Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 1 - 100 of 107 • previousnext

s-1 Հրատարակուած են Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարին առաջին երեք գիրքերը
s-2 Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարի առաջին երեք գիրքերը հրատարակուած են Հայաստանի մէջ։
s-3 Մատենաշարը կը կեդրոնանայ ընկերային գիտութիւններու ու մարդկային ուսմանց կաեւորագոյն գրականութեան թարգմանութեան վրայ:
s-4 Առաջին հրատարակուած գիրքն է՝ Ջորջօ Ագամբէնի «Մնացորդք Աւշուիցի։ Արխիւը եւ վկան» (Quel che resta di Auschwitz. archivio e il testimone), որ արեւմտահայերէնի թարգմանեց Մարկ Նշանեան, եւ հրատարակեց Ակտուալ արվեստ-ը։
s-5 1998 թուականին լոյս տեսած այս գիրքը կ՚ուսումնասիրէ Աւշուիցէն վերապրողներու վկայութիւնները, փիլիսոփայական ու բարոյագիտական հարցադրումներու դիտանկիւնէն։
s-6 Մարկ Նշանեան կը բացատրէ միջազգային գրականութեան թարգմանութեան կարեւորութիւնը.
s-7 «Թարգմանելը անհրաժեշտ է քանի մը պատճառներով. նախ պէտք ունինք ծանօթանալու աշխարհի մէջ կարդացուած, եւ մանաւանդ համալսարաններուն պատերէն ներս կարդացուած գիրքերուն։
s-8 Լեզու մը որպէսզի փաստէ ինքն իրեն իր կենդանութիւնը, պէտք է չափուի իրմէ դուրս եղած երեւոյթներուն, պէտք է չափուի օտարին, պէտք է չափուի ընդհանուր աւելի վերացական կերպով՝ օտարութեան հետ։
s-9 Երկրորդ, թարգմանական աշխատանքը ի վերջոյ որքան նուրբ, միեւնոյն ժամանակ որքան դժուար աշխատանք մըն է, որովհետեւ կը պահանջէ որ թարգմանիչը ինքն իր լեզուին սահմանները փորձէ, փորձարկէ եւ ընդլայնէ։
s-10 Նաեւ այս թարգմանական մատենաշարը լաւ առիթ մըն է որպէսզի երկու լեզուները [արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն] իրար լսեն, իրարու հանդիպին, կարդան»։
s-11 Գիրքը հրատարակուած է 2005-ին ֆրանսական Éditions du Seuil-ի կողմէ, եւ քաղաքականութեան, փիլիսոփայութեան ու գրականութեան մասին է. ան կը միաւորէ այնպիսի մօտեցումներ եւ գիտակարգեր, որոնք ընդհանրապէս երկխօսութեան մէջ չեն ըլլար:
s-12 Բադիուի վերլուծութիւնը մէկ կողմէ հիմնուած է 20-րդ դարու բանաստեղծութեան, թատրոնի եւ գրականութեան տեսութեան, եւ միւս կողմէ՝ դարու ամբողջատիրական իրողութիւններու հետ իր ունեցած եզակի հանդիպումներուն վրայ:
s-13 Բադիուն իմաստալից պատումներ կը փնտռէ, որոնք սահմանափակուած չեն «տրամաբանութեան» կամ «տրամախոհութեան» հերթական մօտեցումներով։
s-14 Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարի գլխաւոր նպատակն է կամրջել երկու ափերը այն վիհին, որ գոյացած է Հայաստանի (ու Սփիւռքի) հայագիր մտաւորականութեան եւ արեւմտեան աշխարհի ընկերային գիտութիւններու ու մարդկային ուսմանց միջեւ։
s-15 Մատենաշարը կազմուած է տասը գիրքերէ որոնցմէ ոչ մէկը ցարդ հայերէնի թարգմանուած է:
s-16 Ծրագիրը կ՚իրագործուի Հայաստանի մէջ, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ, սերտօրէն համագործակցելով ԱՐԻ գրականութեան հիմնարկին հետ։
