Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttest

Select a sentence

s-1 Մեր մասին
s-2 «աղուոր բաներ»ը աղուոր բաներ են։
s-3 Այստեղ կրնաք ամէն օր աղուոր բանի մը հանդիպիլ։
s-4 Բառ մը, խօսք մը, երկտող մը, նկար մը, ձեւաւորում մը, ձայն մը, վիտէօ մը, եւ ուրիշ շատ աղուոր բաներ։
s-5 Մէկ խօսքով, ձեր առօրեան պիտի լեցուի աղուոր բաներով։
s-6 Պիտի տեսնէք, որ մինակ չէք, ուրիշ շատ շատ մարդիկ կան, որոնք եկած են նոյն աղուոր տեղը, իրարու հետ աղուոր բաներ տեսնելու, կարդալու, լսելու եւ ընելու։
s-7 Պիտի տեսնէք ինչպէս «աղուոր բաներ»ը, ձեր օգնութեամբ եւ ձեր ներդրումներով պիտի մեծնայ ու ալ աւելի աղուորնայ։
s-8 Ինչ որ ղրկէք մեզի, պայմանաւ որ իսկապէս աղուոր ըլլայ, պիտի տեղ գտնէ այս էջերուն վրայ։
s-9 Ասոնց համար հիմակուընէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք։
s-10 Մի մոռնաք, որ աղուորը աղուոր է միայն աղուոր անձերու հետ միասին։
s-11 «աղուոր բաներ»ու անձնակազմն են՝ Թինա Քոբմա, Վահագն Քէշիշեան։
s-12 «աղուոր բաներ»ը կ՚ուզէ արեւմտահայերէնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ ներկայ դարձնել։
s-13 Այս ծրագիրը ունի ծախսեր՝ որպէսզի կարենայ միշտ ապրիլ ու զարգանալ։
s-14 Այս ծախսերուն կը հոգայ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան մեր բոլորիս սիրելի Հայկական բաժանմունքը։
s-15 Շատ շնորհակալ ենք հիմնարկութեան, որ ոտքի կը պահէ «աղուոր բաներ»ը։
s-16 Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը պատասխանատու չէ այս կայքէջի պարունակութեան համար։
s-17 Անձնական տեղեկութիւններ
s-18 Այս կայքէջի վրայ աշխատող կարգ մը բաժիններ կրնան գործածել ձեր անձնական տուեալները։
s-19 Յատկապէս եթէ Ֆէյսպուք կամ Ինսթակրամ գործածող էք եւ այժմ մուտք գործած էք այդ էջերուն, անոնք կրնան հետապնդել ձեզ։
s-20 Աղուոր Բաները կը գործածէ Matomo Analytics համակարգը, որ ծանօթ է իր բարոյական մօտեցումներով, անձնական տեղեկութիւններու վերաբերեալ։
s-21 Մենք կը գործածենք այս համակարգը ընդհանուր կարծիք կազմելու եւ հաշուելու համար թէ որքան կը կարդացուին այս կայքէջին էջերը եւ բաժինները։
s-22 Սակայն այս տեղեկութիւնները անձնական չեն, եւ ըստ անձի չի փոխուիր կայքէջին պարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ չեն պահուիր ձեր անձին վերաբերեալ տուեալներ։
s-23 Իմակով պարբերաթերթը ստանալու պարագային, ձեր հասցէն կ՚ամբարուի մեր ցանկերուն վրայ, եւ քանի որ Mailchimp համակարգէն կ՚օգտուինք իմակները ղրկելու համար, ուրեմն այս շտեմարանին մէջ կը մտնէ ձեր իմակի հասցէն, որմէ սակայն կրնաք դուրս գալ եթէ ուզէք, դադրեցնելով ձեր արձանագրութիւնը։
s-24 աղուոր բաներ ամսաթերթ
