hyw-armtdp-train-fiction-000K

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Javascript seems to be turned off, or there was a communication error. Turn on Javascript for more display options.

index sentence 1 - 6 > sentence 7 - 8

Մարկոս էֆէնտի Նազարիկեան Է գիւղին մէջ գրեթէ ամենէն աւելի աչքի զարնող ազգայինն էր: Երեւոյթով ամիրայական, սիրտով մենծ աղա, վարմունքով ամբարտաւան ըլլալու չափ վէս եւ նկարագրով ինքնահաւան: Բայց հակառակ այս ամէն միջակ յատկութիւններուն, գրեթէ աղէկ մարդ մըն էր Մարկոս էֆէնդի, կամ, աւելի ճիշտը, աղէկ մարդու համբաւ հանած էր: Այս տեսակէտով իրեն մեծապէս նպաստած էր իր նիւթական փայլուն վիճակը, հարուստ էր, իր հարստութիւնը՝ առանց շռայլելու արժեցնող տեսակէն: Կծծի չէր, բայց առատաձեռն ալ չէր: Մէկ քանի անանկ տեղին ու ժամանակին յարմար բարերարութիւններ ըրած էր, որ ատոնք ոչ միայն յաւէտ չէին մոռցուէր, այլ եւ հեղինակին կեանքին շուրջը լուսապսակ մը կը բոլորէին կարծես, ու թաղին մէջ իրեն կու տային, հակառակ ուրիշ նոյն աստիճանին վրայ հարուստներ գտնուելուն, գրեթէ գերակշիռ դիրք մը:

Download XMLDownload textSentence viewDependency trees