Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttest

Select a sentence

s-1 ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
s-2 Անտարակոյս, ամէնէն համակրելի դէմքն է նորերուն մէջ։
s-3 Իր վէպը՝ «Նահանջը առանց երգի», ինծի համար թանկագին նմոյշ մըն է այն կարելիութեան, որուն խօսքը ըրի Վ. Շուշանեանի առիթով, երբ զանգուածէն զրկուած եւ օտար մշակոյթի հոսանքին մէջ ձգուած անոր ջիղերուն սպառումը մատնանշեցի։
s-4 Նոյնն էին պայմանները այս երիտասարդին համար ալ։
s-5 Ու մինչ առաջինը հեղեղին մէջ չկորսուելու համար միմիայն իր անձին լաստը ունեցաւ տրամադրելի, Շ. Շահնուր իր անձը կրցաւ բաւական ընդարձակ ընծայել, եթէ ոչ սերունդի մը, գոնէ անոր մէկ մասին հոգեկան դիմագիծը վայել ընկալչութեամբ մը առնելու եւ տալու համար։
s-6 Իր գիրքին մէջ ճնշում մը կայ, հաւասար գալու չափ օտար մշակոյթի ճնշումին։
s-7 Եւ ասիկա յաղթանակ մըն է։
s-8 Գործին յետնաշխարհը (hintedland) մեր ժողովուրդն է. ըսել կ՚ուզեմ՝ այն քանի մը անվերածելի ու մեր սրտէն չքակուելիք զգալու, ըլլալու ձեւերը, որոնք նկարագիր մը կը շինեն ու մեր հոգեկան դիմագիծը կը կնքաւորեն։
s-9 Այսպէս, աննշան այն պատահարին մէջ, որ վէպին intrigueը կը կազմէ եւ որ կնիկի հասարակ պատմութիւնն իսկ չէ, երիտասարդ վիպողը զետեղած է ցեղային անկորնչելի իսկութիւններ, որոնք օտար կնիկին մարմինը կը համեմեն եւ կիրքին ճամբաներուն վրայ շքեղ ոստանի մը ծալքերն ի վեր ցեղէն քիչ մը երանգ, քիչ մը տրտմութիւն, քիչ մը խորք կը սփռեն։
s-10 Ինչպէս կը տեսնէք, վեր եմ գործին մանրամասնութեանց մէջ նկատուած ու միշտ ալ գտնուելիք թերութիւններէն կամ պակասներէն։
s-11 Գործը կ՚արժէ արեւմտեան մարմարի մը վրայ արեւելեան արիւն ու հուրք քալեցնելու գաղտնիքով մը։
s-12 Ու կ՚արժէ թեքնիքի ուրիշ յանդգնութեամբ մըն ալ, որով վէպը կը դադրի պատկանելու սեռին ընթացիկ տեսակէն։
s-13 Վիճելի, հերքելի, թերի, նոյնիսկ սուտ, նոյնիսկ անհեթեթ, բայց կայ անոր մէջ մտածումը, անձնական, սուր ու խայթող։
s-14 Օտար վիպասաններու գրչին տակ նման շեղում մը արժանի չնկատուէր թերեւս, քանի որ անոնց մէջ կէս դարէ ի վեր գոյութիւն ունի այս հերձուածը։
s-15 Եւ դուք մտածում ըսելով չէք հասկնար անշուշտ այն ջուրոտ քարոզը, որ՝ օրինակի մը համար՝ կը լեցնէ Տիկին Տիւսաբի վէպերը։
s-16 Կամ՝ հայրենասիրական հռետորութիւնը, որով ուռած են Րաֆֆիի վէպերը։
s-17 Տարօրինակ, նոր մտածում, որ մէկէն ի մէկ կը բուսնի, կը փայլի երկվայրկեան մը եւ կը սուզուի գրքին խաւարին մէջ։
