s-4
| «Այսօր մեր նպատակն է երեխաներուն օգնելու ճամբով աւելցնել անոնց մէջ հետաքրքրութիւնն ու սէրը արուեստին եւ հայկական մշակոյթին հանդէպ. կը կարծենք, թէ նիւթական օժանդակութեան զուգահեռ, շատ մեծ են հոգատարութիւնը, սէրը, ջերմ վերաբերմունքը: |
s-5
| Մեր նպատակներէն է նաեւ Արցախի երեխաներուն հետ մեծ շրջանակ մը կազմել, որպէսզի յետագային որեւէ հարցի պարագային անոնց օգնելու համար կապի օղակ գոյութիւն ունենայ», ըսաւ Նանէ Աւետիսեան։ |
s-6
| Միջոցառման բոլոր՝ տասներկու մասնակիցներուն կտաւները պիտի հանուին աճուրդի, իսկ ստացուած եկամուտը պիտի յատկացուի արուեստի, մշակոյթի վերաբերող բարեսիրական ծրագիրները կեանքի կոչելու: |
s-7
| «Թովմասեան» հիմնադրամի տնօրէնուհին արուեստի դպրոցի սաներուն բաժնած է նուէրներ եւ աշխատանքային գործիքներ: |
s-8
| Երկուշաբթի, Յուլիս 19, 2021 |
s-9
| Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը վերջերս ներկայացուց «Ճամբորդենք Խաչատուրեանի հետ» նոր գծանկարային ժապաւէնին բաց դիտում, ստեղծագործական խումբին հետ հանդիպում եւ ժապաւէնին քննարկումը: |
s-10
| Մշակութասէր հանրութեան ներկայացուեցաւ նոր գծանկարային քառալեզու՝ հայերէնով, ռուսերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով ժապաւէնը, որ նուիրուած է աշխարհահռչակ երգահանին արտասահմանեան շրջագայութիւններուն: |
s-11
| «Ես երջանկութիւնը ունեցած եմ նուագահանդէսներով հանդէս գալու Եւրոպայի գրեթէ բոլոր, իսկ Ամերիկայի շարք մը քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Եգիպտոսի, Լիբանանի, Ճաբոնի: |
s-12
| Իւրաքանչիւր հիւրախաղային ուղեւորութեան նոր հանդիպումներ կ՚ունենայինք հետաքրքրական մարդոց, հրաշալի երաժշտական խումբերու, նշանաւոր գրողներու, նկարիչներու եւ հասարակական գործիչներու հետ», կը նշէ Արամ Խաչատուրեան: |
s-13
| Միւս կողմէ, ժապաւէնը պատրաստելու ժամանակ օգտագործուած են տուն-թանգարանի արխիւային նիւթերը, իսկ զայն նկարահանած է «ILABS Armenia» ընկերութիւնը՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ: |
s-14
| Շաբաթ, Յուլիս 17, 2021 |
s-15
| ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ |
s-16
| Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցաւ երգահան, մանկավարժ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, մշակութային, հասարակական գործիչ Եդուարդ Միրզոյեանի 100-ամեակին նուիրուած նուագահանդէս մը։ |
s-17
| Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնին կողմէ։ |
s-18
| Նուագահանդէսը տեղի ունեցաւ Երաժիշտներու միութեան Եդուարդ Միրզոյեանի անուան ստեղծագործական տան «Պեթհովեն» դահլիճին մէջ, ուր հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար երգահան Վահան Մարտիրոսեանի մականին ներքեւ: |
s-19
| Երաժիշտներու միութեան Դիլիջանի ստեղծագործական տունը հիմնադրուած է 1963 թուականին: |
s-20
| Դահլիճի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է 1984 թուականին: |
s-21
| 2013 թուականէն ի վեր դահլիճը կը կրէ արուեստագէտ, երգահան Եդուարդ Միրզոյեանի անունը: |
s-22
| Ըստ ականատեսներու, Եդուարդ Միրզոյեան մեծ մասնակցութիւն ունեցած է կառոյցի շինարարական աշխատանքներուն մէջ. ան տեղեակ էր դրուած ամէն մէկ քարին եւ ուշադրութեամբ կը հետեւէր շինարարութեան: |