s-17 Գրքերը կարելի է գնել Երեւանի բոլոր հիմնական գրախանութներէն, Սփիւռքի քանի մը գրախանութներէ, եւ ԱՐԻ գրականութեան հիմնարկին միջոցով։
s-18 Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կարդալ Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի յառաջաբանը։
s-19 Արեւմտահայ մշակոյթն ու լեզուն՝ յառաջադէմ, ստեղծագործ, ինքնատիպ, եւ նորարարութեան կիզակէտին։
s-20 Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը մեկնարկէ նպաստի նոր ծրագիր մը՝ արդ եւս։
s-21 Այս նոր նախաձեռնութեան միջոցով, Բաժանմունքը պիտի սատարէ արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան, ամրապնդելով լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ եղած ներքին ու հարազատ կապը։
s-22 «Մեծ ուրախութեամբ է որ կը ներկայացնենք այս նոր ու իւրօրինակ ծրագիրը, որ առիթը պիտի ընծայէ արեւմտահայերէնը գործածելու որպէս ստեղծագործութեան եւ մշակութային արտադրութեան ժամանակակից լեզու» կ՚ըսէ Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, «հոս է որ լեզուն եւ մշակոյթը պիտի շաղկապուին աշխարհին հետ եւ մնան կենսունակ ու ժամանակակից»։
s-23 արդ եւս ծրագիրը կը քաջալերէ որեւէ ստեղծագործ կիրարկութիւն, արտայայտութիւն, կամ ներկայացում՝ ուր լեզուն կարեւորագոյն գործօնն է։
s-24 Ծրագիրները կրնան ըլլալ միջգիտակարգային եւ դիմել արտայայտութեան զանազան միջոցներու, ներառեալ՝ գրականութիւն, երաժշտութիւն, տեսողական արուեստներ եւ նորարար հեռարձակումներ։
s-25 Արդ, արեւմտահայերէ՛նն է արարումի հիմնական միջոցը։
s-26 Մշակոյթներ եւ ինքնութիւններ միշտ կը զարգանան ու կը փոփոխուին, յատկապէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ։
s-27 Իւրաքանչիւր սերունդ կը ստեղծէ ի՛ր իսկ մշակութային իրականութիւնը. կը հիմնուի նախորդ իրագործումներու եւ փորձառութիւններու վրայ։
s-28 Հիմնարկութիւնը կը փափաքի խթանել զարգացումի, նորոգումի եւ ինքնութեան (վերա)կերտումի այս հոսանքները, առիթ ընծայելով որ հայ ստեղծագործ միտքեր արտայայտուին որեւէ ձեւով, իրենց իսկ իրականութիւններուն համապատասխան առընչելի նիւթերով։
s-29 Կայ արեւմտահայերէնով ներգործուն եւ ժամանակակից մշակոյթ մը զարգացնելու անյետաձգելի պահանջքը։
s-30 Վտանգուած լեզուի մը կենսունակութիւնը ապահովելու առաջին նախադրեալը անով մշակոյթ ստեղծելն է. մշակոյթ՝ որ երիտասարդներուն կապուած է եւ անո՛նց կողմէ կը ստեղծուի։
s-31 Հայ լեզուն եւ մշակոյթը չեն կրնար զերծ մնալ միջազգային հոսանքներէն, մանաւանդ երբ ամեն օր ականատես կ՚ըլլանք համաշխարհային ուժականութեան յարացոյցերու փոփոխութիւններուն, թեքնաբանական սրընթաց նորութիւններուն, կենսոլորտային աղէտներուն եւ ինքնութիւններու զարգացման։
s-32 Լեզուն ու մշակոյթը աշխարհին հետ շաղկապելու հրամայականը պիտի մղէ որ անոնք մնան կենսունակ եւ առընչելի։
s-33 արդ եւս ծրագիրը պիտի խթանէ ստեղծագործ միտքերը՝ մշակութային արդիականութիւն մը գոյացնելու եւ արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ մշակելու։
