Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 Կեանքիս ընթացքին առաջին ճամբան էր, որ ազատ ու ապահով կը քալէի։
s-2 Առաջին ճամբան էր, ուր ամօթալի հայհոյանքները բարձր ձայնով կը լսէի ու կ՚ուրախանայի։
s-3 Այս ճամբան տունիս մօտ էր։
s-4 Ու ճիշդ հիմա, կեցած եմ սկիզբը։
s-5 Աջիս «Թաքսի Պաղտատ»ի օֆիսն է։
s-6 Ժամանակ առաւ հետս մինչեւ հասկնամ, թէ այս օֆիսը ի՞նչ կ՚ընէ։
s-7 Անկիւնի վրայ խանութ մըն է երկու դուռով։
s-8 Ներսը՝ հինցած տախտակէ սեղան մը, պատերու տակ՝ մի քանի աթոռ, նորմալ, հին հեռախօս մը աննորմալ բարձր ձայնով ու մի քանի ծերուկ, որոնք ընդհանրապէս դուրսը քարին կը նստէին։
s-9 Յետոյ հասկցայ, որ «Թաքսի Պաղտատ»ը ունեւոր խաւի, կամ ինչպէս որ Հալէպ կ՚ըսեն, էքեպէր մարդոց թաքսի ծառայութիւնն էր։
s-10 Դիմացի մայթը «Մաֆրուշաթ Թորոս»ն է. ներսը միշտ զարմանքով կը դիտէի. մեծ-մեծ խանութ մըն էր։
s-11 Տարիներ յետոյ այդ խանութը պիտի նորոգուէր ու վերածուէր քաֆէյի։
s-12 «Թաքսի Պաղտատ»էն վերջ մի քանի խանութ կայ։
s-13 «Մունիր»ին քովը հասայ։
s-14 «Մունիր»ը իմ ամենասիրած խանութներէս մէկն է։
s-15 Հոս ծանօթացած եմ նոր կաթոներուն՝ ֆէօրենուար, թարթ, բուլ, միւլֆէօյ. հոս ալ, ի միջի այլոց, ծանօթացած եմ քինտըրին, թուիքսին եւ սնիքըրսին։
s-16 Աս ալ ձեզի ըսեմ՝ հո՛ս կազմակերպած էինք ես ու ընկերներս մեր առաջին չարաճճիութիւնները. «Պապըլ» անունով ծիթ մը կար, հինգ հատ մեծ կտոր ծիթ՝ տարբեր, շատ համով համերով, երկու անգամ գողցեր ենք։
s-17 Սակայն յետոյ երբ որ գիտցանք, որ «Պապըլ»ը յունական չէ, այլ թրքական, «գողնալու» ծրագիրը դադրեցուցինք։
s-18 «Մունիր»ի միւս զօրաւոր յատկանիշներէն մէկը այն էր, որ ամէն Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ օրերը երեկոյեան ժամերուն տարբեր տարիքի երիտասարդներ կը հաւաքուէին։
s-19 Գլխաւոր թեման «Չամփիոնզ լիկ»ը եւ «Անգլիական լիկ»ն էր։
s-20 Այդ ժամանակ, կը յիշեմ՝ մարդիկ կային «Լիվըրփուլ»ի հետ էին, իսկ միւսները՝ «Մանչեսթըր»ի։
s-21 Երիտասարդ մը կար Աւօ անունով, որուն տունն ալ ճիշդ «Մունիր»ին դիմացն էր, «Լիվըրփուլ» կը քաջալերէր։
s-22 Ուրիշ երիտասարդ մըն ալ կար՝ լեցունի վրայ, կարծեմ անունը Րաֆֆի էր։
s-23 Այս Րաֆֆին ալ հռչակաւոր էր իր մեծ ու ոլորուած պեխերով։
s-24 Զրոյց, թաշխալա, պոռալ-կանչել, գունաւոր հայհոյանքներ. իսկապէս դժուար էր մայթին վրայէն անցնիլ այդ օրերուն։
s-25 Բայց անցնիմ ու շարունակեմ։
s-26 «Մունիր»ին քով, ընկերոջս, ֆութպոլիստ Ճորճին խանութն է։
s-27 Ճորճին այդ ժամանակ կ՚ըսէինք Ամոքաչի։
s-28 Երեւի Ամոքաչիին կը նմանէր։
s-29 Անշուշտ ինքն ալ հիմա դուրսն է ու կը մասնակցի «Մունիր»ի դիմացի դաժան զրոյցներուն։
s-30 Մի քանի քայլ յետոյ հռչակաւոր «Ճեսսի» հագուստներու խանութն է։
s-31 Այստեղէն աջ եթէ թեքիմ, կ՚երթամ «Ղասսան»ին մօտ։
s-32 Բայց հիմա ժամանակը չէ։
s-33 Հա, ըսեմ, որ «Ղասսան»ը այդ շրջանի ու իմ ժամանակուայ գրենական պիտոյքներու թագաւորն էր։
s-34 Փողոցը անցայ, անկիւնը՝ ծաղկավաճառը, մի քանի խանութ յետոյ՝ «Նուվոթէ Ազրա»ը, դիմացը՝ «Դերձակ Ամուս»ը ու մի քանի խանութ յետոյ՝ Ճալալի խանութը։
s-35 Ճալալը իմ «աղքատութեանս օրերու» նպարավաճառն է։
s-36 Երբ որ քիչ դրամ կ՚ունենայի, իրեն կը դիմէի։
