Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 1 - 100 of 129 • previousnext

s-1 Ա.
s-2 Գիշեր էր, նոյեմբերի տրտում ու խոնաւ գիշեր, որուն մթութեանը մէջ ընկղմուած էր Բերայի Մեծ Փողոցը իր քարաշէն ու բազմայարկ ապարանքներովը:
s-3 Փոշիի պէս բարակ ու ասեղի պէս սուր անձրեւ մը կու գար ու կը լուար ամայի եւ թափուր քարայատակը:
s-4 Կալաթա Սէրայի պահականոցին դէմ, երկու կառապան` յապաղած անցորդ մը գտնելէ յուսաբեկ` ցուրտէն պատսպարուելու համար իրենց կառքին մէջ կը մրափէին:
s-5 Մարդ չկար ու այդ աղմկալից փողոցի ժխորէն ուրիշ բան չէր մնացեր, բայց եթէ առջի իրիկուընէ ի վեր տեղացող անձրեւին անընդհատ ձայնը իր յուսահատական միօրինակութեամբը:
s-6 Հեռուէ հեռու, ուղիղ ու լայն ճամբուն բոլոր երկայնութեամբը, մութին մէջ կը տեսնուէր շարք մը կարմիր ու արիւնագոյն կէտերու` որոնք կազերուն տամուկ ու դողդոջուն լոյսերն էին:
s-7 Քազինօները, քաֆէ շանթանները եւ ուրիշ զբօսավայրերը շատոնց գոցուած էին. անոնց տեղ, հոս` մսավաճառի, հոն` կաթնավաճառի խանութ մը իր դուռը կը բանար, եւ մութուն ելլելու վարժուող այս խանութպաններու աշկերտները` դեռ նոր արթնցած, կէս քուն, կէս արթուն, կանթեղի լոյսով գիշերէն կ՚սկսէին իրենց օրական աշխատութիւնը:
s-8 Ձայն ձուն չկար դեռ ու գիշերապահը տասներկու կը զարնէր փողոցին հնչուն մայթին վրայ:
s-9 Պատի մը տակ, մարդ մը` անշուշտ խաղատան մը մէջ ունեցածը չունեցածը կորսնցնելէ ետքը, կծկտած էր լուսնալուն սպասելով, պառկելու տեղ մը գտնելէ յուսակտուր, վասն զի այս հիւրընկալ փողոցը ստակ չունեցողներուն համար չէ:
s-10 Ասդին անդին քուրջեր հաւաքող մարդիկ, լապտեր մը ձեռքերնին, լռիկ ու գլխահակ, իրենց ուսի կողովը կը լեցնէին:
s-11 Բայց հետզհետէ մութը իր խստութիւնը կը կորսնցնէր, Կալաթա Սէրայէն վար վաճառատուններուն մէջ ձայներ կը լսուէին ու քիչ քիչ անցորդներ երեւան կ՚ելլէին փողոցին մէջ:
s-12 Բանջարեղէններով ու կաթի ամաններով բեռնաւորուած ձիեր հանդարտաքայլ կու գային, կ՚անցնէին վիզերնուն կապուած զանգակներուն ձայնովը արթնցնելով քարուկիր շէնքերուն արձագանգը:
s-13 Հիմա ա՛լ լուսնալու մօտ էր ու Բերայի տուները կը ճշդուէին ստուերամած հորիզոնին վրայ. ձայները երթալով կը շատնային. խանութներու երկաթէ փեղկերը կը շարժէին. կանուխ ելլող սպասաւորներ, պահապաններ, փեղկին մէջ բացուած դռնակէն դուրս կ՚ելլէին ու վաճառատուններու առջեւի սալաքարերը կը մաքրէին խանութին ներսը աւլելէ վերջը. բոկեղ, կաթ ու սալէպ վաճառողներ պոռալով կ՚սկսէին իրենց առտուան առուտուրը, այդ ծառաներուն, բեռնակիրներուն ու պահապաններուն բերելով աժան գինով նախաճաշ մը.
