Sentence view

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Text: -

[1] tree
2020 թ. սեպտեմբերին Արցախի դէմ սկսած ազրպէյճանական պատերազմը մի քանի ձեւերով տարբեր էր նախորդ ռազմական ընդհարումներէն։
s-1
news-000T-00010296
2020 թ. սեպտեմբերին Արցախի դէմ սկսած ազրպէյճանական պատերազմը մի քանի ձեւերով տարբեր էր նախորդ ռազմական ընդհարումներէն։
2020 t’. septemberin Arc’axi dēm sksaç azrpēyč̣anakan paterazmë mi k’ani jewerov tarber ēr naxord ṙazmakan ëndharowmnerēn.
[2] tree
Անոնցմէ մէկն էր Թուրքիոյ Ազրպէյճանին տրամադրած բազմատեսակ ռազմական օժանդակութիւնը։
s-2
news-000T-00010297
Անոնցմէ մէկն էր Թուրքիոյ Ազրպէյճանին տրամադրած բազմատեսակ ռազմական օժանդակութիւնը։
Anonc’mē mēkn ēr T’owrk’ioy Azrpēyč̣anin tramadraç bazmatesak ṙazmakan òžandakowt’iwnë.
[3] tree
Կասկած չկայ, որ Թուրքիոյ ստանձնած դերն այդ պատերազմի ընթացքին կարեւոր քայլ էր Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն դէմ։
s-3
news-000T-00010298
Կասկած չկայ, որ Թուրքիոյ ստանձնած դերն այդ պատերազմի ընթացքին կարեւոր քայլ էր Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն դէմ։
Kaskaç čkay, or T’owrk’ioy stanjnaç dern ayd paterazmi ënt’ac’k’in karewor k’ayl ēr Hayastani ew Arc’axi šaherown dēm.
[4] tree
Կասկած չկայ նաեւ, որ այդ քայլը վերջին տարիներու ընթացքին Հայաստանի նկատմամբ այդ երկրի որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ մասն էր։
s-4
news-000T-00010299
Կասկած չկայ նաեւ, որ այդ քայլը վերջին տարիներու ընթացքին Հայաստանի նկատմամբ այդ երկրի որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ մասն էր։
Kaskaç čkay naew, or ayd k’aylë verǰin tarinerow ënt’ac’k’in Hayastani nkatmamb ayd erkri ordegraç ëndhanowr k’aġak’akanowt’ean mēk masn ēr.
[5] tree
Նկատի ունենալով այդ օժանդակութեան կարեւորութիւնը հայկական կողմի կրած պարտութեան մէջ, անպայման որ բանականութիւնը գործածող մարդոց մտքին մէջ հարցականի տակ պիտի առնուէր Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւն սկսելու կամ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու օգտակարութիւնը եւ (կամ) նպատակայարմարութիւնը։
s-5
news-000T-0002029A

Nkati ownenalov ayd òžandakowt’ean kareworowt’iwnë haykakan koġmi kraç partowt’ean mēǰ, anpayman or banakanowt’iwnë gorçaçoġ mardoc’ mtk’in mēǰ harc’akani tak piti aṙnowēr T’owrk’ioy het xòsakc’owt’iwn skselow kam bnakanon yaraberowt’iwnner hastatelow ògtakarowt’iwnë ew (kam) npatakayarmarowt’iwnë.
[6] tree
Բնական պիտի ըլլայ, ուրեմն, որ այդ հարցը հրապարակաւ քննարկուի իր բոլոր կողմերով՝ Հայաստանի ապագայ արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ։
s-6
news-000T-0003029B
Բնական պիտի ըլլայ, ուրեմն, որ այդ հարցը հրապարակաւ քննարկուի իր բոլոր կողմերով՝ Հայաստանի ապագայ արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ։
Bnakan piti ëllay, owremn, or ayd harc’ë hraparakaw k’nnarkowi ir bolor koġmerov, Hayastani apagay artak’in ew apahovowt’ean k’aġak’akanowt’ean çirin mēǰ.
[7] tree
Սակայն նման քննարկում գրեթէ անկարելի դարձած է այն հիսթերիք աղմուկին պատճառով, որ որոշ քաղաքական ուժեր կը բարձրացնեն իրենց ամէնօրեայ, անվերջ, խլացնող թմբկահարումներով։
s-7
news-000T-0004029C
Սակայն նման քննարկում գրեթէ անկարելի դարձած է այն հիսթերիք աղմուկին պատճառով, որ որոշ քաղաքական ուժեր կը բարձրացնեն իրենց ամէնօրեայ, անվերջ, խլացնող թմբկահարումներով։
Sakayn nman k’nnarkowm gret’ē ankareli darjaç ē ayn hist’erik’ aġmowkin patč̣aṙov, or oroš k’aġak’akan owžer kë barjrac’nen irenc’ amēnòreay, anverǰ, xlac’noġ t’mbkaharowmnerov.
[8] tree
Այդ ուժերու համար Թուրքիոյ մասնակցութիւնն ունէր միայն մէկ նշանակութիւն եւ խորհուրդ։
s-8
news-000T-0004029D
Այդ ուժերու համար Թուրքիոյ մասնակցութիւնն ունէր միայն մէկ նշանակութիւն եւ խորհուրդ։
Ayd owžerow hamar T’owrk’ioy masnakc’owt’iwnn ownēr miayn mēk nšanakowt’iwn ew xorhowrd.
[9] tree
Այդ մասնակցութիւնը յաւելեալ փաստ էր, ըստ այդ ուժերուն, որ (ա) Թուրքիան մղուած էր եւ տակաւին՝ է, ցեղասպանական բնազդներով, որոնք կ՚արդարացնեն նախապատերազմեան հակաթրքական բոլոր տրամադրութիւնները եւ (բ) որ այդ երկրի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու կամ նոյնիսկ խօսակցութիւն սկսելու միտուած որեւէ քայլ հաւասար է «դաւաճանութեան»։
s-9
news-000T-0004029E

