Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Partdev

Select a sentence

s-1 Կաւին դարին իրարանցումը առաջին անգամ Պեկիշենց Մանուկը տեսաւ։
s-2 Մաղիկանց Արութին, կամ ինչպէս կը կանչէին՝ Մաղաքեանին, հետ երկուքը միասին գիւղ կու գային:
s-3 Հերկին արտը Մանուկին արօրձողը կոտրեր էր, տուն կ՚երթար՝ նոր մը տանելու, Մաղաքեանն ալ Սիմայի Աղջուրի Ակէն էշովը աղջուր բերելու գացեր էր, վերադարձին Երկանագիի նեղ տեղը իրարու հանդիպեր էին:
s-4 Կալերուն գլուխը, Խաչի Դար որ եկան, Մանուկ, թէեւ պատճառ մը չկար, բայց մարդ չէ՞ր , մարդ երբեմն ետին չդառնա՞ր , չնայի՞ր , Սուրբ Սարգիսի լեռան կողերուն նայեցաւ:
s-5 Կաւի տեղերուն կապոյտ հողերուն վրայէն մէկը կը վազէր դարվեր:
s-6 Կնիկմարդ ըլլալու էր:
s-7 Կաւի հանքերէն լուացքի, գլուխ լուալու կաւ հանելու համար էրիկմարդ կ՚երթա՞յ :
s-8 Կնիկմարդու գործ է:
s-9 Ետեւէն երկրորդ մըն ալ վազեց:
s-10 Անոր ալ ետեւէն քիչ վարը հերկուոր մը, որ արտ կը հերկէր, եզնիքը կեցուց, ան ալ վազեց ու կնիկներուն հասաւ:
s-11 Զարմանալի բան:
s-12 Խելք չէր հասցուեր:
s-13 Ինչո՞ւ իրարու ետեւէ վազեցին ասանկ:
s-14 Բան մը կար հոն:
s-15 Մաղաքեան, ըսաւ Մանուկ, Սուրբ Սարգիսի կողերուն, Կաւի Տեղերուն նայէ, բան մը կայ հոն, բան մը ըլլալու է, ի՞նչ կ՚ըսես:
s-16 Մաղաքեան, որուն աջ ոտքին տրեխը ոտքէն կ՚իյնար, կապերը քակուեր էին, ծռեր էր ու կը կապէր, շտկուեցաւ, էշը կեցուց, որ չերթայ՝ կուժերը տեղի մը զարնէ ու փշրէ, մօրուքը միջոցին մէջ, զննեց:
s-17 Մանուկին տեսածները ան ալ տեսաւ:
s-18 Բան մը կենալը՝ կայ, ամա եղածը ի՞նչ է, հոսկէ հոն ինչպէ՞ս կը հասկցուի, ըսաւ:
s-19 Նոյն պահուն Գինան Փողերէն հերկուոր մըն ալ հերկը ձգեց, ան ալ լեռն ի վեր վազեց ու հասաւ միւսներուն:
s-20 Լեռը գացողները շատցան:
s-21 Ժողվըւելնուն որ նայելու ըլլաս, ատ մէկ տեղն է ինչ որ եղած է, ըսաւ Մաղաքեան ու Մանուկին հետ անթարթ դիտեցին:
s-22 Դէպքին տեղէն երկու հոգի զատուեցան ու, դարվար քալելով, Սարդըխի աղբիւրին հաւասարութեանը եղան ու կեցան:
s-23 Դպրենց Զաքարն ու Մանուկանց Նշանը, եզնիքը առաջքնին, կը հերկէին Դպրենց աղբիւրին արտը:
s-24 Յայտնի է, թէ անոնց բաներ մը ըսին ու նորէն լեռը ելան:
s-25 Զաքարն ու Նշանն ալ իրենց դիմացի ճախինը Կոչենց վիկին արտը վիկ քաղողներուն հաղորդեցին:
s-26 Պոռալու ձայները հասան Մանուկին ու Մաղաքեանին, բայց չէին հասկցուեր ըսուածները:
s-27 Մանուկ չհամբերեց, խոշոր ոտքերովը մինչեւ Կզնակի ուռիներուն տակը վազեց:
s-28 Հոտկէ վիկ քաղողները մօտ էին, անոնց հարցուց.