s-23
| Ժամանակի ընթացքին երաժիշտներու ստեղծագործական տան մէջ հանդէս եկած են շարք մը անուանի երաժիշտներ, որոնք իրենց նպաստը բերած են կառոյցի կայացման եւ հեղինակութեան: |
s-24
| Այս նուագահանդէսը ո՛չ միայն յարգանքի տուրք է մեծանուն երգահանի յոբելեանին, այլեւ կը նպատակադրէ նպաստել Դիլիջանի ստեղծագործական տան հանրահռչակման: |
s-25
| Միւս կողմէ, Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը վերջին շրջանին իր բոլոր նախաձեռնութիւններով նպատակ կը հետապնդէ մարզային մշակութային միջոցառումներով աշխուժացնել մշակութային կեանքը Հայաստանի մարզերուն մէջ, ուր հազուադէպօրէն տեղի կ՚ունենան նման տարողութեամբ ձեռնարկներ: |
s-26
| Շաբաթ, Յուլիս 17, 2021 |
s-27
| Յայտնի վիպասանուհի Ճոէն Ռոուլինկ այս տարի նոր գիրք մը կը թողարկէ երեխաներու համար։ |
s-28
| Այսպէս, անգլիացի վիպասանուհի Ճոէն Ռոուլինկի նոր գիրքը երեխաներու համար կը թողարկուի 2021 թուականի հոկտեմբերի 12-ին։ |
s-29
| Ան կը կոչուի «Սուրբ Ծննդեան խոզը» (The Christmas Pig)։ |
s-30
| Այս մասին կը յայտնէ Ռոուլինկի կայքէջը։ |
s-31
| «Սուրբ Ծննդեան խոզը յուզիչ, արկածային պատմութիւն մըն է իր խաղալիքի հանդէպ երեխայի մը սիրոյ եւ այն մասին, թէ որքան հեռու երթայ ան, որպէսզի գտնէ զայն։ |
s-32
| Ան առանձին պատմութիւն մըն է, որ կապ չունի Ռոուլինկի նախորդ պատմութիւններու հետ։ |
s-33
| Գիրքը յարմար է 8 տարեկանէ բարձր երեխաներու համար», կ՚ըսուի գիրքի նկարագրութեան մէջ։ |
s-34
| Գիրքի նիւթին համաձայն՝ Ճէք անունով հերոսը կը սիրէ իր մանկական խաղալիքը՝ խոզուկը, որ միշտ իր կողքին եղած է։ |
s-35
| Սակայն Սուրբ Ծնունդի նախօրէին խաղալիքը կը կորսուի։ |
s-36
| Ճէք կը մեկնի կախարդական ուղեւորութեան՝ իր լաւագոյն ընկերը փրկելու համար։ |
s-37
| Ուրբաթ, Յուլիս 16, 2021 |
s-38
| ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՄԵՆԱԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ |
s-39
| Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.- |
s-40
| Նախաձեռնութեամբ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ համագործակցութեամբ Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի, երէկ Երեւանին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը՝ ձօնուած Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն աստուածաբան ու բարերար Արմենակ Յարութիւն Հայկազեանի, որ ծնած էր 1870 թուականին Խարբերդի մէջ։ |
s-41
| Այսօր սփիւռքի միակ հայկական համալսարանն է Պէյրութի Հայկազեանը, որ կը կրէ անոր անունը։ |
s-42
| Ձեռնարկի բացումը կատարեց թանգարանի տնօրէն պատմաբան Յարութիւն Մարութեան, որ ընդգծեց ձեռնարկի եզակի իմաստը։ |
s-43
| Ան դիտել տուաւ, որ մեծ գործիչին նկատմամբ երախտիքի տուրքը, խորքին մէջ, հատուցում մըն է անոր թողած աւանդին ու վաւերական ներկայութեան համար։ |
s-44
| Մարութեան նաեւ բարձր գնահատեց իր գլխաւորած թանգարանի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալասարանի միջեւ համագործակցութիւնը ու նշեց, որ այս ձեռնարկը եւս անոր պտուղներէն մին է։ |
s-45