s-37 Այսպէս, օրինակ, երբ որ 25 սուրիական կը յայտնուէր գրպանս, կամ «Մունիր»ին քովէն մէկ հատ «Թուիքս» կամ Ճալալին քովէն մի քանի բան, օրինակ՝ «Տէրպի», «Ալիա», շոքոլա «Ամմար», պիսքուիդ «Հալուին» եւ «Պոնճուս»։
s-38 Տարբերութիւնը մեծ էր ու հաճոյքը՝ գայթակղեցուցիչ։
s-39 Ճալալին դիմացը կար «Գիդապ Մուքքատաս» գրադարանը, ուր, անկեղծ ըլլալու համար, շատ չեմ մտած։
s-40 Գիտէի, որ ընդհանրապէս կրօնական գիրքեր ունէր։
s-41 Իրմէ յետոյ նուէրներու խանութ մը բացուեցաւ։
s-42 Երկար ժամանակ դիմացը կը կենայի ու կը դիտէի։
s-43 Մի քանի հագուստի, կօշիկի խանութներ ու կը հասնիմ խաչմերուկին։
s-44 Երկու անկիւններն ալ երիտասարդներու հաւաքուելու տեղ էին, բայց այստեղ արդէն թեման ու թիրախը ոչ թէ «գնդակն» էր, այլ «Եւան»։
s-45 Խաչմերուկէն դէպի աջ վախնալիք խանութ մը կար, որ իսկապէս չէի ուզեր դիմացէն անցնիլ ու հիմա ալ պիտի չանցնիմ։
s-46 Անունը «Ապու Լաթուֆ» էր։
s-47 Այդ ժամանակ կ՚ըսէին, որ տէրը «պտտիկ»ը կը կտրէ, սուննաթ կ՚ընէ։
s-48 Ես ալ կը վախնայի։
s-49 Բայց մի քանի տարի յետոյ գիտցայ, որ մարդը առաջին բուժօգնութեան մասնագէտ էր, վէրքեր կը բուժէր ու կը փաթթէր, ասեղ կը զարնէր, բայց մէկ է՝ չէի սիրեր։
s-50 Լաւ, եկէք ճամբան շարունակենք, փողոցը անցնիմ եւ հասնիմ Հալէպի իմ ժամանակուայ ամենահամով շաուրմայի ու համպրկըրի ու հոտթտոկի տեղը՝ «Թրթլզ» եւ «Ամմօ Վազգէն»։
s-51 Անշուշտ շեշտեմ, որ ըսելիքս իմ անձնական կարծիքս է, որպէսզի միւս խանութները սիրող ընթերցողները չնեղուին։
s-52 Նախքան խանութ մտնելը ձեզի ըսեմ, որ Ամմօ Վազգէնը՝ այդ քաղցր ժպիտ ու տարօրինակ ձայն ունեցող ամմոն, Պրազիլ կը քաջալերէ։
s-53 Ամէն անգամ, որ «Ուօրլտ Քափ» ըլլայ, Պրազիլի դրօշակները ամէն տեղ էին խանութին մէջ։
s-54 Կիրակի օրերը այստեղ կը հաւաքուէին ՍԵՄ-ի տղաքը՝ արդէն հազար ու մէկ թեմաներով։
s-55 Լաւ, եկէք խանութ մտնենք։
s-56 Ձախ կողմը շաուրմայի սիխն է, քարին վրայ՝ հրաշալի քեչաբի մեծ շիշը. ամէն անգամ շաուրմա ուտելուս, սենտուիչս կ՚երկարէի շիշին ու կը սեղմէի։
s-57 Շիշին քովը չորս հատ մեծ թըրթըլներ կեցած են, դէպի աջ՝ Ամմօ Վազգէնը ու կողքը՝ մեծ օշարակի սառնարանը:
s-58 Ամմօ Վազգէնը, բոլորին գաւաթը լեցնելով, կ՚ըսէր. «Աղուոր օշարակ, աղուոր տղուն»։
s-59 «Թրթլզ»էն վերջ մի քանի խանութ ալ կար. տարբեր-տարբեր ուտելիքներ, հագուստեղէն եւ այլն, բայց ամէնաշատը միտքիս մեջ մնացած է «Պելան»ի փիցցան։
s-60 Մի քանի քայլ՝ ու կը հասնիմ փողոցի աւարտին։
s-61 Այստեղ մըխտար Ղանտուրի գրասենեակն է։
s-62 Բոլոր հալէպահայերը, որ Քեսապ կը ճամբորդէին, անպայման այս գրասենեակը այցելած պէտք է ըլլան։
s-63 Ի միջի այլոց ըսեմ, որ դիմացի մայթն ալ հսկայ «Մար Ճըրճոս» եկեղեցին է։
s-64 «Մար Ճըրճոս»ին ալ դիմաց, «Հիլալ Ահմար» մանուկներու հիւանդանոցն է, միւս կողմը՝ պզտիկ մաշթալը, իսկ յետոյ՝ «Դաուհիտ» մզկիթը։
s-65 Ասիկա իմ տարածքս էր ու իմ սիրելի փողոցը, ուր իսկապէս ամէն քայլի հետ ազատութիւն եւ ապահովութիւն կը զգայի, նոր բան կը սորվէի, նոր հայհոյանք կը լսէի ու կ՚ըսէի՝ «ասիկա իմ փողոցս է»։
s-66 Այսօր ապահով Եւրոպայի մէջ դժբախտաբար փողոց չունիմ։
s-67 Ազատ եւ ապահով կը քալեմ, այո, բայց իմ փողոցիս զգացումը չունիմ։
s-68 Չեմ կրնար ըսել՝ «ասիկա իմ փողոցս է, իմ փողոցս»։

Text viewDownload CoNNL-U