s-201
| Անցեալ տարի թոքատապէն մեռած քիւրտ Թէյիպը փոխարինելու եկած է անորոշ ազգութեամբ խոժոռ տղամարդ մը, որ միշտ տարակուսանքով մը Խրիսթինային կը նայի, բայց ես արդէն 14 տարու եմ, եւ հասակս բաւական է առանց մասնաւոր արգելքի հանդիպելու նաւով ճամբորդելու համար: |
s-202
| Հազիւ քաղաք հասած վիճաբանելու կը սկսինք, թէ ուր պիտի երթանք: |
s-203
| Վերջաւորութեան միշտ ես կը յաղթեմ, քանի որ Խրիսթինան 12-ամեայ չոճուխ մըն է տակաւին: |
s-204
| Շիտակը, այս պարագան քիչ մը կ՚անհանգստացնէ մայրս. |
s-205
| – Ծօ, չոճուխ չես ալ, այդ աղջիկին եւ շունին հետ սլքտալու փոխարէն, տարեկից ընկեր մը փնտռէ՛ … |
s-206
| Բայց շատ մտիկ չեմ ըներ մայրս: |
s-207
| Խրիսթինան աղուոր է, ինչ որ ըսեմ, կը համաձայնի, Կարոյին պէս չէ: |
s-208
| Կարոն ինծի տարեկից դրացի տղայ մըն է, որուն հետ օր մը սինեմա գացինք, բայց չկրցանք համաձայնութեան գալ դիտուելիք ֆիլմին համար եւ տարբեր յայտագիրներ ընտրեցինք: |
s-209
| Խրիսթինան տարբեր է, ճաշակաւոր է, կը սիրէ իմ հաւնած ֆիլմերս, տուած գիրքերս կը կարդայ… |
s-210
| Թէեւ սա վերջին պարագային քիչ մը կը կասկածիմ այն բանէն վերջ, երբ սխալմամբ տուածս հայերէն գիրքը վերադարձուց հիացական խօսքերով: |
s-211
| – Բայց դուն հայերէն չես գիտեր, ի՞նչպէս կարդացիր, – հարցուցի զարմացած: |
s-212
| – Ընկերուհիի մը տուի, կարդաց պատմեց: |
s-213
| – Ո՞վ է ընկերուհիդ: |
s-214
| – Է-է… չես ճանչնար… աղջիկ մը, – ըսաւ շփոթուելով: |
s-215
| – Է լաւ, – ըսի, բայց տհաճ զգացում մը մնաց մէջս: |
s-216
| Ինչ որ է. Խրիսթինան, այդ մէկ դէպքը եթէ մոռնալու ըլլանք, հաւատարիմ, ազնիւ եւ հոգատար ընկերուհի մըն է… |
s-217
| Բայց կ՚ուշանայ այսօր: |
s-218
| Կ՚ելլեմ շիտակ իրենց տունը կ՚երթամ: |
s-219
| – Խրիսթինաաա՜ , – կը պոռամ աղջկան տունը օղակող պզտիկ պարտէզին դրան առջեւ կեցած: |
s-220
| Քիչ վերջ Խրիսթինային մայրը պատուհանէն գլուխը դուրս կը հանէ. |
s-221
| – Խրիսթինան հիւանդ է, աղորիմու (յունարէն՝ մանչս), ջերմ ունի: |
s-222
| Ներս եկո՛ւր : |
s-223
| – Չէ, աճապարանօք եմ, բարեւ ըրէ՛ք , – կ՚ըսեմ եւ կը հեռանամ, թէեւ բնաւ չեմ աճապարեր: |
s-224
| Քիչ վերջ միայն կ՚անդրադառնամ, որ առանց Խրիսթինայի ընելիքս չեմ գիտեր: |
s-225
| Անզգալաբար դէպի նաւամատոյց կը քալեմ, հոն տոմսակ մը կ՚առնեմ եւ քաղաք կ՚երթամ: |
s-226
| Ժամ մը ամբողջ աննպատակ դառնալէն վերջ Սուլթանահմէտի քովնտի անծանօթ թաղերը կ՚երթամ: |
