Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 188 • previous

s-101 Մեծ մամայի ճարահատ նայուածքին տակ սիրոյ պատմութիւնս կ՚ընեմ, մինչ ինք գինիի նոր շիշ մը կը բանայ:
s-102 Երբ պատմութիւնս լրումի կը հասցնեմ, շիշն արդէն կէս է:
s-103 Մեծ մամային այտերը կարմիր են եւ աչքերուն խորը չարաճճի կրակներ կան:
s-104 Տղայ մը կար, մեզի դրացի՝ ոսկի մազերով, կապոյտ աչքերով
s-105 Ագսէլ էր անունը. իրեն սիրահարած էի երբ 12-13 տարու էի, կ՚ըսէ մէկէն:
s-106 Օօհ, պատմէ, կ՚ըսեմ խանդավառ:
s-107 Պատմելիք ոչինչ կայ:
s-108 Անուշիկ տղայ մըն էր, իրարու հետ դպրոցական օթոպիւսով ամէն առտու կ՚երթայինք դպրոց:
s-109 Բայց տարբեր դասարաններ էինք:
s-110 Ամէն օր կը սպասէի, թէ պիտի մօտենայ ու խօսէ ինծի, բայց չմօտեցաւ:
s-111 Յետո՞յ :
s-112 Այսչափ:
s-113 Եւ անկէ ետք չե՞ս տեսած զինք:
s-114 Երէկ խանութը տեսայ:
s-115 Հրամմէ՞ :
s-116 Կը մօտենայ պատուհանին:
s-117 Այն կարմիր դուռով տունը կը տեսնե՞ս :
s-118 Իր տունն է:
s-119 Տիկինը անցեալ գարնան մեռաւ, տղաքը Պրիւքսէլ գացին. հիմա մինակ է:
s-120 Ինք գիտցա՞ւ , որ կը սիրէիր զինք:
s-121 Ապո՞ւշ ես:
s-122 Հարկաւ որ ոչ:
s-123 Մեծ մամային կոպերը կը ծանրանան:
s-124 Ննջելու կը սկսի աթոռին վրայ:
s-125 Կամացուկ դուրս կ՚ելլեմ տունէն:
s-126 Ձիւնի մէջէն կը քալեմ դէպի կարմիր դուռով տունը:
s-127 Դուռը բացողը ոսկի մազերով եւ կապոյտ աչքերով անուշիկ տղայ մը չէ, այլ սիկառէթէ դեղնած պէխով, ճաղատ գլուխով եւ անգոյն աչքերով գէր ծերուկ մը:
s-128 Բարեւ, կ՚ըսեմ, մեծ մամաս ըսաւ որ մեզի գաք ընթրելու:
s-129 Մեծ մամադ ո՞վ է, կ՚ըսէ կոտրած անգլերէնով:
s-130 Մարիան. իրարու հետ դպրոց գացեր էք:
s-131 Իրա՞ւ :
s-132 Չեմ յիշեր:
s-133 Մարիա՞ն չէք յիշեր:
s-134 Մարիան կը ճանչնամ, դասընկեր ըլլալնիս է որ չեմ յիշեր:
s-135 Չէ, տարբեր դասարաններ եղած էք:
s-136 Դպրոցական օթոպիւսով իրարու հետ դպրոց կ՚երթայիք
s-137 Հմմմ, վստա՞հ ես
s-138 Չեմ յիշեր
s-139 Պիտի գա՞ք , Պր. Ագսէլ:
s-140 Թերեւս այո այո պիտի գամ
s-141 Դժուարութեամբ մեծ մաման կ՚արթնցնեմ:
s-142 Պր. Ագսէլը մեզի պիտի գայ ընթրելու:
s-143 Ո՞վ
s-144 Ինչո՞ւ պիտի գայ
s-145 Ես հրաւիրեցի:
s-146 Ապո՛ւշ տղայ, ինչո՞ւ անանկ բան ըրիր, խայտառակ պիտի ըլլանք, կ՚ըսէ եւ կը վազէ դէպի իր սենեակը:
s-147 Միջոց մը վերջ դուրս կ՚ելլէ՝ տօնական զգեստներ հագուած եւ քիչիկ մըն ալ կարծես շպարուած:
s-148 Աճապարանօք կը սկսի տունի մաքրութեան կարգադրութիւններ ընել եւ ընթրիքի պատրաստութիւն տեսնել:
s-149 Գինիէն կարմրած այտերը ալ աւելի կը կարմրին:
s-150 Երեկոյեան դուռը կը զարնուի, եւ ներս կը մտնէ Պր. Ագսէլ՝ ձեռքը շօքօլայի պզտիկ տուփ մը:
s-151 Յայտնի է որ մասնաւոր ճիգ ըրած է տօնական հագուիլ. հնաոճ գորշ բաճկոն մը եւ բծաւոր լայն կարմիր փողկապ մը, որոնք ակնյայտօրէն արդուկուելու կարիք ունին:
s-152 Օ՜հ , Պր. Ագսէլ, ի՜նչ անակնկալ մեզի համար, սեթեւեթ կ՚ըսէ մեծ մաման, ժպտելու ատեն ջանալով ձեռքով ծածկել բերնին այն մասը, ուր ակռայ մը կը պակսի:
s-153 Ինծի համար ալ անակնկալ եղաւ, Տիկ. Մարիա, այսչափ տարուան դրացիներ ենք, բայց առաջին անգամն է որ
s-154 Հրամմեցէք, Պր. Ագսէլ, հրամմեցէք:
s-155 Շիտակը, շատ զարմացայ, երբ այսպէս անսպասելի հրաւէր մը ստացայ թէեւ երեկոյեան մասնաւոր ընելիք չունէի գիտէք, այս տարիքէն վերջ շատ ազնիւ էք, կ՚ըսէ ջանալով առաւել պարզ արտասանել անգլերէն բառերը:
s-156 Մեծ մաման պզտիկ աղջկան մը պէս կարմրելով Պր. Ագսէլի պնակին մէջ ընտիր պատառներ կը դնէ, երկվայրկեանը անգամ մը անիմաստ խնդուք մը արձակելով:
s-157 Ձեր մանչն ըսաւ իրարու հետ դպրոց գացած ենք...