| Յարութիւն Մարութեանի ելոյթէն վերջ ներկաներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, որ Երեւան մեկնած էր այս ձեռնարկին առթիւ։ |
s-46
| Մատնանշելով օրուան կարեւորութիւնը՝ ան մասնաւորապէս ըսաւ. |
s-47
| «Ինծի համար զգացական է այս օրը, որովհետեւ այս տարին կը յաջորդէ հայ ժողովուրդին համար աւելի քան ծանր տարուան մը՝ 2020-ին, որու ընթացքին մենք ունեցանք հազարաւոր զոհեր։ |
s-48
| Ու այս օրերուն անգամ մը եւս կը շեշտուի զոհ ըմբռնումը, նահատակ ըմբռնումը. մենք պարտաւոր ենք յարգելու ո՛չ միայն մեր նահատակներուն յիշատակը, այլեւ՝ Արցախի վերջին պատերազմի զոհուածներուն յիշատակը։ |
s-49
| Պարտաւոր ենք յարգել ու խոնարհիլ այն թարմ արեան առջեւ, որ հոսեցաւ յանուն մեր հողին ու հայրենիքին։ |
s-50
| Ու կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ, որ արժէքը գիտնանք ու տէր կանգնինք մեր նահատակներուն, մեր արժէքներուն եւ մեր ժողովուրդին»։ |
s-51
| Ապա Փօլ Հայտոսթեան մանրամասն ներկայացուց հոգելոյս Արմենակ Հայկազեանի կենսագրական տուեալները, սկսած իր ծննդավայրէն հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր ուսման կողքին ան կարողացած է հասարակական մեծ գործունէութիւն ծաւալել, անշուշտ, նպատակ ունենալով հասնիլ եւ օժանդակել պատմական Հայաստանի իր հօտի անդամներուն ու ժողովուրդին։ |
s-52
| Փօլ Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արմենակ Հայկազեան սովորական բարերար մը կամ գործիչ մը չէր, այլ աւելին էր ու այդ առումով ան մասնաւորապէս նշեց՝ «Միայն նուիրատու մը չէր ան, բարերար մը չէր, այլ մտաւորական էր, աստուածաբան։ |
s-53
| Անոր կեանքը վերջ գտաւ ճիշդ հարիւր տարի առաջ այսօր՝ 7 յուլիս 1920-ին, իր ծննդավայր Խարբերդի մէջ։ |
s-54
| Մեզի համար այս յատուկ օրը նաեւ կ՚իմաստաւորուի Արմենակ Հայկազեանը յիշատակելով՝ այս անգամ հայրենի հողին վրայ»։ |
s-55
| Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան իր խօսքի աւարտին նշեց, որ Արմենակ Հայկազեանի աւանդը մարմին ստացաւ 1955 թուականին, երբ Պէյրութի մէջ հիմնուեցաւ Հայկազեան համալսարանը՝ վերակենդանացնելով ոչ միայն անոր անունը, այլեւ՝ նոր փայլ տալով անոր մեծ աւանդին եւ ժառանգութեան։ |
s-56
| Միջոցառման ժամանակ ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որու ընթացքին ներկաները դիտեցին Արմենակ Հայկազեանի թոռան սրտի խօսքը, որ արտասանուած է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի շրջանաւարտներուն առջեւ։ |
s-57
| Ձեռնարկի աւարտին ներկաները՝ գլխաւորութեամբ Փօլ Հայտոսթեանի, ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի յուշահալամիր, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին Արմենակ Հայկազեանի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի նոր ու հին բոլոր նահատակներու յիշատակին։ |
s-58
| Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021 |
s-59
| ԹԱՆԳԱՐԱՆԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ |
s-60
| Երեւանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է «Յուշերու տուն» անուանեալ նոր կրթական ծրագրի մը, որու պաշտօնական մեկնարկը երէկ յայտարարուեցաւ թանգարանի աղբիւրներուն կողմէ։ |
s-61