s-227
| Միքքին կը հեւայ տաքէն, եւ արդէն կ՚ուզեմ ետդարձի ճամբան բռնել, երբ յանկարծ զարմացած կը կենամ խանութի մը առջեւ: |
s-228
| Սկիզբը չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչու կեցայ: |
s-229
| Միքքին զարմացած ինծի կը նայի, խանութէն աղմկոտ երաժշտութիւն մը կը հասնի: |
s-230
| Հիմա հասկցայ. խանութի դիմապակիէն անդին տեղադրուած հեռատեսիլի մեծ պաստառին վրայ խարտեաշ երկար մազերով տղայ մը երգ մը կ՚երգէ, որու բառերը դժուարաւ կը հասկնամ: |
s-231
| Իսկոյն խանութ կը մտնեմ, նայուածքս չհեռացնելով խարտեաշ երգիչէն: |
s-232
| – Շունին հետ կարելի չէ, – կ՚ըսէ վաճառողը՝ միջին տարիքի հաստ պեխերով գիրուկ տղամարդ մը: |
s-233
| – Ես մէկ վայրկեանի համար մտայ միայն, – կ՚ըսեմ եւ շուրջս կը նայիմ: |
s-234
| Նոր միայն կ՚անդրադառնամ, թէ հեռատեսիլներու խանութ է: |
s-235
| Ներսը երգին բառերն առաւել յստակ կը հնչեն. |
s-236
| – Կրնա՞մ բանով մը օգտակար ըլլալ, – կ՚ըսէ վաճառողը: |
s-237
| – Է, չեմ գիտեր, կ՚ուզեմ հասկնալ թէ այս երգիչն ով է… |
s-238
| Երկվայրկեան մը լուռ եւ յոգնած ինծի կը նայի, յետոյ կ՚ըսէ. |
s-239
| – Ես ալ չեմ գիտեր, կեցիր, գլիփը վերջանայ, վարը անունը պիտի գրուի: |
s-240
| Կրկին չեմ կրնար երգիչէն հեռացնել նայուածքս. բան մը կախարդած է զիս. խարտեաշ մազերն անկանոն կերպով թափուած են դէմքին, հագուածքը անփոյթ է, բայց անօրինակ ազնուականութիւն մը կայ ամբողջ կերպարին վրայ: |
s-241
| Եւ ձայնը… ըսես տիեզերական ոլորտներէ կու գայ. կ՚երգէ, կ՚ըսես՝ կը մեռնի, կ՚ըսես՝ ցաւէն կը պոռայ: |
s-242
| Երգին բառերը տարօրինակ են, քիչ մը պարզ, բայց երեւակայութիւնս եւ այդ ձայնը տարբեր իմաստ մը կը դնեն հոն. |
s-243
| Գլիփը կը վերջանայ եւ պաստառին վարը կը գրուի՝ Nirvana: |
s-244
| Հաւանաբար խումբ մըն է: |
s-245
| Արագ դուրս կ՚ելլեմ խանութէն, մոռնալով նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնել վաճառողին, եւ կ՚աճապարեմ դէպի մօտակայ ձայնապնակներու խանութը: |
s-246
| Nirvana խումբէն քանի մը ձայնապնակներ կը գտնեմ հոն, բայց քովիս դրամը միայն երկուքին կը բաւէ: |
s-247
| Կ՚առնեմ եւ խելագարի պէս դէպի նաւամատոյց կը վազեմ. արեւը անխղճօրէն կ՚այրէ, ոչինչ հասկցող Միքքին հեւալէն հազիւ կը հասնի ետեւէս, իսկ ես կ՚ուզեմ փութով տուն հասնիլ: |
s-248
