Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 129 • previous

s-101 Հիմա Բերայի ամեն սովորութեանցը, զբօսանքներուն, մոլութեանցը տեղեակ մէկն էր. բաւական ատենէ ի վեր ահա կը վարէր գեղեցիկ ու առոյգ հսկայ մարդու դերը:
s-102 Այս կեանքը չէր կրնար տեւել այսպէս. իր ազդած հրապոյրը կը ռամկանար. առջի հետաքրքրութիւնը կը նուազէր:
s-103 Նոր եկող պարզամիտ տղան չէր. բայց ի՞նչ օգուտ, հարուստ տիկնանց համակրութիւնը` ծառերուն վրայ կեցող թռչուններուն պէս անհաստատ է:
s-104 Իր պաշտպանուհին ճամբած էր զինքը, ու խանութին մէջ հին օրերու վաստակին տասներորդը անգամ չունէր. մօտան անցնելը այդ վաճառատան մէջ գտնուող բոլոր նիւթերուն ճակատագիրն էր, եւ ինքն ալ այդ նիւթերէն մէկը եղած էր բաւական ատեն:
s-105 Սակայն վստահ ու յանձնապաստան ձեւ մը ստացեր էր ու իր երիտասարդութեան ատենէն մնացած վարժութեամբ մը, եթէ ոչ տիկիններու, գէթ կար կարողներու կամ ասդին անդին տուներու մէջ աշխատող սպասուհիներու մօտ յարգի էր:
s-106 Յանկարծ հայրենիքէն թուղթ մը եկաւ, որ բռնի կը յիշեցնէր իրեն մոռցած ու ոտնակոխ ըրած սրբազան պարտաւորութիւնները. այն բարակ պահարանին մէջէն ելլող քառածալ թուղթի կտորը անխուսափելի պարսաւ մըն էր ուսկից ակամայ կ՚ամչնար. այդ անզգայ փոքրիկ սուրհանդակը ընտանի եւ անողոք մարդու կերպարանք կ՚առնէր եւ զինքը կը յանդիմանէր:
s-107 Ո՜րքան արժանի էր այս յանդիմանութեանց. այն ատեն կը զղջար, ինքնիրեն որոշում կու տար երկիր երթալու. վաղանցի՜կ ու անհաստատ որոշում, զոր գործադրելու ոյժը կը պակսէր իրեն:
s-108 Ու այսպէս կը համոզուէր, որ Պոլիս մնալէ ուրիշ միջոց չկար իրեն, ու ժամանակը կ՚անցնէր:
s-109 Օր մըն ալ զգաց որ տարիքը առնելու վրայ էր. սպիտակ թելեր կ՚երեւային մազերուն մէջ. հայելին` աւերած ցուցուց իր դէմքին գիծերը:
s-110 Զարմացաւ. ի՜նչ շուտ. երկու օր մտածեց ասոր վրայ, յետոյ դարձեալ շարունակեց իր առջի ընթացքը:
s-111 Հարցնողներուն ա՛լ չէր ըսեր, որ ամուսնացած է. բաւական ատենէ ի վեր վաճառատունէն ալ ելած էր ու դրամի նեղութիւն ունեցաւ:
s-112 Պարտիզակցի սպասուհի մը` վերջին մնացորդ իր նախկին յարաբերութիւններուն, աւելցուցած բոլոր ստակը, իր չորս հազար ղրուշը կու տար իրեն, եթէ զինքը կնութեան առնէր:
s-113 Մարտիրոս բեռնակրութիւն ընելու ոյժ եւ կամք չունէր. գործ մը բռնել կ՚ուզէր ու գործը առանց դրամագլխի չ՚ըլլար:
s-114 Ինքնիրեն ըսաւ նաեւ, թէ քանի որ երկիր չպիտի երթար, առանց կնոջ ապրիլը անկարելի էր:
s-115 Գաղտնի ու անձայն պսակուեցան, գողերու պէս, առանց Պատրիարքարանին լուր տալու, բարեկամ մը հրաւիրելու. ոսկի մը տուին քահանային ու խնդիր չմնաց:
s-116 Այս եղաւ իր վարած կեանքին վերջաւորութիւնը:
s-117 Ը.
s-118 Հայրենիքը իր կինը կ՚սպասէր. ձմեռը ամառուան, ամառը ձմեռուան կը յաջորդէր, ու տարիները կ՚անցնէին անփոյթ ու անտարբեր իր թախծալից ու սգաւոր կեանքին համար:
s-119 Պոլսէն թուղթերը ցանցառ եւ ուշացած կու գային. փօլօսները չէին վճարուիր ա՛լ ու աները իր նամակներուն մէջ կը սպառնար հարսը վռնտել երբոր երկրորդ փօլօսն ալ անվճար մնար. տանը մէջ ամենքը զինքը յանցաւոր կը բռնէին էրկանը անտարբեր ընթացքին համար:
s-120 Գացողները կը շարունակէին Պոլսէն դառնալ, ու պատանիներ կ՚երթային պանդխտութեան տառապանքներուն պակասը լեցնելու մայրաքաղաքին մէջ:
s-121 Ու թուղթերը կը ճամբէին գեղէն, բարեւներէ, ընտանեաց անդամներու ողջ առողջ ըլլալուն լուրէն եւ ստակ ղրկելու յաւիտենական պահանջումէն բաղկացած:
s-122 Պատասխան չկար:
s-123 Հարսը` հիմա կատարեալ կին եղած՝ կրնար երբեմն անկիւն մը քաշուած արտասուել:
s-124 Ամեն կիրակմուտքի եկեղեցի կ՚երթար. կիսակործան ու գիւղին տնակներուն պէս հին ու սեւցած եկեղեցի մը, ուր պզտիկուց ի վեր գացած էր եւ ուր իր պսակը օրհներ էին:
s-125 Հոն, սուրբերու պատկերներուն դէմ զորս լուռ բայց անաչառ վկաներ կը կարծէր իր ամուսնութեան, իր տառապանքը կը պարզէր ու ջերմեռանդ աղօթքներովը, որոնք յանդիմանութեան պէս բան մը կը նշանակէին, պատասխանատու բռնել կ՚ուզէր այս եկեղեցին իր խորանովը, մասունքներովը, բոլոր սուրբերովը, իր կործանած յոյսերուն համար:
s-126 Սակայն այս յաւիտեան բացակայ էրկանը համար ըրած աղօթքները չէին փոխեր իր ճակատագիրը:
s-127 Այն ատեն հարկ կ՚ըլլար համոզուիլ, բոլորովին յոյսը կտրել այս ամեն ժամ սպասուած ու ամեն ժամ ի դերեւ եղած վերադարձէն:
s-128 Գիտէր, ստոյգ գիտէր ալ, որ ամուսինը չպիտի գար. բայց իրիկունը, առանց ուզելու, քայլերը կ՚առաջնորդէին զինքը այն արտը, ուրկէ վերջին անգամ տեսած ու Պոլիս ճամբած էր իր երիտասարդ էրիկը:
s-129 Հոն, կանգուն եւ առանձին, հեռուն տարածուող ընդարձակ ու հարթ դաշտին վրայ պտըտցնելով իր հետախոյզ նայուածքը, Այրին դեռ կ՚սպասէր:

Text viewDownload CoNNL-U