Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 287 • previousnext

s-101 Հայր սուրբը յատուկ ձեւով յիշեցուց, թէ եկեղեցւոյ առաքելական ստորոգելին կու գայ Քրիստոսի առաքեալներէն եւ առաքեալները այն աշակերտներն են, որոնք Քրիստոսէ կանչուած եւ ապա իր կողմէ աշխարհ ուղարկուած էին Աւետարանը քարոզելու։
s-102 Առաքեալ բառի նշանակութեան անդրադառնալէ յետոյ՝ յայտնեց, թէ հաւաքական առաքելութիւնները յաջողութեամբ պսակելու համար նախ անհատական առաքելութիւնները պէտք է յաջողին։
s-103 Հաւատացեալներ պէտք է իւրացնեն իրենց առաքելութիւնը եւ այդ առաքելութիւնը աճեցնելու համար իտէալներ ունենան, ապա իրենց անհատական կարողութիւնները ի սպաս դնեն հասարակութեան։
s-104 Իբր այդ, ժողովուրդը հրաւիրեց նորոգուելու իրենց արժէքներուն մէջ ու դառնալու հաւատոյ արժէքներու առաքեալներ։
s-105 Արարողութեան ընթացքին բազմաթիւ հաւատացեալներ հաղորդուեցան, իսկ հայր սուրբի վերջին օրհնութեամբ Ս. Պատարագը իր աւարտին հասաւ։
s-106 Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021
s-107 ԵԴՈՒԱՐԴ ԳՈՎԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
s-108 Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին երէկ կէսօրուան ժամերուն համախմբեց հոծ թիւով յուղարկաւորներ, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու նորոգ հանգուցեալ ելմտագէտ եւ համայնքային գործիչ Եդուարդ Գովանի նկատմամբ։
s-109 Վերջին օրերուն Եդուարդ Գովանի կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուց համայնքային կեանքէն ներս՝ հաշուի առնելով, որ ան երկար տասնամեակներ անսակարկ նուիրումով ծառայութիւն եւ լուրջ ներդրում բերած էր թրքահայ կեանքին։
s-110 Տասնամեակներու իր վաստակի լոյսին տակ, Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Եդուարդ Գովան յաւերժութեան ճամբուեցաւ ազգային յուղարկաւորութեան կարգով։
s-111 Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց արարողութեան, որ հայրաբար մխիթարեց սգաւոր Գովան ընտանիքի անդամները։
s-112 Լուսաշող տաճարին կեդրոնը, մահաբեմին վրայ զետեղուած էր հանգուցեալին դագաղը, որու շուրջ շարուած էին կերոնակիրներ։
s-113 Արարողութեան հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր։
s-114 Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ բոլոր յուղարկաւորները աղօթեցին լուսահոգի Եդուարդ Գովանի յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար եւ խորազգած վշտակցութիւններ յայտնեցին հարազատներուն։
s-115 Յուղարկաւորութենէն վերջ հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան շիրիմին մէջ։
s-116 Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ Երջանիկ Գովանի, որդւոյն՝ մեր սիրելի բարեկամ Գարուն-Մելինէ Գովան ամոլին եւ համայն ընտանիքին։
s-117 Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021
s-118 ՄԻՇՏ ՍՈՒՐ ԵՐԿԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ
s-119 Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այն հրատապ հարցերը, որոնք ներկայիս պոլսահայ կրթական համակարգի օրակարգը կը զբաղեցնեն։
s-120 Ինչպէս հաղորդած էինք, ժողովին մասնակցեցան ատենապետները կամ ներկայացուցիչները մեր այն մատակարար մարմիններուն, որոնք կը հովանաւորեն վարժարան մը։
s-121 Նախատեսուած ձեւաչափէն դուրս, խորհրդակցութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
s-122 Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փափաքին ընդառաջ, նիստին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB)։
s-123 Այս ժողովէն առաջ նախատեսուած էր Պատրիարքարանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի կողմէ միայն ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը։
s-124 Բայց եւ այնպէս, հաշուի առնելով խնդիրներու հրատապ բնոյթը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը որոշած էր նախագահել երէկուան խորհրդաժողովին եւ յարմար դատած էր նաեւ՝ Պետրոս Շիրինօղլուի մասնակցութիւնը։
