Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Partdev

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 168 • previous

s-101 Գուցէ զոյգ այս կիներուն տեսիլքն էր, որ անոնց վրայ բերաւ սիրտ սեղմող, շատ անօթի զգայութիւններ, բոլորովին նման անոնց, որոնցմէ տառապեր էին այդ տղաքը, խուլ բակերուն խորը, երբ նորատի հարսնուկներ առանց զգալու իրենց ըրածին ծանրութիւնը, կը ժպտէին իրենց ու կու տային օրուան ուտեստը, ըսելով աշխատութեան տեղը եւ հեռանալով, մշտաժպիտ ու հո՜վ ։
s-102 Հիմա չամչնային, հաստատել ջանային պիտի հետքերը ձողին, երկու կիներուն բազուկներէն, որ թօթուած էր պտուղները։
s-103 Ո՞վ էր ըսեր իրենց ներկայութիւնը կիներուն, քաղի ցերեկին։
s-104 Բայց վերադարձողներուն մէջ կային տղաք, որ, դաշտի իրենց գործը կէս ձգած՝ ելեր էին դէպի սա աղբիւրը պարզ պատկերին վայելքին համար, հեռու, աւելի առաջ։
s-105 Ծառը կը հեծկլտար մեղմ ու տրտում, ըսես սփոփել ջանալով իր ամայացած ծոցին բիւրաւոր վէրքերը։
s-106 Մո՞ւթ , - կար անշուշտ, ծառին տակ աւելի խիտ։
s-107 Մէկը գտաւ օճախն ալ, որուն առջեւ ծունկ դրած ըլլալու էր հարս Լուսիկը, անունէն աւելի լուսաւոր, ամբողջ ցանկութիւն ու հուրք աղջիկը հաճի Պետրոսին։
s-108 Երկարեց ոտքը, տրեխին քիթով մոխիրը խառնելով։
s-109 Շո՞ւնչ , ջերմութի՞ւն , կնիկի հա՞մ , թէ ուրիշ բան էր փնտռածը։
s-110 Նստան սակայն։
s-111 Ու բոլոր տղաքը ու քիչ մըն ալ աւելի տարւօքները այս կէտին նման էին իրարու։
s-112 Անկարելի էր խմել այդ աղբիւրէն, հանգչիլ անոր վերեւը յարդարուած տափին ու չխօսիլ անոր տիրոջմէն, ու չդնել մէջտեղ աղջիկն ու հարսը հաճի Պետրոսին։
s-113 Առաջինը՝ իբր ամէնէն գեղանի, կատարեալ մարմինը, զոր կարելի էր տանիլ ժամ, հագուեցնել Աստուածամօր պատկերին պէս ու կեցնել խորանին, այնքան մաքուր ու խաղաղ էին գիծերը անոր երեսին եւ որուն էրիկը խաչ կը հանէր, հանելու էր ապահովաբար ամէն ծոցը մտնելուն։
s-114 Չէր խօսուած, պաշտպանուելով իր շնորհէն ու քիչիկ մըն ալ անսովոր երկայնութենէն, որով հովանաւոր, ժամ ու աղօթքի նուիրուած, հօրենական տունին մեղքերը կը քաւէր էրկանը տունին մէջ իբրեւ օտար ապրելով։
s-115 Ամուլ էր անիկա եւ հեռու կիրքէն։
s-116 Բայց դպրոցական տղաքը կը խենթենային անոր աչքերէն, երբ լուսարար իր էրկանը հետ անիկա տաղաւարներուն եկեղեցիին արդուզարդը կ՚ընէր, պատկերները սրբելով մազերովը, տիրացուներուն գլխուն դնելով իր բամպակէ ափերը եւ նայելով խոր, հեռու անոնց բիբերէն անդին։
s-117 Այդ օրերուն անիկա հիւանդ կ՚ընէր արբունքի հասած տղաքը։
s-118 Երկրո՞րդը , ոչ-նուազ գեղանի հարսը հաճի Պետրոսին։