Ayd masnakc’owt’iwnë yaweleal p’ast ēr, ëst ayd owžerown, or (a) T’owrk’ian mġowaç ēr ew takawin, ē, c’eġaspanakan bnazdnerov, oronk’ k,ardarac’nen naxapaterazmean hakat’rk’akan bolor tramadrowt’iwnnerë ew (b) or ayd erkri het bnakanon yaraberowt’iwnner hastatelow kam noynisk xòsakc’owt’iwn skselow mitowaç orewē k’ayl hawasar ē «dawač̣anowt’ean».
[10] tree
Այդ ուժերուն համար անհրաժեշտ է, որ բանական քննարկում տեղի չունենայ։
s-10
news-000T-0005029F
Այդ ուժերուն համար անհրաժեշտ է, որ բանական քննարկում տեղի չունենայ։
Ayd owžerown hamar anhražešt ē, or banakan k’nnarkowm teġi čownenay.
[11] tree
Անոնք կ՚ուզեն այդ օրինակարգ հարցադրման պատասխանը կանխորոշել՝ խաղալով զգացական լարերու եւ գրեթէ բնազդային դարձած վախերու վրայ։
s-11
news-000T-0005029G
Անոնք կ՚ուզեն այդ օրինակարգ հարցադրման պատասխանը կանխորոշել՝ խաղալով զգացական լարերու եւ գրեթէ բնազդային դարձած վախերու վրայ։
Anonk’ k,owzen ayd òrinakarg harc’adrman patasxanë kanxorošel, xaġalov zgac’akan larerow ew gret’ē bnazdayin darjaç vaxerow vray.
[12] tree
Այդ մարդիկ կը կարծեն, որ իրենց աստուածատուր մենաշնորհն է աջ ու ձախ շպրտել «դաւաճան» բառը։
s-12
news-000T-0005029H
Այդ մարդիկ կը կարծեն, որ իրենց աստուածատուր մենաշնորհն է աջ ու ձախ շպրտել «դաւաճան» բառը։
Ayd mardik kë karçen, or irenc’ astowaçatowr menašnorhn ē aǰ ow jax šprtel «dawač̣an» baṙë.
[13] tree
Սակայն բանականութեամբ առաջնորդուող անհատ, ժողովուրդ կամ պետութիւն իրաւունք չունի նման ծանրակշիռ որոշում առնելու առանց ամենալուրջ եւ բազմակողմանի քննարկման։
s-13
news-000T-0006029I
Սակայն բանականութեամբ առաջնորդուող անհատ, ժողովուրդ կամ պետութիւն իրաւունք չունի նման ծանրակշիռ որոշում առնելու առանց ամենալուրջ եւ բազմակողմանի քննարկման։
Sakayn banakanowt’eamb aṙaǰnordowoġ anhat, žoġovowrd kam petowt’iwn irawownk’ čowni nman çanrakšiṙ orošowm aṙnelow aṙanc’ amenalowrǰ ew bazmakoġmani k’nnarkman.
[14] tree
Արտաքին քաղաքականութեան մէջ սխալ որոշումներ, առ երեւոյթ ճիշդ թուող եզրակացութիւններ, պատմութենէն ու փորձէն քաղուած կասկածի տակ չառնուող դասեր շատ մեծ վնասներ հասցուցած են մեզի անցեալին, ու տակաւին կրնան հասցնել ապագային։
s-14
news-000T-0006029J

Artak’in k’aġak’akanowt’ean mēǰ sxal orošowmner, aṙ erewoyt’ č̣išd t’owoġ ezrakac’owt’iwnner, patmowt’enēn ow p’orjēn k’aġowaç kaskaçi tak čaṙnowoġ daser šat meç vnasner hasc’owc’aç en mezi anc’ealin, ow takawin krnan hasc’nel apagayin.
[15] tree
Ի՞նչ դաս կարելի է քաղել պատմութենէն եւ ինչպէ՞ս որոշել, թէ որ դասը պէտք է քաղել։
s-15
news-000T-0007029K
Ի՞նչ դաս կարելի է քաղել պատմութենէն եւ ինչպէ՞ս որոշել, թէ որ դասը պէտք է քաղել։
I?nč das kareli ē k’aġel patmowt’enēn ew inčpē?s orošel, t’ē or dasë pētk’ ē k’aġel.
[16] tree
2016 թ. ապրիլին տեղի ունեցաւ քառօրեայ, կարճ պատերազմ մը։
s-16
news-000T-0007029L
2016 թ. ապրիլին տեղի ունեցաւ քառօրեայ, կարճ պատերազմ մը։
2016 t’. aprilin teġi ownec’aw k’aṙòreay, karč̣ paterazm më.
[17] tree
Ազրպէյճանն էր նախաձեռնողը այդ կարճ պատերազմին, որու հետեւանքով մեր հակակշռին տակ եղած փոքր տարածք մը կորսնցուցինք։
s-17
news-000T-0007029M
Ազրպէյճանն էր նախաձեռնողը այդ կարճ պատերազմին, որու հետեւանքով մեր հակակշռին տակ եղած փոքր տարածք մը կորսնցուցինք։
Azrpēyč̣ann ēr naxajeṙnoġë ayd karč̣ paterazmin, orow hetewank’ov mer hakakšṙin tak eġaç p’ok’r taraçk’ më korsnc’owc’ink’.
[18] tree
Այդ պատերազմի՝ Ազրպէյճանի կողմէն նախաձեռնած ըլլալը շատերուն հասցուց այն եզրակացութեան, որ պէտք է Ազրպէյճանին պատժել՝ բանակցութիւններու, նոյնիսկ աւելի լարուած բանակցութիւններու վրայ յոյս դնելու փոխարէն մեր ապագան վստահելով նոր պատերազմի մը։
s-18
news-000T-0007029N

Ayd paterazmi, Azrpēyč̣ani koġmēn naxajeṙnaç ëllalë šaterown hasc’owc’ ayn ezrakac’owt’ean, or pētk’ ē Azrpēyč̣anin patžel, banakc’owt’iwnnerow, noynisk aweli larowaç banakc’owt’iwnnerow vray yoys dnelow p’oxarēn mer apagan vstahelov nor paterazmi më.
[19] tree
Անշուշտ, կարելի էր այլ դաս քաղել այդ իրադարձութենէն. կարելի էր տարածք կորսնցնելը, որքան ալ փոքր էր այդ, տեսնել որպէս ազդանշան, որ թերեւս ուժերու յարաբերութիւնը փոխուած է, որ մեր կողմի համար պատերազմ կորսնցնելը լուրջ կարելիութիւն է։
s-19
news-000T-0007029O

Anšowšt, kareli ēr ayl das k’aġel ayd iradarjowt’enēn. kareli ēr taraçk’ korsnc’nelë, ork’an al p’ok’r ēr ayd, tesnel orpēs azdanšan, or t’erews owžerow yaraberowt’iwnë p’oxowaç ē, or mer koġmi hamar paterazm korsnc’nelë lowrǰ kareliowt’iwn ē.
[20] tree
Նոյնիսկ անոնք, որոնք ուշադրութիւն դարձուցին այդ պատերազմի արդիւնքին եւ սկսան աւելի լուրջ բանակցիլ, բանակցութիւններու ընթացքին պնդեցին պայմաններու վրայ, որը Ազրպէյճանը քսան տարիներէ աւելի մերժած էր, եւ առանց որուն ալ կը կարողանայինք յառաջդիմութիւն արձանագրել հակամարտութեան լուծման մէջ եւ խուսափիլ նոր պատերազմէ մը։
s-20
news-000T-0007029P