s-14 «բարի լոյս»եր կը փոխանակուէին դրացի մարդոց մէջ:
s-15 Բ.
s-16 Մութին հետ ելաւ Մարտիրոս. խանութը աւլեց, առջի օրուընէ անկարգ թողուած տուփերն ու ծրարները տեղը դրաւ, վաճառատան մեծ ապակին սրբեց ու երկաթեայ փեղկերը բացաւ:
s-17 Քիչ մը վերջը ա՛լ բոլորովին լուսցած էր, գործաւորներ, արհեստաւորներ, ամեն ազգէ ու ամեն կարգէ, Պոլիս կը դիմէին ու Մեծ Փողոցը կը զարթնուր, կը շարժէր այս անցուդարձով. կամաց կամաց խանութները կը բացուէին, ապակիները կը մաքրուէին, գրագիրներ իրենց պաշտօնին, կար կարող աղջիկներ իրենց գործին գլուխը կու գային:
s-18 Առտու էր:
s-19 Վեց ամսէ ի վեր այս մաղազային մէջ կ՚աշխատէր իր հօրեղբօրը տեղ, որ տասը տարի իբրեւ բեռնակիր ու պահապան ծառայելէ վերջ հայրենիք վերադարձած էր, Մարտիրոսը թողլով իր տեղը:
s-20 Տասնըինը տարու կար չկար. բարձրահասակ ու մենծ մենծի էր, ինչպէս կ՚ըսէին կիները, բայց իր թուխ ու գեղեցիկ դէմքը պատանութեան փափկութիւնը կը պահէր առնական դրոշմը առնելով հանդերձ. սեւահեր ու սեւաչուի էր. քաղցր, վեհերոտ եւ տղայական բան մը ունէր իր նայուածքը. լայն ու դուրս ցցուած կուրծքը իր հզօր ու հպարտ իրանին բոլոր առաւելութիւնները ցոյց կու տար:
s-21 Կապոյտ չուխայէ ձեռք մը հագուստ շինել տուեր էին իրեն, որ աղէկ կը վայլէր իր կորովի ու առոյգ մարմնին. ջլապինդ բազուկները հազուագիւտ ոյժ մը պէտք էին ունենալ, մինչդեռ կարճ ու ամփոփ փոխանին զանգապանը ազդրերուն հարուստ ու բարեձեւ լեցունութիւնը կը հաստատէր:
s-22 Բերայի մէջ նորութիւն մը եղաւ այս նորեկ պահապանը. կիները հիացան ու սքանչացան այս երիտասարդին վրայ, որուն ամչկոտ համեստութիւնը նոր ու կանանց համար միայն հասկնալի հրապոյր մը կու տար իրեն:
s-23 Վաճառատան համար ձգողութեան պատճառ մը եղաւ այս պատանի մարդը. ինքը միայն չհասկցաւ այն հետաքրքիր ու մանրախոյզ նայուածքները, որոնց ենթակայ էր. ամենքը համակրելի կը գտնէին զինքը ու չէին քաշուեր բացէ ի բաց իր երեսին ըսելու այնպիսի անհաւատալի համարձակութեամբ մը, որուն վրայ կը զարմանար:
s-24 Ամուսնացա՞ծ ես, կը հարցնէին իրեն ամեն կողմէ:
s-25 Ու հաստատական պատասխանին վրայ, որը կը ցաւէր, որը կը ծիծաղէր. այս Պոլսեցի կիները կատակը կը սիրէին. այնպիսի յիմար բաներ կը տեսնէր, որոնց վրայ հազիւ իր խնդուքը կը զսպէր:
s-26 Առանց բացորոշ բան մը գիտնալու, իր նրբամիտ դրսեցիի բնազդումովը կ՚ըմբռնէր սակայն որ իր նպաստաւոր ընդունելութիւնը աւելի վայելուչ մարմնին կը պարտէր, քան թէ իր աշխատութեանը:
s-27 «Բռէնթան»ի վաճառատան մէջ առջի օրերը Մարտիրոսի համար ապշութեան, զարմանքի ու սքանչացման օրեր եղան:
s-28 Այս բազմայարկ ու փառաւոր շէնքը, իր հազար ու մէկ բաժանումներովը, օձապտոյտ սանդուխներովը, ճոխութեամբը, յաճախորդներու անընդհատ հոսանքովը, պզտիկ, բայց երանելի քաղաքի մը ազդեցութիւնը ունեցաւ իր վրայ:
s-29 Առտուընէ մինչեւ իրիկուն ոսկիներու, մէճիտիէներու հնչիւնն էր, որ կու գար դրան մօտ դրուած սեղանին կողմէն, ուր յատուկ պաշտօնեայ մը տոմարներու վրայ ծռած` անհաւատալի գումարներ ժողվելու միայն զբաղած էր:
s-30 Յաճախորդներ, մեծ մասամբ կիներ, համարձակ, երեսնին բաց, ամեն ազգէ, գլխաւորապէս Ֆրէնկներ, մինչեւ անգամ թրքուհիներ ու հայուհիներ, շպարուած ներկուած, միշտ գեղեցիկ ու ա՛լ աւելի գեղեցիկ լինելու հետամուտ` կու գային անվերջանալի պահանջներով վէճերով զբաղեցնելու բոլոր խանութը:
s-31 Ինքը` հոն կանգուն էր, շուարած, բան մը չհասկնալով այս տարօրինակ ու միջազգային լեզուէն զոր կը խօսէին եւ այս առուծախէն, որուն օգտակարութիւնը չէր ըմբռներ:
s-32 Յետոյ ինքն ալ վարժուելով քիչ քիչ այս բուրդէ, մետաքսէ, ասուիէ, շղարշէ, թաւիշէ ծրարներուն զորս մէկ օրէն միւսը, այս կանանց շրջազգեստը դարձած կը տեսնէր, տակաւ առ տակաւ հասկնալով այս ամենը, ֆրանսերէն բառեր շարունակ լսելով ու սորվելով:
s-33 Պարապ չէին թողուր զինքը խանութին մէջ, անընդհատ տարուբեր այս բոլոր նիւթերուն մէջ, զորս մէկ տեղէն միւսը կը փոխադրէր մինչեւ իրիկուն:
s-34 Եւ գիշերը, երբ այս բոլոր ժխորը դադրէր ու մինակ մնար ընդարձակ խանութին մէջ, վարանոտ ու հետաքրքիր, կը խառնէր, կը ջանար հասկնալ իր շուրջի բոլոր նիւթերը:
s-35 Հոս՝ ֆիլտէքօսէ կամ մետաքսէ կանացի գուլպաներ գոյնզգոյն, բանուած, մինչեւ զիստը ամփոփելու չափ երկայն, որոնց ներդաշնակ շրջագիծը` մարմնի ճշդութեամբ պատկանելու համար ձեւուած էր. անդին ճերմակեղէններ` սպիտակ ու նուրբ վուշէ, որոնց իր համբակ մտքովը գործածութեան տեղ չէր գտներ. շապիկներ` երկար, լայն, թափանցիկ, փրփուր տանթէլներով խառն, որոնք կուրծքը մերկ ձգելու քան թէ ծածկելու համար պատրաստուած էին. ուրիշ ճերմակեղէն հանդերձներ, կարուա՞ծ թէ կարուելիք, չէր գիտեր, վասն զի էն անհրաժեշտ մասերը իրարմէ անջատ ու բաց թողուած կը տեսնուէին. աւելի անդին գլխարկներ, թռչուններով կամ ծաղիկներով զարդարուն, կօշիկներ տարօրինակ ձեւերով, ձեռնոցներ, պախճաւանդներ, ծնրակապեր այս վերջինները կը ճանչնար հայրենիքէն, եւ զորս երբեմն իր ծունկին վրայ կը փորձէր վերջապէս հազար խռովիչ ու հեշտաւէտ առարկաներ, մանաւանդ գեղաբոյր փոքրիկ ու զարդարուն շիշեր որոնք իր դրսեցիի դիւրագրգիռ քիթին համար ամենէն ախորժելի էին:
s-36 Բայց վերի յարկը ա՛լ աւելի զարմանքներու կը հանդիպէր. կար կարողներու սենեակին մէջ, մերկ, բոլորովին մերկ կին մը, ո՛չ , կանացի փայտաշէն մարմին մը, ճշմարիտ ու կենդանի կարծուելու չափ ճարտարութեամբ շինուած, իր զմայլած աչքին կը պարզէր, յայտնի լրբութեամբ մը, այն բոլոր թաքուն հրապոյրները, որոնք իր նոր ամուսնացած երիտասարդի տենդագրգիռ արիւնը կը բորբոքէին:
s-37 Ու մինչեւ լոյս չէր քնանար, կանանց մարմնին համար մտածուած, երեւակայուած, ստեղծուած այս բոլոր խօսուն եւ գրգռիչ նիւթերէն շրջապատուած, որոնց բոլորին վրայ, իբրեւ հրաշալի աշխարհի մը մէջ, այդ մերկ կինը` սէգ, խրոխտ, բայց միանգամայն կարծես թէ անձնատուր ըլլալու պատրաստ, կը տիրէր իր մարմնին շլացուցիչ գեղովը:
s-38 Ու կանանց յատուկ, անոնց գաղտնիքներովը, հրապոյրներովը լեցուն այս քաղաքին մէջ անզգայ պահապան մնալու դատապարտուած` այս երիտասարդը կուրտ աքաղաղի տարօրինակ դեր մը կ՚ստանար:
s-39 Գ.
s-40 Հայրենիքը, Զարդար, իր մանկամարդ կինը, կ՚սպասէր:
s-41 Իրենց սուրբ պսակէն ի վեր հազիւ մէկ երկու ամիս էրկանը երեսը տեսած էր, ու ստակ վաստկելու աննահանջելի հարկը` հեռաւոր երկիրներ առաջնորդած էր զայն:
s-42 Կը սիրէ՞ր արդեօք այն երիտասարդը, որ իր ամուսինը եղած էր. այն կոյր ու անտրտունջ հնազանդութեան մէջ, որ հայուհիներու բոլոր կեանքը կը կազմէ այդ կողմերը, ո՛չ խորհելու եւ ո՛չ զգալու տեղի մնացած է. իրեն չէին հարցուցեր երբեք, թէ կ՚ուզէ՞ր այն մարդը, զոր իրեն սահմանած էին. ինքն ալ չէր մտածեր անոր վրայ. ո՛չ կ՚ատէր եւ ո՛չ կը սիրէր զայն մինչեւ իր ամուսնութեան օրը:
s-43 Եւ ամուսնութենէն ետքը ա՛յնչափ քի՜չ ատեն անցուցած էր հետը, ա՛յնչափ մտերմութենէ զուրկ, որ գրեթէ պաշտօնական եղած էին իրենց յարաբերութիւնները` միեւնոյն յարկին տակ բնակող բազմաթիւ ազգականներու աններող նայուածքին տակ:
s-44 Այդ նոր ընտանիքին մէջ, ուր կը մտնէր գլխաւորապէս ծառայութեան համար, ամենէն քիչ իր էրկանը կը պատկանէր. վասն զի կեսրոջը, աներին, միւս ազգականներուն սպասաւորութիւնն էր իր աւագ պարտաւորութիւնը:
s-45 Այս գեղի աղջիկը գորովի եւ սիրոյ անսպառ գանձեր ունէր սակայն իր սրտին խորը, որոնք մէկ բառով, մէկ գգուանքով թերեւս պիտի յայտնուէին:
s-46 Բայց աւանդութիւնը կար իր աչքին առջեւ, իր ամուսնին հօրեղբայրներուն կիները կային, նոյն իսկ իր կեսուրը կար դէմը, Պոլիս գացող մնացող ամուսիններու սպասելով, տանը անհատնում հոգերուն ու աշխատութեանցը մէջ մաշելով ծերացած կիներ, հիմա գրեթէ պառաւներ, ճիշդ իրեն պէս, նոր հարսի պէս լռիկ ու խոնարհ` այդ մարդոց քով որոնք յանկարծ, երկարատեւ տարիներէ ետքը, յիշեր էին, թէ այդ դժբաղդներուն ամուսիններն էին իրենք ու հայրենիք վերադարձեր էին, այլեւս աննպատակ ու անօգուտ դարձած ամուսնական կեանքը շարունակելու:
s-47 Ահա այս հէք, աղեբեկ ու կորաքամակ օրինակները կային իր առջեւ, որոնք ստուերներու պէս անխօս` իր շուրջը կը դառնային, եւ Զարդար էրիկ կնկան ուրիշ տեսակը չէր երեւակայած երբեք:
s-48 Չզարմացաւ ուրեմն երբ կարգը էրկանը եկաւ մեկնելու:
s-49 Իր մշտնջենապէս կրաւորական դերին մէջ գաւառացի հայ կինը գանգատելու անգամ զօրութիւն չունի. Պոլսէն թուղթ եկաւ. հօրեղբօր մը գալուստը իմացուցին ու Մարտիրոսի մեկնելու պատրաստութիւնները տեսան. հարսը` իր հոգածու ամուսինի պատրաստութեամբը` երկու զոյգ բուրդէ գուլպայ շինեց, մայրը ու միւս ազգականները մէյ մէկ յիշատակ տուին ճամբորդին ու երկուշաբթի օրուան կարաւանով մօտի գիւղէն Պոլիս գացող ուրիշ երիտասարդի մը` Խաչոյին հետ ճամբայ դրին զայն:
s-50 Զարդար մինչեւ իրենց արտը, որ ճամբուն կողմն էր, մէկտեղ գնաց ու վերջի պահուն, երբ հրաժեշտի ողջոյններ փոխանակուեցան, արցունքի փախստական կաթիլ մը սահեցաւ ինկաւ հարսին աչքէն երիտասարդին ձեռքին վրայ. այսչափ ահա այս բաժանման բոլոր սրտայուզութիւնը:
s-51 Մարտիրոսի մեկնելէն ի վեր հարսը իր բաժինը առած էր տան աշխատութենէն ու իր տեղը կեսուրը հանգստեան կոչուած. հաց եփել, կաթ կթել, ջուր ու փայտ բերել իրեն կ՚իյնար միշտ, ու երիտասարդ կինը` ագարակի կենդանիներու յատուկ հեզութեամբը իր ծառայութիւնը կը կատարէր:
s-52 Դ.
s-53 Բերայի Մեծ Փողոցին մէջ վաճառքի ահագին հակի մը անտանելի բեռին տակ ճնշուած, քրտնաթոր, ճակատներուն երակները պայթելու չափ ուռած, հագուստնին պատառուն, ցեխոտ, չորս բեռնակիրներ, մէկը ծերուկ, այս տառապանքներուն տակ ալեւորած, միւս երեքը դեռ երիտասարդ, կ՚անցնին հեւալով:
s-54 Խաչօ՛ , պոռաց ձայն մը անոնցմէ մէկուն:
s-55 Խաչօ գլուխը դարձուց, մեծահարուստ վաճառատունէ մը իր անունը տուող ձայնի տէրը ճանչնալու համար:
s-56 Նոր լաթեր հագած գեղապանծ երիտասարդ մը, կապոյտ լօթիկին մէջէն ցոյց տալով վահանաձեւ կուրծքը, ածիլուած, մաքուր, ֆէսը աջ կողմը ծռած քիչ մը, իր փոխանին փոթերը շտկելու զբաղած, վաճառատան դրան մօտ կեցեր ու իրեն կը ձայնէր:
s-57 Բեռնակիրները արդէն ուժասպառ վար դրին իրենց բեռը. բայց Թաղապետութեան չավուշները ընդդիմացան. Բերայի Մեծ Փողոցը յոգնութիւն առնելու տեղ չէր, բեռնակիրները շունչ առնել կ՚ուզէին եւ չավուշները թող չէին տար:
s-58 Օլմազ, կ՚ըսէր սպիտակ ժապաւէններով զարդարուած ու մէջքը սուր կապած կէս-լեզու յոյն պաշտօնեայ մը, որ անոնց մեծը կը թուէր:
s-59 Բեռնակիրները իրենց հայախառն թուրքերէնով կը բողոքէին.