s-18 Չեմ մօտենար ուրիշ տարազներու, որոնցմով կը դատենք վէպերը։
s-19 Շահնուրի գործը առաջին ուժով փաստն է մեր նոր սերունդին ընդունակութիւններուն։
s-20 Գոյութիւն ունի ընթերցողներու կարգ մը ամրակուռ, ինքն իր մէջ համերաշխ, իր դուռները ետեւէն բաց, բայց առջին գոց, որ կաղապարուած է երկու քառորդ դարու գրականութեան մը շրջափոխումին մէջ։
s-21 Որ վէպէն կը սպասէ տիպար, բարք, էնթրիք, հոգեբանութիւն, գործողութիւն, ոճ, հարազատութիւն, հայեցիութիւն եւ տակաւին՝ գործադրութիւնը գրագիտութեան դասագիրքերու բոլոր պահանջներուն։
s-22 Այդ դասակարգին համար Րաֆֆին մեր վէպին մէջ գերագոյն կատարն է, եւ Ա. Իսահակեանը՝ կարելի կատարելութիւնը։
s-23 Աշխարհի բոլոր բարեկամեցողութիւնը քիչ պիտի գար այդ դասակարգին չէ թէ մարսելի, գոնէ մատչելի ընծայել Պրուստը։
s-24 Շ. Շահնուր այդ դասակարգէն դժուար թէ ընթերցողներ ճարէ. ու ատոր պատճառը՝ վէպը ընդարձակելու, զայն ազատագրելու իր յանդգնութիւնն է։
s-25 Ոմանք կտիկ-կտիկ կրելով է, որ կը շինեն իրենց շէնքը. ուրիշներ արագ զարկով կը կնքեն իրենց յօրինումը։
s-26 Դէպքերու դէզը, դիտողութեանց մթերքը, ընդլայնումը trempe-ները անշուշտ թէ բան մը կ՚ապացուցանեն։
s-27 Վիպասանը ճարտարապետ մըն է, բայց եթէ ոմանք այդ ճարտարապետութիւնը կ՚ընեն քարին եւ հողին վրայ, ուրիշներ զայն կ՚ընեն պողպատի վրայ։
s-28 Ձող մը երկաթը կարծեմ կրնայ հակակշռել պատ մը կրանիթ։
s-29 Այս նմանութեամբ՝ պողպատի վրայ աշխատող մը առէք դուք Շահնուրը եւ ձգեցէք, որ իր վէպը չսիրեն հաստ կառոյցի, հաստատ մեթոտի պաշտպանները։
s-30 Ու եթէ հողը փխրուն է՝ ծռելու չափ գրողի մը քմայքներուն, պողպատը աղեղ իսկ կը շինէ գրողին մատներուն տակ։
s-31 Ամէն վայրկեան կարելի է հրաժարիլ տարազէն, շեղիլ աջ ու ձախ, մտածել, հեգնել, կիրքերը լարել կամ բանաստեղծօրէն յուլանալ եւ դարձեալ մնալ վէպին սահմանին մէջ, խառնել քմայքը վիշտին, հեգնութիւնը՝ կիրքին, Արեւելքի վաւաշը՝ Արեւմուտքի իգութեան ու ըլլալ նորէն վիպասան։
s-32 Շ. Շահնուրէն կը խօսիմ, չմոռնա՛նք ։
s-33 ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
s-34 Ամէնէն առաջ համակրած եմ իր զգայնութեան։
s-35 Նորերէն շատ քիչեր միայն բերին մեր գրականութեան այդքան առատ ջիղերու տարուածք մը։
s-36 Այդ զգայնութեան արտայայտումին համար անիկա գործածեց նորերուն ոճը։
s-37 Պզտիկ դիտողութիւն մը հոս. Շուշանեանին ֆրազի ճաշակը կը նրբերանգուի բանաստեղծական բարակ աւիշով մը։