Noynisk anonk’, oronk’ owšadrowt’iwn darjowc’in ayd paterazmi ardiwnk’in ew sksan aweli lowrǰ banakc’il, banakc’owt’iwnnerow ënt’ac’k’in pndec’in paymannerow vray, orë Azrpēyč̣anë k’san tarinerē aweli meržaç ēr, ew aṙanc’ orown al kë karoġanayink’ yaṙaǰdimowt’iwn arjanagrel hakamartowt’ean lowçman mēǰ ew xowsap’il nor paterazmē më.
[21] tree
Կարելի էր ուրեմն ճիշդ դասեր քաղել ու այդ դասերուն աւելի լուրջ մօտենալ։
s-21
news-000T-0007029Q
Կարելի էր ուրեմն ճիշդ դասեր քաղել ու այդ դասերուն աւելի լուրջ մօտենալ։
Kareli ēr owremn č̣išd daser k’aġel ow ayd daserown aweli lowrǰ mòtenal.
[22] tree
Սակայն փոխանակ նման մարտահրաւէրի նկատմամբ մեր մօտեցումը փոխելու, աւելի մխրճուեցանք «ոչ մի թիզ» հողի տրամադրութեան մէջ։
s-22
news-000T-0007029R
Սակայն փոխանակ նման մարտահրաւէրի նկատմամբ մեր մօտեցումը փոխելու, աւելի մխրճուեցանք «ոչ մի թիզ» հողի տրամադրութեան մէջ։
Sakayn p’oxanak nman martahrawēri nkatmamb mer mòtec’owmë p’oxelow, aweli mxrč̣owec’ank’ «oč mi t’iz» hoġi tramadrowt’ean mēǰ.
[23] tree
Արդիւնքին ծանօթ ենք։
s-23
news-000T-0007029S
Արդիւնքին ծանօթ ենք։
Ardiwnk’in çanòt’ enk’.
[24] tree
Կարելի է նաեւ նկատի ունենալ Ազրպէյճանի հետ 2019 թ. մի քանի օրուայ ռազմական ընդհարումը, որու արդիւնքը մենք համարեցինք «յաղթութիւն»։
s-24
news-000T-0008029T
Կարելի է նաեւ նկատի ունենալ Ազրպէյճանի հետ 2019 թ. մի քանի օրուայ ռազմական ընդհարումը, որու արդիւնքը մենք համարեցինք «յաղթութիւն»։
Kareli ē naew nkati ownenal Azrpēyč̣ani het 2019 t’. mi k’ani òroway ṙazmakan ëndharowmë, orow ardiwnk’ë menk’ hamarec’ink’ «yaġt’owt’iwn».
[25] tree
Ոչ մէկ փաստ կայ, եթէ հիմնուինք հրապարակային ելոյթներու վրայ, որ այդ փոքրիկ պատերազմը, որն ընդգրկեց երկու կողմէն սահմանափակ միաւորներ շատ փոքր տարածքի վրայ, ենթարկուեցաւ լուրջ քննարկման։
s-25
news-000T-0008029U
Ոչ մէկ փաստ կայ, եթէ հիմնուինք հրապարակային ելոյթներու վրայ, որ այդ փոքրիկ պատերազմը, որն ընդգրկեց երկու կողմէն սահմանափակ միաւորներ շատ փոքր տարածքի վրայ, ենթարկուեցաւ լուրջ քննարկման։
Oč mēk p’ast kay, et’ē himnowink’ hraparakayin eloyt’nerow vray, or ayd p’ok’rik paterazmë, orn ëndgrkec’ erkow koġmēn sahmanap’ak miaworner šat p’ok’r taraçk’i vray, ent’arkowec’aw lowrǰ k’nnarkman.
[26] tree
Առանց լուրջ ուսումնասիրութեան մենք մեզ վստահութիւն ներշնչեցինք, որ ուժերու յարաբերութիւնը չէ փոխուած ու լայնածաւալ պատերազմի պարագային մենք վստահաբար ազրպէյճանական նոր տարածքներ կը գրաւենք։
s-26
news-000T-0008029V
Առանց լուրջ ուսումնասիրութեան մենք մեզ վստահութիւն ներշնչեցինք, որ ուժերու յարաբերութիւնը չէ փոխուած ու լայնածաւալ պատերազմի պարագային մենք վստահաբար ազրպէյճանական նոր տարածքներ կը գրաւենք։
Aṙanc’ lowrǰ owsowmnasirowt’ean menk’ mez vstahowt’iwn neršnčec’ink’, or owžerow yaraberowt’iwnë čē p’oxowaç ow laynaçawal paterazmi paragayin menk’ vstahabar azrpēyč̣anakan nor taraçk’ner kë grawenk’.
[27] tree
Այդպէս ալ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը։
s-27
news-000T-000802A0
Այդպէս ալ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը։
Aydpēs al yaytararec’ Hayastani paštpanowt’ean naxararë.
[28] tree
Այսօր որոշելու համար, թէ հակառակորդներու հետ պէտք է խօսինք կամ ոչ, անոնց հետ բնականոն յարաբերութիւններու ձգտիլը օգտակար կամ նախընտրելի է, թէ ոչ, անհրաժեշտ է մի քանի հարցերու պատասխան տալ։
s-28
news-000T-000902A1
Այսօր որոշելու համար, թէ հակառակորդներու հետ պէտք է խօսինք կամ ոչ, անոնց հետ բնականոն յարաբերութիւններու ձգտիլը օգտակար կամ նախընտրելի է, թէ ոչ, անհրաժեշտ է մի քանի հարցերու պատասխան տալ։
Aysòr orošelow hamar, t’ē hakaṙakordnerow het pētk’ ē xòsink’ kam oč, anonc’ het bnakanon yaraberowt’iwnnerow jgtilë ògtakar kam naxëntreli ē, t’ē oč, anhražešt ē mi k’ani harc’erow patasxan tal.
[29] tree
Այստեղ նպատակս չէ այս կապակցութեամբ մեր առջեւ ծառացած բոլոր հարցադրումներն ու անոնց պատասխանները պարզել, այլ պարզապէս ներկայացնել անոնցմէ մի քանին՝ որպէս սկզբնական քննարկման նիւթ։
s-29
news-000T-000902A2
Այստեղ նպատակս չէ այս կապակցութեամբ մեր առջեւ ծառացած բոլոր հարցադրումներն ու անոնց պատասխանները պարզել, այլ պարզապէս ներկայացնել անոնցմէ մի քանին՝ որպէս սկզբնական քննարկման նիւթ։
Aysteġ npataks čē ays kapakc’owt’eamb mer aṙǰew çaṙac’aç bolor harc’adrowmnern ow anonc’ patasxannerë parzel, ayl parzapēs nerkayac’nel anonc’mē mi k’anin, orpēs skzbnakan k’nnarkman niwt’.
[30] tree
ա) Մեզ անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ ունենալ մեզ սպառնացող վտանգներու տեսակին ու որակին լրիւ, սակայն իսկական պատկերը։
s-30
news-000T-000A02A3
ա) Մեզ անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ ունենալ մեզ սպառնացող վտանգներու տեսակին ու որակին լրիւ, սակայն իսկական պատկերը։
a) Mez anhražešt ē nax ew aṙaǰ ownenal mez spaṙnac’oġ vtangnerow tesakin ow orakin lriw, sakayn iskakan patkerë.
[31] tree
Այսինքն՝ պէտք է զանազանենք վախի զգացումը վախի պատճառ ունենալէն։
s-31
news-000T-000A02A4
Այսինքն՝ պէտք է զանազանենք վախի զգացումը վախի պատճառ ունենալէն։
Aysink’n, pētk’ ē zanazanenk’ vaxi zgac’owmë vaxi patč̣aṙ ownenalēn.
[32] tree
Մեր պատմութիւնը մեզ այդ երկուքին ալ առիթ տուած է։
s-32
news-000T-000A02A5
Մեր պատմութիւնը մեզ այդ երկուքին ալ առիթ տուած է։
Mer patmowt’iwnë mez ayd erkowk’in al aṙit’ towaç ē.
[33] tree
Սակայն վտանգի չափազանցումը կամ թերագնահատումը ինքն իր մէջ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ։
s-33
news-000T-000A02A6
Սակայն վտանգի չափազանցումը կամ թերագնահատումը ինքն իր մէջ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ։
Sakayn vtangi čap’azanc’owmë kam t’eragnahatowmë ink’n ir mēǰ lowrǰ vtang kë nerkayac’nē.
[34] tree
Չափազանցութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ վտանգը նուազեցնող կարելի քայլեր անտեսելու կամ առիթներ փախցնելու. վտանգի թերագնահատումը՝ աղէտի ու պարտութեան։
s-34
news-000T-000A02A7
Չափազանցութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ վտանգը նուազեցնող կարելի քայլեր անտեսելու կամ առիթներ փախցնելու. վտանգի թերագնահատումը՝ աղէտի ու պարտութեան։
Čap’azanc’owt’iwnë krnay patč̣aṙ daṙnal vtangë nowazec’noġ kareli k’ayler anteselow kam aṙit’ner p’axc’nelow. vtangi t’eragnahatowmë, aġēti ow partowt’ean.
[35] tree
բ) Մեզ անհրաժեշտ է պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն. (ա) ինչո՞ւ Ազրպէյճանը կանգ առաւ Շուշին գրաւելով, երբ կարող էր հանգիստ հասնել Ստեփանակերտ, (բ) ինչո՞ւ ան Հայաստանի հարաւի ճակատին վրայ՝ մեր սահմանի միւս կողմը կանգ առաւ, երբ կարող էր հանգիստ անցնիլ սահմանն ու հասնիլ Նախիջեւան։
s-35
news-000T-000B02A8