s-158 Մանչս չէ, թոռս է
s-159 Իրա՞ւ , այնքան երիտասարդ կ՚երեւիք որ
s-160 Մեծ մաման շիկնելով կը ժպտի, իսկ ես կ՚ըսեմ.
s-161 Պր. Ագսէլ, այն ատեն մեծ մաման ձեզի սիրահարած է եղեր, միշտ սպասած է թէ օր մը չէ օր մը պիտի մօտենաք եւ խօսիք իրեն, բայց դուք չէք մօտեցած
s-162 Օ՜ , ուշադրութիւն մի՚նէք Պր. Ագսէլ, ապուշ բաներ կը խօսի կոր, կ՚ըսէ եւ սեղանի տակէն ոտքիս վրայ կը կոխէ:
s-163 Համով է շատ, կ՚ըսէ Պր. Ագսէլ պնակին պարունակութիւնը պատառ առ պատառ դէպի իր մեծ բերանը տանելով:
s-164 Շնորհակալ եմ, շատ բարի էք, աւա՜ղ որ քիչ ժամանակ ունէի պատշաճ ընթրիք մը պատրաստելու համար...
s-165 Օ՜ , կ՚աղաչեմ, ասանկ համով բաներ տիկնոջս մահուընէ ի վեր չէի կերած
s-166 Անյարմար լռութիւն մը կը պարուրէ սենեակը:
s-167 Յետոյ մեծ մաման անուշը կը բերէ:
s-168 Յանկարծ Պր. Ագսէլ ձայնը կը ցածցնէ եւ ինծի անծանօթ լեզուով մը, հաւանաբար ֆլամաներէն, բաներ մը կ՚ըսէ մեծ մամային:
s-169 Մեծ մաման ալ կը պատասխանէ նոյն լեզուով:
s-170 Քիչ առ քիչ ձայներնին կը բարձրանայ եւ արդէն պոռալ կը սկսին իրարու վրայ, երբ մեծ սենեակէն զօրաւոր աղմուկ մը կը լսուի:
s-171 Կը վազենք դէպի աղմուկը. քոյրս կաղանդի ծառը տապալած է:
s-172 Մեծ մաման կը ջանայ քոյրիկս հանդարտեցնել, մինչ ես եւ Պր. Ագսէլ ծառը կեցնել կը ջանանք:
s-173 Վերջապէս քոյրիկս կը հանդարտի, իսկ մենք կաղանդի ծառը նորէն իր տեղը կը բերենք:
s-174 Շնորհակալ եմ, անսովոր ջերմ ձայնով կ՚ըսէ մեծ մաման եւ կը ժպտի:
s-175 Պր. Ագսէլն ալ ջերմօրէն կը ժպտի, իսկ մեծ մաման սուրճ կ՚առաջարկէ:
s-176 Մեր հիւրը սուրճին գինի կը նախընտրէ. քիչ վերջ նաեւ մեծ մամաս անոր ընկերակից կ՚ըլլայ:
s-177 Պր. Ագսէլ կը գրկէ մեծ մօրս ուսերը եւ կը սկսի անհաճոյ ձայնով տխուր երգ մը երգել:
s-178 Եօթանասուննոց Մարիան գինիէ եւ զգացումներէ մշուշուած նայուածքով երանօրէն կը ժպտի:
s-179 Քոյրս կը ջանայ տունի կատուին աչքերը փորել:
s-180 Ես կը խորհիմ սինէմայի այն տոմսակին որ պիտի պահէի իբրեւ յիշատակ:
s-181 Արդէն երեկոյ է, երբ Պր. Ագսէլ կը հեռանայ դողդոջ համբոյր մը դրոշմելով իր վաղեմի ընկերուհիին շուրթերուն:
s-182 Շաբաթ մը վերջ պիտի վերադառնայինք Պոլիս:
s-183 Գալ տարի նորէն պիտի գամ, կ՚ըսեմ:
s-184 Շնորհակալ եմ այդ սուտիդ համար, կ՚ըսէ մեծ մաման:
s-185 Սուտ չէ, պիտի գամ:
s-186 Կը հաւատամ որ պիտի ուզես գալ
s-187 Վերջին անգամն էր որ կը տեսնէինք զիրար:
s-188 Հիմա, այսքան տարի վերջ, սինէմայի տոմսակը չունիմ իբրեւ յիշատակ, բայց այդ տարիէն ինծի մնացին յիշողութիւններ հեռաւոր տան մը մասին, ուր Պր. Ագսէլ տխուր կ՚երգէր մեծ մամայիս երանութենէն մշուշուած նայուածքի ներքոյ:

Text viewDownload CoNNL-U