Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 Արցախի երկրորդ պատերազմը ծանր հետեւանքներուն առընթեր, հայութեան օրակարգին վրայ բերաւ բազում հարցականներ։
s-2 Պատերազմի հետեւանքները տարաբնոյթ են։
s-3 Մէկ կողմէ անծայրածիր ժամանակներու տեսակէտէ մարտահրաւէրներ, իսկ միւս կողմէ օրհասական հարցեր։
s-4 Հարցումները, նոյնպէս, մէկ կողմէ անծայրածիր ժամանակներու համար, իսկ միւս կողմէ այժմու բարդ պահէն ծնունդ առած մշուշին մէջ կողմնորոշուելու համար։
s-5 Աւելի քան քսան տարի հայկական կողմը Արցախի պարագային ստեղծուած կարգավիճակը անխափան պահպանելէ յետոյ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ենթարկուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին։
s-6 Կարելի՞ էր արդեօք կանխել Արցախի երկրորդ պատերազմը կամ զայն կանգնեցնել խելամիտ որեւէ հանգրուանի մէջ։
s-7 Պատերազմին որպէս հետեւանք ծնունդ առած քաղաքական տագնապը յաղթահարելու համար Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ արտահերթ ընտրութիւն։
s-8 Արդեօք անոր արդիւնքները յոյս կը ներշնչե՞ն տագնապը յաղթահարելու համար։
s-9 Այժմ Հայաստան ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի կայուն անվտանգութեան եւ ապահովութեան հասնի՝ որպէս պետութիւն։
s-10 Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ուղղակի յարաբերութիւններու հաստատման հեռանկարները ի՞նչ կրնան բերել երկրին։
s-11 Այսօր ստեղծուած համայնապատկերը երկարաժամկէտ ի՞նչ լուծում կրնայ ենթադրել Արցախի հիմնախնդրին համար։
s-12 Այս բոլոր հարցերուն մէջ դեր մը, ազդեցութիւն մը կրնա՞յ ունենալ սփիւռքը։
s-13 Ու տակաւին ի՞նչ երաշխիքներ կրնան ստեղծուիլ, որպէսզի հայկական շահերը հնարաւորինս յառաջ տարուին եւ Հայաստան կարողանայ բանակցիլ կարելի չափով ամուր դիրքերէ։
s-14 Այս հարցականները մէկ կողմէ տեսական են, իսկ միւս կողմէ նոյնքան գործնական։
s-15 Անոնց հաւանական պատասխաններուն վերաբերեալ որոնումը հնամենի ժողովուրդի մը եւ անոր պետութեան ճակատագիրը պիտի բնորոշէ։
s-16 Այդ պատասխանները դէպի ապագայ ճանապարհին վրայ կրնան բանալիներ մատուցել, եթէ հաւաքական դատողութեան տեսակէտէ կարելի ըլլայ հասնիլ պաղարիւն եւ իրատես արդիւնքներու։
s-17 ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Text viewDownload CoNNL-U