Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 202 - 301 of 287 • previous

s-202 «Ձեր զգայնութիւնները մեր բոլորին զգայնութիւններն են»։
s-203 Իր կարգին Պատրիարք Հայրն ալ յայտնեց, թէ դէպքը վիրաւորիչ է եւ այս առումով շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան մարմիններու ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար։
s-204 Միւս կողմէ, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ կուսակալ Ալի Երլիքայա հեռախօսային կապ հաստատեցին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի հետ եւ կատարուածը անընդունելի որակելով իրենց ցաւը յայտնեցին։
s-205 Բաց աստի, Գատըգիւղի քաղաքապետ Շերտիլ Տարա Օտապաշըն եւս կապ հաստատեց Գատըգիւղի թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Կարօ Պալեանի հետ եւ ինք եւս պախարակեց աղօթավայրի դէմ գործուած այս դէպքը։
s-206 Երեքշաբթի, Յուլիս 13, 2021
s-207 ՇՔԵՂ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ
s-208 Յուլիսի 14-ի՝ Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ, Պէյօղլու։
s-209 Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովէնի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ այս բացօթեայ հաւաքոյթը։
s-210 Ֆրանսական պալատի շքեղ պարտէզներուն մէջ նախ նուագուեցան Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի քայլերգները, աւելի վերջ ալ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան աւագ հիւպատոսն ու դեսպանը։
s-211 Երէկուան պաշտօնական ընդունելութեան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ դեսպան Էրվէ Մակրոնին եւ աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովէնին շնորհաւորութիւններ յղեց Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ։
s-212 Ընդունելութեան հրաւիրուած էր նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
s-213 Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեկցեցաւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
s-214 Բացի փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներէն, այս ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան դիւանակալներ, քաղաքիս մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն դէմքեր, գործարարներ եւ այլ հիւրեր։
s-215 Երեքշաբթի, Յուլիս 13, 2021
s-216 ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄԸ
s-217 Վարդավառ էր երէկ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին նշեց Պայծառակերպութեան տօնը։
s-218 Աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան մեր եկեղեցիներուն մէջ՝ մանաւանդ, Գնալըի բարձունքին ոգեւորութիւնը շատ բարձր էր եղանակի բերումով։
s-219 Եկեղեցական արարողութիւններուն առընթեր, կղզիի վրայ մեր համայնքի անդամները բազում խրախճանքներ կազմակերպեցին։
s-220 Բնակարաններու պարտէզները, փողոցները թատերաբեմը հանդիսացան՝ վերակենդանացեալ աւանդութիւններու։
s-221 Տօնակատարութիւնը լոկ ծէս մըն է, եթէ հաւատ չկայ անոր մէջ։
s-222 Թատրոնի կը վերածուի ամէն ինչ։
s-223 Հաւատն է, որ իր առթած հոգեւոր ուրախութիւնով կու տայ իմաստը։
s-224 Տրամադրութիւնը կը բարձրանայ, երբ որ մարդիկ բաժնեն այդ ապրումները։
s-225 Հաւատի հասարակաց յայտարարին վրայ, հաւատակից քոյրերու եւ եղբայրներու միասնականութեան բերած ուրախութիւնը բանալին է իսկական պայծառակերպման։
s-226 Երկուշաբթի, Յուլիս 12, 2021
s-227 ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
s-228 Երէկ, Վարդավառի տօնին առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։
s-229 Պայծառակերպութեան տաղաւարի առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
s-230 Նկատի ունենալով համաճարակի մթնոլորտը՝ հաւատացեալներ եկեղեցւոյ մէջ չընդունուեցան եւ պարտէզին մէջ զետեղուած նստարաններուն վրայ հետեւեցան Ս. Պատարագին։
s-231 Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նախագահեց Հսկման արարողութեան։
s-232 Պայծառակերպութեան տաղաւարի նախօրեակին Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, աւանդութիւն դարձած է Հսկման արարողութիւն կատարել։