s-29 Կաւին Դարը ի՞նչ կայ, ի՞նչ է եղեր:
s-30 Անոնք ալ պոռալով պատասխանեցին.
s-31 Տեմուրճենց հարսը մեռեր է Կաւին լեռը վար իջեր է, տակը մնացեր է, հասկցա՞ր :
s-32 Հասկցա՜յ հասկցա՜յ
s-33 Հանե՜ր են հանե՜ր մեռե՜ր է:
s-34 Վիկ քաղողները նորէն շարուեցան արտին վիկը քաղելու:
s-35 Ալ կը կայնուէ՞ր :
s-36 Պէտք էր գիւղը լուրը տանէր:
s-37 Կալերուն գլուխը չելաւ, ճամբան կ՚երկննար:
s-38 Շուտ, շատ շուտ երթալու համար ջաղացքին առջեւէն՝ առուին վրայէն ցատկեց, Մանուկանց, Բարիկանց պարտէզներուն վրայի ճամբէն, հոնկէ Արխնենց արտին տակէն, հոնկէ Լեղաղբիւրէն, Քնարենց դռնէն, Գալուստին տան առաջքէն դառնալով, Շեխենց տան առջեւը հասաւ:
s-39 Ցերեկուան սաստիկ տաքը սկսած էր:
s-40 Շուք ըլլալով՝ հողէ սեթերուն վրայ արտը, հերկը չգացողները, գիւղին մեծերը, տարեցները նստեր էին:
s-41 Մանուկին մինթանը քակուած, կուրծքը մինչեւ փորը բաց, քրտինքը թարթիչներէն կը վազէր, ու ամիսներէ ի վեր չսափրուած կերպարանքը տեսնելով՝ Հայնենց Կարապետ աղան յանդիմանեց զինքը.
s-42 «Ծօ՛ , Մանուկ, ատ ի՞նչ հալ է, մազդ մօրուքդ աղէկ մը իրար անցեր, երթալով թեղուտցի Գարեգինը կը դառնաս»՝ ըսաւ:
s-43 Բայց Մանուկ չթողուց, որ խօսքը աւարտէր ու լուրը հաղորդեց.
s-44 Տեմուրճենց հարսը, Կաւին Դարը մեռեր է, լեռը վրան փլեր է, տակը մնացեր է, ըսաւ:
s-45 Յանկարծակիի եկան ամէնքը:
s-46 Կարապետ աղային խօսքը բերանը մնաց:
s-47 Եա՜ ատ չեղաւ կը տեսնէք հիմա եղածը, ըսին իրարու, Հիմա Տեմուրճենց տունը տակնուվրայ պիտի ըլլայ:
s-48 Տուներնին էրիկ մարդ ալ չիկայ, ոչ պարնտատը, ոչ էրիկը:
s-49 Կեսուրն ու տղաքն են:
s-50 Ինտո՞ր հիմա լուրը պիտի տանք, ո՞վ պիտի երթայ լուրը տայ:
s-51 Ամէնքը իրենց մտածածները ըսին:
s-52 Քանի տարին անգամ մը՝ փորձանքը պակաս չէ աս Կաւին Դարէն:
s-53 Վիրայ կը փլի:
s-54 Աս անգամ մահ ալ եղաւ:
s-55 Ամա կաւը չերթան, կաւը չի ղրկենք՝ ի՞նչ պիտի ընենք, ինչո՛վ մեծ պզտիկ գլուխնին, ծամերնին պիտի լուան, ամէն առտու աղբիւրը ի՞նչ պիտի տանին՝ տղոցը շորերը մաքրելու համար:
s-56 Սապոնով հո՞ւն կ՚ելլուի:
s-57 Տանտէրը՝ Շեխ կնիկը, որ դուրսը էրիկմարդոցը խօսածները իմացաւ, դուռը եկաւ ու ափսոսաց.
