Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 Հաւատացէ՛ք , ընկերնե՛ր , ձմեռը այն տարին հեծած էր մեր հէք հիւղերուն վրայ, մութ ու ծանր չարիքի մը պէս։
s-2 Ձիւնը կը խեղդէր Հայոց երկիրը ու արդար ու բարի մեր հողը, ծածկուած մեր աչքերէն, իր յուսահատութիւնը կու լար։
s-3 Փետրուարեան ապստամբութեան տղմուտ ու անսպառ գիշերներէն մէկն էր։
s-4 Կ՚ապրէինք այն միակ գիւղաքաղաքին մէջ, որ դեռ գերի էր՝ օտար ու ծանր կրունկներու տակ, ծուխէ խեղդուած, աղքատ, աղտոտ, ցուրտ ու կիսախարխուլ հանրակացարանի մը մէջ։
s-5 Շատ մը տղաք էինք, ա՜հ , դեռ պզտիկ, բայց մեր հոգիները ընդարձակ էին ատելութեամբ, մեր նայուածքները՝ խիստ ու ամուր, ուր մեր ժողովուրդին տառապանքին տակ, այդ զանգուածեղ, այդ հսկայական, այդ զարհուրելի բեռան տակ, մեր ուսերը դեռ հաստատուն էին, հաւատացէ՛ք , երիտասա՛րդ տղաք, որ դեռ չէք համբուրած մեր հայրենի ապերախտ հողը...
s-6 Գիշերը կը յառաջանար։
s-7 Հեռուէն կը լսուէր գնդացիրի ձայն։
s-8 Դուրսը կ՚ոռնար մեր լեռներու ահաւոր գիշերը ու կու գար ու կը զարնուէր մեր դրան։
s-9 Կարծես պիտի գար վրանիս ու տապալէր մեզ։
s-10 Բայց մեր սրտերուն մէջ կը խօսէր, դարերու մութին մէջէն հագագող, աղուոր եղջերափող մը։
s-11 Քաջակորով ու մեծ ձայն մը, կը գոռար ռազմի ու գուպարի մասին։
s-12 Տղաք կային, որ կը մարտնչէին այդ խոժոռ եւ դաժան գիշերով, օտար ու բիրտ ուժի դէմ։
s-13 Ա՜հ , ե՞րբ , ե՞րբ պիտի գային անոնք, այդ ըմբոստ, այդ «աւազակ տղերք»ը։
s-14 Յանկարծ լսուեցաւ սրտակեղէք, ցաւագին, պղտոր ու աղեկտուր կողկողանքի ձայն։
s-15 Ու ձայնը կու լար։
s-16 Ձայնը պզտիկ էր, հեզ ու վիրաւոր։
s-17 Ձայնը կը թափանցէր մեր մարմիններէն ներս ու կը խռովէր մեզ։
s-18 Ա՜հ , այդ տխուր, հէք ձայնը։
s-19 Դուռը բացինք։
s-20 Ու գիշերուան հետ ներս ինկաւ ցնցոտիապատ, կիսամերկ, տառապանքէն հիւանդ, հեզ ու հայու անուշ աչքերով, պզտիկ, մուրացիկ մանչ մը։
s-21 Ու կ՚արտասուէր։
s-22 Կ՚արտասուէր աղեխարշօրէն։
s-23 Վախկոտ՝ մօտեցաւ։
s-24 Տաքցուց իր վտիտ անդամները մեր յոգնած ու անուժ կրակին շուրջ։
s-25 Վտիտ ու կապոյտ բոց մը կարծես պիտի խածնէր անոր ա՜յնքան պզտիկ արական անդամը։
s-26 Քաջալերուեցաւ, մեր բոլորիս ներկայութեամբը։
s-27 Ա՜յդքան բարի աչքերու լոյսին տակ, որ կը նայէին իրեն սիրով ու տրտմութեամբ։
s-28 Յետոյ նայեցաւ աչքերուս իր սեւ, իր աղուոր աչքերով.
s-29 Ախպէ՜ր ջան, մի կտոր հաց տա՞ս ...
