Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 Ազէրպայճանի կողմէ սահմանային խախտումներու առնչութեամբ, Հայաստանի՝ ՀԱՊԿ դիմումին, ընդհ. քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս երկու ամիս ուշացումով պատասխանեց։
s-2 Ան, Հայաստանին զլացաւ հաւաքական անվտանգութեան պաշտպանութիւնը, ազէրպայճանական յարձակումը որակելով «սահմանային միջադէպ, որ չի համապատասխաներ ՀԱՊԿ-ի հաւաքական պաշտպանութեան կանոնադրութեան դրոյթներուն»։
s-3 Որքան որ անընդունելի ու խայտառակ նկատուի նման պատասխան, նոյնքան ալ սպասելի էր։
s-4 Ինչպէ՞ս ՀԱՊԿ-ն կրնար Ռուսաստանի բռնած դիրքորոշումէն այլ կեցուածք ունենալ։
s-5 Կառոյց մը, որ կը ծառայէ բացարձակապէս ռուսական շահերուն։
s-6 Պէտք չէր պատրանքներ ունենալ, մարդասիրական օգնութիւն սպասել, կամ՝ Հայաստանի պետական շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ գործընկերական ու դաշնակցային մեծ ակնկալութիւններ ունենալ, երբ նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքական դասը ինք չունի երկրին պետական մարմիններուն հանդէպ այդ յարգանքն ու զօրակցութիւնը, երբ օտար ուժերու կողմէ Հայաստանի պարտադրուած պարտութիւնը կը դիտուի բացարձակապէս իշխանութիւնը հարուածելու եւ տապալելու առիթ։
s-7 Մինչ կառավարական պատասխանատուներ հակազդեցին ՀԱՊԿ-ի այս անհեթեթ յայտարարութեան, յիշեցնելով որ՝ սահմանային միջադէպերը անվնաս չանցան, հայկական կողմը ունեցաւ սպանուած զինուոր մը, վիրաւորներ եւ վեց գերեվարուածներ..., երեւոյթը չարժանացաւ խորհրդարանական ընդդիմութեան հակազդեցութեան։
s-8 Այլապէս, ՀԱՊԿ-ի յայտարարութիւնը շատ կարեւոր ազդանշան է անդրադառնալու համար Հայաստանի անվտանգութեան համակարգի կաթուածահար վիճակին, որուն միակ ելքը քաղաքական ուժերու համատեղ ջանքերը պիտի ըլլային։
s-9 Սակայն, հայաստանեան ընդդիմադիր ուժերուն հետաքրքրութիւնը այլ է, Սահմանադրական դատարանին մէջ վիճարկել խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, զանոնք ջնջել տալու նպատակով։
s-10 Եթէ չըլլային Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած անվտանգութեան հարցերը, սահմանագծումի խնդիրները, թուրքեւազէրական ռազմական գործընկերութենէն բխող սպառնալիքները, ընդդիմութեան կողմէ Սահմանադրական դատարանի դիմումը կարելի էր դրական երեւոյթ համարել։
s-11 Վերջապէս, նախագահ Քոչարեան, նախագահ Սարգսեան, որոնք տարիներ շարունակ ընտրական խախտումներով եւ ընտրական կեղծիքներով իշխանութեան գլուխ մնացին, այսօր արդարութենէ կը խօսին, արդարութիւն կը պահանջեն, իշխանութիւնը կ՚ամբաստանեն վարչական միջոցներու ապօրինի գործածութիւնով։
s-12 Նոյնն է պարագան ՀՅԴ-ին, որ տարիներ շարունակ իշխանութեան ապօրինութիւններուն աչք փակեց, օգտուեցաւ անոնց առատաձեռնութենէն եւ այսօր յախուռն կերպով կը դիմէ Սահմանադրական դատարան, դատապարտելու համար իշխանութիւններու կատարած կարծեցեալ ընտրական խախտումները։
s-13 ՀՅԴ-ի պարագային, կայ այլ ծանրակշիռ պարագայ մը եւս։
s-14 2015-ի սահմանադրական փոփոխութիւնները Հայաստանի մէջ հաստատեցին խորհրդարանական կարգ, որուն մեծագոյն ջատագովներէն էր ՀՅԴ-ն, որ ոգի ի բռին պաշտպանեց անոր ընդունումը, նոյնիսկ խանդավառութեամբ պահ մը յայտարարեց 3-րդ Հանրապետութեան վախճանը եւ 4-րդին սկիզբը, հակառակ բազմաթիւ ընտրական խախտումներու եւ հակառակ փոփոխուած Սահմանադրութեան բազմաթիւ թերիներուն ու հակասութիւններուն, որոնք ի յայտ եկան Սերժ Սարգսեանի եւ յետոյ Փաշինեանի՝ իշխանութեան գլուխ գալով։
s-15 Ներկայիս, երկիրը սահմանադրական ճգնաժամէն դուրս բերելու համար անհրաժեշտ է սահմանադրական փոփոխութիւններու իրագործում։
s-16 Ի շարս այլ կարեւոր որոշումներու, նորընտիր խորհրդարանի պարտականութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ այս հարցը, որուն վերստին անդրադարձաւ Հանրապետութեան նախագահը Յուլիս 5-ին, Սահմանադրութեան տօնին առթիւ։
s-17 Ինչպէ՞ս լուծել երկրի անվտանգութեան, կայունութեան հարցերը, իշխանութեան անջատումը՝ հաւասարակշռուած, փոխզսպիչ մարմիններու միջեւ, եթէ խորհրդարանէն ներս տիրէ թշնամական ու դաւաճանական սադրանքներու մթնոլորտ։
s-18 Այս բոլորով հանդերձ կան դրական ազդանշաններ՝ ԱՄՆ-էն եւ Եւրոպական Միութենէն, որոնք տնտեսական օժանդակութեան առատաձեռն խոստումներ կատարեցին, նեցուկ հանդիսանալով տնտեսութեան զարգացման եւ սահմանադրական կարգի ամրապնդման, որոնք երկրի անվտանգութեան կարեւոր բաղադրիչներէն են։

Text viewDownload CoNNL-U