s-119 Որ կ՚ատէր բոզութիւնը - իր բառերն են ասոնք -, բայց իր կրունկէն անպակաս կը պահէր նոր ժմնուկ տղաքը, որոնց մօտ էր հարսնիքը։
s-120 Հինգ տարուան մէջ չորս տղայ փոխած էր անիկա եւ ոչ ոք գիտէր ստոյգ անոր հաշիւներուն մէջ։
s-121 Անշուշտ զուրկ էր անիկա տալոջը արձանային շնորհէն, բայց կ՚արժէր աւելի տղոցը մտքին։
s-122 Համարձակ՝ բայց ընտանութեամբ սքողուած՝ անիկա իր խօսքը կ՚ուղղէր մեծին ու պզտիկին, ա՛յնպէս ՝ որ ուզուածը առնէին անկէ։
s-123 Քաղցր ու սրտառուչ, հերքելու համար բոզութեան կապուած ձեւերուն լպրշութիւնն ու աղտը, տխո՛ւր ՝ լալու չափ, նայելու ատեն՝ ինչպէս ժպիտին մէջ, որ կոտրած շղարշի մը պէս կ՚իյնար անոր երեսներուն։
s-124 Անոր էրիկը, գինով Պետրոսին խօթացած տղան, խելքէ միտքէ հեռու ճամբաներէ, շատ հաւանաբար կնիկին կախարդական մէկ արարմունքովը կը կորսնցնէր ամսէ ամիս մարդկային իր գիծերը, ստանալով եզի թանձրութիւն ու դէմք։
s-125 Ճակտին երկու կողմերէն կոտոշի յայտնի սկսուածքով, երկոտանի քալելու տեղ չորս ոտքով գնացքէն ախորժելով, հետզհետէ փախչելով մարդերէն, չխօսելով ոչ ոքի հետ, կորսնցնելու չափ բառերու յօդաւորումը եւ իմաստին աղերսը, չուտելով տան սեղանէն - ուրիշներու հաւաստածին համեմատ պարտէզներու մէջ թթենիի տերեւները ուտելով -, պառկելով վարը, ախոռին մէջ, կովերուն քով, ու մշտապէս լուռ՝ անիկա բախտ էր բերած կորակործան հաճի Պետրոսին, որ, հին ու անուանի գերդաստանի մը տաշտի-քերուկ մէկ շառաւիղը՝ ընտանիքին բոլոր խօթութիւնները կ՚ամփոփէր իր պատանութեան վրայ ու իր երիտասարդութեան մէջ սպառած էր պապենական կալուածները, օղիին կարասին շուքին, եզան ճակատ իր մանչուն եւ պարկենք իր աղջկան անհաշտելի հակասութեանցը միջեւ, բայց շտկեր էր մէջքը, հարսին տուն ոտք դնելէն ասդին, վճարած մանր՝ բայց անողոք պարտքերը սրճարանին եւ նպարավաճառին, վերագտնելով գերդաստանին հնօրեայ վարկը, չզատուելով երբեք կարասին շուքէն, ու վերստեղծելով հին բարքերը, սեղանները, հացկերոյթները, խմիչքի երեկոյթները, կնունքի, հարսնիքի, մեռելի առիթով մեծածաւալ փիլաւները։
s-126 Դրամին առատացումը, նիւթական իր բարգաւաճումը, աղջկանը հեքիաթը ու հարսին խուլ հրապոյրը նպաստած էին՝ ստուերի մէջ ձգելու համար երկնառաք պատուհասումը իր մանչուն, որ կարգուելէն ասդին կը խորանար իր մեծագարութեան մէջ։
s-127 Իրողութիւն էր, որ «մամածակ», «էշ», «ջորի», աւելի ետքը՝ դահացած «եզ», անոր տղան, որ քարի պէս հաստ, բայց ներսէն փտուկ իր գլուխովը, նշանաւոր էր դարձած տարեկիցներուն մէջ, ամէն օր ծեծ ուտելով վարժապետէն, պարտքի մը պէս ու տասներկու ամսուան մէջ գոյական մը հոլովել (իրաւ է թէ գրաբար) չսորվելով, դպրոցէն դուրս խելք էր գտեր, ապահովաբար՝ Աստըծոյ պարապ մէկ վայրկեանին, խելքը Ռուսաստան երթալու, շերամի հունտ վաճառելու եւ փոխարէն «բեռնով ոսկի» բերելու։
