Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 334 • previousnext

s-101 Մուշեղ կանգ կ՚առնէ եւ մեզի կը դառնայ.
s-102 Հոս զգուշաւոր ըլլալ պէտք է, կ՚ըսէ եւ ապա կ՚աւելցնէ հայերէն. հոս աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը կան:
s-103 Ինչ ըսա՞ւ ,- իսկոյն կը հարցնէ Խրիսթինա:
s-104 Կ՚ըսէ, թէ հոս աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը կան եղեր, կ՚ըսեմ Խրիսթինային թրքերէն:
s-105 Վարդե՜ր , վարդե՜ր , վարդե՜ր , կը կրկնէ Խրիսթինա հիացած:
s-106 Սը՜սսս , կը բարկանայ Մուշեղ:
s-107 Պզտիկ եւ նեղ փողոցները դատարկ են. ամարանոցային շրջանը չէ սկսած տակաւին:
s-108 Շաբաթ մը վերջ բոլոր այս տուները մարդոցմով լեցուն պիտի ըլլան, բայց հիմա պարապ է թաղը:
s-109 Փայտաշէն հին տունի մը քովէն անցնելու ատեն Օքանին կը հանդիպինք:
s-110 Նախ Միքքին զինք կը նկատէ, եւ իսկոյն հաջելու կը սկսի:
s-111 Ծօ, լռեցո՛ւր անասունը, կ՚ըսէ Մուշեղ զայրացած:
s-112 Այն ատեն կը նշմարենք Օքանը, որ խնձորենիէն ճիւղ մը փրցնել կը ջանայ, ապարդիւն:
s-113 Ի՞նչ կ՚ընես կոր
s-114 Ո՞ւր կ՚երթաք կոր
s-115 Հարցումները կը խաչուին եւ օդին մէջ լռութիւնը կը մնայ:
s-116 Հոս աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը կան, կ՚ըսէ յանկարծ Խրիսթինա:
s-117 Ապո՛ւշ , չ՚ուշանար Մուշեղին արձագանգը:
s-118 Օօ՜օ , Պօղոս աղբարին պարտէ՞զը կ՚երթաք կոր, կ՚ըսէ Օքան աշխուժացած եւ կ՚աւելցնէ. ե՛ս ալ գամ:
s-119 Ո՛չ
s-120 Չ՚ըլլար
s-121 Եկո՛ւր
s-122 Կ՚ըսենք երեքս միաժամանակ:
s-123 Պապային կ՚ըսեմ, կը սպառնայ Օքան:
s-124 Ես եւ Մուշեղ շուարած իրարու կը նայինք:
s-125 Ոչ ոք կը սիրէ Օքանը:
s-126 Օտար է. մայրը թուրք է:
s-127 Զարեհ տէտէին մինուճար մանչը՝ Մինաս պէյ թուրք կին առաւ:
s-128 Օքանն ալ ուրեմն կէս-թուրք ըլլալու է, կամ՝ լման թուրք:
s-129 Լաւ, եկուր, կ՚ըսէ Մուշեղ դժկամութեամբ, միայն ո՛չ մէկուն պիտի ըսես:
s-130 Թամամ, կ՚ըսէ Օքան, ասի ո՞վ է
s-131 Միքքի՛ն , կ՚ըսենք երեքս միասին:
s-132 Քիչ վերջ Պօղոս աղբարին պարտէզը կը հասնինք:
s-133 Իսկ եթէ տունը ըլլա՞յ , կ՚ըսեմ սարսափահար բայց միեւնոյն ատեն արկածախնդրութեան մը սպասումէն խանդավառ, մինչ Մուշեղ արդէն պարտէզը շրջանակող պատին վրայ մագլցելու սկսած է:
s-134 Ականջը ծանր է, աղուոր չի լսեր, կ՚ըսէ արդէն ցանկապատին գագաթէն եւ կը ցատքէ պարտէզին մէջ:
s-135 Օքան իսկոյն Մուշեղին կը հետեւի:
s-136 Ես նախ Խրիսթինային կ՚օգնեմ պատին վրայ ելլելու, յետոյ զգուշութեամբ անոր կու տամ Միքքին, զոր աղջիկը պատին միւս կողմը վարը կեցած Մուշեղին կը փոխանցէ:
s-137 Անկէ վերջ միայն ես ալ կ՚անցնիմ պարտէզ:
s-138 Աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը ինծի պարզապէս սովորական ծաղիկներ կը թուին, բայց կը լռեմ:
s-139 Խրիսթինա հիացած մէկ թուփէն դէպի միւսը կը վազէ՝ ծաղիկները գուրգուրալով, մինչ տղաքը պարզապէս պատահածը կը փրցնեն:
s-140 Ինծի հետ կ՚ամուսնանաս, կ՚ըսէ յանկարծ Խրիսթինա՝ շիտակ աչքերուս մէջ նայելով:
s-141 Կը շուարիմ:
s-142 Խրիսթինա կեցած է սպասողական վիճակին մէջ, ձեռքին խնամքով ընտրուած կարմիր վարդերու պզտիկ փունջ մը կայ:
s-143 Հիմա չէ, երբ մեծնանք, կ՚աւելցնէ շփոթս տեսնելով:
s-144 Խենդեցա՞ր , կ՚ըսեմ ի վերջոյ, չըլլալիք բան է:
s-145 Ի՞նչու
s-146 Չէ՞ որ յոյն ես
s-147 Աղջիկն անակնկալի կու գայ, բայց ոչինչ կ՚ըսէ:
s-148 Ինքզինքս մեղաւոր կը զգամ եւ կ՚ուզեմ իրավիճակը շտկել:
s-149 Օքա՛ն , կ՚ըսեմ, դուն Խրիսթինային հետ կ՚ամուսնանաս չէ՞ մը
s-150 Ոչ հիմա, երբ մեծ ըլլաք
s-151 Բայց Խրիսթինա օտար է. ի՞նչպէս կ՚ըլլայ, կ՚ըսէ Օքան զարմացած:
s-152 Խրիսթինայի աչքերէն արցունքներ կը ցայտեն յանկարծ:
s-153 Չգիտնալով ինչ ընել՝ Մուշեղը կ՚ուզեմ օգնութեան կանչել, երբ Միքքին կ՚ելլէ տեղէն եւ կը սկսի հաջել:
s-154 Ծօ՛ , փախէ՛ք , կը պոռայ Մուշեղ եւ կը վազէ դէպի ցանկապատը:
s-155 Թփերուն ետեւէն կաղալէն եւ հայհոյելէն Պօղոս աղբարը կ՚ելլէ:
s-156 Բիճ գո՛ւրուլարը (թրքերէն՝ պոռնկորդիներ, սրիկաներ), վարդերս ամէն փճացուցի՜ք , կը պոռայ ան:
s-157 Մուշեղ արդէն ցանկապատին միւս կողմն է, Օքան պատին գլխուն կեցած է՝ ցատքելու պատրաստ:
s-158 Մենք ալ արդէն պատին վարն ենք:
s-159 Խրիսթինային կ՚օգնեմ վեր ելլելու, բայց յանկարծ ոտքը կը փախի եւ վար կ՚իյնայ:
s-160 Աուո՜ւու , ո՜տքս , կը ճչայ:
s-161 Պօղոս աղբար արդէն մօտ է:
s-162 Կ՚ուզեմ Խրիսթինան շալկել, բայց յանկարծ կը տեսնեմ Միքքին, որ աղմուկէն խեղճացած՝ կծկտեր է Խրիսթինային քով:
s-163 Երկվայրկեան մը կը կենամ շուարած:
s-164 Աղջկան աչքերուն մէջ կը նայիմ.
s-165 «Այդպէս ըրէ՛ », կ՚երեւակայեմ կարդալ հոն:
s-166 Արագ շարժումով մը շունը կը գրկեմ ձախ ձեռքովս եւ աներեւակայելի վարպետութեամբ մը մագլցելու կը սկսիմ պատն ի վեր:
s-167 Ակնթա՞րթ մը տեւեց միայն. չանդրադարձայ:
s-168 Արդէն պատին գլուխն եմ:
s-169 Կը խորհիմ յետ հայեացք մը նետել:
s-170 Չեմ ըներ:
s-171 Երկու ձեռքովս ամուր կը գրկեմ Միքքին եւ կը ցատքեմ դէպի փողոց:
s-172 Մուշեղը եւ Օքանը չեն երեւիր:
s-173 Վազելու կը սկսիմ անորոշ ուղղութեամբ մը:
s-174 Փողոցը ամայի է, լքուած, այլ՝ գեղեցիկ:
s-175 Քիչ հեռուէն պոռչտուքներ կը հասնին եւ զօրաւոր ապտակի մը ձայնը. Պօղոս աղբար հասաւ աղջկան:
s-176 Արեւը այլեւս շատ չ՚այրեր:
s-177 Միքքին գրկած, կը սլանամ ծառուղիներու մէջէն, ծովէն հասած պաղ հովը դէմքս կը գգուէ եւ կը խաղայ Խրիսթինայի մազերու կապոյտ երիզին հետ, զոր աղջիկը շան վիզը անցուցած է:
s-178 Հօրս համար առտու կանուխ արթննալ շատ դժուար է:
s-179 Հակառակ անոր, որ ժամը 7-ին արդէն գործատեղին պիտի ըլլայ, լաւագոյն պարագային միայն 7-ին քառորդ մնացած տունէն դուրս կու գայ:
s-180 Մայրս, որ շատ աւելի ուշ պիտի արթննայ, կը ստիպուի շատ կանուխ ելլելու, որ հայրս արթնցնէ:
s-181 Ամէն առաւօտ մինչեւ 6.30 սենեակէս մտիկ կ՚ընեմ հայրս արթնցնելու մօրս յուսահատ ճիգերը. սկիզբը կը համոզէ, յետոյ կ՚աղաչէ, ապա կը հրամայէ, քիչ վերջ խոհանոց կ՚երթայ սուրճը կրակին դնելու, կը սկսի պնակները իրարու զարնել եւ մասնաւոր աղմուկ սարքել:
s-182 Վերջապէս հայրս կ՚ելլէ անկողնէն:
s-183 Տեսնելու պէտք չունիմ պատկերացնելու համար տարիներ շարունակ կրկնուող նոյն տեսարանը. հայրս կէս-հագուած աննպատակ կը դառնայ տունին մէջ «ուշացա՜յ ուշացա՜յ » պոռալով:
s-184 Սակայն հեռաւոր այն առաւօտը կ՚արթննամ որ տունին մէջ տարօրինակ լռութիւն մը կը տիրէ:
s-185 Կը մօտենամ ծնողներուս սենեակին, բանալիին բացուածքէն կը նայիմ. մայրս հանդարտ քնացած է, իսկ հայրս չկայ:
s-186 Խեր ըլլայ, այսօր ինք ելաւ, գործի գնաց, կ՚ըսէ մայրս նախաճաշի ատեն:
s-187 Մէկ ժամ վերջ մէկէ մը ստացուած հեռաձայնը լուր կու տայ, որ հայրս սրտի տագնապ ունեցած է գործատեղը:
s-188 Հայրս մեռաւ այն ամրան վերջաւորութեան, մօրս իբրեւ յիշատակ ձգելով տասնամեայ տղայ մը, տակաւին քանի մը ամսուան շուն մը եւ փայտաշէն տուն մը:
s-189 Բ.
s-190 Յետոյ Գուրթն էր:
s-191 Մայրս չկրցաւ ներել հօրս, որ մեռաւ եւ փախցուց միասին ճամբորդելու վերջին առիթը:
s-192 Բայց աստուածավախ ըլլալուն, շատ չի համարձակիր հանգուցեալին հայհոյելու, անոր համար ամէն բանին մեղաւորը շունը կը համարէ:
s-193 Հօրս մահուան լուրն առնելու պահէն սկսեալ, չորս տարի է արդէն, անհաշտելի թշնամութիւն մը սկսած է մօրս եւ Միքքիին միջեւ:
s-194 Մայրս առիթը չի փախցներ շունը մշտելու, շունն ալ իր կարգին ամէն օր կանոնաւոր կերպով մօրս սենեակին մէջ կը միզէ, կամ սենեակին դուռը գոց գտնելու պարագային մօրս ձեռագործը կը բզքտէ:
s-195 Աս ասանկ չ՚ըլլար, սա շունը վռնտելիք է, կը սկսի մօրս ամէնօրեայ առաւօտեան մենախօսութիւնը:
s-196 Հակառակ անոր, որ ամառնային արձակուրդի շրջանն է, եւ կանուխէն արթննալու պէտք չունիմ, կը ստիպուիմ ծրագրածէս աւելի վաղ լքելու անկողինս եւ շունը առնելով շուտով տունէն ելլելու, մօրս տռտռոցէն ազատելու համար:
s-197 Ծօ՛ , բան մը չկերած ո՞ւր կ՚երթաս, կը ձայնէ ետեւէս:
s-198 Անօթի չեմ, կը պատասխանեմ եւ արագ քայլերով կը հեռանամ:
s-199 Մասնաւոր ընելիք չունիմ. ծովափ կ՚երթամ, եւ եթէ արեւը արդէն ելած ըլլայ, կը փռուիմ խճաքարերուն վրայ, մինչ Միքքին ուրախ հոս ու հոն կը վազէ, ճայերը հետապնդելով:
s-200 Քիչ վերջ Խրիսթինան կու գայ եւ միասին քաղաք կ՚երթանք:

Text viewDownload CoNNL-U