s-38 Այսպէս, դրէք այդ գործիքը ու այդ ջիղերը ծո՛ցը հեռաւոր հայ քաղաքի մը. տուէք այդ քաղաքին ալ երեսուն տարի առաջուան մթնոլորտ եւ բարեխառնութիւն. կապեցէք իր ուսերուն մեր գաւառը ու փռեցէք իր հոգիի յատակին՝ մեր պատմութիւնը, մենք կ՚ունենայինք մեր կեանքին ամէնէն կենդանի արտայայտութիւններէն մէկը։
s-39 Բայց բախտը տարբեր կերպ ուզեց։
s-40 Այդ ամէն յատկութիւնները, փոխանակ այդ երազուած պայմաններուն, տրուեցան գրեթէ գլխովին հակառակ գետիններու վրայ։
s-41 Այդ ջիղերը արձակուեցան սողալու ու լողալու ինչպէս որ կ՚ուզէք աշխարհի ամէնէն բազմաձեւ ու բազմակնիք մշակոյթի մը ենթահողին ու մարմնահողին մէջ։
s-42 Արդի՞ւնքը . անոնք սպառեցան, որովհետեւ Արեւելքի զգայնութիւնները կ՚արժեն դէպի խորքը, բայց ոչ դէպի լայնքը։
s-43 Յետոյ՝ ջիղերը երբեք չեն բաւած մինակնին գրագէտ մը պարտադրելու, եթէ անոնք անգնահատելի են իբրեւ խորքի հէնք գործի մը մարմնին մէջ, պարտաւոր են սակայն անցնիլ հզօր գլանի մը ճնշումէն, որ իմացականութիւնն է այս անգամ։
s-44 Այդ նոյնիսկ ամէնէն օժտուած իմացականութիւնը, այն պայմաններուն մէջ, որոնք մատուցուեցան Շուշանեանի կազմումի շրջանին, պիտի խորտակուէր իր իսկ ճիգին ծանրութեանը տակ։
s-45 Տարագրութիւն, անապատ, Պոլիս, Փարիզ, բոլորն ալ ջիղերը գերազանցապէս սրելու ընդունակ մարզեր, բայց միտքը ոչ իսկ փոքր կէտէ մը ճեղքող, բացի Փարիզէն, ուր կը հասնէր շատ ուշ։
s-46 Այո՛ , ըսել կ՚ուզեմ, որ անհրաժեշտ զարգացումը կը պակսի Շուշանեանին, իսկ ընթերցումներէ քաղուած մէջբերումները իր գործին մէջ՝ կը փաստեն խորքի պակասը ծածկելու աճապարանքը։
s-47 Պարտաւոր ենք կասկածով դիմաւորել յատուկ անուններու ամէն ցուցադրում։
s-48 Յիշեցէ՛ք Եղիան, որ այնքան առատութեամբ անուններ ցանեց իր գործին մէջ եւ որ դժբախտաբար անուններէն անդին չանցաւ բնաւ։
s-49 Մեջբերումները մշակոյթի նշան չեն դարձեալ, եթէ նոյնիսկ ընթերցումները կատարուած են իրապէս, ամբողջապէս։
s-50 Զարգացումը շատ բան գիտնալով չէ, որ կը պայմանաւորուի. գիտութիւնը, գիտնալը նախանիւթն է ամէն կառուցումի։
s-51 Դիզեցէ՛ք ատաղձը հրապարակի մը վրայ, սակայն մինչեւ որ ճարտարապետին ուղեղը, այսինքն՝ իմացական discipline մը չանցնի այդ հում՝ նիւթին մէջէն, ատաղձը կառոյցի չի վերածուիր։
s-52 Աս է, որ ըսել կ՚ուզէի։
s-53 Այլապէս, Շուշանեանի միտքը պիտի միջամտէր, խնայելու համար մեզի՝ իր գործերուն մէջ՝ բանաստեղծութիւնը, մա՛նաւանդ բառական երակէն, աւելորդ ճապաղում մը, որ առաջ կու գայ կիրքը, զգացումը, յուզումը ծածկելու յարմար գետինէն աւելի ընդարձակ տեղի մը վրայ տարածումէն։