s-34 ԲԱՐԻ ԵԿԱԾ ԷՔ «ԶՆՏՈՒԿ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՈՎ» ԿԱՅՔԷՋԸ
s-35 Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 16 Հոկտեմբեր 2021 թուականին տեղի պիտի ունենայ Զնտուկ կայքէջին առցանց ներկայացումը։
s-36 Զնտուկը (zndoog.com) համացանցային լայնածաւալ շտեմարան մըն է, ուր ընդգրկուած են աշխարհի չորս ծագերուն ստեղծուած մանկավարժական արեւմտահայերէն աղբիւրներ եւ գործիքներ։
s-37 Կայքէջը կը ներկայացնէ հայերէնի ուսուցման արդիական մեթոտաբանութեամբ պատրաստուած ծրագիրներ։
s-38 Համացանցային այս կեդրոնին շնորհիւ՝ մանկավարժներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ, դպրոցներէն ներս կամ դուրս, իրենց տրամադրութեան տակ պիտի ունենան հարուստ առցանց վայր մը։
s-39 Աւելին՝ Զնտուկը հասանելի պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք պարզապէս հետաքրքրուած են արեւմտահայերէնով եւ կը ձգտին ծանօթանալ ժամանակակից մանկավարժական մօտեցումներուն։
s-40 Զնտուկը կ՚ընդգրկէ համացանցային հայալեզու էջեր, մանկական տեսերիզներ, ձայներիզներ, շարժապատկերներ, շարժանկարներ, տարբեր տարիքներու համար նախատեսուած ծրագիրներ, նաեւ՝ գրական ստեղծագործութիւններ, բառարաններ, խաղեր եւ այլ զանազան նիւթեր։
s-41 Զնտուկին մէջ կարելի է գտնել ուսուցիչներու համար պատրաստուած գրաւոր եւ լսատեսողական նոր ուղեցոյցներ, որոնց աջակցութեամբ ուսուցիչները կրնան դիւրութեամբ ըմբռնել ծրագիրներու կիրառութեան հանգրուանները եւ հիմնական մօտեցումները։
s-42 Մանկավարժական որոշ սկզբունքներու վրայ հիմնուելով ստեղծուած է Զնտուկը։
s-43 Լեզուն իր ամբողջութեամբ ընդգրկուած է իբրեւ ապրող, շնչող, ինքզինք զարգացնող, աշխարհին հետ զուգահեռ յառաջացող միջոց, վայր եւ եղանակ:
s-44 Կայքէջը կ՚որդեգրէ երեխայակեդրոն եւ ուսանողակեդրոն մօտեցում մը։
s-45 Զնտուկը միշտ պատրաստ է իր բովանդակութիւնը ընդլայնելու։
s-46 Հետեւաբար, Զնտուկին դռները բաց են իր սկզբունքներուն համապատասխանող այլ լեզուական աղբիւրներու։
s-47 Զնտուկի առցանց ներկայացման ընթացքին կլոր սեղանը պիտի վարէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը։
s-48 Զրոյցի ընթացքին խօսք պիտի առնեն Բաժանմունքին արեւմտահայերէնի զարգացման պատասխանատուն, դպրոցներու եւ կրթական ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեան (Լիզպոն, Փորթուկալ), գրող ու Ինալքոյի հայկական գրականութեան դասախօս Քրիստիան Բատիկեան (Փարիզ, Ֆրանսա), Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն Մարի Կիւլիւմեան (Նիւ Եորք, ԱՄՆ), Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Հայկանուշ Մինասեան (Աթէնք, Յունաստան), Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ եւ համադրող Նորա Սարաֆեան Թաշճեան (Ալֆորվիլ, Ֆրանսա) եւ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Նանոր Սարգիս (Մոնթրէալ, Քանատա)։
s-49 Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Լիզպոնի ժամով 20:00-ին։
