակերեսային «յաջողութիւններ» որոնք կրնան վերջին հաշուով աւելի վնասակար ըլլալ, ու խորքային աւելի մեծ հարուած հասցնել ազգին, քան որեւէ պարտութիւն կամ ձախողութիւն։
s-26 Հայաստանը թշնամիին դէմ մղուած ճակատամարտի մը ընթացքին պարտութիւն կրեց։
s-27 Պէտք է վստահ ըլլալ որ ճակատամարտի պարտութիւնը աւելի մեծ եւ ընդհանուր պատերազմին մէջ մեզ պարտութեան չ՚առաջնորդէ, ինչը կրնայ իրականանալ միայն եթէ ազգի շահերը ոտքի տակ երթան մինչեւ վերջ չկշռադատուած քայլերով։
s-28 Այս իսկ իմաստով եւ անմիջապէս, ՀՀ իշխանութիւնները պէտք է հասկնան թէ Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւններու կամ յարաբերութիւններու բարդ կնճիռը այն նիւթն է որուն շուրջ կարելի չէ լռութեան պատ բարձրացնել, եւ որուն մասին շատ արագօրէն պէտք է լուսաբանեն հայ ժողովուրդին ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի-, եթէ նկատի ունենան հարցի տարողութիւնը ու պահի լրջութիւնը։
s-29 ՀՀ իշխանութիւնները պարտին շատ արագ պարզել իրենց մօտեցումները բոլորիս, եւ պարտին խօսակցութիւններու մէջ մտնել հայ ազգը կազմաւորող զանազան շերտերու հետ՝ յատկապէս նաեւ սփիւռքահայութեան հետ, նոյնիսկ եթէ երբեմն նման խօսակցութիւններ բարդ կամ անհանգիստ կացութիւններու տեղիք պիտի տան։
s-30 Երբ խնդիրը Թուրքիոյ կը վերաբերի, ազգային ճակատը փխրուն չի կրնար մնալ, մանաւանդ անորոշութեան եւ առաջնահերթութիւններու գծով ստեղծուած մթնոլորտի մէջ, ու մանաւանդ երբ խօսակիցը շփոթի եւ անորոշութիւններու մէջ կարելիութիւններ պիտի գտնէ։
s-31 Այս ուղղութեամբ որեւէ ուշացում, խաղ, կամ վրիպում մեզ լաւ տեղ չի կրնար առաջնորդել, եւ այստեղ բացթողումներու պատասխանատուութիւնը այլեւս թշնամիին կարելի չէ վերագրել։

Text viewDownload CoNNL-U