Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 301 - 400 of 334 • previous

s-301 Կեցի՛ր , կը կանչէ Խրիսթինա:
s-302 Չկամութեամբ գլուխս ետ կը դարձնեմ, ջանալով խուսափիլ շունին նայելէ:
s-303 Խրիսթինա կը տատամսի երկվայրկեան մը, յետոյ սպասողական ակնարկս բռնելով կ՚ըսէ կարմրելով.
s-304 Եթէ քեզ ալ վռնտէ, մեզի՛ եկուր մաման կը համոզեմ
s-305 Տուն կը դառնամ կէսգիշերին մօտ միայն. ամբողջ օրը թափառած եմ միայնակ:
s-306 Տուն մտնելուս պէս մայրս վրաս կը յարձակի.
s-307 Ո՞ւր էիր, ծօ՛ , ժամուն նայա՞ծ ես, յետոյ յանկարծ կը նկատէ, որ մինակ եմ, կը պաղի ակնթարթի մը մէջ եւ կ՚աւելցնէ սարսափահար, շունն ո՞ւր է
s-308 Ի՞նչպէս թէ ուր է, չըսի՞ր որ վռնտեմ, ես ալ ջուրը ձգեցի, խեղդեցի
s-309 Խե՞նդ ես, ծօ, կը պոռայ մէկէն եւ դուրս կը վազէ:
s-310 Միքքի՜ , Միքքի՜ , մօրս ձայնը կ՚արձագանգէ գիշերուան մէջ եւ անպատասխան կը մնայ:
s-311 Ծօ՛ , ի՞նչ ըրիր շունը, ո՞ւր է, կ՚ըսէ ետ դառնալով, մազերը հովէն խառնուած են, նայուածքին մէջ սարսափի արտայայտութիւն կայ:
s-312 Դուն չըսի՞ր , կը սկսիմ անհամարձակ:
s-313 Բան մըն էր, ըսի ատի խելքի պառկելի՞ք բան է շունը ետ բե՛ր արա՛գ ի՞նչ իրաւունքով, յանկարծ հեծկլտալու կը սկսի, ոչ այնպէս ջղացնցական, ինչպէս առաւօտեան, այլ կամացուկ եւ զուսպ, շունը ետ բե՛ր , կ՚ըսէ լացին մէջէն, չամչցա՞ր , հօրդ վերջին նուէրը ծօ՛ , դուն խիղճ ունի՞ս
s-314 Օրուան մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով կեցած եմ սենեակին մէջտեղը շուարած. բան մը կայ, որ չեմ հասկնար:
s-315 Յետոյ անհամարձակ կը մօտենամ մօրս, զգուշութեամբ մը կը գրկեմ ուսերը եւ կը շշնջամ ականջն ի վար.
s-316 Մի՛ լար, չխեղդեցի, Խրիսթինային տունը մնաց հիմա կ՚երթամ կը բերեմ
s-317 Գ.
s-318 Յետոյ ոչինչ կար:
s-319 Ամէն բան վերջացաւ մէկ կրակոցով միայն:
s-320 Յունուարեան պաղ երեկոյ մը հեռաձայն մը լուր կու տայ, որ Պր. Հրանդը սպաննած են:
s-321 Գաղութն ալեկոծ է. ամէնուր շշուկներ, ենթադրութիւններ, յաջորդ օրը շատ մը հայերու խանութները գոց են, առտուընէ ինչ-որ ապուշներ հեռաձայնային ահաբեկչութեան կ՚ենթարկեն համայնքը:
s-322 Ամէնուն ուշադրութիւնը հեռատեսիլի պաստառներուն գամուած է. տեղ մը ցոյցեր տեղի կ՚ունենան.
s-323 «Մենք բոլորս հայ ենք»:
s-324 Շաբաթ մը վերջ մայրս ամէն բան որոշած է ալ, եւ թէեւ 18 տարեկան տղայ մըն եմ արդէն, բայց իմ կարծիքս հարցնող չկայ:
s-325 Շիտակը, շատ ալ չեմ ընդդիմանար:
s-326 Պիտի հեռանանք:
s-327 Մեծ հօրս տէտէին պապին մեծ հայրը գաւառէն եկաւ Իսթանպուլ նոր կեանքի մը յոյսով եւ ատկէ հարիւր յիսուն տարի վերջ իր տոհմին վերջին ներկայացուցիչը՝ 18ամեայ տղեկ մը իր մօրը հետ պիտի հեռանայ քաղաքէն, հարիւր յիսուն տարուան յոյսը վերջնականապէս կորսնցուցած:
s-328 Մայրս փութով գործերը կարգադրեց, եւ պաղ առաւօտ մը, Փետրուարի վերջաւորութեան, դուռը կղպեցինք եւ սնտուկներս շալկած՝ քալեցինք դէպի նաւամատոյց:
s-329 Հակառակ անոր, որ որոշած եմ վերջին անգամ այցելել տարի մը առաջ մեռած Միքքիի գերեզմանը, չեմ երթար:
s-330 Խրիսթինան նաւամատոյց եկեր է մեզի «երթաք բարի» ըսելու, սակայն խոժոռ նայուածքս տեսնելով, չի համարձակիր մօտենալ:
s-331 Վերջին անգամ նաւուն վրայէն կը նայիմ մանկութեանս կղզիին, յետոյ միայնակ կեցած Խրիսթինային, եւ նայուածքս ուրիշ կողմ կը դարձնեմ:
s-332 Պիտի լամ, բայց տարիներ վերջ միայն:
s-333 Հոն է որ կը հասկնամ. ամառնային պատմութիւնները պիտի վերջանան ձմրան:
s-334 Օգոստոս, 2014

Text viewDownload CoNNL-U