Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Partdev

Select a sentence

s-1 - Դուք քարանձաւային դարաշրջանի մէջ կ՚ապրիք,- ըսաւ Հայաստանէն Հալէպ այցի եկած նախկին հալէպահայ մը:
s-2 Եթէ ինքնաշարժերը հանենք քաղաքէն, բարեկամիս ըսածը ճիշդ բնութագրում մը կրնանք նկատել:
s-3 Ելեկտրականութիւն օրական երկու երեք ժամ հազիւ ունինք:
s-4 Հակառակի պէս ալ այս տարի շատ ցուրտ ձմեռ մը կը դիմագրաւենք:
s-5 Դուրսը շատ ցուրտ է, տունէն ներս աւելի ցուրտ:
s-6 Ըստ համապատասխան նախարարին, այս տարի դժուար ձմեռ մը պիտի ունենանք, ամէնէն դժուար ամիսն ալ Յունուարը պիտի ըլլայ:
s-7 - Տաքնալու վառելանիւթ չունի՞ք ,- հարցուց նախկին հալէպահայը, եւ երբ իմացաւ որ պետութիւնը ամէն մէկ ընտանիքի տարին յիսուն լիթր համեմատաբար աժան գնով կը ծախէ, սարսափեցաւ, քանի՞ օր վառարան կրնանք վառել, քանի՞ օր կրնանք լոգնալ:
s-8 Խեղճը ուրտեղէ՞ն գիտնար, որ շատեր այդ յիսուն լիթրն ալ քառապատիկ գնով կը ծախեն, որպէսզի կարենան քանի մը օր սնունդ հայթայթել, խեղճը ուրտեղէ՞ն գիտնար, որ տաք ջուրով լոգնալը երանելի երազ մը դարձած է...
s-9 Հայաստանէն եկած բարեկամիս տասը անգամ բացատրեցի, որ հացը, փիւթակազը, պէնզինը, շաքարը նուազագոյն քանակով պետութիւնը ընտանեկան յատուկ քարթերով կու տայ, պակասը եռապատիկ, վեցապատիկ, եւ նոյնիսկ տասնապատիկ գներով պէտք է ձեռք անցընել:
s-10 - Դուք հերոս էք,- եզրակացուց նախկին հալէպցին:
s-11 Արաբական առած մը կ՚ըսէ.
s-12 Այս նախադասութեան իմաստը այն է, որ «Եթէ ստիպուած ես հերոսութիւն ընել, հերոս չես»:
s-13 Մենք Հալէպ մնացածներս հերոս չենք, մենք չենք ընտրած այս տառապանքը, սիրայօժար չենք գներ սուղ ուտելիքը, վառելանիւթը. ակամայ կը դիմանանք այս դժուարութիւններուն, ուրեմն հերոսներ չենք:
s-14 Ասկէ գէշ օրեր ալ տեսանք այս տագնապի ընթացքին, ամէն վայրկեան մահուան վտանգի առջեւ էինք, ջուրը հորերէն դոյլերով կը տանէինք տուն, ամիսներով ելեկտրականութեան նշոյլ իսկ չկար, մոմերու լոյսին տակ կը կարդայինք, նոյնիսկ կը «տաքնայինք» մոմերով:
s-15 Կամաց-կամաց վարժուեցանք այս վիճակին:
s-16 10-12 տարեկան մանուկներուն համար կեանքը միշտ այսպիսին եղած է:
s-17 Չէ՛ , հերոսներ չենք, մեծ սիրով կը հեռանայինք այս... այս ինչէ՞ն :
s-18 Չեմ ուզեր գէշ ածական տալ Հալէպին, այն Հալէպին զոր սիրած են բոլոր հայերը, այն Հալէպին, որ մերը դարձուցած ենք, «Հայկական Հալէպ» հասկացողութիւնը ստեղծած ենք...
s-19 Հիմա երբ գէշ վիճակի մէջ է, ատելի՞ պիտի դառնայ:
s-20 Ո՛չ , հազար անգամ՝ ո՛չ :
s-21 Հալէպը մեզի համար սիրելի եղած է տակաւին Ցեղասպանութենէն շատ տարիներ առաջ:
s-22 Նոյնիսկ «Կռունկ» երգի կարգ մը բնօրինակներու մէջ այս սիրելի քաղաքը նշուած է որպէս պանդխտավայր:
s-23 Սասունցիներն ու արաբկիրցիները դարեր ի վեր հոս աշխատանք գտած են:
s-24 Երուսաղեմ ուխտի գացող հայերը դարեր շարունակ Հալէպի «Հոգետուն»ին մէջ իջեւանած են հանգստանալու:
s-25 Ջուղայեցի հայ վաճառական խոճաներու համար Հալէպը շահաստան քաղաք եղած է:
s-26 Կիլիկեցի հայերուն համար այս քաղաքը առուծախի շուկայ եղած է:
s-27 Ս. Աստուածածին եւ Քառասուն Մանկանց եկեղեցիներուն կից դպրատունը 15րդ դարէն գոյութիւն ունեցած է, հոն գրուած կամ ընդօրինակուած ձեռագիրներէն մաս մը մինչեւ այսօր պահպանուած է:
s-28 Իր գոյութեան ընթացքին Հալէպահայութիւնը ունեցած է զգալի գաղթեր, առաջինը 1946-1947 թուականներու ներգաղթի պատճառաւ էր, որ ունէր իր մխիթարական կողմը՝ գացողները Հայաստան կ՚երթային, երկրորդը Եգիպտոս-Սուրիա միանալուն եւ անոր յաջորդող զինուորական պարտադիր ծառայութեան պատճառաւ էր:
s-29 Այս գաղթը իր մեծ ազդեցութիւնը չունեցաւ, որովհետեւ դանդաղ ընթացք ունեցաւ:
s-30 Ամէնէն զգալի գաղթը այս տագնապի տարիներունն էր, որ շատ արագ կատարուեցաւ եւ հեռացողները մեծ մասամբ հեռու երկիրներ գացին:
s-31 Այս գաղթին յատկանիշներէն է նաեւ այն, որ ընտանիքները բաժան-բաժան եղան. եթէ նախորդներուն ընտանիքները միասնաբար կը գաղթէին, ապա այս անգամ շատերուն տարիքոտ հայրերն ու մայրերը մնացին Հալէպի մէջ:
s-32 Այս ալ պատճառ մըն է, որ ամէն օր գրեթէ մահ կայ, մինչ ծնունդներու թիւը տարին տասնեակներով միայն կը հաշուենք...
s-33 Երիտասարդները, մանաւանդ տղաքը կը շարունակեն գաղթել:
s-34 Գաղթողները միմիայն հայ երիտասարդները չեն, այլ Սուրիոյ բաղկացուցիչ ամբողջ խճանկարի երիտասարդները:
s-35 Անոնք հոս ապագայ չեն տեսներ, անորոշութիւնն է տիրականը:
s-36 Պատերազմը վերջացած է եւ չէ վերջացած, պետութեան իշխանութենէն դուրս հսկայական տարածքներ կան, պետութիւնը աղքատ է, նաւթն ու բերրի հողերը իր տիրապետութենէն դուրս կը գտնուին, Հալէպի մէջ կեդրոնացած երկրի թեթեւ ճարտարաուեստը կործանած է:
s-37 Պետութիւնը անճար է եւ ամէն օր յաւելեալ տուրքեր կը գանձէ ժողովուրդէն:
s-38 Մեր եկամուտին համեմատ մեր ծախսածը անհամեմատ մեծ է:
s-39 Ամէն օր, ամէն ինչ կը սուղնայ:
s-40 Երիտասարդները անորոշ վիճակի մը մէջ են բայց չեն ընկճուած, անոնք կը գիտակցին, որ լաւ պէտք է սորվին, կը գիտակցին, որ միւսերէն լաւ պէտք է ըլլան, որպէսզի տեղ ունենան այս երկրին մէջ:
s-41 Ցաւոք համալսարաններու մէջ ուսումը լաւ վիճակի մէջ չէ եւ մեր տղաքն ու աղջիկները կը ստիպուին մասնաւոր դասընթացքներու հետեւիլ. հոս կարեւոր դեր կը վերապահուի մեր միութիւններուն, շատ կարեւոր է, որ մեր միութիւնները անհրաժեշտ դասընթացքներ կազմակերպեն մեր երիտասարդներուն համար, ինչո՞ւ չէ՛ , ձրիաբար:
s-42 Մեր տղոցմէ շատեր դեռ սորվիլ չեն գիտեր, ի՞նչ պէտք է սորվին չեն գիտեր, անոնց սորվիլ պէտք է սորվեցնել, եւ այս գործը անպայման պէտք է վստահիլ իրենց երիտասարդ ընկերներուն:
s-43 Ա՜խ , այս մեծերը ե՞րբ պիտի դադրին միայն խօսքով վստահիլ երիտասարդներուն...
s-44 Եթէ կ՚ուզենք գաղութը պահել, եթէ կ՚ուզենք, որ մեր երիտասարդները հոս մնան, նպատակակէտ պէտք է ունենանք՝ օգնել, որ անոնք մասնագիտութիւններու տիրանան, զարգացած մասնագէտներ դառնան...։
s-45 Եթէ կ՚ուզէք, որ Հալէպահայ գաղութը իրապէս վերականգնի, հերի՛ք է, մարդոց հետ մուրացկանի պէս վարուիք, հերի՛ք է, գոյատեւելու բաւարար սնունդ կամ հագուստ-կապուստ տաք:
s-46 Այս աշխատասէր մարդոց մարդավայել գործ հայթայթեցէք, արժանավայել վարձատրութեամբ:
s-47 Արդէն կան այդպիսի փորձեր ընող քիչ թուով կազմակերպութիւններ:
s-48 Բոլորին կէտ նպատակը ա՛յս պէտք է ըլլայ, բոլորին՝ միասին:
s-49 Իրաւունք չունինք մեր նեղ շրջանակները առաջնային նկատելու չափ շռայլ ըլլալ:
s-50 Չի՛ բաւեր միասնական ենք ըսել, պէտք է իրապէս միասնական կերպով գործենք:
s-51 Ասիկա նախապայման պէտք է ըլլայ:
s-52 Մեծ Եղեռնէն ետք, մեր այդ օրերու ղեկավարները միասնականութեան շնորհիւ յաղթահարեցին բոլոր դժուարութիւնները, այդ օրերուն մեր պատանի որբերուն արհեստներ սորվեցնելով ինքնաբաւ երիտասարդներ դարձուցին զանոնք:
s-53 Այս օրերը այդ օրերէն գէ՞շ են...
s-54 Այսօրուան մեր երիտասարդները գիտակից են, տէր են իրենց պատկանելիութեան, պարզապէս կ՚ակնկալեն որ մեծերը իրենց ուղեցոյց դառնան՝ իրենց օրինակելի վարքով:
s-55 Մաղթանքներէն առաջ այսքան:
s-56 Հիմա, ամէն մարդ իր ամանորի բարեմաղթանքները թող ըսէ:

Text viewDownload CoNNL-U