s-128 Այս յաջողմունքէն դէպի եզութիւն ո՞րն էր ճամբան։
s-129 Շատ բաներ հնարուեցան։
s-130 Օգտագործուեցան նմանօրինակ յերիւրումներ, պատահած հեռու տեղուանք (որոնք կը պատմէին հրաշքները Ամենակալին), յաճախ արդար վերջաբանով։
s-131 Ըսուեցան աւելի իրաւ բաներ, տունէն, հաճի Պետրոսէն, գեղանի հարսէն բխող։
s-132 Ըսուեցաւ ընդարձակ պուկի մը, կառավարուած կնոջ կողմէն, որով արգելքի տակ կ՚իյնային եզադէմ մանչուն սեռական գործարանները եւ ուրիշ շատ բաներ։
s-133 Ու չըսին, չգիտնալնուն, արիւնը, որ կը յանգէր սա վերջին երակին։
s-134 Եզ, էշ, մամածակ՝ անոր էրիկը սխալ քայլ չառաւ դրամի հարցերուն մէջ ու ամէն տարի կանոնաւորաբար ըրաւ իր ճամբորդութիւնը դէպի Կովկաս։
s-135 Անոր բացակայութեանը կինը «կ՚արծէր», զգոյշ ու արժանաւոր վայելչութեամբ, սուտի պէս առնելով այցելութիւնները, խերով ու առատաձեռն նուիրանքով սքողելով իր արդուզարդին մեղրագոյն նորութիւնը եւ քաղաքաձեւ կոկութիւնը։
s-136 Կը խնայէր տունին, օճախին պատիւին, հեռու կենալով արձակ գայթակղութենէն, մնալով հպարտ ու խուսափուկ, պարզ ու քաղցրալեզու, դիւրամատոյց ու անհաս, վանելով, վարժ խաղարկութեամբ մը, յայտ ու վտանգող դարպասները անցեալով ծանօթ կնորսներուն, փոխադրելով իր տարփանքը շատ ապահով խորշեր, մէրանցը կամ քոյրերուն տուները։
s-137 Անուններ կը կապուէին անոր ծոցին, պատահական, գուշակովի ու անճիշդ, քանի որ չկար մէկը, որ յաւակնէր հեգելու գիրերը այդ անուններուն։
s-138 Բայց անիկա տաղանդով կ՚օգտագործէր յիմարութիւնները իր պարոնտատին, ով գիտէ ի՛նչ անդնդային ձայնի ունկնդիր, երեսին վրայ բաց կը պահէր իր դուռները նոր ժմնուկ տղոց, մատաղատունկ ու պայծառ պարմաններ, հազիւ ստուերոտ պինչերով, ամբողջութեամբ համ ու վայելչութիւն, կրելով հոգեկան աղուամազը, որով կը պարուրուի մեր ուշացած պատանութիւնը, յանգելէ առաջ իր վերջնական տարազին։
s-139 Թաղէն, բոլոր տղաքը, դեռ չզատուած փաղաքշական իրենց պիտակներէն։
s-140 Ընտանի՛ ու բնական, որպէսզի ելլէին վեր, բան մը բերելու պատրուակով, գտնէին հարսը, քսուէին, կամ պագնէին զայն կամաց, ակամայ ու խենթեցած իջնէին բակ, օղիին հուրքովը օծելու պագին գինովութիւնը։
s-141 Հաճի Պետրոսը բակի դրան դուրսի դին, ծալապատիկ՝ չէր գոցեր բերանը, ինչպէս դուռը, մինչեւ որ չքամէր երկուքուկէսնոց շիշը։
s-142 Ամրան, ասիկա այսպէս, անփոփոխ սպասարկումով։
s-143 Կարգով։
s-144 Չէր վախնար գրողէն, երբ գղիաթը փռէր սեմին սաքուին։