| Շարունակելով կարեւորել թանգարանային կրթութիւնը, «Գաֆէսճեան»ը կը ներկայացնէ այս կրթական նախագիծը, որ հիմնուած է «Գագիկ Յարութիւնեան. մոռացումի անսպասելի գեղեցկութիւնը» ցուցադրութեան վրայ։ |
s-62
| Ծրագիրը նախատեսուած է եօթ տարեկանէ բարձր դպրոցականներու եւ ընտանիքներու համար։ |
s-63
| Սոյն կրթական ծրագրի նպատակն է ներկայացնել հայ ժամանակակից արուեստագէտ Գագիկ Յարութիւնեանի ստեղծագործութիւնները՝ մասնակիցներու միջեւ քննարկում ծաւալելով յիշողութեան երեւոյթի եւ ցուցադրուած ստեղծագործութիւններու մէջ անոր արտացոլման շուրջ։ |
s-64
| «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի ստեղծագործական սրահի երդիքին տակ մասնակիցները իրենց հետ բերուած լուսանկարներու պատճէններու օգնութեամբ կը ստեղծեն քոլաժներ՝ օգտագործելով Գագիկ Յարութիւնեանի «Ընտանեկան դիմանկար» շարքի ստեղծագործութիւններու քոնսեփթը։ |
s-65
| Կրթական ծրագիրը նաեւ հրաշալի առիթ մըն է, որպէսզի մասնակիցները վերարտադրեն իրենց վաղ մանկական յուշերը եւ բաժնեն իրարու հետ լուսաւոր պատումներ։ |
s-66
| Ծրագրին մասնակցութիւնը անվճար է եւ մասնակցութեան համար պարտադիր՝ արձանագրութիւնը։ |
s-67
| Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021 |
s-68
| ԽՄԲԱՎԱՐԻ ՄԸ ՇՈՂԸ |
s-69
| Իտալացի աշխարհահռչակ խմբավար Ռիքարտօ Մութթի այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ |
s-70
| «Ռավեննա» փառատօնի շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին ան հանդէս եկաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ |
s-71
| Քսան տարի առաջ ալ ան Երեւանի մէջ ներկայացած էր հայ երաժշտասէրներուն։ |
s-72
| Այդ ժամանակ ան նշանաւոր «Լա Սքալա»ի գեղարուեստական ղեկավարն էր։ |
s-73
| Այս անգամուան համերգի շարժառիթը հանդիսացաւ «Ռավեննա» յայտնի փառատօնը, որ կը կազմակերպուի «Բարեկամութեան շաւիղներ» կարգախօսով։ |
s-74
| Յուլիսի 1-ին Ռավեննայի մէջ տեղի ունեցած համերգի կրկնութիւնն էր Երեւանի ձեռնարկը։ |
s-75
| Փառատօնի կազմակերպիչները այս տարի Վերածնունդի մեծագոյն իտալացի բանաստեղծ ու փիլիսոփայ Տանթէ Ալիկիէրիի «Աստուածային կատակերգութեան» հիման վրայ նոր ստեղծագործութիւններ խնդրած էին շարք մը երգահաններէ, որոնց կարգին է հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան։ |
s-76
| Այս վերջինը «Քաւարան» բաժնին համար կատարած էր յօրինում մը, որ Ռիքարտօ Մութթիի գլխաւորութեամբ ներկայացուեցաւ Ռավեննայի մէջ։ |
s-77
| «Ճիովանիլէ Լուիճի» նուագախումբին եւ Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբին կողմէ միասնաբար տրուեցաւ համերգը՝ Ռիքարտօ Մութթիի մականին ներքեւ։ |
s-78
| Սա երաժշտասէրներուն տեսակէտէ անկրկնելի համերգ մըն էր եւ բոլորի յիշողութեան մէջ արդէն դարձած է անմոռանալի։ |
s-79
| Երեւանի հանդիսաւոր համերգէն վերջ երաժշտասէրները Օփերայի համալիրի բեմին վրայ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Ռիքարտօ Մութթին եւ Տիգրան Մանսուրեանը։ |
s-80
| «Մեր համագործակցութիւնը թէ՛ երաժշտական եւ թէ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս հրաշալի է», ըսաւ Երեւանի մէջ Մութթի։ |
s-81
| Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ, Ռիքարտօ Մութթի Բարեկամութեան շքանշանով պարգեւատրուեցաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով։ |
s-82
| Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021 |
s-83
| «ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՅՍ ԱՄԱՌ ՓՈՐՁԵՐ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ |
s-84
| Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը այս ամրան պիտի վերակենդանացնէ իր գործունէութիւնը։ |
s-85
| Այս ծիրէն ներս Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ պիտի սկսին համոյթի փորձերը։ |
s-86
| Սա համաճարակի շրջանի ստիպողական դադարէն վերջ ողջունելի իրադարձութիւն մը կը համարուի։ |
s-87
| Ինչպէս ծանօթ է, այս տարի առողջապահութեան ռիսքերու բերումով Կազդուրման կայանը դարձեալ չի հիւրընկալեր իր սաները։ |
s-88
| Ուստի, ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ անոր համալիրը խնամատար մարմնին կողմէ որոշուած է տրամադրել «Մարալ» համոյթին, որ ամրան շրջանին երկար ընդհատումէ մը վերջ պիտի վերսկսի իր փորձերուն։ |
s-89
| Կազդուրման կայանէ ներս «Մարալ»ի աշխատանքը պիտի սկսի յաջորդ երկուշաբթի՝ յուլիսի 5-ին։ |
s-90
| Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021 |
s-91
| ԴԷՊԻ ՌԱՎԵՆՆԱՅԻ ՓԱՌԱՏՕՆ |
s-92
| Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը յառաջիկայ ամսուայ սկիզբին Իտալիոյ մէջ պիտի մասնակցի Ռավեննայի յայտնի փառատօնին։ |
s-93
| Քերուպինիի նուագախումբին հետ, ի թիւս այլ ստեղծագործութիւններու, Սենեկային երգչախումբը պիտի ներկայացնէ նաեւ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի կողմէ՝ յատուկ այս փառատօնին համար կատարուած յօրինում մը։ |
s-94
| Սոյն համերգը պիտի ղեկավարէ իտալացի աշխարհահռչակ խմբավար Ռիքարտօ Մութթի։ |
s-95
| Այս տարուան փառատօնը ձօնուած է Վերածնունդի իտալացի մեծագոյն բանաստեղծ Տանթէ Ալիկիէրիի մահուան 700-րդ տարելիցին։ |
s-96
| Ռավեննայի փառատօնի կազմակերպիչները որոշած են երեք տարբեր երգահաններու երաժշտական ստեղծագործութիւն պատուիրել՝ ներկայացնելու համար Տանթէ Ալիկիէրիի «Աստուածային կատակերգութիւն»ը։ |
s-97
| Երէկ, Սենեկային երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար Ռոպերթ Մըլքէեան յայտնեց, որ սա հայ-իտալական աննախադէպ երաժշտական համագործակցութեան մը ծնունդ տուած է։ |
s-98
| Արդարեւ, դասական մեծագոյն երգահաններու ստեղծագործութիւններու հետ պիտի ներկայացուին նաեւ Մանսուրեանի նոր գրած «Պուրկաթորիօ» ստեղծագործութիւնը։ |
s-99
| Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ տեղի ունեցած երգչախումբի երէկուան փորձէն վերջ Մըլքէեան զրուցեց լրագրողներու հետ։ |
s-100
| Փորձին ներկայ էր նաեւ Տիգրան Մանսուրեան։ |
s-101
| «Հայ-իտալական այս հրաշալի նախաձեռնութեան համար երախտիքի խօսք պէտք է ըսել Վենետիկի Հայկական մշակութային կեդրոնի երկար տարիներու կառավարիչ Մինաս Լուռեանին, որու շնորհիւ հնարաւորութիւն ստեղծուած է նման առաջարկ ստանալու։ |
s-102
| Ծանօթ է, որ աշխարհահռչակ մեծագոյն իտալացի մտածողի, բանաստեղծի գործը երեք մասէ բաղկացած է՝ Դրախտ, Քաւարան, Դժոխք։ |
s-103
| Եւ հեղինակներէն երեքը ընտրուած էին Ռավեննայի փառատօնի ղեկավարութեան կողմէ։ |