s-50 Կարելի է միանալ հետեւեալ յղումով՝ «ԶՆՏՈՒԿ մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով» կայքէջի ներկայացում https://us02web.zoom.us/j/87386495798
s-51 Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի մանկավարժական եւ ուսուցողական բազմապիսի նախաձեռնութիւններուն նորագոյնն է Զնտուկը:
s-52 Իր ծաւալուն եւ շարունակ ընդլայնող պարունակութեամբ, կայքէջը խթան պիտի հանդիսանայ արեւմտահայերէնի ուսուցման, զարգացման եւ ամրապնդման։
s-53 «ԵՐԴԻՔ»՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՆՈՐ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
s-54 Արեւմտահայերէնով նոր, բարձրորակ ստեղծարար յայտագիր մը ճամբայ ելաւ երեխաներու համար։
s-55 Զուարթ, սրամիտ եւ մանկավարժական մօտեցումով յղացուած այս առցանց տեսերիզները կարելի է գտնել «Երդիք»ի կայքէջին վրայ (www.yertik.com) կամ ԵուԹիւպով (Երդիք - YouTube)։
s-56 Երգերու, պատմութիւններու եւ խաղերու ընդմէջէն, խամաճիկներու, հանելուկներու եւ կարճ թատերախաղիկներու միջոցաւ, «Երդիք»ը զուարճալի եւ հանգիստ միջավայր մը կը ստեղծէ, ուր մինչեւ 12 տարեկան երեխաներ եւ պատանիներ կրնան զուարճանալ ու միեւնոյն ժամանակ՝ իրենց հաղորդակցական ունակութիւնները զարգացնել։
s-57 Նոր բառապաշար կ՚ամբարեն, արեւմտահայերէն կը սորվին կամ իրենց ունեցած գիտութիւնը կը բարելաւեն, եւ ամենէն կարեւորը՝ Սփիւռքի մէջ իրենց առօրեայ կեանքին մաս կազմող լեզուով նոր ու հետաքրքրական աշխարհ մը կը բացայայտեն։
s-58 «Երդիք»ը շաբաթական երկու տեսերիզներ կ՚արտադրէ։
s-59 «Ակուլ Տուկուլ»ը երկուքէն վեց տարեկաններու համար է։
s-60 Նոյնիսկ հայախօս չեղող երեխաները կրնան դիտել եւ հետեւիլ յայտագրին։
s-61 Յատուկ կերպարներու պիտի ծանօթանան հոն, առիթ տալով որ իրենց լսողական, տեսողական ունակութիւնները զարգանան, ու ասոնց հետ՝ իրենց ստեղծարար կարողութիւնները եւ իրենց յիշողութիւնը։
s-62 «Ալնիս Բալնիս»ը եօթէն տասներկու տարեկաններու համար է։
s-63 Յայտագիրը կ՚ընդգրկէ առօրեայէն քաղուած տարբեր նիւթեր, երեխաներուն եւ պատանիներուն առիթ տալով որ բարելաւեն հայերէնով հաղորդակցելու իրենց կարողութիւնը ու զարգացնեն իրենց վերլուծական ունակութիւնները։
s-64 Այս տեսերիզներուն միջոցաւ՝ նոր գաղափարներ կը ծագին, նոր բառամթերքով տարբեր նիւթեր կ՚արծարծուին։
s-65 Յայտագիրը երեխաները կը քաջալերէ որպէսզի իրենց հետաքրքրութիւնը խորացնեն եւ «ինչո՞ւ »ն ու «ինչպէ՞ս »ը հետապնդեն։
s-66 «Երդիք»ը նոր յայտագիր մըն է, հովանաւորուած՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ։
s-67 Եօթը երիտասարդներ, Հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ գործադրուող լեզուական իւրացումի «Զարմանազան» ծրագիրէն ներշնչուած, յանձն առած են յայտագրին ստեղծարար բովանդակութեան պատրաստութիւնը։
s-68 «Երդիք»ի այդ խմբակին մասնակիցներն են՝ Սեւանա Չագրեան, Վահան Քերովբեան, Գայիանէ Կավրիլօֆ, Հրայր Գալեմքէրեան, Անոյշ Մխսեան, Վահագն Քէշիշեան եւ Ծաւի Պիլալեան։