s-145 Սրբազան հեղուկը կը լուսաւորէր, կը վառէր երիտասարդները, մինչ բակին դէպի խորերը, հարսին տեսիլքը, կիսամութէն շեշտուած սպիտակութեամբ մը կը պտըտէր, խռովելով խմողն ու անցորդը հաւասարապէս։
s-146 Հաճի Պետրոսին հարսը այս անկիւնէն էր, որ կը ճանչնար տղաքը, իրենց անպարտկելի ներանձնութեանը մէջ։
s-147 Օղին մարդոց աստիճանը, այարը ճշդող հրաշալի իսկութիւն մըն է։
s-148 Սիրտին, մարդկային առաքինութեանց, մա՛նաւանդ սեռին անգայտաչափը, որ քիչ անգամ կը սխալի։
s-149 Մարդ իր համբաւը կը կերտէ կամ կը քայքայէ համաձայն ալքոլի տակ իր ճնշականութեան։
s-150 Գինովութի՛ւնը , - հերքումն իսկ է օղիին յատկութիւններուն։
s-151 Գինովը, այսինքն՝ ալքոլէն նուաճուողը ծիծաղելի արարած մըն է։
s-152 Հաճի Պետրոսին հարսը տարիներով չինկաւ փողոցին բերանը, վասնզի իր սիրականները զատած էր այդ ցուցմունքին տակ։
s-153 Բանտէն դարձողները անշուշտ չմտաբերեցին այս ամէնը վերբերուած կարգով։
s-154 Բայց անցան այս ամէնով պայմանաւոր հոգեվիճակէն։
s-155 Տարիքներ կան, որոնց համար կինը լիութիւն է, փակելու չափ ջիղերը ուրիշ ամէն յուզմունքի։
s-156 Անոնք կոտրտուեցան սեռին անյագ ծարաւով, առանց քաշուելու դրին մէջտեղ գեղանի հարսը, հիւսեցին անոր մէջքը իրենց բազուկներով ու կոտտալէն, սարսռալէն կոտրեցին իրենց ծունկերը գետին։
s-157 Փուշի վրայ էր միայն Սողոմենց Սողոմը, որ հաճի Պետրոսին հարսէն ու աղջիկէն բաժնուած էր շատ կանուխ ու տարուած Նալպանտենց տունին։
s-158 Գեղին կողմէն տեսակ մը տաքուկ շնչում ցաւի պէս կը դպէր անոր կոպերուն։
s-159 Պահ մը կեցան ձայները։
s-160 Նման պահերու մութը կը բարակնայ ինքնիրեն, գուցէ անոր համար, որ ներսէն վառող պատկերները զօրաւոր են շատ ու մարդ կը վախնայ անոնց փայլէն։
s-161 Մնաց որ, տեսողութիւնը աւելի յստակ է ներքին աչքերով ու մարդ յաւելեալ այդ պայծառութիւնը կը փորձէ փոխադրել շրջապատին։
s-162 Ա՛ն ՝ որ կնոջ մը պատկերին հետ կը քալէ խաւարին փորէն, շեշտ զգայութիւնը ունի կիսալոյսէ անցնելու։
s-163 Յետոյ՝ մութը երբեք բաւական թանձր չէ, որպէսզի երիտասարդները, իրարու քով բերեն իրենց դրուագները, մտապատկերուած տեսիլքներէն փրցուած։
s-164 Ընդհակառակն։
s-165 Քաջալեր մըն է անվտանգ զեղումի։
s-166 Ակնոցի մը - գունաւոր - պաշտպանութեան տակ մեր աչքերը աւելի քաջ են կիներու ձեւերը խորաչափելու համար։
s-167 Ու մարդէ մարդ, գեղէ գեղ աստիճանը միայն կը տարբերի զգալու այս եղանակին։
s-168 Թերեւս դուք կ՚անգիտանաք, որ բանտէն դարձող այս երիտասարդները տղաքն են գեղի մը, որուն հովիւները իրարու գլուխ են պատռած, երկինքէն իյնալիք կնոջ մը տիրացումին համար։

Text viewDownload CoNNL-U