Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 4 - 103 of 334 • previousnext

s-4 Ասկէ աւելի մտիկ չեմ ըներ. արագ մը կլլելով նախաճաշս, կամացուկ դուրս կ՚ելլեմ տունէն, հեծիկս կ՚առնեմ եւ «իլէրէ՜ , իլէրէ՜ » (թրքերէն՝ յառաջ) պոռալէն կը սուրամ փողոցն ի վար, փախցնելով աղաւնիները եւ վայելելով տակաւին քնատ անցորդներուն հայհոյութիւնները:
s-5 Ղալաթիոյ շուկային հաւատարիմ շուներու վոհմակը դեռ երկար կը վազէ ետեւէս:
s-6 Տուն պիտի դառնամ երեկոյեան միայն, հօրս տուն դառնալէն քիչ առաջ, եւ պիտի սպասեմ թէ երբ կը սկսի նոյն վէճը:
s-7 Յաճախ հայրս եւ մայրս ինծի կը դառնան.
s-8 Չե՞ս տեսներ որ տղան պտոյտի, աշխարհ տեսնելու կը կարօտի, նոյնիսկ տղուդ համար կը զլանաս, կ՚ըսէ մայրս՝ ակնարկով ինձմէ օժանդակութիւն պահանջելով:
s-9 Իսկ դուն չե՞ս ուզեր անդրադառնալ, թէ տղադ չ՚ուզեր ընկերներէն հեռու ըլլալ, կ՚ըսէ հայրս:
s-10 Շիտակը, երկուքն ալ կը սխալին. ոչ պտոյտի կը կարօտիմ, ոչ ալ ընկեր ունիմ:
s-11 Կը լռեմ, ջանալով հնարաւորինս աննշմար դարձնել ներկայութիւնս, բայց մեծ օգուտ չկայ ատկէ:
s-12 Տեսա՞ր , անանկ կը պոռաս, որ տղան վախէն խօսիլ չի կրնար, հօրմէս բարձր կը ձայնէ մայրս:
s-13 Այդ դո՛ւն տես, որ տղան չ՚ուզեր կոր պտոյտի երթալ, անոր համար կը լռէ, կը հակադարձէ հայրս:
s-14 Քիչ վերջ երկուքն ալ պոռալու կը սկսին, ջանալով գերազանցել մէկզմէկու, եւ հայրս կտրուկ շարժումով մը պնակն իրմէ հեռացնելով կ՚ելլէ սեղանէն:
s-15 Կը ջանամ չձգել որ հօրս կողմէ կոպտօրէն հրուած պնակը գետին իյնայ՝ մօրս գայթակղութիւնն առաւել գրգռելով, բայց միշտ չէ որ կը յաջողիմ:
s-16 Արձակուրդի առաջին շաբթուան վերջաւորութեան եկաւ Միքքին:
s-17 Չէ, չեկաւ. հայրս բերաւ:
s-18 Պտոյտէն նոր դարձած եմ եւ կը պատրաստուիմ սենեակս անցնիլ, բայց հեւասպառ ներս կը վազէ Խրիսթինան:
s-19 Խրիսթինան մեր դրացին է եւ չնայած անոր որ ութ տարու է տակաւին, զիս իր ընկերը կը համարէ:
s-20 Տասնամեայ տարիքիս բարձրութենէն բաւական մեծահոգութեամբ եւ նրբանկատութեամբ կը մօտենամ իրեն, չցանկալով ընկերութեան վերաբերեալ իր պատրանքները փճացնել:
s-21 Խրիսթինա կարծես քիչիկ մըն ալ սիրահարած է ինծի, բայց ես չեմ կրնար փոխադարձել, ութ տարեկան է միայն, ան ալ՝ յոյն
s-22 Ինչ որ է, Խրիսթինան ներս կը վազէ եւ դրան սեմէն շատ չյառաջանալով պոռալու կը սկսի, որ դուրս ելլեմ:
s-23 Անվստահօրէն կը քալեմ դէպի իրեն:
s-24 Աճապարէ՛ , կը պոռայ հեւասպառ եւ դուրս կը սուրայ:
s-25 Երբ տունէն կ՚ելլեմ կը տեսնեմ, որ աղջիկը բաւական հեռացած է արդէն դէպի նաւամատոյց տանող ճամբայէն եւ անհամբեր նշաններով կը պահանջէ, որ աճապարեմ:
s-26 Ես ալ վազելու կը սկսիմ:
s-27 Ի՞նչ պատահեր է, Խրիսթինա, կ՚ըսեմ շնչակտուր երբ կը հասնիմ անոր, բայց աղջիկը ոչինչ կը պատասխանէ եւ կը շարունակէ խելայեղ վազքը:
s-28 Ճամբու ոլորանին կտրուկ կը կենայ եւ մատով առջեւը ցոյց կու տայ:
s-29 Հեռուէն կը տեսնեմ, որ հայրս կու գայ:
s-30 Սկիզբը ոչինչ կը հասկնամ. պարզապէս հայրս է, որ աշխատանքէն կը դառնայ:
s-31 Բայց քիչ վերջ կը զգամ որ տարբեր է հօրս քայլքը. յաճախ կը կենայ, ճամբան քիչ մը կը շեղէ, կարծես անտես բան մը կ՚առաջնորդէ զինք:
s-32 Հատէ՛ , կը ձայնէ Խրիսթինա եւ նորէն վազելու կը սկսի:
s-33 Այս ատեն հրաւէրի չեմ սպասեր:
s-34 Մօտ յիսուն քայլ կը բաժնէ զիս հօրմէս, երբ առաջին անգամ կը տեսնեմ զինք:
s-35 Պզտիկ սեւ արարած մը, նապաստակի պէս ցից ականջներով, աչքերը ծածկած մազափունջով, որ աջ ու ձախ կը դառնայ եւ գետինը կը հոտուըտայ:
s-36 Ամա՜ն , ասի ո՞վ է, կ՚ըսեմ ապշահար:
s-37 Մօտ եկուր, կ՚ըսէ հայրս ժպտալով:
s-38 Կը կռանամ. շունը հետաքրքրութեամբ մը դէմքը դէմքիս կը մօտեցնէ եւ հոտուըտալու կը սկսի. առաջին անգամն ըլլալով մազափունջի վարագոյրէն անդին պզտիկ սեւ աչքերը կը տեսնեմ, որ ուշադրութեամբ զիս կը դիտեն:
s-39 Յետոյ կը զգամ թէ ինչպէս թաց լեզուն հպանցիկ քթիս կը դպչի. հաւնեցաւ:
s-40 Մայրս ամէն բան կը հասկնայ, առաջին իսկ ակնարկէն:
s-41 Ընթրիքի ատեն չեն վիճիր. մայրս ակնյայտ դժկամութեամբ մը, բայց պատուով կ՚ընդունի իր պարտութիւնը:
s-42 Եւ այսպէս. որոշուած է, կը մնանք Պոլիս:
s-43 Հայրս կրցաւ իր առարկութիւններն աւելի ծանրակշիռ դարձնել:
s-44 Յաջորդ օրը Պէյօղլուի «Թուրապիպապա» թաղային գրադարանին մէջ ամերիկեան հրատարակութիւն մը կը գտնեմ, ուր շուներուն ցեղատեսակները կը նկարագրուին:
s-45 Կը բանամ փնտռած բաժինը. Սգայ-Թիրիըր:
s-46 Օ՜հ , իմ շունս աշխարհի ամէնէն հաւատարիմ շուներուն կարգը դասուած է:
s-47 Գիրքը կը պատմէ, թէ ատենօք Սգայ-Թիրիըր տեսակէն շուն մը ապրած է, որ տիրոջը մահուընէ ետք լման 17 տարի անոր գերեզմանէն չէ հեռացած
s-48 Սկովտիա տեղ մը նոյնիսկ անոր արձանը կայ, կը պատմեմ երեկոյեան Խրիսթինային:
s-49 Մեր դրան սեմի առջեւի աստիճաններուն վրայ նստած ենք:
s-50 Հովը կը խաղայ Խրիսթինայի մազերը բռնած կապոյտ ժապաւէնին հետ:
s-51 Խրիսթինա մտահոգ երեւոյթ ունի:
s-52 Ուրեմն, եթէ դուն մեռնիս, ան տասնըեօթը տարի պիտի չհեռանա՞յ գերեզմանէդ
s-53 Այո, եթէ հիմա մեռնիմ:
s-54 Իսկ եթէ ուշ մեռնի՞ս :
s-55 Այն ատեն կը մնայ է-է չեմ գիտեր, որչափ որ իր կեանքը բաւէ:
s-56 Իսկ ո՞րչափ կը բաւէ:
s-57 Ի՞նչ գիտնամ, ապուշ հարցումներ կ՚ընես, կ՚ըսեմ սրտնեղած:
s-58 Կը լռէ:
s-59 Եթէ մեռնիս, ես ալ կու գամ քու գերեզմանիդ, կ՚ըսէ յանկարծ, հոն կը մնամ:
s-60 Ո՞րչափ ատեն. որչափ որ կեանքդ բաւէ՞ :
s-61 Չէէ՜ , տասնըեօթը տարի՛ :
s-62 Իսկ անկէ վե՞րջ :
s-63 Անկէ վերջ չեմ գիտեր
s-64 Կը լռենք:
s-65 Լսէ՛ , բայց տակաւին անուն չես տուած անոր, կ՚ըսէ յանկարծ:
s-66 Ա՜հ , այո, այսօր կը մտածէի, բայց բան մը չկրցայ յօրինել:
s-67 Աա՜ա , ես գիտեմ ինչ անուն տալ, յանկարծ կ՚ոգեւորուի Խրիսթինա, տեղէն ցատկելով:
s-68 Հապա՞
s-69 Մի՛քքի , Միքքի Մաուզ:
s-70 Միքքի՞
s-71 Շունը «Միքքի» անունը լսելով՝ ականջները ցից կ՚ընէ, եւ գլուխը աջ ու ձախ կը դարձնէ՝ օդը հոտուըտալով. կարծես նոր անունը կը հոտուըտայ:
s-72 Կը կարծե՞ս , կ՚ըսեմ անվստահ:
s-73 Այո՛ , այո՛ , այո՛ , կը ցատկռտէ Խրիսթինա:
s-74 Լաւ թող ըլլայ:
s-75 Որոշուած է:
s-76 Միայն յաջորդ օրը պիտի հասկնանք, որ Միքքին իգական սեռի կը պատկանի, բայց ուշ է ալ. անուանակոչած ենք:
s-77 Իսկ հիմա Միքքի ուրախ կը դառնայ թռչկոտող Խրիսթինային բոլորտիքը:
s-78 Վերջապէս ուժասպառ ըլլալով, Խրիսթինա քովս կը նստի:
s-79 Տաքը անցաւ, եկուր ելլենք պտըտելու, կ՚ըսէ:
s-80 Կը կարծե՞ս , կ՚ըսեմ բառը ծուլօրէն երկարելով:
s-81 Այո՜ , կ՚ըսէ ու մէկէն կ՚ելլէ տեղէն, անմիջապէս Միքքիին կապը վիզը կ՚անցընէ եւ սպասողական նայուածքը ինծի կ՚ուղղէ:
s-82 «Երեխա՜յ », մեծահոգաբար կ՚ըսեմ մտօք եւ դանդաղօրէն կ՚ելլեմ տեղէս:
s-83 Նաւամատոյցի ճամբուն վրայ Մուշեղին կը հանդիպինք:
s-84 Իր տասներկուամեայ տարիքին բարձունքէն արհամարհոտ նայուածք մը կը նետէ մեզի, բայց շուտով Միքքին կը նկատէ:
s-85 Ասի ո՞վ է, կ՚ըսէ հրճուած, իսկոյն կռանալով եւ շունը գգուելով:
s-86 Միքքի՛ն է, կ՚ըսէ Խրիսթինա:
s-87 Միքքի Մաուզ կը նմանի ալ, կ՚ըսէ Մուշեղ հիացիկ, յետոյ կ՚անդրադառնայ, թէ պէտք չէր որ մանուկներուն առջեւ այդչափ տղայական կեցուածք առնէր, մեղաւոր մեզի կը նայի եւ կ՚ըսէ շուարած. ուր կ՚երթաք:
s-88 Պտըտելու, կ՚ըսեմ հիացումէս հեւասպառ. առաջին անգամն ըլլալով Մուշեղ խօսած է ինծի հետ:
s-89 Մուշե՜ղը , կղզիին է՛ն չար տղան, պզտիկներուս հիացումի առարկան:
s-90 Ես ալ ձեզի հետ գամ, ապահով կ՚ըլլաք. աղուոր շուն է, չգողնան, կ՚ըսէ անտարբեր:
s-91 Ես երջանիկ եմ Մուշեղին ներկայութենէն, մտօք շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Միքքիին, եւ նոյնիսկ ներողամտաբար կը ժպտիմ Խրիսթինային:
s-92 Սակայն նաւավարին օգնականը չի ձգեր որ նաւ ելլենք:
s-93 Մեր թախանձանքները ի զուր կ՚ըլլան. քիւրտ Թէյիպը քանի մը վայրկեան մեզ մտիկ ընելէն վերջ, ձանձրացած կռնակը կը դարձնէ եւ կը քալէ:
s-94 Ափին կեցած կը նայինք, թէ ինչպէս նաւը կը հեռանայ:
s-95 Շատ պզտիկ էք, իրաւունք չունէր մինակ ըլլայի նէ, կ՚ըսէ Մուշեղ:
s-96 Ես եւ Խրիսթինա ուսերնիս կը թօթուենք:
s-97 Տրամադրութիւննիս փճացած է:
s-98 Լաւ, հոգ մի՛ ընէք, ինծի հետ եկէ՛ք , կ՚ըսէ Մուշեղ եւ արագ քայլերով կը յառաջանայ:
s-99 Լուռ կը հետեւինք Մուշեղին:
s-100 Քսան վայրկեան վերջ կղզիի հին ամարանոցներուն շրջանը կը հասնինք:
s-101 Մուշեղ կանգ կ՚առնէ եւ մեզի կը դառնայ.
s-102 Հոս զգուշաւոր ըլլալ պէտք է, կ՚ըսէ եւ ապա կ՚աւելցնէ հայերէն. հոս աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը կան:
s-103 Ինչ ըսա՞ւ ,- իսկոյն կը հարցնէ Խրիսթինա:

Text viewDownload CoNNL-U