Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 105 • previous

s-101 Եթէ այդ նախագիծը գործադրուի, ապա տիեզերանաւերու արտադրման պարագային կը ծախսուի 500 միլիառ, իսկ մասնիկներու պարագային մինչեւ 200 թրիլիոն տոլար:
s-102 Կլիմայագէտ Ուոլլաս Պրոքըր կ՚առաջարկէ փուչիկներու եւ օդանաւերու օգնութեամբ մթնոլորտի շերտերէն մէկուն՝ վերոլորտին մէջ շաղ տալ ծծումբի մասնիկներ, որոնք այդ մակարդակի վրայ կը մնան մօտ երկու տարի:
s-103 Այդ նախագիծը կը գնահատուի մօտաւորապէս 50 միլիառ տոլար:
s-104 Ուրիշներ կ՚առաջարկեն յատուկ սարքաւորումներու միջոցով ծովուն ջուրէն աղային գոլորշիներ ստանալ եւ զանոնք վերածել կերակուրի աղով յագեցած իսկական ամպերու, որոնց ստուերին մէջ Երկիր մոլորակը «կը թաքնուի» արեւէն:
s-105 Կ՚առաջարկուի նաեւ՝ ջրային հատուածներու վրայ ստեղծել ճերմակ մակերեսով կամ կերպընկալէ զանգուածով պատուած լողացող արհեստական կղզեակներ՝ երկիր թափանցող արեւային ճառագայթումը արտացոլելու համար:

Text viewDownload CoNNL-U