b) Mez anhražešt ē patasxanel heteweal harc’owmnerown. (a) inčo?w Azrpēyč̣anë kang aṙaw Šowšin grawelov, erb karoġ ēr hangist hasnel Step’anakert, (b) inčo?w an Hayastani harawi č̣akatin vray, mer sahmani miws koġmë kang aṙaw, erb karoġ ēr hangist anc’nil sahmann ow hasnil Naxiǰewan.
[36] tree
Ինչո՞ւ Թուրքիան որեւէ սահմանէ զօրք չմտցուց Հայաստան, երբ կրնար այդ ընել։
s-36
news-000T-000B02A9
Ինչո՞ւ Թուրքիան որեւէ սահմանէ զօրք չմտցուց Հայաստան, երբ կրնար այդ ընել։
Inčo?w T’owrk’ian orewē sahmanē zòrk’ čmtc’owc’ Hayastan, erb krnar ayd ënel.
[37] tree
Եթէ պատասխանն այն է, որ ռուսական ներկայութիւնը եւ Ռուսիոյ հետ մեր դաշնագիրն էր պատճառը, ինչո՞ւ ենք այնքան իրար անցած։
s-37
news-000T-000C02AA
Եթէ պատասխանն այն է, որ ռուսական ներկայութիւնը եւ Ռուսիոյ հետ մեր դաշնագիրն էր պատճառը, ինչո՞ւ ենք այնքան իրար անցած։
Et’ē patasxann ayn ē, or ṙowsakan nerkayowt’iwnë ew Ṙowsioy het mer dašnagirn ēr patč̣aṙë, inčo?w enk’ aynk’an irar anc’aç.
[38] tree
Չէ՞ որ Ռուսիոյ հետ այդ պայմանագիրը տակաւին ի զօրու է, եւ ռուսական ներկայութիւնը չէ նուազած, այլ ընդհակառակը։
s-38
news-000T-000C02AB
Չէ՞ որ Ռուսիոյ հետ այդ պայմանագիրը տակաւին ի զօրու է, եւ ռուսական ներկայութիւնը չէ նուազած, այլ ընդհակառակը։
Čē? or Ṙowsioy het ayd paymanagirë takawin i zòrow ē, ew ṙowsakan nerkayowt’iwnë čē nowazaç, ayl ëndhakaṙakë.
[39] tree
Իսկ կա՞ն այլ գործօններ, որոնք կրնան բացատրել այն, ինչ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կարող էին ընել եւ չըրին։
s-39
news-000T-000D02AC
Իսկ կա՞ն այլ գործօններ, որոնք կրնան բացատրել այն, ինչ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կարող էին ընել եւ չըրին։
Isk ka?n ayl gorçònner, oronk’ krnan bac’atrel ayn, inč Azrpēyč̣ann ow T’owrk’ian karoġ ēin ënel ew čërin.
[40] tree
Եւ պատասխանել հետեւեալ հարցումին. (գ) արդեո՞ք կարելի է այդ վտանգները նուազեցնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ խօսելով։
s-40
news-000T-000E02AD
Եւ պատասխանել հետեւեալ հարցումին. (գ) արդեո՞ք կարելի է այդ վտանգները նուազեցնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ խօսելով։
EW patasxanel heteweal harc’owmin. (g) ardeo?k’ kareli ē ayd vtangnerë nowazec’nel T’owrk’ioy ew Azrpēyč̣ani het xòselov.
[41] tree
Ի՞նչ տրամաբանութեամբ է, որ պատերազմի մէջ պարտութեան փաստէն կը հասնինք հակառակորդին հետ չխօսելու ու որեւէ յարաբերութիւն չունենալու քաղաքականութեան:
s-41
news-000T-000F02AE
Ի՞նչ տրամաբանութեամբ է, որ պատերազմի մէջ պարտութեան փաստէն կը հասնինք հակառակորդին հետ չխօսելու ու որեւէ յարաբերութիւն չունենալու քաղաքականութեան:
I?nč tramabanowt’eamb ē, or paterazmi mēǰ partowt’ean p’astēn kë hasnink’ hakaṙakordin het čxòselow ow orewē yaraberowt’iwn čownenalow k’aġak’akanowt’ean.
[42] tree
Այստեղ ես տրամաբանութիւն չեմ տեսներ։
s-42
news-000T-000G02AF
Այստեղ ես տրամաբանութիւն չեմ տեսներ։
Aysteġ es tramabanowt’iwn čem tesner.
[43] tree
Այն ուժերը, որոնք նման յարաբերութիւններ դաւաճանութիւն կը նկատեն, այդ եզրակացութեան հասած էին նախքան այս պատերազմը, նախքան 2016 թ. պատերազմը, փաստօրէն՝ նախքան որեւէ պատերազմ։
s-43
news-000T-000G02AG
Այն ուժերը, որոնք նման յարաբերութիւններ դաւաճանութիւն կը նկատեն, այդ եզրակացութեան հասած էին նախքան այս պատերազմը, նախքան 2016 թ. պատերազմը, փաստօրէն՝ նախքան որեւէ պատերազմ։
Ayn owžerë, oronk’ nman yaraberowt’iwnner dawač̣anowt’iwn kë nkaten, ayd ezrakac’owt’ean hasaç ēin naxk’an ays paterazmë, naxk’an 2016 t’. paterazmë, p’astòrēn, naxk’an orewē paterazm.
[44] tree
Նոյն ուժերը չէի՞ն , որոնք դէմ էին Հայաստանի անկախութեանը, որովհետեւ անկախութեան պարագային Թուրքիան պիտի մտնէր Հայաստան ու ջարդէր հայութեան մնացածը։
s-44
news-000T-000G02AH
Նոյն ուժերը չէի՞ն, որոնք դէմ էին Հայաստանի անկախութեանը, որովհետեւ անկախութեան պարագային Թուրքիան պիտի մտնէր Հայաստան ու ջարդէր հայութեան մնացածը։
Noyn owžerë čēi?n, oronk’ dēm ēin Hayastani ankaxowt’eanë, orovhetew ankaxowt’ean paragayin T’owrk’ian piti mtnēr Hayastan ow ǰardēr hayowt’ean mnac’açë.
[45] tree
Այդ բոլոր մեկնաբանութիւններու եւ եզրակացութիւններու ետին պահուըտած է արդէն տասնամեակներու կեանք ունեցող պարզամիտ, ատելութեան վրայ հիմնուած «ազգային» գաղափարախօսութիւն մը, ըստ որու՝ հակաթրքութիւ՛նն է հայկականութեան էութիւնը, Հայաստանի ճակատագի՛րն է կախուած մնալ, եւ ժողովուրդի պա՛րտքն է իշխանութիւնը յանձնել այն մարդկանց, որոնք այդ ատելութեան կրողներն ու տարածողներն են։
s-45
news-000T-000H02AI

