Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

s-1 ՇՈՂԵՐ ՃԵԼԼԱՏԵԱՆ, Թորոնթօ
s-2 Լեզուն բոլոր մշակոյթներու բառային տեսքով արտայայտուելու ուղին է։
s-3 Հայերէն լեզուն իր գրական, խօսակցական եւ բարբառային տարբերակներով կը հանդիսանայ աշխարհի հնագոյն եւ գեղեցկագոյն լեզուներէն մէկը, իր հազարագանձ բառամթերքով, բառակազմութիւններով, շարադասութեամբ, հնչիւնաբանութեամբ եւ լեզուական այլ յատկանիշներով։
s-4 Խօսակցական հայերէնը ոչ միայն գրական լեզուին տիրապետող հանրութեան բանաւոր, անկաշկանդ խօսքն է, այլեւ ժողովուրդի այն մասի խօսքը, որուն համար գրական լեզուն սովորաբար հաղորդակցութեան միջոց չէ։
s-5 Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին յառաջացուցած է իւրայատուկ խօսակցական լեզու մը, հարուստ դարձուածքային խօսելաձեւերով, որոնք չեմ գիտեր ինչու, ինծի համար նոյն համն ու հոտը չունին, գոնէ իմ գիտցած այլ լեզուներուս մէջ։
s-6 Այս դարձուածքային խօսելաձեւերը բազմաթիւ են ու բազմազան, մեր մանկութենէն յաճախ լսած ու ընկալած ենք։
s-7 Անոնք բնականաբար սկսած են մաս կազմել մեր առօրեայ խօսակցութիւններուն։
s-8 Այս դարձուածքներու կազմութեան մէջ հիմնական դեր ունին մեր մարմնի անդամները, որոնք յաճախ ենթականեր են, միանալով հետաքրքիր բայերու եւ լրացուցիչ գոյականներու կ՚ամբողջացնեն նախադասութիւնները եւ խօսակցական լեզուն կը համեմեն զանազան արտայայտութիւններով։
s-9 Այս առումով՝ գլուխը առաջնահերթութիւն ունեցող մէկ անդամն է։
s-10 Հայրը կամ մայրը երբ իրենց ձանձրոյթը պիտի արտայայտեն երեխաներու աղմուկէն բարկացած պիտի ըսեն՝ «Գլուխս տարիք», իսկ եթէ նոյն բանը քանի մը անգամներ կրկնուի՝ «Գլուխս արդուկեցիք»։
s-11 Եթէ բարեկամի մը պիտի բացատրենք թէ որքան բազմազբաղ ենք այս օրերուն՝ «Գլուխ քերելու ժամանակ չունիմ»։
s-12 Երբ զգաս որ ոեւէ մէկը չի կամենար քեզ օգտակար դառնալ՝ «Եղունգ ունիս գլուխդ քերէ»։
s-13 Դժբախտութիւն մը պատահելու պարագային ալ գլուխը չի կրնար խուսափիլ իրողութենէն՝ «Վայ, գլխուն մեծ փորձանք մը եկած է»։
s-14 «Պայթիլ» բայն ալ կրնայ միանալ գլխուն եւ շեշտել յանցագործութիւնը՝ «Գլխուն պայթեցաւ»։
s-15 Երբեմն բարկացած պահու մը կը ստիպուինք քաղաքավարութեան սահմանները խախտել ըսելով՝ «Խնդրեմ, գլուխս երբեք պարապ չէ քեզի համար»։
s-16 Սակայն չմոռնանք յարգանքի մեծ բաժինն ալ, որ գլուխը կը վայելէ՝ «Գլխուս վրայ տեղ ունիս», իսկ եթէ գաղափարին երբեք համոզուած չենք՝ վճռաբար կ՚ըսենք՝ «Ասանկ բաները գլուխս չեն թրջեր»։
s-17 Յաջողութեամբ աշխատանքը աւարտողը կը գնահատեն՝ «Իսկապէս, շատ լաւ գլուխ հանեց»։
s-18 Հայրը կը սաստէ ըմբոստ երիտասարդ տղան.
s-19 «Գլուխէդ վեր բաներու մասին չմտածես»։
s-20 Թղթախաղի ընթացքին գլուխը շատ անգամ սպառնալիքի կրնայ ենթարկուիլ.