s-54 Իր միտքը պիտի միջամտէր դարձեալ, որպէսզի իր ջիղերու փորձառութիւնները գտնէին սեղմութիւն, ցայտում, հաւասարակշռութիւն եւ նուաճող տարազ։
s-55 Կամ որպէսզի իր մարդերը ըլլային լայնօրէն հասունցուած ու նետուին թուղթերուն վրայ ոսկորոտ ու կազմուած, իրենց մէջքը ամուր պահելու չափ քննադատի ականէն։
s-56 Չեն եղած ասոնք՝ ու մեղքը անմշակ իր մտքինն է։
s-57 Գալով չորրորդ դասակարգի իր «գաղափարաբանութեան», պիտի ըսենք, թէ ո՛չ ոք իրաւունք ունի իրենցմէ կորզելու ուրիշներուն տառապանքը։
s-58 Չորրորդ դասակարգի տեսաբանները կը տարբերին Երրորդ Հանրապետութեան արմատականներէն, վասնզի պատերազմին հզօր մղձաւանջը, մա՛նաւանդ անոր փտախտին երկարաձգումը հոգիներուն մէջ, իրական կ՚ընեն ժամանակակից խուլ դժգոհութիւնը միւս երեք կարգերուն դէմ։
s-59 Վ. Շուշանեան անկեղծ է, երբ կը պոռայ որբի իր կատաղութիւնը աշխարհի երեսին։
s-60 Միայն երբ այդ կատաղութիւնը կ՚ուզէ տարազել իմաստութեան, լոկիգա յի, տիալեկտիկա յի եւ բոլոր առձեռն, պատրաստ առածներու պատմուճանով՝ հո՛ն է, որ կը կենանք ու կ՚ըսենք, ի՛նչ հարկ այս անտեղի ցուցադրումին։
s-61 Գրականութիւնը, ա՛յն ՝ զոր ըրած էր այն մինչեւ այս վերջին volte-faceը, ո՛չ միայն դասակարգի մը չէր պատկաներ, այլեւ կը պատմէր միմիայն իր անձը։
s-62 Իր էութեամբ գերազանցապէս անհատական՝ գրականութիւնը կրնայ ծառայել զանգուածին ալ շահերուն։
s-63 Չեմ գիտեր՝ հարիւր տարի ետքը անհատը պիտի դադրի՞ գոյ ըլլալէ, կորսուելու համար զանգուածին ծոցը. մենք դիւրութեամբ պիտի հրաժարի՞նք մշակոյթ որակուած իրողութենէն, զոր չենք կրնար հերքել թուղթի վրայ ուրացումով ու վճիռով։
s-64 Պէտք պիտի ըլլար, հակառակին համար, ընդունիլ նոր բարբարոսներու արշաւանք մը, որ քարուքանդ ընէր մեր արժէքները։
s-65 Ատիկա եղած է անցեալին մէջ ու հազար տարի պէտք եղաւ՝ վերագտնելու համար ծայրը փրթած թելին։
s-66 Նետել զամբիւղ քաղքենի արուեստն ու կրակի տա՛լ զայն... դիւրին չէ հայհոյանքով ընել ատանկ գործ մը։
s-67 Ու մենք ունինք գրագէտներ, որոնք կ՚անցնին մեր տարազներէն անդին ու կը մնան կանգուն՝ ժամանակի աւերումներուն դէմ։
s-68 Ու միշտ բարբարոսներու արշաւանքէն յետոյ պիտի գտնուին վերածնունդներ, որոնք թղթային փրթած օղակները իրարու կցէին։
s-69 Յանուն պրոլետ-գրականութեան, որուն անունը կայ, ինքը՝ ոչ, նոյնիսկ աշխարհի վեցերորդ մասին մէջ անտեղի է նիզակ ճօճել մարդերու դէմ, որոնց շուքն իսկ ծանր կու գայ մեր ուսերուն։

Text viewDownload CoNNL-U