Ayd bolor meknabanowt’iwnnerow ew ezrakac’owt’iwnnerow etin pahowëtaç ē ardēn tasnameaknerow keank’ ownec’oġ parzamit, atelowt’ean vray himnowaç «azgayin» gaġap’araxòsowt’iwn më, ëst orow, hakat’rk’owt’iw՛nn ē haykakanowt’ean ēowt’iwnë, Hayastani č̣akatagi՛rn ē kaxowaç mnal, ew žoġovowrdi pa՛rtk’n ē išxanowt’iwnë yanjnel ayn mardkanc’, oronk’ ayd atelowt’ean kroġnern ow taraçoġnern en.
[46] tree
Կայ նաեւ յաւելեալ, հետաքրքրական երեւոյթ մը։
s-46
news-000T-000I02AJ
Կայ նաեւ յաւելեալ, հետաքրքրական երեւոյթ մը։
Kay naew yaweleal, hetak’rk’rakan erewoyt’ më.
[47] tree
Հայաստանի անկախութենէն առաջ եւ անկէ ի վեր այդ ուժերն ամէն բան ըրած են ու ըսած՝ անկարելի դարձնելու համար Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը եւ այդ դիրքորոշմամբ իսկ ուժեղացուցած Թուրքիոյ մէջ ծայրայեղ, հայատեաց քաղաքականութեան կողմնակիցները։
s-47
news-000T-000I02AK