s-60 Պիզիմտէ ճանիմիզ եօ՞խ մի՛ . պէ մարդ Աստուծոյ, կը գոչէր ծերուկը:
s-61 Գլխարկաւոր անցորդներ կը շրջապատէին զիրենք, կիները կանգ կ՚առնէին վէճին պատճառը իմանալու հետաքրքիր:
s-62 Ու բեռնակիրները կը ծռէին իրենց տաժանելի խաչին տակը մտնելու համար նորէն:
s-63 Աղքատութիւնը հարստութեան դէմ կանգ առնելու իրաւունք չունէր:
s-64 Մարտիրոս իր չորս հէմշէրիներուն հեռանալը տեսաւ. ո՜ւր Խաչօն, ո՜ւր ինք. եւ սակայն միեւնոյն գեղէն էին գրեթէ, միեւնոյն տարիքը ունէին եւ միասին մեկներ էին երկրէն. Խաչօն ալ կայտառ ու յաղթամարմին տղայ մըն էր, իր նշանածը թողած, ինչպէս որ ինքն ալ իր կինը ձգած էր` ստա՜կ , միշտ ստա՜կ , յաւիտեան ստակ վաստկելու համար:
s-65 Ինքը Բերա էր ու Խաչօն Ղալաթիա մնացեր էր. մէկը լերան վրայ, միւսը ստորոտը, եւ կը թուէր, թէ երբեք այդ ստորոտէն վեր չպիտի կրնար ելլել:
s-66 Մարտիրոս այս բաղդատութիւնը կ՚ընէր մտքէն:
s-67 Աղէկ շահ կար իր ծառայութեան մէջ ու աղէկ հաճոյք. հայրենի տան աղքատիկ ու միօրինակ կեանքը` լուսուն ճեղքուելուն հետ անհետացող անհաճոյ եւ անկարելի երազի մը տպաւորութիւնը կը դառնար հետզհետէ. այս բոլորովին իգական աշխարհին սեմէն ուր հազիւ ոտք կը կոխէր, ապագան փայլուն ու հիանալի կ՚երեւար. ֆրանսերէն սորվիլ կը սկսէր ահա ու մատամ կ՚ըսէր տիկիններուն խօսած ատենը, վասն զի տիկիններուն հետ կը խօսէր. շարունակ փոքր ու մեծ ծրարներ կը տանէր անոնց տունը ու պախշիշ կ՚առնէր:
s-68 Յայտնի էր որ քիչ շատ ամենուն հաճելի սպասաւոր մըն էր:
s-69 Ֆրանսուհի մը` Արեւելքցիներուն այս կատարելագործեալ տիպարին սիրահար, ու մանաւանդ Բերացի հայ տիկին մը ամենէն անակնկալ կերպով իր փոքրիկ ծառայութիւնները կը վարձատրէին, ու ինքը այս ներհակ, նախանձոտ ու ոսոխ հրապոյրներու մէջ կը վարանէր իր դեռաբոյս պեխերը շոյելով:
s-70 Ե.
