Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 Լիբանանի Նահատակաց տօնի բուն խորհուրդի վերաիմաստաւորման մօտեցումները գործնական դրսեւորում չեն ունենար:
s-2 Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի նախօրէին հանրապետութեան նախագահին հնչեցուցած ուղենշային ուղերձները այդ առումով կրնային ճամբայ հարթել:
s-3 Այդպէս չեղաւ սակայն:
s-4 Լիբանանի մէջ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներուն թափ ստանալը, ապա համավարակը, կառավարութեանց հրաժարականները, նոր կառավարութեան կազմութեան առկախումը եւ ընդհանրապէս ստեղծուած տնտեսաքաղաքական ճգնաժամը օրակարգէն դուրս բերին կարեւոր յոբելենական փուլը:
s-5 Այդ յոբելեանին քաղաքական հնչեղութիւն տալու նախադրեալները հրապարակային ուղերձի տեսքով եւ նախագահական մակարդակով պարզ էին:
s-6 Կոչ կար յստակ՝ իրերը կոչելու իրենց անուններով եւ բարձրաձայնելու Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը:
s-7 Բռնարարքներ, ջարդեր, սպանութիւններ եւ կանխամտածուած զանգուածային սովամահութիւն:
s-8 Պատճառ չկար նաեւ, որ այս բոլորը քարոզչաքաղաքական հնչեղութիւն ստանալէ ետք յոբելենական զանազան ձեռնարկներու, քննարկումներու, հրապարակումներու ընթացքին, հետագային անցնէին օրէնսդիր դաշտ:
s-9 Լիբանանի մէջ սակայն ամէն ինչ քաղաքական է. նոյնիսկ սեփական պատմութիւնը ընկալելու եւ մեկնաբանելու հայեցակարգերը, որոնք կը տարբերին համայնքէ համայնք եւ բնականաբար քաղաքական շրջանակէ քաղաքական շրջանակ:
s-10 Սակայն ժողովուրդին կողմէ Նահատակաց օրը քաղաքականացուած մօտեցումներով ստուերի տակ ձգելը արդէն ինքնութեան եւ պատկանելիութեան սուր խնդիրներ կը ստեղծէ:
s-11 Մայիս 6-ի վերաիմաստաւորման որեւէ փորձ պիտի անհանգստացնէ Անգարան:
s-12 Անգարան, որ տարածաշրջան մուտքի դռներէն մէկը Լիբանանը կը նկատէ, ուր արդէն երկար ատենէ ի վեր բազմաուղղութիւն եւ բազմաոլորտ պետական քաղաքականութիւն կ՚իրականացնէ:
s-13 Հանրապետութեան նախագահի հռչակաւոր ուղերձին հակազդեցութիւնը ակնկալելի էր՝ նոյնիսկ դիւանագիտական տագնապի նախաբանային փուլի ձեւաւորումով:
s-14 Պաշտօնական Պէյրութը մարտավարական նահանջի տպաւորութիւն ձգեց՝ շրջանցելով թեման. այդուհանդերձ օրակարգը կրնար վերադառանալ, եթէ հանգամանօրէն նշուէր առաջադրուած յոբելեանը:
s-15 Հայոց ցեղասպանութեան հերթական տարելիցի նշման օրերուն լիբանանեան արձագանգներու եւ զօրակցութիւններու տարողութիւնը կը տարածուի քրիստոնէական համայնքային-քաղաքական շրջանակներու վրայ:
s-16 Եթէ մէկ դաւանանքին համար կը գերակշռեն Թեհրան-Անգարա յարաբերութիւններու իրավիճակի նկատառումը, միւս դաւանանքէն կարեւոր հատուածներ չեն բաժներ Անգարայի նկատմամբ իրենց դաւանակից պետութիւններու այսօրուան ոչ բարեկամական պահուածքը:
s-17 Մայիս 6-ը սակայն ի տարբերութիւն Ապրիլ 24-ի բացառապէս լիբանանեան էութիւն եւ խորհուրդ ունի:
s-18 Իսկ այս առումով հանրապետութեան նախագահի ուղերձին արձագանգումները եւս ապրիլ 24-եան օրինակը կը պարզեն:
s-19 Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղային զտման քաղաքականութեան դատապարտումը լիբանանեան առումով պէտք է դուրս բերել զուտ քրիստոնէական պարունակէն:
s-20 Մայիս 6-ը կը խորհրդանշէ բոլոր լիբանանցիներուն կրած տառապանքը, անոնց ենթարկուած՝ սովամահութիւնը, սպանդը, բռնութիւնը, գրաւումը:
s-21 Պէտք է վերաիմաստաւորել Մայիս 6-ի խորհուրդը համալիբանանեան մօտեցումով, ընկալումով եւ ապա՝ իրաւաքաղաքական դրսեւորումներով:

Text viewDownload CoNNL-U