Hayastani ankaxowt’enēn aṙaǰ ew ankē i ver ayd owžern amēn ban ëraç en ow ësaç, ankareli darjnelow hamar T’owrk’ioy het bnakanon yaraberowt’iwnnerow hastatowmë ew ayd dirk’orošmamb isk owžeġac’owc’aç T’owrk’ioy mēǰ çayrayeġ, hayateac’ k’aġak’akanowt’ean koġmnakic’nerë.
[48] tree
Այդ ուժերն անկարելի դարձուցած են Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծումը. այն, ինչ կարելի պիտի դարձնէր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատումը եւ գոնէ նուազեցնէր անոր կողմէն ներկայացուած վտանգը։
s-48
news-000T-000I02AL
Այդ ուժերն անկարելի դարձուցած են Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծումը. այն, ինչ կարելի պիտի դարձնէր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատումը եւ գոնէ նուազեցնէր անոր կողմէն ներկայացուած վտանգը։
Ayd owžern ankareli darjowc’aç en Ġarabaġi harc’i xaġaġ lowçowmë. ayn, inč kareli piti darjnēr T’owrk’ioy het yaraberowt’iwnnerow hastatowmë ew gonē nowazec’nēr anor koġmēn nerkayac’owaç vtangë.
[49] tree
Ոչ միայն այդ, այլ նաեւ Թուրքիոյ ըսած ենք, որ մենք պահանջներ ունինք իրմէ, որ մնալու ենք մշտական թշնամի, որովհետեւ Արեւմտահայաստանի մեր հողերը չեն վերադարձներ, Ցեղասպանութիւնը չեն ճանչնար։
s-49
news-000T-000I02AM
Ոչ միայն այդ, այլ նաեւ Թուրքիոյ ըսած ենք, որ մենք պահանջներ ունինք իրմէ, որ մնալու ենք մշտական թշնամի, որովհետեւ Արեւմտահայաստանի մեր հողերը չեն վերադարձներ, Ցեղասպանութիւնը չեն ճանչնար։
Oč miayn ayd, ayl naew T’owrk’ioy ësaç enk’, or menk’ pahanǰner ownink’ irmē, or mnalow enk’ mštakan t’šnami, orovhetew Arewmtahayastani mer hoġerë čen veradarjner, C’eġaspanowt’iwnë čen č̣ančnar.
[50] tree
Այդ ուժերու՝ խափանարար, բանականութեան օրէնքներու չենթարկուած տրամադրութիւնը տիրապետած է անոնց մօտեցման վրայ. տարբեր ձեւերով ու ոճերով արդէն երեք տասնամեակէ ի վեր։
s-50
news-000T-000J02AN
Այդ ուժերու՝ խափանարար, բանականութեան օրէնքներու չենթարկուած տրամադրութիւնը տիրապետած է անոնց մօտեցման վրայ. տարբեր ձեւերով ու ոճերով արդէն երեք տասնամեակէ ի վեր։
Ayd owžerow, xap’anarar, banakanowt’ean òrēnk’nerow čent’arkowaç tramadrowt’iwnë tirapetaç ē anonc’ mòtec’man vray. tarber jewerov ow oč̣erov ardēn erek’ tasnameakē i ver.
[51] tree
1998 թ.-էն ի վեր այդ մօտեցումը որդեգրուած է, բաւականին չափով, մեր իշխանութիւններու կողմէն։
s-51
news-000T-000J02AO
1998 թ.-էն ի վեր այդ մօտեցումը որդեգրուած է, բաւականին չափով, մեր իշխանութիւններու կողմէն։
1998 t’.-ēn i ver ayd mòtec’owmë ordegrowaç ē, bawakanin čap’ov, mer išxanowt’iwnnerow koġmēn.
[52] tree
Ինչպէս բացատրած եմ այս հատորի ներածականի մէջ ու ապացուցած՝ հատորի մէջ ներգրաւուած նիւթերով, վախը դարձուցած ենք ռազմավարական մտածելակերպի հիմք, միեւնոյն ատեն սպառնացած ու հայհոյած Թուրքիային, իսկ յետոյ Ազրպէյճանին։
s-52
news-000T-000J02AP
Ինչպէս բացատրած եմ այս հատորի ներածականի մէջ ու ապացուցած՝ հատորի մէջ ներգրաւուած նիւթերով, վախը դարձուցած ենք ռազմավարական մտածելակերպի հիմք, միեւնոյն ատեն սպառնացած ու հայհոյած Թուրքիային, իսկ յետոյ Ազրպէյճանին։
Inčpēs bac’atraç em ays hatori neraçakani mēǰ ow apac’owc’aç, hatori mēǰ nergrawowaç niwt’erov, vaxë darjowc’aç enk’ ṙazmavarakan mtaçelakerpi himk’, miewnoyn aten spaṙnac’aç ow hayhoyaç T’owrk’iayin, isk yetoy Azrpēyč̣anin.
[53] tree
Այդ բոլորը ընելէ ետք, երբ Թուրքիան Հայաստանի նկատմամբ քաղաքականութիւն ճշդելու ընթացքին նկատի կ՚ունենայ նաեւ ա՛յդ գործօնը, կը շտապենք յայտարարելու, որ Թուրքիան անուղղայ հայատեաց է ու խոստմնալից ցեղասպան։
s-53
news-000T-000J02AQ
Այդ բոլորը ընելէ ետք, երբ Թուրքիան Հայաստանի նկատմամբ քաղաքականութիւն ճշդելու ընթացքին նկատի կ՚ունենայ նաեւ ա՛յդ գործօնը, կը շտապենք յայտարարելու, որ Թուրքիան անուղղայ հայատեաց է ու խոստմնալից ցեղասպան։
Ayd bolorë ënelē etk’, erb T’owrk’ian Hayastani nkatmamb k’aġak’akanowt’iwn č̣šdelow ënt’ac’k’in nkati k,ownenay naew a՛yd gorçònë, kë štapenk’ yaytararelow, or T’owrk’ian anowġġay hayateac’ ē ow xostmnalic’ c’eġaspan.
[54] tree
Իսկ հիմա, առանց իսկ առիթ տալու, որ այս հարցը քննարկուի, այդ ուժերը կ՚ուզեն այս վերջին պատերազմէն քաղել երկու դաս. (ա) հակաթրքութեան՝ ատելութեան վրայ հիմնուած արտաքին քաղաքականութիւնը արդարացուած էր եւ ահաւասիկ նոր փաստը, եւ (բ) անկէ բնականաբար կը բխի այն, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը նոր ցեղասպանութիւն իրագործելն է։
s-54
news-000T-000K02AR