s-71 Հայ տիկինը հարուստ վաճառականի մը ամուսինն էր. շարունակ յօդացաւէ տանջուող էրիկէն զզուած` մոռցեր էր, որ այս ծեր բայց հարուստ մարդը աղքատութենէն դուրս հանած ու իրեն կին ըրած էր զինքը:
s-72 Այս հարստութիւնը` զոր ատեն մը աղքատութեան խոշորացոյցովը տեսած էր` չէր փոխարիներ հիմա հիւանդոտ ու ալեւոր մարդու մը կինը ըլլալու դժբաղդութիւնը եւ այս առուտուրէն` որ իր ամուսնութիւնն էր` պարագաներուն ներածին չափ` զղջումը յայտնած էր:
s-73 Անկախ, ինքնիշխան, իր անսահման ազատութիւնը ի՛նչ բանի գործածելու շուարած` այս կինը ամեն օր Բերայի խանութներուն մէջ թափառիկ, մեծածախ արդուզարդի մտմտուքով զբաղած, ոչ ոք գտած էր մինչեւ այն ատեն իր արտակարգ բնաւորութեանը յարմար:
s-74 Շուրջը դարձող երիտասարդները միշտ մեծարանքով ու փայփայանքով վայելեր էին զինքը եւ սակայն այս թոյլ ու վատ եղանակը չէր իր տարփատենչ երազը:
s-75 Յանկարծ օր մը իր յաճախած խանութներէն մէկուն մէջ երիտասարդ մը տեսաւ առոյգ, գեղեցիկ ու կոպիտ, որ ճիշդ իր փնտռած առնական տիպարն էր, եւ այն վայրկեանէն ան եղաւ իր միակ կիրքը:
s-76 Ալ չպակսեցաւ այդ վաճառատունէն մանր մունր բաներ գնելու պատրուակով:
s-77 Անթիւ, անհամար ծրարներ կը ղրկէր տուն զորս Մարտիրոս յօժարափոյթ կը տանէր, ու երբ պատահէր, որ իր մեծաճոխ շրջազգեստը երիտասարդին դպէր, կամ դրամ տալու առթիւ իր քնքոյշ ու փափուկ ձեռքը անոր լայն, ամուր ու ջղուտ ձեռքին հանդիպէր, սարսուռ մը կ՚անցնէր իր մորթին վրայէն:
s-78 Երբեմն տունը կը գտնուէր ու մոռցուած յանձնարարութիւն մը լսելու համար Մարտիրոս մինչեւ հանըմին երանաւէտ սենեակը կ՚ելլէր:
s-79 Այսպէս շարունակեց տիկինը ատեն մը, բայց յետոյ համբերութիւնը հատաւ. վերջապէս այդ գեղեցիկ համալը սեպելու մարդ չէր:
s-80 Բայց միշտ հնարամիտ ճարտարութեամբ իր տեսակցութիւնները կարգադրեց այս դրսեցի տղուն հետ որուն անփորձ պարզմտութիւնը իր տարփանքին սաստկութեանը չափ մեծ էր:
s-81 Կ՚զգար, որ յիմարութիւններ ընելու կարող էր անոր համար. ու թաղուած գանձ մը գտնող ագահի մը պէս իրեն միայն վերապահել ու յատկացնել կ՚ուզէր զայն, մինչդեռ Մարտիրոս` որ իր լեռնցի մարդու բնութիւնը ձգելու ատեն ունեցած չէր, այս քաղաքի մարդոց ու կիներուն վրայ հաւասարապէս կը զարմանար:
s-82 Եւ այս զբօսանքներուն մէջ մոլորուած, հայրենի տնակին մէջ թողած օրինաւոր ամուսինը չէր յիշեր այլեւս. այն արցունքով գրուած տողերը զորս հէք կինը իր ձեռքը կը հասցնէր, անոր քարացած ու ապականած սիրտը շարժելու անկարող էին. ստակ կը ղրկէր որչափ որ ուզէին, բայց դառնալու խօսք մտիկ չէր ըներ:
s-83 Ու հէմշէրիները, անդին, իրմէ քայլ մը հեռու, խնայողութեամբ ու զրկանքով ստակ հաւաքած, մաս առ մաս կը վերադառնային հայրենիք, սիլանուն խաւուշմիշ ըլլալու:
s-84 Զ.
