Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 Փաշինեանի Ֆրանսա եւ Պրիւսէլ այցը, պատերազմէն ետք դէպի Արեւմուտք առաջինն է։
s-2 Ան կը կրէ ռազմավարական նշանակութիւն, նկատի առնելով այն հանգամանքը որ՝ Հայաստան ամբողջովին յանձնուած է ռուսական պաշտապանութեան։
s-3 Ի՞նչ կարելի է սպասել Ֆրանսայէն, Եւրոպայէն ներկայ պայմաններուն մէջ։
s-4 Ի՞նչ պէտք է սպասել ԱՄՆ-էն։
s-5 Յաճախ տնտեսութիւնը, թուանիշերը աւելի դիպուկ ցուցանիշեր կու տան, քան՝ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ քաղաքական յայտարարութիւնները։
s-6 Այս տեսանկիւնէն ԱՄՆ-ու նորընտիր նախագահ Պայտընի կառավարութեան 2022-ին Հայաստանի համար սահմանած 24 միլիոն տոլարի օգնութիւնը, իսկ Ազերպէյճանին՝ 120 միլիոնը, ԱՄՆ-ու համար երկիրներու ռազմավարական կարեւորութիւնը յատկանշող ցնցիչ ցուցանիշ է։
s-7 Հայաստանի հանդէպ ԱՄՆ-ու անտարբերութիւնը զգալի էր, նոյնիսկ թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն։
s-8 Նախագահ Թրամփ պատիւ չընձեռեց յեղափոխութեան վարչապետ Փաշինեանին հետ հանդիպում ունենալու, հակառակ յանուն ժողովրդավարութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, օրէնքի երկիր ու արդար ընտրութիւններ կայացնելու գործընթացին։
s-9 Թրամփ երդուեալ էրտողանապաշտ մըն էր։
s-10 Իսկ նախագահ Պայտը՞ն ՝ հայասէ՛րը կամ հայամէ՛տը , որ անցեալ Ապրիլ 24-ին ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը, ինչո՞ւ այսքան անտարբեր կը մնայ այսօր Հայաստանի համար ճակատագրական ու դժուարին օրերուն։
s-11 Ինչպէ՞ս բացատրել Հայաստանին եւ Ազէրպայճանին յատկացուած օգնութեան այս անհաւատալի տարբերութիւնը, հակառակ Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին՝ այդ երկրին պատերազմական բազմաթիւ ոճիրներ գործելուն, ռազմագերիները չվերադարձնելուն, Հայաստանի պետական սահմանը խախտելուն, մշակութային յուշակոթողները պղծելուն, իսլամապաշտ ահաբեկիչներու ծառայութեան դիմելուն... դեռ չհաշուած Արցախի պատերազմի ընթացքին՝ Մինսքի խումբի հաստատած մատրիտեան երեք հիմնադրոյթներէն երկուքը՝ բռնի ուժի կիրարկումի բացառութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները ոտնակոխելը։
s-12 Իրողութիւն է, որ մինչեւ ԱՄՆ-ը գործնական պատիժներու չդիմէ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին արձնագարելու միջոցին չդիմէ, Եւրոպան եւ Ֆրանսան պիտի մնան ազէրական յարձակումները եւ մարդկային իրաւանց խախտումները խօսքով դատապարտողի դերին մէջ։
s-13 Արեւմտեան երկիրներու նեցուկը կը չափուի ԱՄՆ-ու ներգրաւումին չափանիշով։
s-14 Իրողութիւն է նաեւ որ ԱՄՆ-ն եւ արեւմտեան երկիրները Հայաստանը ռազմավարական եւ տնտեսական գործընկեր չեն ընդունած։
s-15 Թաւշեայ յեղափոխութիւնը հակառուս յեղափոխութիւն չէր, ուրեմն, ոչ-հետաքրքրական՝ ԱՄՆ-ու շահերուն։
s-16 Անցեալ երեսուն տարիներու ընթացքին Հայաստան միշտ օգնութիւն պահանջողի դիրքին մէջ գտնուած է։
s-17 Օգնութիւնը տրուած է, սակայն փոխարէնը չէ ստացուած հակառուս կամ հակաիրանական շօշափելի արդիւնքներ։
s-18 Հայաստան հետաքրքրած է Արեւմուտքը այնքանով, որ կրնար քաղաքական խնդիրներ ստեղծել, հակառակելով Ռուասատանի գերիշխանութեան։
s-19 Արեւմուտքը հետաքրքրուած է նաեւ Հայաստանով, այնքանով որ ընտրութիւններուն՝ կարելի ըլլայ կորզել Արեւմուտք բնակող սփիւռքահայութեան քուէներ։
s-20 Փաշինեանի Ֆրանսա այցը Արեւմըտեան Եւրոպայի ՀՅԴ-ին կողմէ դատապարտուեցաւ իբրեւ Յունիսի ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ քաղաքական մուրացկանութիւն, Մաքրոնէն նեցուկ ստանալու միտումով։
s-21 Կարելի է նաեւ խնդիրը հակառակ կողմէն դիտել. իսկ եթէ Մաքրո՞ն Փաշինեանը Ֆրանսա հրաւիրած է յառաջիկայ շրջանային ընտրութիւններուն ընդառաջ Հայութիւնը սիրաշահելու համար, Հայութեան յղուած սրտառուչ քանի մը խօսքեր արտասանելով, առանց գործնականին մէջ հայ-ազէրական սահմանային կնճիռին լուրջ լուծում մը առաջարկելու։
s-22 Տեսակէտ մը, որ շատ աւելի տրամաբանական կը թուի, նկատի առնելով Մինսքի խումբի ներկայի անգործութիւնը եւ ԱՄՆ-ու՝ Ազէրպայճանի՛ն օգնութիւն տրամադրելու նախապատւութիւնը։
s-23 Այս իրողութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքական ուժերը աւելի շրջահայեաց ու միասնական պէտք է դարձնէ արտաքին ուժերու թշնամական վերաբերումին առաջքը առնելու համար։

Text viewDownload CoNNL-U