Isk hima, aṙanc’ isk aṙit’ talow, or ays harc’ë k’nnarkowi, ayd owžerë k,owzen ays verǰin paterazmēn k’aġel erkow das. (a) hakat’rk’owt’ean, atelowt’ean vray himnowaç artak’in k’aġak’akanowt’iwnë ardarac’owaç ēr ew ahawasik nor p’astë, ew (b) ankē bnakanabar kë bxi ayn, or T’owrk’ioy k’aġak’akanowt’iwnë nor c’eġaspanowt’iwn iragorçeln ē.
[55] tree
Ըստ այդ մօտեցման՝ Թուրքիան պէտք էր յարձակած ըլլար Հայաստանի վրայ մեր անկախութեան առաջին իսկ օրերուն։
s-55
news-000T-000K02AS
Ըստ այդ մօտեցման՝ Թուրքիան պէտք էր յարձակած ըլլար Հայաստանի վրայ մեր անկախութեան առաջին իսկ օրերուն։
Ëst ayd mòtec’man, T’owrk’ian pētk’ ēr yarjakaç ëllar Hayastani vray mer ankaxowt’ean aṙaǰin isk òrerown.
[56] tree
Այդ բանը չպատահեցաւ այդ ժամանակ ու չէ պատահած անկէ ի վեր, երբ Հայաստանը կը յաղթէր Ազրպէյճանի դէմ պատերազմը 1991-1994 թթ.-ին, կամ երբ ան կը պարտուէր 2020 թ.-ին։
s-56
news-000T-000K02AT
Այդ բանը չպատահեցաւ այդ ժամանակ ու չէ պատահած անկէ ի վեր, երբ Հայաստանը կը յաղթէր Ազրպէյճանի դէմ պատերազմը 1991-1994 թթ.-ին, կամ երբ ան կը պարտուէր 2020 թ.-ին։
Ayd banë čpatahec’aw ayd žamanak ow čē patahaç ankē i ver, erb Hayastanë kë yaġt’ēr Azrpēyč̣ani dēm paterazmë 1991-1994 t’t’.-in, kam erb an kë partowēr 2020 t’.-in.
[57] tree
Այն, ինչ չպատահեցաւ, երբ կարող էր պատահիլ կամ ըստ վերլուծման պէտք էր պատահէր, ու չպատահեցաւ, նոյնքան կարեւոր է, որքան այն, ինչ պատահեցաւ։
s-57
news-000T-000K02AU
Այն, ինչ չպատահեցաւ, երբ կարող էր պատահիլ կամ ըստ վերլուծման պէտք էր պատահէր, ու չպատահեցաւ, նոյնքան կարեւոր է, որքան այն, ինչ պատահեցաւ։
Ayn, inč čpatahec’aw, erb karoġ ēr patahil kam ëst verlowçman pētk’ ēr patahēr, ow čpatahec’aw, noynk’an karewor ē, ork’an ayn, inč patahec’aw.
[58] tree
Այստեղ տրամաբանութիւն կամ ռազմավարութիւն մտածելու մեթոտ չեմ տեսներ։
s-58
news-000T-000K02AV
Այստեղ տրամաբանութիւն կամ ռազմավարութիւն մտածելու մեթոտ չեմ տեսներ։
Aysteġ tramabanowt’iwn kam ṙazmavarowt’iwn mtaçelow met’ot čem tesner.
[59] tree
Կայ մեծ ցատկ մը՝ մէկ փաստէն դէպի բարդ ու ծանրակշիռ եզրակացութիւն։
s-59
news-000T-000K02B0
Կայ մեծ ցատկ մը՝ մէկ փաստէն դէպի բարդ ու ծանրակշիռ եզրակացութիւն։
Kay meç c’atk më, mēk p’astēn dēpi bard ow çanrakšiṙ ezrakac’owt’iwn.
[60] tree
Այդ ցատկը երկու հիմնադրոյթներ ունի։
s-60
news-000T-000K02B1
Այդ ցատկը երկու հիմնադրոյթներ ունի։
Ayd c’atkë erkow himnadroyt’ner owni.
[61] tree
Առաջինը, որ մենք պատմութեան մէջ զոհ ըլլալէ աւելի մեծ դեր չունինք եւ մեր ճակատագիրը ճշդուած է. կամ զոհ կը դառնանք, կամ այս կամ այն ձեւով կը խուսափինք այդ ճակատագրէն։
s-61
news-000T-000L02B2
Առաջինը, որ մենք պատմութեան մէջ զոհ ըլլալէ աւելի մեծ դեր չունինք եւ մեր ճակատագիրը ճշդուած է. կամ զոհ կը դառնանք, կամ այս կամ այն ձեւով կը խուսափինք այդ ճակատագրէն։
Aṙaǰinë, or menk’ patmowt’ean mēǰ zoh ëllalē aweli meç der čownink’ ew mer č̣akatagirë č̣šdowaç ē. kam zoh kë daṙnank’, kam ays kam ayn jewov kë xowsap’ink’ ayd č̣akatagrēn.
[62] tree
Այսինքն՝ այն, ինչ մենք կ՚ընենք ու կ՚ըսենք, տարբերութիւն չ՚ըներ, բացի զոհի դերի սահմաններու մէջ արտօնուած դերէն։
s-62
news-000T-000L02B3
Այսինքն՝ այն, ինչ մենք կ՚ընենք ու կ՚ըսենք, տարբերութիւն չ՚ըներ, բացի զոհի դերի սահմաններու մէջ արտօնուած դերէն։
Aysink’n, ayn, inč menk’ k,ënenk’ ow k,ësenk’, tarberowt’iwn č,ëner, bac’i zohi deri sahmannerow mēǰ artònowaç derēn.
[63] tree
Երկրորդ. այն, ինչ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը կարող էին ընել ու չըրին, այդ ալ տարբերութիւն չ՚ըներ։
s-63
news-000T-000M02B4
Երկրորդ. այն, ինչ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը կարող էին ընել ու չըրին, այդ ալ տարբերութիւն չ՚ըներ։
Erkrord. ayn, inč T’owrk’ian ow Azrpēyč̣anë karoġ ēin ënel ow čërin, ayd al tarberowt’iwn č,ëner.
[64] tree
Մենք ունինք մեր աւետարանը, ուր ամէն բան ու ամէն բանի իմաստը ճշդուած է արդէն։
s-64
news-000T-000M02B5
Մենք ունինք մեր աւետարանը, ուր ամէն բան ու ամէն բանի իմաստը ճշդուած է արդէն։
Menk’ ownink’ mer awetaranë, owr amēn ban ow amēn bani imastë č̣šdowaç ē ardēn.
[65] tree
Նորէն մտածելու պէտք չկայ։
s-65
news-000T-000M02B6
Նորէն մտածելու պէտք չկայ։
Norēn mtaçelow pētk’ čkay.
[66] tree
«Մենք գիտենք»:
s-66
news-000T-000M02B7
«Մենք գիտենք»:
«Menk’ gitenk’».
[67] tree
Ապագայի քաղաքականութիւնը ծրագրելու հիմնական երկու ճանապարհ ունինք։
s-67
news-000T-000N02B8
Ապագայի քաղաքականութիւնը ծրագրելու հիմնական երկու ճանապարհ ունինք։
Apagayi k’aġak’akanowt’iwnë çragrelow himnakan erkow č̣anaparh ownink’.
[68] tree
Մէկը՝ վախով ու երազանքներով պայմանաւորուած ճանապարհն է։
s-68
news-000T-000N02B9
Մէկը՝ վախով ու երազանքներով պայմանաւորուած ճանապարհն է։
Mēkë, vaxov ow erazank’nerov paymanaworowaç č̣anaparhn ē.
[69] tree
Երկրորդը՝ հասանելի նպատակներու ու իրապաշտ հաշուարկներու վրայ հիմնուած ռազմավարութիւնը:
s-69
news-000T-000N02BA
Երկրորդը՝ հասանելի նպատակներու ու իրապաշտ հաշուարկներու վրայ հիմնուած ռազմավարութիւնը:
Erkrordë, hasaneli npataknerow ow irapašt hašowarknerow vray himnowaç ṙazmavarowt’iwnë.
[70] tree
Երբ այդ ընտրութիւնը կատարենք, նկատի պէտք է ունենանք հետեւեալ երկու պարզ սկզբունքները. (ա) փափաքելին, սակայն անկարելին հետապնդելով չկորսնցնենք ընդունելին եւ կարելին, (բ) նախ պէտք է լաւ ըլլանք, որպէսզի կարելիութիւնը ունենանք շատ լաւ ըլլալու։
s-70
news-000T-000N02BB

