s-5
| Ղալաթիոյ շուկային հաւատարիմ շուներու վոհմակը դեռ երկար կը վազէ ետեւէս: |
s-6
| Տուն պիտի դառնամ երեկոյեան միայն, հօրս տուն դառնալէն քիչ առաջ, եւ պիտի սպասեմ թէ երբ կը սկսի նոյն վէճը: |
s-7
| Յաճախ հայրս եւ մայրս ինծի կը դառնան. |
s-8
| – Չե՞ս տեսներ որ տղան պտոյտի, աշխարհ տեսնելու կը կարօտի, նոյնիսկ տղուդ համար կը զլանաս…, – կ՚ըսէ մայրս՝ ակնարկով ինձմէ օժանդակութիւն պահանջելով: |
s-9
| – Իսկ դուն չե՞ս ուզեր անդրադառնալ, թէ տղադ չ՚ուզեր ընկերներէն հեռու ըլլալ, – կ՚ըսէ հայրս: |
s-10
| Շիտակը, երկուքն ալ կը սխալին. ոչ պտոյտի կը կարօտիմ, ոչ ալ ընկեր ունիմ: |
s-11
| Կը լռեմ, ջանալով հնարաւորինս աննշմար դարձնել ներկայութիւնս, բայց մեծ օգուտ չկայ ատկէ: |
s-12
| – Տեսա՞ր , անանկ կը պոռաս, որ տղան վախէն խօսիլ չի կրնար, – հօրմէս բարձր կը ձայնէ մայրս: |
s-13
| – Այդ դո՛ւն տես, որ տղան չ՚ուզեր կոր պտոյտի երթալ, անոր համար կը լռէ, – կը հակադարձէ հայրս: |
s-14
| Քիչ վերջ երկուքն ալ պոռալու կը սկսին, ջանալով գերազանցել մէկզմէկու, եւ հայրս կտրուկ շարժումով մը պնակն իրմէ հեռացնելով կ՚ելլէ սեղանէն: |
s-15
| Կը ջանամ չձգել որ հօրս կողմէ կոպտօրէն հրուած պնակը գետին իյնայ՝ մօրս գայթակղութիւնն առաւել գրգռելով, բայց միշտ չէ որ կը յաջողիմ: |
s-16
| Արձակուրդի առաջին շաբթուան վերջաւորութեան եկաւ Միքքին: |
s-17
| Չէ, չեկաւ. հայրս բերաւ: |
s-18
| Պտոյտէն նոր դարձած եմ եւ կը պատրաստուիմ սենեակս անցնիլ, բայց հեւասպառ ներս կը վազէ Խրիսթինան: |
s-19
| Խրիսթինան մեր դրացին է եւ չնայած անոր որ ութ տարու է տակաւին, զիս իր ընկերը կը համարէ: |
s-20
| Տասնամեայ տարիքիս բարձրութենէն բաւական մեծահոգութեամբ եւ նրբանկատութեամբ կը մօտենամ իրեն, չցանկալով ընկերութեան վերաբերեալ իր պատրանքները փճացնել: |
s-21
| Խրիսթինա կարծես քիչիկ մըն ալ սիրահարած է ինծի, բայց ես չեմ կրնար փոխադարձել, ութ տարեկան է միայն, ան ալ՝ յոյն… |
s-22
| Ինչ որ է, Խրիսթինան ներս կը վազէ եւ դրան սեմէն շատ չյառաջանալով պոռալու կը սկսի, որ դուրս ելլեմ: |
s-23
| Անվստահօրէն կը քալեմ դէպի իրեն: |
s-24
| – Աճապարէ՛ , – կը պոռայ հեւասպառ եւ դուրս կը սուրայ: |
s-25
| Երբ տունէն կ՚ելլեմ կը տեսնեմ, որ աղջիկը բաւական հեռացած է արդէն դէպի նաւամատոյց տանող ճամբայէն եւ անհամբեր նշաններով կը պահանջէ, որ աճապարեմ: |
s-26
| Ես ալ վազելու կը սկսիմ: |
s-27
| – Ի՞նչ պատահեր է, Խրիսթինա, – կ՚ըսեմ շնչակտուր երբ կը հասնիմ անոր, բայց աղջիկը ոչինչ կը պատասխանէ եւ կը շարունակէ խելայեղ վազքը: |
s-28
| Ճամբու ոլորանին կտրուկ կը կենայ եւ մատով առջեւը ցոյց կու տայ: |
s-29
| Հեռուէն կը տեսնեմ, որ հայրս կու գայ: |
s-30
| Սկիզբը ոչինչ կը հասկնամ. պարզապէս հայրս է, որ աշխատանքէն կը դառնայ: |
s-31
| Բայց քիչ վերջ կը զգամ որ տարբեր է հօրս քայլքը. յաճախ կը կենայ, ճամբան քիչ մը կը շեղէ, կարծես անտես բան մը կ՚առաջնորդէ զինք: |
s-32