s-30 Մենք ալ աղքատ ու վտիտ էինք։
s-31 Հայոց աշխարհի դաժան ճակատագիրը զարկած էր մե՛զ ալ, մեր պարանոցներէն։
s-32 Մենք ալ կիսամերկ ու անսուաղ էինք։
s-33 Քաղցի երկար ու դժնէ օրերը գողցած էին մեր առողջութիւնը, եւ բոլո՛րս ալ, որբ էինք ու պանդուխտ. շատ մը պզտիկ տղաք, մեր իսկ հայրենիքին մէջ։
s-34 Ու անօթի։
s-35 Անօթի։
s-36 Գիշերը, մեր քունին մէջ, սպիտակ ու փափուկ հացի երազը կը հալածէր ու մեր տառապանքին մէջէն, մելամաղձոտօրէն, կը ժպտէինք խնճոյքի ցնորական ժամերու։
s-37 Ու ատոր համար իսկ վայրենացած, կատաղի, սովալլուկ գայլերու պէս, քինախնդիր աշխարհին դէմ ու անընդունակ գթութեամբ տկարանալու։
s-38 Բայց անոր պզտիկ ձայնը կը զարնուէր մեր սրտին դրան։
s-39 Ախպէ՜ր ջան, մի կտոր հաց տա՞ս ...
s-40 Ու խոնարհեցան մեր սրտերը։
s-41 Մեր աչքերը խոնաւցան արտասուքի կաթիլներով ու որդեգրեցինք զայն, մենք՝ պանդուխտ որբեր, այդ պանդուխտ որբը։
s-42 Կու գար Ախուրեանի միւս ափէն, ուր տաճիկ վոհմակները հիւղ հիւղի վրայ կործանած էին մեր գիւղերը. կու գար այդպէս պզտիկ, գունատ, հիւանդ, փողոցի այդ անուշ աչքերով մուրացիկ մանչը։
s-43 Ու անկէ յետոյ, ամէն գիշեր կու գար, մեր աղքատ «տուն»ը, ու հետերնիս կը բաժնէր մեր սեւ ու սակաւ հացը...
s-44 Ու երբեմն, իր չարչարուած դէմքին վրայ կը բուսնէր, տխուր ու հիւանդ ժպիտ մը, տեսակ մը գերեզմանի ծաղիկ իր վտիտ շրթներուն վրայ...
s-45 Տարիներ անցան։
s-46 Այն պանդուխտ տղաքը հիմա ցրուած են չորս ափերով։
s-47 Ոմանք բանուոր են ու գերի, ուրիշներ կ՚ուսանին՝ հաւատալով աւելի լաւ օրերու, ոմանք կ՚երգեն ուրիշներու հաճոյքին համար ու այն պզտիկ, մուրացիկ մանչը, ո՞վ գիտէ, ո՞ւր է հիմա՝ կա՛մ հողի անյայտ բլուրի մը տակ եւ կամ, ո՛վ գիտէ, գուցէ ողջ է ու հասակ նետած, ու կը ժպտի Մեծ Մասիսին։
s-48 Ա՜հ , իր անուշ ու սիրելի անունը մոռցած եմ հիմա։
s-49 Ա՜յնքան ապերախտ է մեր յիշողութիւնը, բայց իր աչքերը կը շողան միշտ, ա՜հ ինչպէս, գիտնա՜ք , յիշատակներուս մութ պաստառին վրայ։
s-50 Այդ հայ պզտիկ, մուրացիկ տղուն տրտում յիշատակին կը նուիրեմ այս կէս սուտ կէս իրաւ սիրոյ ու արկածի պատմութիւնը։
s-51 Խոնարհ սրտով եւ պանդուխտ ու տառապակից ընկերներ, որ զիս կը կարդաք, յիշեցէք զայն՝ մեր փլած հիւղերուն ու ահա կրկին ծլարձակող մեր ամայի դաշտերուն այդ քնքուշ խորհրդանշանը։
s-52 ՈՒՐԻՇ, ուրիշ էր կեանքը, երբ ես դատարկապորտ էի...
s-53 Հիմա, երբ բոլորին պէս ես ալ ստիպուած եմ լուրջ ու խոհուն երիտասարդ մը դառնալ, երբ ապագան իմ ուսերուս ալ կը ճնշէ ու կը սպառէ ուրախութիւնս, երբ օրերս գետին կ՚իյնան աշնանահար տերեւներու պէս, երբ այլեւս գիտեմ կեանքի լաւն ու վատը, օրը՝ տղմուտ ու տրտմաբեկ, գիշերը՝ խուլ ու ցաւատանջ, քաղաքները՝ պոռնիկ փողոցներով, երբ կը ճանչնամ, ափսո՜ս , ամէն հաճոյք իրենց տգեղ ու զզուելի մերկութեան մէջ, երբ ա՛լ դադրած եմ զգայնական ու աղուոր պատանի մը ըլլալէ ու չեմ կրնար նայիլ աղջիկներուն աղաչող ու խռոված աչքերով, երբ ա՛լ լիրբ եմ բոլորին պէս, լի՛րբ , լի՛րբ , կը յիշեմ անցեալը պայծառ ու լուսաշող ու գլուխս թաղած բարձիս մէջ, պզտիկ ու հպարտ տղու մը պէս, որուն սիրտը ելած է, բայց որ չ՚ուզեր արտասուել։
s-54 Ի՜նչ լաւ, ի՜նչ լաւ էր անցեալը...
