Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 Տարեկան տեսութեան մը առթիւ ուզեցինք իմանալ թէ ի՛նչ գործեր կատարած են մեր գաղութին ազգային մարմինները եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին յառաջիկային համար։
s-2 Ահա կը լրանայ նոր տարուան առաջին ամիսը, բայց ոչ մէկ ձայն։
s-3 Ոչ իսկ սովորական տեղեկութիւն մը, այս կամ այն շրջանէն։
s-4 «Լռութիւնը ոսկի է», կ՚ըսէին, երբ դպրոց կ՚երթայինք։
s-5 Փորձառութիւնը հաստատեց թէ միշտ ոսկի չէ։
s-6 Երբեմն արծաթ է, իսկ յաճախ ալ թիթեղ։
s-7 Այս երեքէն որո՞ւն կը համապատասխանէ համատարած լռութիւնը։
s-8 Փարիզի Կրօն. Ընկերակցութեան վարչական ժողովին մէջ, Բ. ատենապետը առաջարկեր է որ բարենպատակ հաստատութիւնները իրենց տարեկան գործունէութեան տեղեկագրին եւ հաշուեկշռին մէկ պատճէնը ղրկեն, առ ի գիտութիւն։
s-9 Եւ ժողովը հաւանութիւն յայտներ է, սկզբունքով։
s-10 Զեկոյցը հազիւ հրատարակուած, դիտողութիւններ լսուեցան.
s-11 Հապա Կրօն. Ընկերակցութի՞ւնը ։
s-12 Ո՞ւր են իր գործունէութեան տեղեկագիրները եւ հաշիւները
s-13 Տարիներէ ի վեր է որ կը ծեծուի այս խնդիրը, Ազգ. Տան հարցին հետ, առանց եզրակացութեան մը յանգելու։
s-14 Միայն Կրթ. Խորհուրդն է որ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը հաղորդէ մամուլին. իսկ մնացեալը կը մնայ գոց գիրք։
s-15 Օրինակ, մինչեւ այսօր ալ հանրութիւնը լուր չունի թէ որեւէ քայլ առնուա՞ծ է, թեմական կազմակերպութեան համար եւ ինչ առաջադրութիւններ ունին։
s-16 Նոյն պատկերը՝ Փարիզէն դուրս ալ, մինչեւ Մարսէյլ։
s-17 Ոչ մէկ տեղեկագիր կամ համառօտ զեկուցում, Լիոնի, Վալանսի, Կրընոպլի եւ միւս հայաշատ շրջաններու ազգային գործունէութեան մասին։
s-18 Ամէն տեղ ալ կան ազգ. իշխանութեան կորիզներ, իբրեւ Միութիւն կամ Վարչութիւն։
s-19 Եթէ հարցնէք թէ ի՛նչ գործեր կատարեցին 1956ին եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին 1957ի համար, պարզապէս տհաճութիւն պատճառած կ՚ըլլաք։
s-20 Նոյնիսկ վիճակագրական տեղեկութիւններ կը պակսին, - մարդահամար, տնտեսական եւ ընկերային կացութիւն, նոր սերունդի փրկութիւն, եւ այլն։
s-21 Ոչ մէկ փոփոխութիւն՝ գործելու եղանակներուն մէջ։
s-22 Նոյն մարդիկը։
s-23 Նոյն մեթոտները։
s-24 Նոյն սովորամոլութիւնը, որ ի վերջոյ կը յանգի անշարժութեան։
s-25 Իսկ շրջանէ շրջան կապն ալ արարողական է, - հանդէս կամ պատարագ։
s-26 Մինչդեռ, գոնէ Փարիզն ու Մարսէյլը կրնային օրինակ հանդիսանալ, ծրագրեալ գործունէութեամբ։
s-27 Պատկերը շատ աւելի տժգոյն է հարեւան գաղութներուն մէջ, սկսելով Անգլիայէն եւ Պելժիայէն։
s-28 Ի՛նչ դիտողութիւն կամ հարցում ալ ուղղէք, պատասխանը լռութիւն է։
s-29 Երբեմն թղթակցութիւններ կ՚երեւան թերթերու մէջ, առանց ամբողջական գաղափար մը տալու բուն իրականութեան մասին։
s-30 Համատարած լռութիւնը կ՚ապացուցանէ թէ մարդիկ ոչ միայն յոգնած են, այլեւ հաւատք չունին իրենց կատարած գործին վրայ։
s-31 Անշուշտ երիտասարդութիւնն ալ կ՚օգտուի այս հոգեբանութենէն, խուսափելու համար որեւէ պարտականութենէ։
s-32 Եւ օրերը օրերուն կը յաջորդեն յօրանջելով, հառաչելով, կամ պրիճ խաղալով

Text viewDownload CoNNL-U