Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 Թաւշեայ յեղափոխական կառավարութիւնը, խանդավառութեան օրերէն ետք, երկրի վերակառուցումի, բարենորոգումներու ճամբուն վրայ բախեցաւ բազմաթիւ արգելքներու, պատնէշներու, ինչպէս՝ Արցախի կառավարութեան հետ համագործակցութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, դատաիրաւական համակարգի նորոգման բնագաւառներուն մէջ...։
s-2 Կրթական մարզը եւս հիմնական փոփոխութեան կը կարօտէր։
s-3 Դպրոցները նախկին վարչակազմի փտածութեան կարեւորագոյն յենարաններէն էին։
s-4 Կաշառակերութիւնը ուսուցչական կազմին մէջ սովորական երեւոյթ էր։
s-5 Դպրոցներու տնօրէններէն շատեր ընտրակաշառք բաշխելու գործակալներ էին, իսկ դպրոցները իբրեւ ընտրատեղամաս՝ խախտումները իրագործելու վայր։
s-6 Մէկ խօսքով կրթական համակարգը նախկինին ամէնէն խոցելի բնագաւառներէն էր։
s-7 Բնական է որ նոր կառավարութիւնը պետական կառոյցներու լայնածաւալ բարեփոխութեան մէջ կարեւոր տեղ յատկացնէր կրթութեան, կրթական համակարգին։
s-8 Վերջապէս, պետութեան մը մեծագոյն հարստութիւնը անոր բնակչութիւնն է, իսկ կրթական համակարգը ընկերութեան զարգացումը ապահովող գլխաւոր ազդակը։
s-9 Կրթութեան նախարարը պարբերաբար ընդդիմադիր ճակատի թիրախ հանդիսացաւ, որ անոր հրաժարականը պահանջեց։
s-10 Կրթական ծրագրի չափորոշիչներու օրինագիծի հրապարակման առթիւ նորէն անոր հրաժարականը պահանջող ցոյցերը վերսկսան։
s-11 Կրթական նոր ծրագրի հայեցակարգը, անոր բովանդակութիւնը, ուսուցման եղանակը, բարեփոխումները իրականացնող յանձնաժողովներու անդամները, բոլորը արդար եւ անարդար քննադատութեան թիրախ դարձան։
s-12 Եւ այս ամէնը դրական է։
s-13 Չկայ զարգացում՝ առանց բարեփոխումի, չկայ բարեփոխում՝ առանց հարցադրումի, մասնագիտական քննարկումի եւ տեսակէտներու, դիտողութիւններու լայնածաւալ համադրումի։
s-14 Այս բոլորով հանդերձ կան երկու գլխաւոր խոչընդոտներ։
s-15 Առաջինը՝ դաւաճանական, դաւադրական թէզի կողմնակիցներն են, որոնց յարձակումները թիրախ կ՚առնեն յատկապէս նոր ծրագիրը մշակող անձերը, որոնք իբրեւ թէ Թուրքիոյ գործակալներ են կամ այսպէս կոչուած՝ «սորոսականներ», որոնք ազգային ոգին սպանել ուզող Արեւմուտքի սպասարկուներն են։
s-16 Երկրորդը՝ աւանդապաշտ այն ճակատն է, ինչպէս կարգ մը եկեղեցականներ, որոնք հակառակ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Եկեղեցւոյ տրուած առանձնաշնորհեալ կարգավիճակին, ազգային պաշտպանական հովանիին, 30 տարիէ ի վեր անկարող գտնուած են պայքարելու աղանդներու Հայաստան ներթափանցման դէմ։
s-17 Եւ ասոնց կողքին, բոլոր այն ուսուցիչները, դաստիարակները, դասախօսները, որոնք նախկին կրթական համակարգէն առաւելագոյն օգտուողները եղած են, եւ որոնց հաշուոյն բնաւ չի գար նորոգումը կրթական ծրագրին, որուն հետեւանքով կրնան կորսնցնել իրենց կազմած դասագիրքերը, ծրագրերը,... մէկ խօսքով իրենց դրամագլուխը։
s-18 Աւանդապաշտներու եւ նորարարներու բախումը նոր չէ։
s-19 Միշտ ալ եղած է։
s-20 Փաստ է, որ պսակաձեւ ժահրը պարտադրեց նոր միջոցներ, բացաւ նոր էջ... հարկ է ընդունիլ եւ առիթը չփախցնել։

Text viewDownload CoNNL-U