| – Հատէ՛ , – կը ձայնէ Խրիսթինա եւ նորէն վազելու կը սկսի: |
s-33
| Այս ատեն հրաւէրի չեմ սպասեր: |
s-34
| Մօտ յիսուն քայլ կը բաժնէ զիս հօրմէս, երբ առաջին անգամ կը տեսնեմ զինք: |
s-35
| Պզտիկ սեւ արարած մը, նապաստակի պէս ցից ականջներով, աչքերը ծածկած մազափունջով, որ աջ ու ձախ կը դառնայ եւ գետինը կը հոտուըտայ: |
s-36
| – Ամա՜ն , ասի ո՞վ է, – կ՚ըսեմ ապշահար: |
s-37
| – Մօտ եկուր, – կ՚ըսէ հայրս ժպտալով: |
s-38
| Կը կռանամ. շունը հետաքրքրութեամբ մը դէմքը դէմքիս կը մօտեցնէ եւ հոտուըտալու կը սկսի. առաջին անգամն ըլլալով մազափունջի վարագոյրէն անդին պզտիկ սեւ աչքերը կը տեսնեմ, որ ուշադրութեամբ զիս կը դիտեն: |
s-39
| Յետոյ կը զգամ թէ ինչպէս թաց լեզուն հպանցիկ քթիս կը դպչի. հաւնեցաւ: |
s-40
| Մայրս ամէն բան կը հասկնայ, առաջին իսկ ակնարկէն: |
s-41
| Ընթրիքի ատեն չեն վիճիր. մայրս ակնյայտ դժկամութեամբ մը, բայց պատուով կ՚ընդունի իր պարտութիւնը: |
s-42
| Եւ այսպէս. որոշուած է, կը մնանք Պոլիս: |
s-43
| Հայրս կրցաւ իր առարկութիւններն աւելի ծանրակշիռ դարձնել: |
s-44
| Յաջորդ օրը Պէյօղլուի «Թուրապիպապա» թաղային գրադարանին մէջ ամերիկեան հրատարակութիւն մը կը գտնեմ, ուր շուներուն ցեղատեսակները կը նկարագրուին: |
s-45
| Կը բանամ փնտռած բաժինը. Սգայ-Թիրիըր: |
s-46
| Օ՜հ , իմ շունս աշխարհի ամէնէն հաւատարիմ շուներուն կարգը դասուած է: |
s-47
| Գիրքը կը պատմէ, թէ ատենօք Սգայ-Թիրիըր տեսակէն շուն մը ապրած է, որ տիրոջը մահուընէ ետք լման 17 տարի անոր գերեզմանէն չէ հեռացած… |
s-48
| – Սկովտիա տեղ մը նոյնիսկ անոր արձանը կայ, – կը պատմեմ երեկոյեան Խրիսթինային: |
s-49
| Մեր դրան սեմի առջեւի աստիճաններուն վրայ նստած ենք: |
s-50
| Հովը կը խաղայ Խրիսթինայի մազերը բռնած կապոյտ ժապաւէնին հետ: |
s-51
| Խրիսթինա մտահոգ երեւոյթ ունի: |
s-52
| – Ուրեմն, եթէ դուն մեռնիս, ան տասնըեօթը տարի պիտի չհեռանա՞յ գերեզմանէդ… |
s-53
| – Այո, եթէ հիմա մեռնիմ: |
s-54
| – Իսկ եթէ ուշ մեռնի՞ս : |
s-55
| – Այն ատեն կը մնայ… է-է… չեմ գիտեր, որչափ որ իր կեանքը բաւէ: |
s-56
| – Իսկ ո՞րչափ կը բաւէ: |
s-57
| – Ի՞նչ գիտնամ, ապուշ հարցումներ կ՚ընես, – կ՚ըսեմ սրտնեղած: |
s-58
| Կը լռէ: |
s-59
| – Եթէ մեռնիս, ես ալ կու գամ քու գերեզմանիդ, – կ՚ըսէ յանկարծ, – հոն կը մնամ: |
s-60
| – Ո՞րչափ ատեն. որչափ որ կեանքդ բաւէ՞ : |
s-61
| – Չէէ՜ , տասնըեօթը տարի՛ : |
s-62
| – Իսկ անկէ վե՞րջ : |
s-63
| – Անկէ վերջ չեմ գիտեր… |
s-64
| Կը լռենք: |
s-65
| – Լսէ՛ , բայց տակաւին անուն չես տուած անոր, – կ՚ըսէ յանկարծ: |
s-66
| – Ա՜հ , այո, այսօր կը մտածէի, բայց բան մը չկրցայ յօրինել: |
s-67
| – Աա՜ա , ես գիտեմ ինչ անուն տալ, – յանկարծ կ՚ոգեւորուի Խրիսթինա, տեղէն ցատկելով: |
s-68
| – Հապա՞ … |
s-69
| – Մի՛քքի , Միքքի Մաուզ: |
s-70
| – Միքքի՞ … |
s-71
| Շունը «Միքքի» անունը լսելով՝ ականջները ցից կ՚ընէ, եւ գլուխը աջ ու ձախ կը դարձնէ՝ օդը հոտուըտալով. կարծես նոր անունը կը հոտուըտայ: |