s-69 Ծնողներ եւ դաստիարակներ կրնան հաւասարապէս գործածել «Երդիք»ին կայքէջը, ու այդ ձեւով արեւմտահայերէնը հնչեցնել իրենց երդիքներուն տակ։
s-70 Զուարճալի զբաղումներով, բոլորին տրամադրելի եւ մուտքը ազատ «Ակուլ Տուկուլ»ը եւ «Ալնիս Բալնիս»ը հաճելի միջավայր մը կը ստեղծեն բոլորին համար։
s-71 Արեւմտահայերէնը նորարար թեքնաբանութեան կիզակէտին
s-72 Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախ է յայտարարելու որ Արեւմտահայերէնի Ծառադարանը (Treebank) թողարկուեցաւ 15 Մայիս 2021ին եւ այժմ առկայ է Universal Dependencies Consortiumին մէջ։
s-73 Ծառադարանները անհրաժեշտ գործիքներ են լեզուի մը կենսունակութիւնը ապահովելու համար. անոնք կ՚երաշխաւորեն որ լեզուաբանական եւ թեքնաբանական գիտութիւններու ոլորտներուն մէջ լեզուն քայլ պահէ արդի զարգացումներուն հետ։
s-74 Ծառադարաններու շնորհիւ, համակարգչային ծրագիրներ կը «մարզուին» որպէսզի ճանչնան նախադասութեան մը քերականական եւ լեզուական տարբեր տարրերը. այսինքն՝ ծրագիրը կը ճանչնայ բայը, գոյականը, առոգանութեան եւ կէտադրութեան նշանները եւ աւելին։
s-75 Ծառադարանները քերականական մանրամասն ծանօթագրութիւններով օժտուած նախադասութիւններու շտեմարաններ են:
s-76 Ծառադարանները կենսական դեր կը խաղան լեզուաբանական ժամանակակից մշակումի համակարգերու մէջ:
s-77 Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան կը բացատրէ՝ «որպէսզի լեզու մը ուղղագրութիւն եւ քերականութիւն սրբագրելու գործիքներ ունենայ, կամ մեքենայական թարգմանութեան հնարաւորութիւնը իրականացնէ, այդ լեզուն պէտք է Ծառադարան մը ունենայ։
s-78 Ուրախ ենք որ Հիմնարկութիւնը կենսական դեր խաղաց այս ժամանակակից գործիքը ի սպաս դնելու անոնց որոնք կը փափաքին լեզուի եւ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ աշխատիլ»։
s-79 Universal Dependencies ծրագիր մըն է որ տարբեր լեզուներու համար միջլեզուական հասարակաց Ծառադարաններ կը մշակէ, որուն այժմ մաս կը կազմեն թէ՛ արեւելահայերէնը, եւ թէ՛ արեւմտահայերէնը։
s-80 Այս ծրագիրը այլազան լեզուներու հասարակաց շարահիւսութիւնները կը ճանչնայ եւ կը ծանօթագրէ, արտօնելով նաեւ լեզուական իւրայատկութիւններու ծանօթագրութիւնները։
s-81 Այս նոր Ծառադարանը մշակած է ArmTDP խումբը, համաղեկավարութեամբ՝ Մարատ Եաւրումեանին (Երեւանի Պետական Համալսարան) եւ Հրանդ Խաչատրեանին («ԵրեւանԷՆ YerevaNN» հետազօտական կեդրոն), եւ հիմնուած է «Հայերէնի շարահիւսական ծառերու UD դարան»ի արեւմտահայերէնի բաժինին վրայ։
s-82 Արեւմտահայերէնի Ծառադարանը կ՚աւելնայ 114 տարբեր լեզուներով 202 ծառադարաններուն շարքին։
s-83 Ծառադարանը ամբողջութեամբ նոր պատրաստուած է, եւ ուրեմն Բնական Լեզուի Մշակում-ի ոլորտին մէջ արեւմտահայերէնի համար ստեղծուող որեւէ գործիքի հիմքը կրնայ հանդիսանալ։
s-84 2021ի աւարտին, պիտի թողարկուի Ծառադարանին թարմացուած եւ ընդլայնուած տարբերակը։
s-85 Արեւմտահայերէնի Ծառադարանը այժմ կը պարունակէ 1780 նախադասութիւն եւ 7.5 միլիոն բառ. հիմնուած է 50 հեղինակներու 110 գործերուն վրայ, գրուած 1895էն 2010ի միջեւ:
s-86 Զանազան գրական աշխատութիւններ ընդգրկուած են՝ վիպագրութիւն, նամակագրութիւն, ճամփորդական օրագրութիւն, քաղաքական եւ գրական դասախօսութիւններ ու ճառեր, յուշագրութիւն եւ աւելին։
s-87 Ան կ՚օգտուի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանի շտեմարանէն։
s-88 Արեւմտահայերէնի Ծառադարանը, եւ իր շնորհիւ մշակուած բոլոր Բնական Լեզուի Մշակում-ի գործիքները անհրաժեշտ են որպէսզի լեզուն օժտուի նորարար միջոցներով, եւ քայլ պահէ թեքնաբանական առաջընթացի արդի մակարդակին հետ։
s-89 ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՑՈՒԿ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ
s-90 Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը Լիբանանի մէջ ուսուցչական վերաորակաւորման նոր ծրագիր մը նախաձեռնած է։
s-91 Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին (LAU) հետ գործակցաբար, Հիմնարկութիւնը նեցուկ կը կանգնի հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու յատկացուած վերաորակաւորման ծրագրին։
s-92 2019ին Հիմնարկութիւնը Լիբանանի համար նախատեսուած համընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակած էր, կիզակէտ ունենալով՝ դպրոցները, դաստիարակչական զարգացումը եւ հայերէնի ամրապնդումը։
s-93 Այդ ռազմավարութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է ուսուցիչներու ուղղուած յատուկ ծրագրի մը անհրաժեշտութիւնը, քաջալերելու համար նորարար մանկավարժական մօտեցումներն ու քննադատական մտածողութիւնը։
s-94 Յայտագիրը պատրաստուած է Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի կրթական բաժանմունքին կողմէ եւ պիտի ընդգրկէ երկու տարուան վրայ երկարող դասընթացք մը, տեսական եւ գործնական բաղադրիչներով։
s-95 Դասաւանդուելիք նիւթերէն կարելի է նշել հետեւեալները՝ դասաւանդման եղանակներ, մանկավարժական տեսաբանութիւն, մանկական հոգեբանութիւն, յատուկ կրթութիւն եւ ուսումնառութեան ընթացքի գնահատում։
s-96 Ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ ծաւալուն կիրառական բաժին մը, որ պիտի քաջալերէ ուսուցիչները, որպէսզի իրենց նորայայտ գիտութիւնը կիրարկեն դասարաններէն ներս։
s-97 «Ուսուցիչներուն կատարած հերոսական աշխատանքը չի բաւեր գովաբանել», կ՚ըսէ Ռազմիկ Փանոսեան, Հայկական բաժանմունքի տնօրէնը։
s-98 «Պէտք է իրենց անհրաժեշտ հմտութիւն եւ մանկավարժական գիտելիքներ հայթայթել, որպէսզի իրենց կարգին ներգրաւեն աշակերտները՝ քայլ պահելով 21-րդ դարու մանկավարժական պարտադրանքներուն հետ»։
s-99 Ու կ՚աւելցնէ.
s-100 «Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանի ծրագիրը վճռական քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ. գալիք սերունդներուն հայերէն դասաւանդելու իրենց կարողութիւնը զարգացնելով, ուսուցիչները պիտի քաջալերեն աշակերտները, որպէսզի արեւմտահայերէնով մտածեն, հաղորդակցին, յայտնաբերեն իրենց տաղանդը ու ստեղծագործեն»։

Text viewDownload CoNNL-U