s-233 Այս տարի, շաբաթ երեկոյեան կատարուած արարողութեան նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
s-234 Արարողութեան մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան եւ դպիրներ։
s-235 Մութ եկեղեցւոյ խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ կը պլպլային մոմերու ճրագները, որով աղօթքի միջավայրը առաւել եւս կը ներկայանար իր խորհրդաւոր ազդեցութեամբ։
s-236 Առ այդ, երգուած շարականներուն, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանէն ընթերցման ու Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի աղօթքի տողերուն միացան նաեւ հաւատացեալներ։
s-237 Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ վերջին օրհնութեամբ։
s-238 Երկուշաբթի, Յուլիս 12, 2021
s-239 ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿՇԻՌՔԻ ՎՐԱՅ
s-240 Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան շարունակուեցաւ պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ քննարկումները։
s-241 Նիւթական անբաւարարութիւնները այնպիսի մակարդակի մը հասած են, որ պոլսահայ կրթական համակարգի գործունէութիւնը կաթուածահարման եզրին բերած են։
s-242 Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հետզհետէ աւելի կը բարձրաձայնուի եւ հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն օրակարգի վրայ կը բերուի մեր կարգ մը վարժարաններու միացման ստիպողութիւնը։
s-243 Սա թէեւ գործնականին մէջ կարգ մը դպրոցներու փակում կը նշանակէ, սակայն, համակարգուած աշխատանքի մը շնորհիւ կարելի կրնայ ըլլալ հետեւանքները որոշ չափով մեղմացնել։
s-244 Քորոնաժահրի համաճարակի սահմանափակումներու մեղմացման զուգահեռ, վերջերս համայնքային վարիչները Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ ժողով մը գումարած էին՝ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ձեւաչափին մէջ։
s-245 Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին որոշուած էր աշխատանքային քննարկումներու շարք մը կազմակերպել՝ մեր դպրոցներու առկայ հարցերուն շուրջ վերջնական որոշումներ ընդունելու առաջադրութեամբ։
s-246 Երէկուան ժողովը այդ աշխատանքային քննարկումներու փուլի սկիզբը կը համարուէր։
s-247 Հիւրընկալ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր գլխաւորեց ժողովը։
s-248 Որպէս դիտորդ՝ մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ Գէորգ Ներկիզ։
s-249 Այս փուլին թրքահայ գրեթէ բոլոր վարժարաններու ներկայացուցիչները իրենց մօտեցումները կշիռքի վրայ դրին՝ փոխադարձ ըմբռնումի մը հասնելու, լուծման գործնական ենթագետին մը ապահովելու առաջադրութեամբ։
s-250 Համայնքային վարիչները ներկայ դժուարին փուլին կողմնակից են՝ վարժարաններու փակման կամ միացման հարցերու պարագային առաջնորդուիլ մասնագէտներու կարծիքով։
s-251 Երէկուան ժողովի ընթացքին արձանագրուած կարեւորագոյն հանգամանքներէն մին էր այս մէկը։
s-252 Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մանուկ Էօղէր եւ Նուրհան Փալաքօղլու, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Նուրհան Տավուլճեան եւ Պերճ Քէօսէօղլու, Ղալաթիոյ խնամակալութենէն Վարդան Սիմքէշեան, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու, Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճը եւ անդամներէն Նուրհան Սուճուեան, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Ճէմճէմ, Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի տնօրէն Շահին Չընար եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։
s-253 Գալֆաեան Տան եւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի ներկայացուցիչները նախապէս տեղեակ պահելով բացակայեցան խորհրդակցութենէն։
s-254 Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի եւ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները ընդհանրապէս չմասնակցեցան քննարկումներուն։
s-255 Մանուկ Էօղէրի ողջոյնի խօսքէն վերջ կազմուեցաւ աշխատանքային խումբի դիւան մը։
s-256 Նուրհան Փալաքօղլուին վստահուեցաւ համակարգողի պաշտօնը։
s-257 Իւրաքանչիւր վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետը պիտի համարուի կրթական հարցերու վերաբերեալ աշխատանքային խումբի անդամ։