s-72
| – Կը կարծե՞ս , – կ՚ըսեմ անվստահ: |
s-73
| – Այո՛ , այո՛ , այո՛ , – կը ցատկռտէ Խրիսթինա: |
s-74
| – Լաւ… թող ըլլայ: |
s-75
| Որոշուած է: |
s-76
| Միայն յաջորդ օրը պիտի հասկնանք, որ Միքքին իգական սեռի կը պատկանի, բայց ուշ է ալ. անուանակոչած ենք: |
s-77
| Իսկ հիմա Միքքի ուրախ կը դառնայ թռչկոտող Խրիսթինային բոլորտիքը: |
s-78
| Վերջապէս ուժասպառ ըլլալով, Խրիսթինա քովս կը նստի: |
s-79
| – Տաքը անցաւ, եկուր ելլենք պտըտելու, – կ՚ըսէ: |
s-80
| – Կը կարծե՞ս , – կ՚ըսեմ բառը ծուլօրէն երկարելով: |
s-81
| – Այո՜ , – կ՚ըսէ ու մէկէն կ՚ելլէ տեղէն, անմիջապէս Միքքիին կապը վիզը կ՚անցընէ եւ սպասողական նայուածքը ինծի կ՚ուղղէ: |
s-82
| «Երեխա՜յ », մեծահոգաբար կ՚ըսեմ մտօք եւ դանդաղօրէն կ՚ելլեմ տեղէս: |
s-83
| Նաւամատոյցի ճամբուն վրայ Մուշեղին կը հանդիպինք: |
s-84
| Իր տասներկուամեայ տարիքին բարձունքէն արհամարհոտ նայուածք մը կը նետէ մեզի, բայց շուտով Միքքին կը նկատէ: |
s-85
| – Ասի ո՞վ է, – կ՚ըսէ հրճուած, իսկոյն կռանալով եւ շունը գգուելով: |
s-86
| – Միքքի՛ն է, – կ՚ըսէ Խրիսթինա: |
s-87
| – Միքքի Մաուզ… կը նմանի ալ, – կ՚ըսէ Մուշեղ հիացիկ, յետոյ կ՚անդրադառնայ, թէ պէտք չէր որ մանուկներուն առջեւ այդչափ տղայական կեցուածք առնէր, մեղաւոր մեզի կը նայի եւ կ՚ըսէ շուարած. – ուր կ՚երթաք: |
s-88
| – Պտըտելու, – կ՚ըսեմ հիացումէս հեւասպառ. առաջին անգամն ըլլալով Մուշեղ խօսած է ինծի հետ: |
s-89
| Մուշե՜ղը , կղզիին է՛ն չար տղան, պզտիկներուս հիացումի առարկան: |
s-90
| – Ես ալ ձեզի հետ գամ, ապահով կ՚ըլլաք. աղուոր շուն է, չգողնան, – կ՚ըսէ անտարբեր: |
s-91
| Ես երջանիկ եմ Մուշեղին ներկայութենէն, մտօք շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Միքքիին, եւ նոյնիսկ ներողամտաբար կը ժպտիմ Խրիսթինային: |
s-92
| Սակայն նաւավարին օգնականը չի ձգեր որ նաւ ելլենք: |
s-93
| Մեր թախանձանքները ի զուր կ՚ըլլան. քիւրտ Թէյիպը քանի մը վայրկեան մեզ մտիկ ընելէն վերջ, ձանձրացած կռնակը կը դարձնէ եւ կը քալէ: |
s-94
| Ափին կեցած կը նայինք, թէ ինչպէս նաւը կը հեռանայ: |
s-95
| – Շատ պզտիկ էք, իրաւունք չունէր… մինակ ըլլայի նէ…, – կ՚ըսէ Մուշեղ: |
s-96
| Ես եւ Խրիսթինա ուսերնիս կը թօթուենք: |
s-97
| Տրամադրութիւննիս փճացած է: |
s-98
| – Լաւ, հոգ մի՛ ընէք, ինծի հետ եկէ՛ք , – կ՚ըսէ Մուշեղ եւ արագ քայլերով կը յառաջանայ: |
s-99
| Լուռ կը հետեւինք Մուշեղին: |
s-100
| Քսան վայրկեան վերջ կղզիի հին ամարանոցներուն շրջանը կը հասնինք: |
s-101
| Մուշեղ կանգ կ՚առնէ եւ մեզի կը դառնայ. |
s-102
| – Հոս զգուշաւոր ըլլալ պէտք է, – կ՚ըսէ եւ ապա կ՚աւելցնէ հայերէն. – հոս աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը կան: |
s-103
| – Ինչ ըսա՞ւ ,- իսկոյն կը հարցնէ Խրիսթինա: |
s-104
| – Կ՚ըսէ, թէ հոս աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը կան եղեր, – կ՚ըսեմ Խրիսթինային թրքերէն: |