| Արդէն նաւուն մէջն է, որ ձայնապնակի ծրարին վրայ առաջին անգամ կը կարդամ երգիչին անունը՝ Գուրթ, Գուրթ Քոպէյն: |
s-249
| Այդ ամառն անցաւ Գուրթին շօշափելի ներկայութեամբը: |
s-250
| Մայրս, սակայն, շատ խանդավառ չէ սա խելահան վիճակէս. |
s-251
| – Պիտի խուլնանք, ծօ՛ , քիչ մը ցածցո՛ւր ատոր ձայնը, – կը պոռայ յուսահատ: |
s-252
| Իսկ ես կը գտնուիմ ցնծութեան մէջ. նուագարկիչին ձայնը մինչեւ վերջին կէտը բացած, երեւակայական կիթառ մը ձեռքիս, Գուրթին հետ կոկորդս կը պատռտեմ. |
s-253
| Ինչպէս սպասելի է, Խրիսթինան կը բաժնէ նոր սէրս: |
s-254
| Հիմա աւելի յաճախ տունը կը մնանք: |
s-255
| Ամէն օր համերգներ կը սարքուին սենեակիս մէջ. կ՚ելլեմ սեղանին վրայ, կ՚առնեմ «կիթառս», ձեռքով աչքերէս ետ կը տանիմ գոյութիւն չունեցող մազափունջը եւ երգելու կը սկսիմ: |
s-256
| Այս ամէնուն մէջ Միքքին տխուր է սակայն. անկիւն մը կը նստի եւ ոչինչ հասկցող նայուածքով մեզի կը նայի. կը կարօտնայ այն օրերը, երբ ժամերով պտոյտի կ՚ելլէինք: |
s-257
| Ես եւ Խրիսթինան իսկական հաւաքողներ դարձած ենք, մօրս բնորոշումով՝ աղբահաւաքներ. կը հաւաքենք Գուրթի մասին յօդուածներ, գիրքեր, նկարներ, ձայնապնակներ: |
s-258
| – Հէ՜յ , Շիշլիի մէթրոյին կայանը թերթ մը տեսայ, Գուրթին նկարը կար հոն, – կը պոռայ Խրիսթինա հազիւ տունէն ներս մտած: |
s-259
| – Ո՞ւր է, – կ՚ըսեմ անհամբեր: |
s-260
| – Քովս դրամ չկար, մաման ալ չտուաւ, – կ՚ըսէ մեղաւոր: |
s-261
| – Վնաս չունի, շիտակ տեղն ըսէ՛ , – եւ կ՚ելլեմ հասնելու Կղզիներէն մինչեւ Շիշլի, ուր թերթ մը պիտի գնեմ, որուն մէջ Գուրթի պզտիկ, սեւ եւ ճերմակ լուսանկար մը պիտի ըլլայ միայն: |
s-262
| Ամառը կը քալէ, ես եւ Խրիսթինան ալ աւելի կը խանդավառուինք Գուրթով, Միքքին աւելի կը տխրի, մօրս գայթակղութիւնը հետզհետէ աւելի կը մեծնայ: |
s-263
| Այլեւս մօրս տռտռոցէն ազատելու համար տունէն չեմ փախիր. մէկէն նուագարկիչի կոճակին կը կոխեմ, եւ տունը կը լեցուի հարտ ռոքի մետաղեայ հնչիւններով: |
s-264
| Մօրս համբերութիւնը պիտի սպառէր օր մը: |
s-265
| Խոհանոցէն կը հասնի Միքքիին կաղկանձը: |
s-266
| Փութով երաժշտութիւնը կը մարեմ եւ կը վազեմ դէպի խոհանոց: |
s-267
| Հոն կը գտնեմ մայրս, որ աւելով շունը կը հալածէ. Միքքին կը փախի, ջանալով թաքնուիլ սեղանին տակ, բայց չարաղէտ աւելը հոն ալ կը գտնէ զինք: |
s-268
| Մայրս այսչափ բարկացած չեմ տեսած երբեւէ: |
s-269
| – Ի՞նչ պատահեր է, մա՛մ , – կ՚ըսեմ, ջանալով աւելը առնել ձեռքէն: |
