Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttest

Select a sentence

s-1 Միացեալ Նահանգներու վարչակարգին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ճիշդ է, որ նախագահ Պայտընի օրով եղաւ, այդուհանդերձ ենթահողի ձեւաւորման առումով որոշ հոլովոյթ ապրած էր:
s-2 Ուշագրաւ ձեւակերպում բերաւ նախագահ Օպաման «Մեծ եղեռն» ըսելաձեւը օգտագործելով:
s-3 Օպամայի բնութագրումը ըստ էութեան 1915-ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն նկատել էր` խուսափելով միջազգային պատասխանատուութիւն ենթադրող եզրոյթը օգտագործելէ:
s-4 Նախագահ Թրամփ շարունակեց ըստ էութեան իր նախորդին բնութագրումը տալու-խուսափելու քաղաքականութիւնը:
s-5 Կարեւոր իրադարձութիւններ արձանագրուեցան նախագահ Թրամփի օրով, երբ անմիջականօրէն իրար ետեւէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր քուէարկեցին Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը:
s-6 Ընդ որում՝ երկկուսակցական զօրակցութեամբ:
s-7 Այս հոլովոյթին ամփոփ նշումը կը համոզէ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի ենթահողի աստիճանական ձեւաւորման գործընթաց կ՚արձանագրուէր Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչ որ իր լրումին հասաւ նախագահ Պայտընի օրով:
s-8 Ամէն գնահատականէ վեր է Ամերիկայի տարածքին գործող Հայ դատի յանձնախումբերու եւ Ուաշինկթընի գրասենեակի հետեւողական, արհեստավարժ, տասնամեակներու վրայ երկարող աշխատանքը, որ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններու նկատառումով կրցաւ ճիշդ քաղաքական պահերուն սաստկացնել լոպիիստական աշխատանքներու թափը՝ ստորագրահաւաք, նամակարշաւ, դրամահաւաք, բանաձեւերու նախագիծերու ներկայացում:
s-9 Մէկ խօսքով՝ կարճաժամկէտ թէ երկարաժամկէտ թիրախային նպատակաուղղուած աշխատանքի արդիւնաւորում:
s-10 Կայ անշուշտ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան շառաւիղի խնդիրը եւ այդ պարունակին մէջ յատկապէս Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու ելեւէջները կամ Ուաշինկթընի դաշնակից Թուրքիոյ մերձեցումները, այս պարագային յատկապէս Ռուսիոյ դաշնութեան հետ:
s-11 Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումները անմիջապէս յաջորդեցին միջինարեւելեան տարածքներու վրայ ամերիկեան կարմիր գիծերը հատելու թրքական փորձերուն եւ Մոսկուայէն հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման գործարքներուն:
s-12 Մինչ այս բոլորին վրայ կ՚աւելնային Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին նախորդած Պայտըն-Փութին աննախադէպօրէն սուր վէճին Էրտողանի հրապարակային զօրակցութիւնը Փութինին եւ այս առումով Միացեալ Նահանգներու նախագահին հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքը:
s-13 Միջինարեւելեան տարածքներու վրայ Անգարայի յաւակնոտ քայլերուն կ՚աւելնային այս անգամ ռուսական համաձայնութեամբ Թուրքիոյ հարաւային Կովկաս մուտքը:
s-14 Պահը կը հասուննար Ուաշինկթընի կողմէ իր դաշնակիցը զսպելու եւ զսպիչ խաղաթուղթեր օգտագործելու կամ զգուշացնող քայլեր առնելու:
s-15 Ամերիկեան վարչակարգի ճանաչումը միայն անհատական կամ համայնքային հատուցման նպաստող ուղիի հարթում չէ անշուշտ:
s-16 Պարզ է, որ աշխարհի գերհզօր պետութեան առած քայլը կ՚ընկալուի ուղենիշ շարք մը այլ պետութիւններու համար, հետեւելու՝ ամերիկեան վարչակարգի օրինակին:
s-17 Այստեղ չ՚աւարտիր Միացեալ Նահանգներու նախագահին բերած բեկումը:
s-18 Պատահական չէ, որ Ներկայացուցիչներու տան պիտի ներկայացուի հայ ռազմագերիներու տունդարձի հրամայականը շեշտող եւ Պաքուէն համապատասխան քայլերու դիմելու պահանջի բանաձեւի նախագիծը:
s-19 Կը թուի, որ Ուաշինկթըն պահը հասունցած կը նկատէ արցախեան հակամարտութեան միջնորդի իր դերակատարութիւնը վերստանձնելու:
s-20 Մենք արդէն իբրեւ հայկական կողմ Արցախի կարգավիճակի յստակացման օրակարգին վրայ կեդրոնանալու իրականութեան դիմաց ենք:
s-21 Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք Հայ դատի ռազմավարութիւնը եթէ երկարաժամկէտ կտրուածքով հատուցման խնդիրներու բարձրացումն է, ապա աւելի անմիջական հրատապութեամբ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումն ու անկախութեան ճանաչումի առաջադրանքն է յայտնապէս:
s-22 Կովկասի ուղղութեամբ եւ յարաբերակցաբար հայկական գործօնին Ուաշինկթընի հայեացքները միայն արցախեան հակամարտութեան չեն վերաբերիր:
s-23 Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ կատարած յայտարարութիւնը յստակ ուղերձ է երկու ուղղութեամբ:
s-24 Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ նախանձախնդիր են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանումով:
s-25 Պարզ է, որ Թուրքիոյ մղումով Ազրպէյճանը ախորժակներ կը հրապարակէ Հայաստանի տարածքներուն ուղղութեամբ:
s-26 Իսկ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք խնդրոյ առարկայ դարձաւ մեր երկրին գերիշխանութիւնը. մեր փոխարէն կը բանակցի եւ տնօրինումներ կը կատարէ Մոսկուան:
s-27 Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով պէտք է դիտարկել Ցեղասպանութեան ճանաչումի ամերիկեան հոլովոյթը, քաղաքական ներկայ պահը, կովկասեան իրավիճակը եւ ամերիկեան զգուշացումները. ո՛չ միայն Անգարային:

Text viewDownload CoNNL-U