s-125 Ժողովի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ ներածական մը, որու լոյսին տակ ծաւալուեցան քննարկումներ եւ բազմաթիւ ատենապետներ հանդէս եկան թեր ու դէմ կարծիքներով։
s-126 Նորին Ամենապատուութիւնը ժողովականներու տրամադրութեան տակ դրաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ պատրաստուած առաջարկ-նախագիծ մը, որ հիմնական սկզբունքներու շարադրանք մը կը համարուէր մեր կրթական կեանքի հիմնախնդիրներուն առընչութեամբ։
s-127 Առկայ նիւթական անելի լոյսին տակ՝ միշտ շեշտուեցաւ, որ շուրջ 3 հազար աշակերտութեան համար այսքան բարձր թիւով վարժարաններու ցանցի մը գոյութիւնը աւելի է։
s-128 Համայնքային վարիչները շեշտեցին նաեւ, որ մեր դպրոցները այլ բազում հասարակաց խնդիրներ ալ ունին՝ պիւտճէի բացերուն առընթեր։
s-129 Երէկուան խորհրդակցութեան լոյսին տակ Պատրիարքարանի կողմէ ալ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որու մէջ ընդգծուեցան Նորին Ամենապատուութեան ելոյթի կարգ մը առանցքները։
s-130 Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յիշեցուց համայնքային վարժարաններու դէմ յանդիման մնացած հարցերու մասին կատարելի քննարկումներուն ուղղութիւն մը տալու եւ լուծումներ որոնելու առաջադրութեամբ միասնական աշխատանք կատարելու կարեւորութիւնը։
s-131 Այս առումով ան ընդգծեց Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ, իր նախագահութեամբ եւ ԹՎՄ-ի ծիրէն ներս կազմելի մասնաւոր յանձնախումբի մը անհրաժեշտութիւնը։
s-132 Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց այդ հաւանական յանձնախումբի ձեւաւորման եւ գործունէութեան տրամաբանութիւնը։
s-133 Ան յիշեցուց համայնքային վարիչներու արհեստավարժ զբաղումներու ծանրութիւնը, հետեւաբար կարեւորեց անոնց մասնակցութեամբ կազմելի ենթայանձնախումբերու գործի լծուիլը։
s-134 Այսպէս, վարժարաններու տնօրէնները պէտք է ներգրաւուին նախատեսուած աշխատանքներուն։
s-135 Առ այդ, այս ուղղութեամբ կազմուելիք տարբեր աշխատանքային խումբեր կրնան հետաքրքրուիլ վարժարաններու կրթական մակարդակով, հայերէնի եւ քրիստոնէական հաւատքի դաստիարակութեամբ, գեղարուեստով եւ մարզանքով, ինչպէս նաեւ վարժարաններու շէնքերը ֆիզիքապէս կատարելագործելու աշխատանքներով։
s-136 Այս բոլորին մէջ յատկապէս շեշտուեցան նաեւ նիւթական հարցերու ազդեցութիւնը եւ անոնց դէմ միջոցներ գտնելու ճանապարհները։
s-137 Ի շարունակութիւն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ կրթական համակարգի դիմագրաւած խնդիրներուն համայնքային կեանքին վրայ գործած ազդեցութեան։
s-138 Թէեւ, ըստ երեւոյթին, վարժարաններու հիմնական խնդիրը նիւթական ըլլալ կը թուի, բայց եւ այնպէս, գոյութիւն ունին տարաբնոյթ հարցեր. ինչպէս՝ ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն, հայերէնով արտայայտուելու դժուարութիւններ եւ այլն։
s-139 Ան շեշտեց, որ վարժարաններու վերաբերեալ հարցերը նաեւ սանուց միութիւններէ, դպրաց դասերէ եւ զանազան համայնքային կառոյցներէ ներս դուռ կը բանան ժխտական երեւոյթներու։
s-140 Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ վարժարաններու մատակարար մարմիններու անդամները ներկայիս պատասխանատուներն են իրենց տնօրինութեան վստահուած վաքըֆներուն, հետեւաբար պէտք չէ խուսափին պատասխանատուութենէ եւ գործնական քայլեր պէտք է առնեն ի նպաստ մեր համայնքին։
s-141 Ակնարկելով առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ համայնքի այժմու աշխարհական վարիչները թէեւ հին են, սակայն ոչ հինցած։
s-142 Ուստի, փորձառութեան գործօնը կրնայ լուծման խթանի մը վերածուիլ կամք դրսեւորելու պարագային։
s-143 Քննարկումներու տեւողութեան համայնքային վարիչները կանգ առին արդիւնաւէտութեան հարցերու վրայ։
s-144 Ընդգծուեցաւ, որ հարցերը սահմանափակուած չեն մի միայն կարգ մը կարիքաւոր կառոյցներու համար՝ մեր ունեւոր կառոյցներէն գումարներ ճարելով։
s-145 Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու շեշտեց, որ տնտեսական հաւասարակշռութիւնները հետզհետէ կը բարդանան։
s-146 Գնաճը գործնականօրէն հասած է 40 տոկոսի։
