Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 Գարուն էր։
s-2 Փոքրիկ գիւղին միակ փողոցը կառագնաց խճուղին էր։
s-3 Փրովանսի անուշ արեւը մասնաւոր հոգածութեամբ մը տեղաւորուեր էր գիւղին ու արտերուն վրայ։
s-4 Հեռուէն եկող ելեկտրական սղոցի մը զիլ ճռինչը՝ որ ատաղձագործի մը ներկայութիւնը կը մատնէր, արեւոտ օդին մէջ զուարթ յանկերգի մը պէս կ՚երկարէր։
s-5 Երբ դրան մը առջեւ փայտի տաշեղներու դէզ մը տեսայ, կեցուցի կառքս, արհեստս յիշեցնող պայուսակը ձեռքիս՝ արհեստանոց մտայ։
s-6 Մարդը տախտակին վրայ ծռած՝ լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւէր գործողութեան։
s-7 Այսինքն ետ չդարձաւ երբ դուռը գոցեցի աղմուկ հանելով։
s-8 Սպասեց, որ գործողութիւնը լրանայ։
s-9 Այն ատեն միայն դանդաղ շարժումով մը ետ դարձաւ մարմնին կիսովը, գլուխը թեթեւ մը ծռած։
s-10 Նայուածքին մէջ հարցում կար, զոր ոչ մէկ աճապարանք ունէր արտայայտելու։
s-11 Մօտեցայ իրեն եւ ներկայացայ։
s-12 Ո՛չ , ըսաւ, բանի մը պէտք չունիմ։
s-13 Ձայնը նոյնպէս դանդաղ էր, ինչպէս իր շարժումները, բայց հաստատակամ։
s-14 Մէկ խօսքով թումբ կանգնեցուց ընելիք առաջարկներուս վրայ։
s-15 Եւ սակայն, անպայման կ՚ուզէի բան մը ծախել, յանձնարարութիւն մը ընդունիլ իրմէ։
s-16 Ակնարկով մը արհեստանոցին ամբողջ միջոցը քննեցի։
s-17 Ամէն կողմ տախտակ կար որուն գործածութիւնը կարելի չէր գուշակել եւ ծախած ապրանքներէս առաջարկներ բերել։
s-18 Բայց անկիւն մը դագաղ մը տեսայ։
s-19 Կը տեսնեմ որ, ըսի, դագաղ ալ կը շինէք։
s-20 Ես ունիմ նաեւ շատ աղուոր եւ աժան դագաղի կոթեր, խաչեր։
s-21 Ատաղձագործը հեգնական քրքիչ մը ունեցաւ։
s-22 Այս գիւղին մէջ մարդ չի մեռնիր, ըսաւ, խորհրդաւոր տեսք մը առնելով եւ աչքերը վրաս բարձրացուցած։
s-23 Է՛հ , այս դագաղը լիւքսի համար չէք շինած։
s-24 Ատիկա ուրիշ պատմութիւն է ապուշութի՜ւն , ապուշութի՜ւն ։
s-25 Յիսուն տարի է, որ արհեստին մէջն եմ, ասիկա առաջին դագաղն է, որ շիներ եմ եւ այն ալ, ինչպէս կը տեսնէք, փոշիին մէջ թաղուած մնացեր է։
s-26 Հողի՛ն մէջ ըլլալու տեղ։
s-27 Ի՞նչպէս , ըսի, խելքիս չի հասնիր, դագաղը ապսպրեցին, դուք շինեցիք եւ չառի՞ն ։
s-28 Հարկաւ մեռելը առանց դագաղի չթաղեցին։
s-29 Ի՞նչ մեռել, սիրելիս, հոս մեռնող չկայ։
s-30 Բայց սա մեր անիծեալ ծերունի Մառմոյին խելքին փչեր է, ուզեր է մեռնիլ, կ՚երեւի շիփ շիտակ երկննալու համար իր սիրական հողերուն մէջ, քիչ մըն ալ որովհետեւ եօթանասուն տարի է մէջքին վրայ երկուքի ծալլուած ապրելէն ձանձրացեր է։
s-31 Առտուն անկողին մտեր է, կէսօրէն ետքը բժիշկը հոգեւարքը յայտարարեր է։
s-32 Մէկը վազեր քահանան բերեր է, որ անմիջապէս հաղորդութիւն է տուեր, որ ութսուննոց գայլը չըլլայ թէ դժոխք երթայ, միւսը վազեր եկեր է հոս՝ «Վարպե՛տ , կ՚աղաչեմ, դագաղ մը, ծերունի Մառմոն անցնելու վրայ է, քահանան եկաւ, թաղումը վաղը առաւօտ պիտի ըլլայ»։
s-33 «Ես դագաղ չեմ շիներ, պոռացի, ես մեռելներու համար չեմ աշխատիր, ինծի դագաղ շինել մի՛ տաք, ես տուն շինել կ՚ուզեմ, տո՛ւն , ապրողներուն համար։
s-34 Չեղաւ։
s-35 Աղաչեց.
s-36 «Վարպետ, վաղը պէտք է թաղենք, հիմա գործերու եղանակն է կորսնցնելիք ժամանակ չունինք, հողը մեզի չսպասեր , մենք հողին գերին ենք»։
s-37 Ըսի, քաղաք գացէք, քաղաքէն առէք։
s-38 Չեղաւ, շարունակ կը կրկնէր.
s-39 «Հողը մեզի չըսպասեր »։
s-40 Անպիտանը չէր ուզեր ըսել, որ քաղաքը աւելի սուղ է։
s-41 Ինչ որ է, ամբողջ գիշերը աշխատելով շինեցի դագաղը։
s-42 Մէյ մըն ալ առտուն կանուխ եկաւ տղան։
s-43 «Վարպետ, շինեցի՞ր դագաղը», եւ ա՜հ , ըսաւ, սեղանին վրայ պատրաստ դագաղը տեսնելով, ալ պէտք չունինք, աւելցուց ցած ձայնով, ծերունին մեզի խաղ խաղաց»։
s-44 Ի՞նչպէս թէ խաղ խաղաց։
s-45 Տղան ձեռքէս բռնելով սա ետեւի դրան առջեւ տարաւ, բացաւ, եւ ցուցամատը երկարած հեռուն, ցոյց տուաւ ծերունին, որ առտուն մութն ու լուսին ոտքի ելած իր հողը կը մշակէր։
s-46 Է՜հ , ըսի, հիմա պիտի սպասէք, որ ուրիշ մը մեռնի, ձեր դագաղը ծախելու համար։
s-47 Դուք չէք հասկնար, պատասխանեց ատաղձագործը զայրացած, կամ չէք ուզեր հասկնալ, երբ կ՚ըսեմ թէ հոս մարդ չի մեռնիր։
s-48 Ինչպէ՞ս թէ մարդ չի մեռնիր։
s-49 Մեր գիւղին մարդիկը քաղաք կ՚երթան, քաղաքը կը մեռնին, ըսաւ, քաղաքը։
s-50 Չէ՞ք տեսներ, գիւղը պարպուած է։
s-51 Ալ հասկցած էի, որ այս ատաղձագործին հետ ընելիք չունէի։
s-52 Դուրս ելլելէս առաջ ակամայ ակնարկս ինկաւ շինուած դագաղին վրայ, որ տխուր էր, ցուրտ էր։
s-53 Մարմնիս երկայնքէն սարսուռ մը անցաւ։
s-54 Դագաղ մը, երբ մէջը մեռել չկայ, աւելի տխուր է, աւելի պաղ։

Text viewDownload CoNNL-U