s-21 «Այս անգամ ես քու գլուխդ պիտի կտրեմ»։
s-22 Լեզուն ալ գլուխէն ետ չմնար։
s-23 Երեխան երբ նոր խօսիլ սկսի, մեծ մայրը կ՚ըսէ.
s-24 «Թոռնիկս լեզու ելաւ»։
s-25 Երբ մէկը ճարտարօրէն կրնայ համոզել, կը գովենք.
s-26 «Ինչ լաւ լեզու թափեց»։
s-27 Երկու կիններ կ՚ափսոսան ծանօթ բարեկամուհիի մը բամբասանքի նիւթ դառնալը, եւ գլուխ տարուբերելով կ՚ըսեն.
s-28 «Մեղք է, ժողովուրդին լեզուն ինկաւ»։
s-29 Երբ վէճ մը շատ սաստկանայ, վիճաբանողներէն մէկը պարտաւորուած կրնայ ըսել.
s-30 «Լեզուդ քաշէ՛ , ալ կը բաւէ»։
s-31 Իր խորամանկութեամբ ընկերը անել վիճակի մատնողը կը հպարտանայ թէ «Լեզուն բռնուեցաւ չկրցաւ պատասխան տալ»։
s-32 Ականջը յաճախ պատժամիջոց դարձած մարմնի անդամն է, հակառակ իր կենսականութեան։
s-33 Թէեւ ներկայ սերունդներու ականջները ձերբազատուած ու հանգստացած են այդ պատիժէն, բայց երբեմն տակաւին կրնան լսել «Ականջդ պէտք է քաշուի» ոչ կիրառելի յանդիմանութիւնը։
s-34 Մտահոգ բարեկամդ կրնաս մխիթարել ըսելով.
s-35 «Ականջիդ ետեւ նետէ» կամ «Ականջ մի՛ դներ»։
s-36 Լաւագոյն ծնողական խրատ մըն է «Ականջդ լաւ բաց, զաւակս»։
s-37 Ձեռքն ու ոտքն ալ անշուշտ մաս կը կազմեն այս ցանկին։
s-38 Առատաձեռն մարդուն պիտի ըսենք «Ձեռքը բաց է», իսկ անճարակին՝ «Անոր ձեռքէն բան չ՚ելլեր»։
s-39 Բամբասող կիները գողի մը պատմութիւնը կը սկսին ըսելով.
s-40 «Լսեցինք ձեռքը ծուռ է եղեր»։
s-41 Ոստիկան մը երբ պարմանուհի մը կը հարցաքննէ թէ այդ երիտասարդէն ինչ պատճառով կը գանգատիք, վերջինս երկու բառով կրնայ բացատրել պատահածը.
s-42 «Ձեռք նետեց»։
s-43 Հաւաքական աշխատանքի մը միայն որպէս դիտորդ մասնակցողը հաւանական է որ լսէ «Ձեռքդ բանի մը չդպցուցիր» նկատողութիւնը։
s-44 Երբ պատանիէն բարկացած հայրը վերջնականօրէն պիտի արգիլէ որեւէ տեղ երթալ՝ «Ոտքդ կտրէ. տեղդ նստիր»։
s-45 «Պնդել» բայը այնքան ալ ազդեցիկ չէ քան «Ոտք կոխեց» ըսելը։
s-46 Նահանջելն ալ կրնայ ոտքով բացատրուիլ.
s-47 «Վերջապէս ոտքը քաշեց հոսկէ»։
s-48 Քիթը ընդհանրապէս բացասական դերակատարութեամբ հանդէս կու գայ.
s-49 «Քիթդ մի խոթեր», ուրիշի գործին մի խառնուիր։
s-50 Հետաքրքիրին «քիթը երկար է», իսկ գարշահոտութենէն կրնայ «քիթը փրթիլ»։
s-51 Մեծ մայրիկը կ՚ափսոսայ ազգականի մը ձախողութիւնը.