s-25 Աղուոր բաները ամսական դրութեամբ կը ղրկէ նորութիւններ ձեր իմակի (email) հասցէին։
s-26 Ստանալու համար կրնաք արձանագրուիլ այստեղ։
s-27 Կը շարունակես փնտռել ճամբադ
s-28 Մայիս-Յունիս 2021
s-29 Բարեւ ձեզ սիրելիներ,
s-30 Աղուոր բաներուն համար կարեւոր ամիս մըն էր այս վերջինը։
s-31 Ինսթակրամի վրայ մեզ հետեւողներու թիւը անցաւ 10 հազարի շեմը։
s-32 Ասիկա պարզապէս թիւ մը չէ, Ինսթակրամը այս թիւը անցնող հաշիւներուն առաւել կարելիութիւններ կու տայ։
s-33 Շնորհակալ ենք բոլոր հետեւողներուն։
s-34 Անշուշտ ասիկա չնչին թիւ մըն է եթէ համեմատենք համաշխարհային մեծ հաշիւներուն հետ, սակայն բացառապէս արեւմտահայերէն պարունակութիւն ունեցող հաշիւի մը համար «գէշ չէ» ըսենք։
s-35 Քանի նիւթը թիւերէն բացուեր է, ըսենք որ այս ձեր ստացած իմակը կ՚երթայ մօտ 900 հոգիի։
s-36 Երբ դուք կարդալէ ետք ուրիշներու կը ղրկէք, անոնք ալ կը տեսնեն եւ կը բաժանորդագրուին։
s-37 Շնորհակալութիւն։
s-38 Պարզ է, որ Աղուոր բաները կը տարածուի շնորհիւ իր պարունակութեան, որուն կարեւոր մէկ մասը կու գայ մեր աշխատանոցներէն։
s-39 Այս տարբեր քաղաքներու համագործակցութիւնները շատ աղուոր են։
s-40 Քիչ մը երկար բարեւ մը եղաւ։
s-41 Անցնինք գործի։
s-42 Այս ամիս Վահանը երկու գծագրութիւն տրամադրեց։
s-43 Անոնցմէ մէկը վերինն է։
s-44 Չենք կարծեր որ մեկնաբանութեան կարիք կայ։
s-45 Կը կարծենք այլեւս ծանօթ էք մեր հոսարկումներու շարքին՝ «Անուն քաղաք ճաշ - Պոլիսէն ընկերներ»։
s-46 Նորայրին նոր հիւրն է Լարա Նարին։
s-47 Եթէ Պոլիսէն էք կամ մօտէն կը հետեւիք, անշուշտ կը ճանչնաք Լարան, եթէ ոչ, երկու բառով ըսենք, Լարան երգչուհի եւ դերասանուհի է։
s-48 Այստեղ կը պատմէ իր մասին։
s-49 Վերջաւորութեան պզտիկ անակընկալ մը պիտի գտնէք։
s-50 Բարի ունկնդրութիւն։
s-51 Գրական մէջբերումներ ըրած ենք Հայկանուշ Մառքէն եւ Պետրոս Դուրեանէն։
s-52 Նաեւ Թլկատինցիէն աղուոր երկտող մը կայ հոս։
s-53 Գիտէք, Թլկատինցի գաղթականներու մասին շատ գրած է։
s-54 Այս քանի մը բառին մէջ որքա՜ն պատմութիւն կայ։
s-55 Բայց այսքանով չի վերջանար ամսուան գրական պաշարը։
s-56 Անահիտը նոր գրութիւն մը տուաւ։
s-57 Վերջապէս, Պուէնոս Այրէս չերթայի՞նք բոլորս մէկ։
s-58 «Աշխարհը մեծ է, մեծ» աշխատանոցի ընթացքին, մասնակիցները կը ներկայացնեն իրենց մոլորակները։
s-59 Ալինա Հաճեանի օգնութեամբ, մասնակիցները կը պատմեն իրենց մոլորակին մասին եւ կը գծեն իրենց պատկերացուցած աշխարհը։
s-60 Ահաւասիկ շարքին երկրորդը՝ Սոլին մոլորակը։
s-61 Այս անգամ ալ այսքան սիրելիներ։
s-62 Չմոռնաք այցելել մեր կայքէջը միւս բոլոր աղուոր բաները տեսնելու համար։
s-63 Մեզի առաջարկներ գրեցէք։

Text viewDownload CoNNL-U