s-85 Ձմեռնամուտին, շրջակայ գիւղերէն շատեր Պոլսէն դարձան եկան. ամուսիններ, նշանածներ ու աղջիկներ խնդացին. գիւղային ու ընտանեկան կեանքը իր բոլոր սուրբ ու մաքուր եռանդովը վերակենդանացաւ:
s-86 Խաչօն այդ վերադարձողներէն էր. արտ մը ու զոյգ մը եզ գնելու չափ ստակ ժողվեր ու եկեր էր. նշանած էր արդէն ու հարսնիքը չուշացուցին. Մարտիրոսի մէկ հօրեղբայրը կնքահայր եղաւ. ամենքը կը սիրէին Խաչօն. ուրախութեան, տօնի օր մը եղաւ հարսնիքին օրը:
s-87 Զարդար հոն էր. իրեն ալ ճիշդ վեց տարի առաջ այսպէս ուրախութեամբ տօներ էին հարսնիքը. դրացի ու գիւղացի եկեր էին, այո՛ , ճիշդ այսօրուան պէս հազար մաղթանքներ ընելու:
s-88 Բայց քանի մը օր վերջը էրիկը ձգեր գացեր էր զինքը ու ա՛լ չէր երեւցեր, եւ իր առանձնութիւնն ու լքումը ամօթ մը կը թուէր իրեն` այս ցնծայոյզ բազմութեան մէջ:
s-89 Ետ դարձան. հետեւեալ օրը իրենց ամայի տնակը բոլորովին մութ ու խաւար երեւցաւ իր աչքին:
s-90 Գուցէ տասներորդ անգամը ըլլալով սրտաբուխ ուխտով եկեղեցի վազեց ու Տիրամօր պատկերին առջեւ արտասուելով իր խնդիրքը ըրաւ. եւ Տիրամայրը, արծաթէ թագը գլխուն, ունկնդրեց իր սեւցած ոսկեզօծ շրջանակէն, ինչպէս շատերուն աղաչանքներուն էր ունկնդրած:
s-91 Ապա ձմեռը հասաւ իր բոլոր սաստկութեամբը, իբրեւ թէ այս հայրենիք դարձողներուն յիշեցնելու համար, որ յարմար ժամանակին հասած էին հայրենի վառարանը:
s-92 Ու Պոլսէն լուրեր, տեղեկութիւններ կու գային գիւղէ գիւղ անոնց վրայ, որոնք այս աշնան չէին կրցած միասին դառնալ:
s-93 Կարապետ յաջորդ տարին, իսկ Կիրակոս միւսին պիտի դառնար:
s-94 Միայն Մարտիրոսի վերադարձին խօսքը չկար:
s-95 Յետոյ ձիւն ու սառոյց ամեն կողմ, ամեն ոք իր տան մէջ փակուած, եւ այսպէս տարի մը եւս լրացաւ:
s-96 Է.
s-97 «Բռէնթան»ի վայելչակազմ պահապանը աղէկ ճամբու մէջ էր:
s-98 Մոլութիւնն ու ապականութիւնը սահուն զառիվար մըն Է, որուն կէսին վրայ կանգ առնել դժուար է:
s-99 Տարիները կ՚անցնէին միշտ ու ինքը, Բերայի փողոցներուն մէջ կը շրջէր թափառայած, միշտ մաքուր հագուած, ածիլուած, սեւ պեխերը ոլորուն ու հնդիկ իշխանի մը պէս պահելով իր հայրենի զգեստները, որոնք իրեն այնքան աղէկ կը վայլէին:
s-100 Օր մը միայն, փորձի համար, եւրոպական զգեստներ հագած էր եւ այն օրը ոչ ոք երեսը նայեցաւ:

Text viewDownload CoNNL-U