s-52 «Մէկ խօսքով՝ խեղճին քիթէն եկաւ»։
s-53 Երբեմն ալ երկու անձերու միջեւ նմանութիւն գտնող վարպետները նմանութիւնը շեշտելու համար «Քիթէն ինկեր է» պիտի ըսեն։
s-54 Անշուշտ բերանն ալ գործօն անդամ է այս ծիրէն ներս։
s-55 Ուսուցչուհին քանի մը անգամներ շատախօս աշակերտին «մի խօսիր» ըսելէ ետք «Բերանդ գոցէ» կը գոչէ։
s-56 Աւելորդ պակաս բաներ խօսողին՝ «Բերնիդ չափ ու սահման դիր»։
s-57 Վայ անոր որուն անգաղտնապահ ըլլալը բացայայտուի՝ «Անոր բերանը բան չի թրջիր» կ՚ըսեն, իսկ եթէ հակառակն է՝ «Չէ, երբեք կասկած մի ունենաք, բերանը ամուր է»։
s-58 Աչքի պէս պարզ եւ աչքի պէս խորունկ. աչքն ալ իր բաժինը առած է այս դարձուածքներէն։
s-59 Երբ մէկը շատ հետաքրքիր ծիծաղ մը կը պատմէ, լաւ մը խնդալէն ետք շնչասպառ կ՚ըսենք.
s-60 «Աչքդ չ՚ելլէ, ուրկէ բերիր այս մէկը»։
s-61 Երազկոտ մանուկը իր ամպերէն վար բերելու համար կ՚ըսեն.
s-62 «Աչքդ լաւ բաց»։
s-63 Փափկասուն տիկինը առեւտուրէ վերադարձին կը փորձէ ամուսինը համոզել թէ ցուցափեղկին մէջ տեսած ադամանդեայ մատանին շատ սիրած է եւ անպայման կ՚ուզէ հատ մը ունենալ՝ «Աչքս վրան մնաց» կրկնելը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է։
s-64 Սնահաւատութենէ ալ իր բաժինը ստացած է աչքը. երբեմն կապոյտ գոյնով աչքի նշաններ կը դրուին դռներու վրայ եւ ըստ այնմ վատ բան մը պատահելու պարագային կ՚ըսուի «անպայման աչք դպած է» կամ «աչքէ եղաւ»։
s-65 Անգլերէն լեզուի մէջ շատ գործածուած կրկնակի ստուգումը, հայերէնով աւելի հեշտ է ըսել «Աչք մը եւս նետէ»։
s-66 Խեղճ աչքը երկու պարագաներուն ալ կը ծառայէ. երբ անհատը ագահ է՝ «Աչքը ծակ կ՚ըլլայ», հակառակը՝ «Աչքը կուշտ է»։
s-67 Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պեպօ» թատրերգութեան մէջ, երբ Արութին իր պարտքը կ՚ուրանայ եւ փոխարէնը հինգ թուման կը փորձէ տալ, Պեպօ դրամը Արութինի երեսին շպրտելով կ՚ըսէ.
s-68 «Հը՛ , բռնէ՛ , աչքդ խոթէ կնկադ համար առնելիք կ՚ունենաս»։
s-69 Պէտք չէ մոռնանք նաեւ սիրտը՝ մարմնի շարժիչը, այս պարագային նկարագիր բնութագրողն է։
s-70 Անհատի մը մասին դրական արտայայտուելու համար կ՚ըսենք՝ «Սիրտը մաքուր է», իսկ բացասականին սիրտը իր գոյնն իսկ կը փոխէ՝ «Սիրտը շատ սեւ է»։
s-71 Բաւարար չէ պարզ բառերով պատմել թէ բարեկամ մը առաջին հանդիպումէն շատ սիրած ենք. կը նախընտրենք ըսել՝ «Առաջին օրէն սիրտս մտաւ»։
s-72 Եւ եթէ շարունակենք մտածել այս առնչութեամբ կրնանք տակաւին շատ մը օրինակներ վերյիշել, այս արտայայտութիւնները կը շարունակեն մնալ խօսակցական լեզուի օգնականներ, երկար միտքերն ու խօսքերը կարճ ու դիպուկ կերպով հաղորդելու լաւագոյն միջոցներ։
s-73 Եւ մանաւանդ, մեր լեզուն կ՚ըլլայ աւելի համով ու հոտով։

Text viewDownload CoNNL-U