Erb ayd ëntrowt’iwnë katarenk’, nkati pētk’ ē ownenank’ heteweal erkow parz skzbownk’nerë. (a) p’ap’ak’elin, sakayn ankarelin hetapndelov čkorsnc’nenk’ ëndownelin ew karelin, (b) nax pētk’ ē law ëllank’, orpēszi kareliowt’iwnë ownenank’ šat law ëllalow.
[71] tree
Արդեօ՞ք այս անգամ ճիշդ դասը պիտի սորվինք պատմութենէն:
s-71
news-000T-000O02BC
Արդեօ՞ք այս անգամ ճիշդ դասը պիտի սորվինք պատմութենէն:
Ardeò?k’ ays angam č̣išd dasë piti sorvink’ patmowt’enēn.
[72] tree
Այստեղ վտանգներ, հակահայ տրամադրութիւններ, նոյնիսկ նպատակներ անտեսելու խնդիր չկայ։
s-72
news-000T-000P02BD
Այստեղ վտանգներ, հակահայ տրամադրութիւններ, նոյնիսկ նպատակներ անտեսելու խնդիր չկայ։
Aysteġ vtangner, hakahay tramadrowt’iwnner, noynisk npatakner anteselow xndir čkay.
[73] tree
Սակայն մենք իրաւունք չունինք մեր ապագան ամբողջովին վստահիլ որեւէ առանձինն պետութեան կամ արտաքին ուժի։
s-73
news-000T-000P02BE
Սակայն մենք իրաւունք չունինք մեր ապագան ամբողջովին վստահիլ որեւէ առանձինն պետութեան կամ արտաքին ուժի։
Sakayn menk’ irawownk’ čownink’ mer apagan amboġǰovin vstahil orewē aṙanjinn petowt’ean kam artak’in owži.
[74] tree
Պետութիւնները կը փոխուին, մեր բարեկամներն ու թշնամիները կը փոխուին, մենք կը փոխուինք։
s-74
news-000T-000P02BF
Պետութիւնները կը փոխուին, մեր բարեկամներն ու թշնամիները կը փոխուին, մենք կը փոխուինք։
Petowt’iwnnerë kë p’oxowin, mer barekamnern ow t’šnaminerë kë p’oxowin, menk’ kë p’oxowink’.
[75] tree
Մեր մտածելակերպը, քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը պէտք է ձգտին գոնէ նուազեցնելու այդ վտանգները։
s-75
news-000T-000P02BG
Մեր մտածելակերպը, քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը պէտք է ձգտին գոնէ նուազեցնելու այդ վտանգները։
Mer mtaçelakerpë, k’aġak’akanowt’iwnn ow diwanagitowt’iwnë pētk’ ē jgtin gonē nowazec’nelow ayd vtangnerë.
[76] tree
Կարելի չէ ապագայ կերտել միայն զէնքի, նահատակուող հերոսներու եւ պատասխանատուութենէ խուսափելու քաղաքականութեան վրայ։
s-76
news-000T-000P02BH
Կարելի չէ ապագայ կերտել միայն զէնքի, նահատակուող հերոսներու եւ պատասխանատուութենէ խուսափելու քաղաքականութեան վրայ։
Kareli čē apagay kertel miayn zēnk’i, nahatakowoġ herosnerow ew patasxanatowowt’enē xowsap’elow k’aġak’akanowt’ean vray.
[77] tree
Այդ ընթացքին մեր դրացիները, բարեկամ թէ ոչ, դրացի ըլլալէ չեն դադրիր։
s-77
news-000T-000Q02BI
Այդ ընթացքին մեր դրացիները, բարեկամ թէ ոչ, դրացի ըլլալէ չեն դադրիր։
Ayd ënt’ac’k’in mer drac’inerë, barekam t’ē oč, drac’i ëllalē čen dadrir.
[78] tree
Դրացի պետութիւններու նկատմամբ մեր վախն ու ատելութիւնը պէտք չէ շփոթել ռազմավարութեան հետ։
s-78
news-000T-000Q02BJ
Դրացի պետութիւններու նկատմամբ մեր վախն ու ատելութիւնը պէտք չէ շփոթել ռազմավարութեան հետ։
Drac’i petowt’iwnnerow nkatmamb mer vaxn ow atelowt’iwnë pētk’ čē šp’ot’el ṙazmavarowt’ean het.
[79] tree
Եթէ այս վերջին պատերազմէն եւ պարտութենէն յետոյ ալ շարունակենք ռազմավարութիւն ճշդել զգացական ու գաւառական հիմքերու վրայ՝ առանց բոլոր կարելիութիւնները նկատի ունենալու եւ հաշուարկելու, մենք իրաւունք չունինք ակնկալելու, որ մեր քաղաքականութեան արդիւնքը տարբեր պիտի ըլլայ վերջին պատերազմի արդիւնքէն։
s-79
news-000T-000R02BK

Et’ē ays verǰin paterazmēn ew partowt’enēn yetoy al šarownakenk’ ṙazmavarowt’iwn č̣šdel zgac’akan ow gawaṙakan himk’erow vray, aṙanc’ bolor kareliowt’iwnnerë nkati ownenalow ew hašowarkelow, menk’ irawownk’ čownink’ aknkalelow, or mer k’aġak’akanowt’ean ardiwnk’ë tarber piti ëllay verǰin paterazmi ardiwnk’ēn.
[80] tree
Ժիրայր Լիպարիտյան
s-80
news-000T-000S02BL
Ժիրայր Լիպարիտյան
Žirayr Liparityan

Edit as listText viewDependency trees