Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Partdev

Select a sentence

s-1 Վերապահութիւն Ղարաբաղի յանձնախումբի տեղեկագրին
s-2 Թուրքիոյ Խորհրդարանի զանազան կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ կազմուած Ղարաբաղի յանձնախումբը աւարտեց իր աշխատութիւնները եւ այդ աշխատասիրութեան արդիւնքները բաժնեց հասարակութեան հետ։
s-3 Յանձնախումբը 44օրեայ պատերազմի տեւողութեան արձանագրուած Մարդու Իրաւունքներու բռնաբարումները արձանագրելու համար այցելած է Ատրպէյճան։
s-4 Հոն զանազան շփումներ ունեցած է Պաքու Գանձակ Տէրտէր եւ Պերտէ քաղաքներու խաղաղ բնակիչներուն հետ, որոնք ենթարկուած են հայկական բանակի յարձակումներուն։
s-5 Յանձնախումբի քննարկման նիւթերէն մէկն ալ եղած է պատերազմի տեւողութեան Թուրքիոյ հայ համայնքին այս լարուածութենէ ազդուելու երեւոյթները։
s-6 Յանձնախումբի անդամները այցելած են Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, «Լոյս» եւ «Ակօս» թերթերու խմբագրութիւնը, Մալաթիա ՀայՏէր հայրենակցական միութիւնը եւ Շիշլիի մարզակումբը։
s-7 Այս հանդիպումներու ընթացքին փորձած են իմանալ Թուրքիոյ հայութեան մատնուած հոգեբանութիւնը։
s-8 Իրենց պատրաստած տեղեկագրին մէջ յանձնախումբը կը յայտնէ թէ հաստատած են հայ համայնքը յուզող մտահոգութիւնները եւ ուրախութեամբ արձանագրած նաեւ թէ ֆիզիքական յարձակումի ոչ մէկ դէպք պատահած է։
s-9 Յանձնախումբի ՀՏՓական անդամները վերապահութիւն յայտնած են պատրաստուած տեղեկագրին դէմ, նշելով որ այս բնոյթի ուսումնասիրութիւն մը պէտք էր ըլլար երկկողմանի։
s-10 Արդարեւ անհրաժեշտ էր Հայաստան եւս այցելել եւ լսել հայկական կողմի դիտողութիւնները։
s-11 Այս մասին ՀՏՓի պատգամաւոր Կիւլիսթան Քըլըչ Քոչյիղիթ «Ակօս»ին յայտնեց թէ յանձնախումբը պէտք էր աշխատէր մարդու իրաւունքներու սահմանագծով, բայց փոխանակ այդ սկզբունքին գերակշռած է Թուրքիոյ կողմնակցական դիրքորոշումը։
s-12 Այսպէսով յանձնախումբի ՀՏՓցի անդամներ իրենց վերապահութիւնը շեշտած են հրապարակուած տեղեկագրին նկատմամբ։

Text viewDownload CoNNL-U