s-270
| – Ա՛լ կը բաւէ, – կը փղձկի մէկէն, – վռնտէ՛ ասոր, այլեւս չեմ կրնար ասանկ ապրիլ, վռնտէ՜ … |
s-271
| – Բայց ի՞նչ ըրեր է… |
s-272
| – Ի՞նչ պիտի ընէ. ամբողջ տունն ասոր մազերն են, ատ ալ չէր բաւեր, հիմա ալ ամէնուր կը միզէ եւ կը քաքնէ… չեմ կրնար, վռնտէ՛ , չէ նէ պիտի մեռցնեմ, – կ՚ըսէ եւ հեկեկալով կը փլի աթոռին վրայ: |
s-273
| Կեցեր եմ խոհանոցին մէջտեղը, վերջապէս մօրմէս խլած աւելը ձեռքիս, մայրս աթոռին նստած խուլ կը հեծկլտայ, շունը անկիւն մը կծկտած կը դողայ ապրած ցնցումէն: |
s-274
| Կազօճախին վրայ թէյնիկը յուսահատ կը սուլէ, բայց մտիկ ընող չկայ: |
s-275
| Լուռ ու մունջ շունը կ՚առնեմ եւ դուրս կ՚ելլեմ տունէն: |
s-276
| Կէս ժամ մը աննպատակ թափառելէ վերջ քայլերս զիս Խրիսթինային տունը կը տանին: |
s-277
| Պատուհանէն զիս տեսնելով ան ներս կը վազէ: |
s-278
| Կը կենամ դրան առջեւ, աղջիկը սպասելով: |
s-279
| Վերջապէս դուռը կը բանայ. վառ կարմիր փէշ մը հագած է, յայտնի է որ մասնաւոր ինքզինքը յարդարած է: |
s-280
| – Ուր կ՚երթանք, – կ՚ըսէ զուարթ: |
s-281
| – Ոչ մէկ տեղ, – կ՚ըսեմ: |
s-282
| – Բա՞ն մը պատահեր է, – կ՚ըսէ շուարած եւ կը նստի քովս՝ աստիճաններուն վրայ, – Միքքի՞ն ինչու ասանկ տխուր է: |
s-283
| – Ա՛լ վերջացաւ… |
s-284
| – Ի՞նչը : |
s-285
| – Մայրս վերջնականապէս կատղեր է, ըսաւ՝ շունը մէյ մըն ալ տեսնէ, պիտի մեռցնէ… |
s-286
| Լռութիւն կը տիրէ: |
s-287
| Մեղաւոր նայուածքս Միքքիին կը յառեմ: |
s-288
| – Լսէ՛ , – կ՚ըսէ Խրիսթինա, – հիմա ի՞նչ պիտի ընես: |
s-289
| – Չեմ գիտեր: |
s-290
| – Կեցի՛ր , – կ՚ըսէ եւ իսկոյն ոտքի ցատքելով դէպի ներս կը վազէ: |
s-291
| Տրամադրութիւնս այնչափ փճացած է, որ Խրիսթինային կտրուկ շարժումներն այս անգամ նոյնիսկ ջղերուս չեն դպնար: |
s-292
| Քիչ վերջ դուրս կ՚ելլէ խանդավառ: |
s-293
| – Եղա՛ւ , – կ՚ըսէ: |
s-294
| – Ի՞նչը : |
s-295
| – Մամային ըսի, թէ պիտի ճամբորդէք, եւ խնդրած ես, որ շունը այսօր մեզի մնայ: |
s-296
| – Բայց ո՞վ ըսաւ թէ պիտի ճամբորդենք: |
s-297
| – Ապո՞ւշ ես, – կ՚ըսէ զարմացած: |
s-298
| – Ա-ա, հիմա հասկցայ… բայց յետո՞յ : |
s-299
| – Յետոյ նայինք, անանկ մը կ՚ընեմ, որ մաման Միքքին սիրէ եւ ձգէ, որ մեզի մնայ… |
s-300
| – Նայինք, – կ՚ըսեմ եւ կ՚ելլեմ տեղէս, շունին կապը Խրիսթինային կու տամ եւ կը ջանամ հեռանալ, առանց Միքքիին նայելու. բան մը կը կոտտայ ներսս: |