s-58 «Վա՛խ , վա՛խ , վա՛խ վա՜խ , ըսաւ, տահա աս առտու էր՝ կուժը շալակը մեր դռնէն անցաւ ծոցաւոր ալ էր, ետքի ամիսին մէջ ալ էր երկու հոգի մէկէն մեռան, մարն ալ, բերելիք զաւակն ալ»:
s-59 Էրիկմարդիկը բարկացան իրեն.
s-60 «Շեխ կնիկ, դուն ալ ելեր ես՝ բերելիք զաւակը կը մեղքնաս:
s-61 Թող մարը ազատէր տէ, զաւակն ալ թող աշխարհք չգար:
s-62 Երիտասարդ էր, մարը թող մէկ մըն ալ բերէր» ըսին:
s-63 Հոն եղող երիտասարդներուն՝ Գառնիկին, Կարապետին դարձան ու՝ «Տղաք, խոտը չէք երթար, հերկը չէք երթար, գործերը ձգեր էք տանը կնիկմարդոցը վրայ, պոյպեկիի պէս կը պտտիք գիւղը:
s-64 Պոյ մը մինչեւ Կաւի Դարը երթայիք, աղէկ մը հասկնայիք՝ ինչ որ եղեր է, ի՞նչ եղեր ու մեռեր է, լուր մը բերէիք մեզի» ըսին:
s-65 Տղաքը գացին, կարելի է՝ դեռ Կզնակի աղբիւրը չհասած, Քորճայենց Առաքելը եկաւ հերկին դարէն, հերկուորի տրեխներով, ու
s-66 Ինչ է նէ, ինչ է նէ, ըսաւ, ամենուս ալ անցած ըլլայ:
s-67 Տեմուրճենց հարսը Կաւին լեռը հողերուն տակէն ազատեցինք, ջորիով տուն, բերինք, եկայ ձեզի լուր տալու:
s-68 Ի՞նչ կ՚ըսես, աղբար, պատասխանեցին էրիկմարդիկը ամէն կողմէ, որունի՞դ ըսածին հաւտանք, Պեկիշենց Մանուկը եկաւ ըսաւ, թէ մեռեր է, դուն կ՚ըսես տուն բերինք:
s-69 Մանուկը ի՞նչ գիտէ, լուրը ես տուի Սարդըխը արտ հերկողներուն, «մեռած չէ» ըսի:
s-70 Ալ չեմ գիտեր, ո՞վ սխալ լսեր է, «մեռած է» իմացեր է:
s-71 Ինծի չէք հավտար նէ, գացէք Տեմուրճենցը՝ աչքովնիդ տեսէք:
s-72 Ամա՝ մազ մը մնացեր էր մեռնելուն, չհասնելու որ ըլլայինք:
s-73 Ապրելիք օր ունի եղեր:
s-74 Լեռան շատը իր վրայ չէր քալեր:
s-75 Մէկ մըն ալ որ՝ էնթարիին փէշը դուրս մնացեր էր:
s-76 Չէ նէ ինտո՞ր պիտի գտնէինք ուր ըլլալը»:
s-77 Այս պատմածներս պատմուածք շինելու համար ստեղծագործութիւն մը չէ:
s-78 Կաւին Դարը հողին տակը մնացողը՝ Տեմուրճենց հարսը, իմ մայրս է:
s-79 Ինձմով իր վերջին ամսուան մէջ յղի եղեր էր:
s-80 Դէպքէն քսանըհինգ օր վերջը ես աշխարհ եկեր եմ:
s-81 Բառ առ բառ իմ պատմութիւնս է աս:

Text viewDownload CoNNL-U