s-55 Կը յիշեմ դառնութեամբ ամէն կորսուած օր, աչքերս՝ խոնաւ, շրթներս՝ տմոյն ու մազերս՝ խառնիխուռն կը յենում կորսուած երջանկութեան։
s-56 Սիրտս կը ցաւի։
s-57 Կը զարնէ ամուր՝ նոր վիրաւորուած անասունի մը սրտին պէս տաք կրծքիս տակ։
s-58 Ասիկա կը պատահի ինծի ընդհանրապէս, երբ կ՚անձրեւէ առատ ու բարի կաթիլներով բնակած տանս կանաչախիտ ու անուշ պարտէզին վրայ։
s-59 Սենեակս նետուած է ծառերու եւ ծաղիկներու մէջ կորսուած ամարանոցի մը ծոցը։
s-60 Դրանս առջեւ վարդենի մը կը մագլցի պատուհանս ի վեր ու ճենողկուզակ մը միւս կողմէն շուլալներով կը բարձրանայ վերի յարկը։
s-61 Քիչ մը անդին պատուտակ մը իր պատաղիճները կը նետէ քարերուն սրտին մէջ իսկ։
s-62 Երբ կ՚անձրեւէ, դուռս կը բանամ ու կ՚ընկղմիմ կիսախարխուլ ու աղքատիկ բազկաթոռիս մէջ։
s-63 Ծըխամորճս կը լեցնեմ բնազդաբար ու ծուխը անյագօրէն կը քաշեմ ներս՝ ինչպէս երբ փողոցի շիլ ստահակ էի։
s-64 Սիրտս կ՚ուռի ու շրթներս կը շարժին իրենք իրենց։
s-65 Կը մռլտամ ակռաներուս մէջէն չարտասուելու համար ու մեծ ճիգով կասկածելի վայրերու մէջ սորված սիրոյ տրտում եղանակ մը ու հետզհետէ կը չարանամ աշխարհին դէմ, որ բոլորս կ՚աղտոտէ։
s-66 Կը ծնինք՝ թարմ ու փափուկ, պայծառ ու անուշ աչուկներով, ինչպէս ծաղիկ մը կը բուսնի թաց ու բարեբեր հողին ծոցէն։
s-67 Մեր շրթները մաքուր են ու մեր թաթիկները անմեղ։
s-68 Մեր ծնողները կը գուրգուրան մեր վրայ՝ ինչ որ իրենք կորսնցուցած են աւաղ, մեր անբծութիւնն ու շնորհը։
s-69 Բայց օրերը կը թաւալին ու հասակ կը նետենք ուրախութեան ու շռայլութեան թէ չուառութեան մէջ, հարուստի մը ապրանքին թէ խարխուլ խուղի մը սեւ երդիքին տակ, մէկ է, աշխարհը մեզ կ՚աղտոտէ ու կը դառնանք անասուն, բոլորին պէս, գարշ մագիլներով, պատրաստ առաջին առթիւ իսկ իրար բզքտելու։
s-70 Ու կը յիշեմ... ծխախոտիս գորշ ու ոլորուն ծուխին մէջէն ի՜նչքան սիրելի, անուշ ու աղուոր դէմքեր...
s-71 Անձրեւը յաճախ կը թրջէ ծունկերս, մեր պարտէզին տանձենիները կը չարչարուին տեղատարափին տակ. երէկ դեռ ժամէ ժամ կը հասուննային, արեւին ջերմութեան մէջ աղուոր, խոշոր ու հիւթեղ այս տանձերը...
s-72 Ի՜նչ առատաձեռն ու գուրգուրալից է բնութիւնը։
s-73 Ընկղմի՛ս իր ծոցը ու անհետանա՜ս ։
s-74 Գլուխդ առած երթա՜ս անծանօթ ու յղի ճամբաներէ, անգիտանա՜ս մարդոց փառքերն ու հարստութիւնները, ուրախութիւններն ու ցաւերը...
s-75 Վերադառնա՜ս քու անցեալիդ, դառնա՜ս նորէն դատարկապորտ, որ չի գիտեր թէ այսօր ո՞ւր պիտի գիշերէ...
s-76 Այո՛ , ի՜նչ հետաքրքրական կ՚ըլլայ, հագնի՜մ բանուորական շապիկ մը, կապոյտ տափատ, ձգե՜մ այս չար ու շնական գրքերը սեղանիս վրայ, նամակներու այս փուճ դէզը, բոլոր այս խենթ ու հին երգերը, դառնա՜մ նորէն դատարկապորտ...

Text viewDownload CoNNL-U