s-147 Իսկ մեր համայնքային կալուածներու հասոյթները լաւագոյն պարագային 15 տոկոսով կրնան բարձրանալ։
s-148 Ճար մը պէտք է գտնել այդ տարբերութիւնը հաւասարակշռելու համար։
s-149 Որոշուեցաւ, որ դպրոց հովանաւորող մատակարար մարմիններու ատենապետները յաջորդ շաբթուընէ սկսեալ աշխատանքային ձեւաչափի մէջ մէկտեղուին՝ վճռական լուծումներ գտնելու համար կրթական կեանքի խնդիրներուն։
s-150 Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021
s-151 ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ
s-152 Կեդրոնական վարժարանի 2020-2021 տարեշրջանի հունձքը նախընթաց օր աւանդական հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ կրթօճախին։
s-153 Դպրոցը այս տարի ունի 53 շրջանաւարտ։
s-154 Վկայականի բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ վարժարանի սրահին մէջ, ուր անոնց ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։
s-155 Ներկաներու շարքին էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, կրթական մշակներ, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։
s-156 Հանդէսի ընթացքին ընթացաւարտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։
s-157 Այս տարուայ յաջողագոյններն էին՝ Քամի Իւլիւթաշ, Շիլա Եանար, Լուսին Պէպէք, Աքսել Քեշիքճիօղլու, Հերոս Քարա, Սելեն Անայիս Արթուչ եւ Ճուլիանա Պուլմուշ։
s-158 Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հատուեցաւ նաեւ շրջանաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։
s-159 Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021
s-160 ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՀՐԱՒԷՐ
s-161 Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ երէց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանն ու թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Էնկինը։
s-162 Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքավարական այս այցելութիւնը, որու ընթացքին հիւրերը Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնեցին, թէ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ յուլիսի 11-ին, Պայծառակերպութեան (Վարդավառ) տօնին։
s-163 Անոնք Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալէ յետոյ զինք հրաւիրեցին տօնախմբութեան նախագահելու։
s-164 Այս շրջագիծով անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։
s-165 Պատրիարք Հայրը լսեց փոխանցուած տեղեկութիւնները ու ըրաւ հայրական թելադրութիւններ։
s-166 Ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց համավարակի առկայ մթնոլորտը, իսկ միւս կողմէ ուրախութիւն յայտնեց, թէ այս տարի կարելի պիտի ըլլայ տօնախմբութիւնը կատարել ժողովուրդի մասնակութեամբ։
s-167 Մեր Հոգեւոր Պետը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։
s-168 Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021
s-169 ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԷՎԱ ՍԱՆԹԱԼՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
s-170 Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Էվա Սանթալուի մահուան քառասնից լրման առթիւ։
s-171 Ինչպէս ծանօթ է, Էվա Սանթալուի կորուստը մօտաւոր անցեալին մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
s-172 Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ, կէսօրուան ժամերուն, հանգուցեալի Շիշլիի գերեզմանատան հողակոյտին վրայ ալ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ոգեկոչման արարողութիւն մը։
s-173 Այս հոգեհանգստեան պաշտօնին ալ հանդիսապետեց Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, որ կատարեց թարմ շիրիմի օրհնութիւնը։
s-174 Հանգուցեալի հարազատները ամբողջ ընտանիքը եւ համայնքային շրջանակներէն իր յիշատակը յարգող սիրելիներ հերթական անգամ համախմբուեցան անոր բարոյական ներկայութեան շուրջ եւ իրենց խոնարհումը բերին իր ազնիւ յիշատակին առջեւ։
s-175 Էվա Սանթալու կողակիցն էր մեր բարերարներէն Գէորգ Սանթալուի եւ քոյրը՝ նոյնպէս մեր երախտաշատ բարերարներէն Հայկ Ասլանեանի։
