s-102
| Այս կեանքը չէր կրնար տեւել այսպէս. իր ազդած հրապոյրը կը ռամկանար. առջի հետաքրքրութիւնը կը նուազէր: |
s-103
| Նոր եկող պարզամիտ տղան չէր. բայց ի՞նչ օգուտ, հարուստ տիկնանց համակրութիւնը` ծառերուն վրայ կեցող թռչուններուն պէս անհաստատ է: |
s-104
| Իր պաշտպանուհին ճամբած էր զինքը, ու խանութին մէջ հին օրերու վաստակին տասներորդը անգամ չունէր. մօտան անցնելը այդ վաճառատան մէջ գտնուող բոլոր նիւթերուն ճակատագիրն էր, եւ ինքն ալ այդ նիւթերէն մէկը եղած էր բաւական ատեն: |
s-105
| Սակայն վստահ ու յանձնապաստան ձեւ մը ստացեր էր ու իր երիտասարդութեան ատենէն մնացած վարժութեամբ մը, եթէ ոչ տիկիններու, գէթ կար կարողներու կամ ասդին անդին տուներու մէջ աշխատող սպասուհիներու մօտ յարգի էր: |
s-106
| Յանկարծ հայրենիքէն թուղթ մը եկաւ, որ բռնի կը յիշեցնէր իրեն մոռցած ու ոտնակոխ ըրած սրբազան պարտաւորութիւնները. այն բարակ պահարանին մէջէն ելլող քառածալ թուղթի կտորը անխուսափելի պարսաւ մըն էր ուսկից ակամայ կ՚ամչնար. այդ անզգայ փոքրիկ սուրհանդակը ընտանի եւ անողոք մարդու կերպարանք կ՚առնէր եւ զինքը կը յանդիմանէր: |
s-107
| Ո՜րքան արժանի էր այս յանդիմանութեանց. այն ատեն կը զղջար, ինքնիրեն որոշում կու տար երկիր երթալու. վաղանցի՜կ ու անհաստատ որոշում, զոր գործադրելու ոյժը կը պակսէր իրեն: |
s-108
| Ու այսպէս կը համոզուէր, որ Պոլիս մնալէ ուրիշ միջոց չկար իրեն, ու ժամանակը կ՚անցնէր: |
s-109
| Օր մըն ալ զգաց որ տարիքը առնելու վրայ էր. սպիտակ թելեր կ՚երեւային մազերուն մէջ. հայելին` աւերած ցուցուց իր դէմքին գիծերը: |
s-110
| Զարմացաւ. ի՜նչ շուտ. երկու օր մտածեց ասոր վրայ, յետոյ դարձեալ շարունակեց իր առջի ընթացքը: |
s-111
| Հարցնողներուն ա՛լ չէր ըսեր, որ ամուսնացած է. բաւական ատենէ ի վեր վաճառատունէն ալ ելած էր ու դրամի նեղութիւն ունեցաւ: |
s-112
| Պարտիզակցի սպասուհի մը` վերջին մնացորդ իր նախկին յարաբերութիւններուն, աւելցուցած բոլոր ստակը, իր չորս հազար ղրուշը կու տար իրեն, եթէ զինքը կնութեան առնէր: |
s-113
| Մարտիրոս բեռնակրութիւն ընելու ոյժ եւ կամք չունէր. գործ մը բռնել կ՚ուզէր ու գործը առանց դրամագլխի չ՚ըլլար: |
s-114
| Ինքնիրեն ըսաւ նաեւ, թէ քանի որ երկիր չպիտի երթար, առանց կնոջ ապրիլը անկարելի էր: |
s-115
| Գաղտնի ու անձայն պսակուեցան, գողերու պէս, առանց Պատրիարքարանին լուր տալու, բարեկամ մը հրաւիրելու. ոսկի մը տուին քահանային ու խնդիր չմնաց: |
s-116
| Այս եղաւ իր վարած կեանքին վերջաւորութիւնը: |
s-117
| Ը. |
s-118
| Հայրենիքը իր կինը կ՚սպասէր. ձմեռը ամառուան, ամառը ձմեռուան կը յաջորդէր, ու տարիները կ՚անցնէին անփոյթ ու անտարբեր իր թախծալից ու սգաւոր կեանքին համար: |
s-119
| Պոլսէն թուղթերը ցանցառ եւ ուշացած կու գային. փօլօսները չէին վճարուիր ա՛լ ու աները իր նամակներուն մէջ կը սպառնար հարսը վռնտել երբոր երկրորդ փօլօսն ալ անվճար մնար. տանը մէջ ամենքը զինքը յանցաւոր կը բռնէին էրկանը անտարբեր ընթացքին համար: |
s-120
| Գացողները կը շարունակէին Պոլսէն դառնալ, ու պատանիներ կ՚երթային պանդխտութեան տառապանքներուն պակասը լեցնելու մայրաքաղաքին մէջ: |
s-121
| Ու թուղթերը կը ճամբէին գեղէն, բարեւներէ, ընտանեաց անդամներու ողջ առողջ ըլլալուն լուրէն եւ ստակ ղրկելու յաւիտենական պահանջումէն բաղկացած: |
s-122
| Պատասխան չկար: |
s-123
| Հարսը` հիմա կատարեալ կին եղած՝ կրնար երբեմն անկիւն մը քաշուած արտասուել: |
s-124
| Ամեն կիրակմուտքի եկեղեցի կ՚երթար. կիսակործան ու գիւղին տնակներուն պէս հին ու սեւցած եկեղեցի մը, ուր պզտիկուց ի վեր գացած էր եւ ուր իր պսակը օրհներ էին: |
s-125
| Հոն, սուրբերու պատկերներուն դէմ զորս լուռ բայց անաչառ վկաներ կը կարծէր իր ամուսնութեան, իր տառապանքը կը պարզէր ու ջերմեռանդ աղօթքներովը, որոնք յանդիմանութեան պէս բան մը կը նշանակէին, պատասխանատու բռնել կ՚ուզէր այս եկեղեցին իր խորանովը, մասունքներովը, բոլոր սուրբերովը, իր կործանած յոյսերուն համար: |
s-126
| Սակայն այս յաւիտեան բացակայ էրկանը համար ըրած աղօթքները չէին փոխեր իր ճակատագիրը: |
s-127
| Այն ատեն հարկ կ՚ըլլար համոզուիլ, բոլորովին յոյսը կտրել այս ամեն ժամ սպասուած ու ամեն ժամ ի դերեւ եղած վերադարձէն: |
s-128
| Գիտէր, ստոյգ գիտէր ալ, որ ամուսինը չպիտի գար. բայց իրիկունը, առանց ուզելու, քայլերը կ՚առաջնորդէին զինքը այն արտը, ուրկէ վերջին անգամ տեսած ու Պոլիս ճամբած էր իր երիտասարդ էրիկը: |
s-129
| Հոն, կանգուն եւ առանձին, հեռուն տարածուող ընդարձակ ու հարթ դաշտին վրայ պտըտցնելով իր հետախոյզ նայուածքը, Այրին դեռ կ՚սպասէր: |