s-258 Այդ աշխատանքային խումբը ERVAB-ի հովանոցին տակ պիտի գործէ եւ նոյն քարտուղարութենէն պիտի օգտուի։
s-259 Ժողովականներ քննարկումի ընթացքին թեր ու դէմ կարծիքներով հանդէս եկան մեր կրթական համակարգի վերաբերեալ հրատապ հարցերու շուրջ։
s-260 Այդ ամբողջին մէջ ընդգծուեցան կրթութեան որակի բարձրացման եւ մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնները։
s-261 Նուրհան Փալաքօղլու նշեց, որ կրթութեան մակարդակը բարձրացնելով կարելի է ապահովել, որ մեր համայնքի զաւակները ոչ-համայնքային դպրոցներ չյաճախեն։
s-262 Առկայ խնդիրները շատ բարդ են եւ լուծումը ժամանակի կը կարօտի։
s-263 Կան նաեւ տնտեսական հարցերը, համատեղ միջոցներ գոյացնելու խնդիրները, որոնք կրնան յաղթահարուիլ միայն զոհողութեան մօտեցումով։
s-264 Գէորգ Ներկիզ ընդգծեց, որ ոեւէ մէկը թէեւ դպրոց փակել չ՚ուզեր, սակայն խնդիրները պէտք է ձեռք առնուին ինքնաքննադատաբար։
s-265 Ան դիտել տուաւ, որ այսօր նոյնիսկ մեր վարժարաններու վարիչները իրենց զաւակները չեն ուղարկեր իրենց ղեկավարած դպրոցը։
s-266 «Թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս երեւոյթը բացատրել այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը բերեն մեր վարժարանները։
s-267 Այսօր ամէն ինչ նիւթականէ կախեալ դարձած է։
s-268 Նիւթապէս ինքնաբաւ եւ անբաւարար եղող դպրոցներու միջեւ տարբերութիւնները պէտք չէ շատ մեծ ըլլան։
s-269 Մի միայն ելմտական տուեալներու հիման վրայ չենք կրնար որոշել դպրոցներու միացման կամ փակման հարցերը», ըսաւ Գէորգ Ներկիզ։
s-270 Իր կարգին, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանն ալ նշեց, որ մեր համայնքը երբեք կեդրոնաձիգ մտայնութիւն չէ ունեցած եւ այս հարցին վրայ կու գայ աւելնալ գործադիր ընդհանրական վարչական դրութեան մը բացակայութեան երեւոյթը։
s-271 Կրթական հաստատութիւններու բեռը կը մնայ սահմանափակ մարդոց վրայ եւ դժբախտաբար համայնքի մեծամասնութեան կողմէ անտարբերութիւն կը ցուցաբերուի։
s-272 Ուրբաթ, Յուլիս 9, 2021
s-273 ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
s-274 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ Անթիլիասի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որ միջոցէ մը ի վեր Լիբանանի մէջ կը գտնուի՝ մասնակցելու համար Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի նստաշրջանին։
s-275 Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Զեքիեան Գերապայծառ զրոյցի ընթացքին անդրադարձան Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած՝ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու ժողովին, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապի մասնակցութեամբ։
s-276 Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ զանազան հարցեր։
s-277 Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդը երկշաբաթեայ աշխատանքէ մը վերջ չյաջողեցաւ ընտրել նոր պատրիարքը։
s-278 Ս. Սինոդի նիստերուն մասնակցեցաւ նաեւ Զեքիեան Գերապայծառ։
s-279 Այժմ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի յաջորդ փուլերու վերաբերեալ իրադարձութիւններուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։
s-280 Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021
s-281 ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
s-282 Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի։
s-283 Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այցելութիւնը, որու ընթացքին թաղականները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գործունէութեանց մասին։
s-284 Ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր՝ վարժարաններու հանդէպ ցոյց տուած հայրական հետաքրքրութեան համար։
s-285 Նորին Ամենապատուութիւնը լսելով այցելուներու փոխանցած տեղեկութիւնները՝ իր գաղափարները յայտնեց եւ հայրական թելադրութիւններ ըրաւ։
s-286 Ան յիշեցուց, թէ համայնքը դժուարին շրջանէ մը կ՚անցնի համավարակի պատճառով եւ մաղթեց, որ համայնքային հաստատութիւնները նուազագոյն վնասով դուրս գան։
s-287 Իր խօսքերու աւարտին Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց թաղականներուն։

Text viewDownload CoNNL-U