s-176 Ուրբաթ, Յուլիս 16, 2021
s-177 ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐԸ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
s-178 Շիշլի մարզակումբի ամրան դասընթացները Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուին ամբողջ թափով։
s-179 Զանազան տարիքային դասաւորումներու համար նախատեսուած այս դասընթացները ներկայիս ունին բացառիկ նշանակութիւն։
s-180 Արդարեւ, քորոնաժահրի համաճարակի շրջանին մասնաւորապէս փոքր տարիքային դասաւորումներու տղաքը մարմնամարզի հետեւելու հնարաւորութենէն զուրկ մնացած էին։
s-181 Ուստի, այս ամառուան դասընթացները այդ ամբողջը թօթափելու եւ տղաքը դարձեալ մարմնամարզի վերադարձնելու տեսակէտէ ունին բացառիկ նշանակութիւն։
s-182 Շիշլիի ամրան դասընթացները կ՚ընթանան փորձառու մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ եւ ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս Գնալը կղզիի մէջ կը համախմբեն մեր նոր սերունդը։
s-183 Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը մեծ բծախնդրութեամբ կը վերահսկէ աշխատանքներուն ընթացքը։
s-184 Հինգշաբթի, Յուլիս 15, 2021
s-185 ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ, ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍՈՅԼՈՒ ԵՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԵՐԼԻՔԱՅԱ ՓՈՒԹՈՎ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑԻՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՀԱՃ ԴԷՊՔԻՆ
s-186 Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ շաբաթավերջի տհաճ դէպքը երէկ պետական աւագանիի ամենաբարձր մակարդակի վրայ հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։
s-187 Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան անընդունելի անպատշաճութիւն մը որակեց այս դէպքը։
s-188 Իր խօսքով՝ այս անարգանքը կը համարուի խափանարարութիւն մը՝ մեր միասնականութեան եւ միութեան դէմ։
s-189 Նախագահ Էրտողան երէկ նշեց, որ այս նիւթին հետամուտ պիտի ըլլան։
s-190 Նման անպատշաճութեան մը ընդունուիլը կարելի չէ։
s-191 Էրտողան շեշտեց, որ ո՛ր կրօնին ալ պատկանի՝ սրբավայրերու վրայ այսպիսի յարձակումները անընդունելի են։
s-192 Նախագահ Էրտողանի այս յայտարարութիւնները արդէն ամուր քաղաքական կամքի մը դրսեւորման առիթ հանդիսացան այս տհաճ խնդրին դէմ՝ մինչ ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիքն ալ նոյն վճռակամութեամբ արձագանգեց դէպքին եւ նոյնպէս խափանարարութիւն որակեց կատարուածը։
s-193 Երէկ օրուայ ընթացքին ընկերային ցանցերու վրայ շարունակուեցաւ Գատըգիւղի եկեղեցւոյ տհաճ դէպքի վերաբերեալ արձագանգը, մինչ զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ իրադարձութիւնները լուսաբանեցին անմիջականօրէն։
s-194 Բացի նախագահ Էրտողանէն, պետական աւագանիէն այլ յառաջատար դէմքեր ալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին՝ մասնաւորապէս Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա։
s-195 Պետական աւագանիէն դէմքեր այս կապակցութեամբ շփման մէջ անցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի հետ։
s-196 Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, ընկերային ցանցերու մէջ տեղ գտաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ դրան առջեւ պատահած անախորժ դէպքը։
s-197 Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան առաջին իսկ պահէն մօտէն հետաքրքրուեցաւ սոյն դէպքի հետ եւ յայտնեց իր ցաւը։
s-198 Երէկ օրուան ընթացքին պատկան մարմիններ եւս բարձր մակարդակի վրայ անդրադարձան այս դէպքին եւ պախարակեցին եղելութիւնը։
s-199 Այս առիթով Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա հեռախօսային կապ հաստատեց Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հետ եւ պախարակեց կատարուածը։
s-200 Ան յայտնեց, որ պատկան մարմինները հետամուտ եղած են դէպքին եւ երեք անձերն ալ ձերբակալուած են։

Text viewDownload CoNNL-U