Sentence view

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain

Text: -

[1] tree
Տեղեկագրութիւն՝ դէպքի վայրէն
s-1
news-002G-0001051L
Տեղեկագրութիւն՝ դէպքի վայրէն
Teġekagrowt’iwn, dēpk’i vayrēn
[2] tree
Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային եւ տագնապալի այս օրերուն, տեղի կ՚ունենան նաեւ օժանդակութեան տեսակաւոր նախաձեռնութիւններ, որոնք օգնութեան ձեռք կ՚երկարեն այս ժողովուրդին, եւ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն ունի իրեն յատուկ նպատակ մը եւ օգտուող անհատներու շրջանակ մը:
s-2
news-002G-0001051M

Libanani mēǰ tiroġ č̣gnažamayin ew tagnapali ays òrerown, teġi k,ownenan naew òžandakowt’ean tesakawor naxajeṙnowt’iwnner, oronk’ ògnowt’ean jeṙk’ k,erkaren ays žoġovowrdin, ew iwrak’ančiwr naxajeṙnowt’iwn owni iren yatowk npatak më ew ògtowoġ anhatnerow šrǰanak më.
[3] tree
Ասոնց մէջ, ամէնէն ուշագրաւներէն է «Souk El Balad» նախաձեռնութիւնը, որ կը կայանայ մայրաքաղաք Պէյրութի կեդրոնը, հովանաւորութեամբ ոչ-կառավարական (NGO) «ARDNA» կազմակերպութեան, գործակցութեամբ՝ Solidere-ի:
s-3
news-002G-0001051N
Ասոնց մէջ, ամէնէն ուշագրաւներէն է «Souk El Balad» նախաձեռնութիւնը, որ կը կայանայ մայրաքաղաք Պէյրութի կեդրոնը, հովանաւորութեամբ ոչ-կառավարական (NGO) «ARDNA» կազմակերպութեան, գործակցութեամբ՝ Solidere-ի:
Asonc’ mēǰ, amēnēn owšagrawnerēn ē «Souk El Balad» naxajeṙnowt’iwnë, or kë kayanay mayrak’aġak’ Pēyrowt’i kedronë, hovanaworowt’eamb oč-kaṙavarakan (NGO) «ARDNA» kazmakerpowt’ean, gorçakc’owt’eamb, Solidere-i.
[4] tree
Ըստ Solidere-ի յայտարարութեան, իրենց հիմնական նպատակը եղած է վերակենդանացնել Պէյրութի շուկան եւ վերականգնել մայրաքաղաքին պատմական բնոյթը՝ յղանալով Բաց Շուկայ ունենալու նոր գաղափարը:
s-4
news-002G-0001051P
Ըստ Solidere-ի յայտարարութեան, իրենց հիմնական նպատակը եղած է վերակենդանացնել Պէյրութի շուկան եւ վերականգնել մայրաքաղաքին պատմական բնոյթը՝ յղանալով Բաց Շուկայ ունենալու նոր գաղափարը:
Ëst Solidere-i yaytararowt’ean, irenc’ himnakan npatakë eġaç ē verakendanac’nel Pēyrowt’i šowkan ew verakangnel mayrak’aġak’in patmakan bnoyt’ë, yġanalov Bac’ Šowkay ownenalow nor gaġap’arë.
[5] tree
Այս շուկան կը հիւրընկալէ եւ համախմբէ տարբեր տեսակի արտադրողներ եւ արհեստաւորներ, ամէն Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 8:00-էն կէսօրէ ետք 2:00, եւ կ՚ընդգրկէ երկրագործներ, պարտիզպաններ, խոհարարներ, արուեստագէտներ եւ գոհարավաճառներ, որոնք հոն կը ցուցադրեն եւ ծախեն իրենց բարձրորակ արտադրութիւնները՝ ոչ մէկ վճարում կատարելով:
s-5
news-002G-0001051Q

Ays šowkan kë hiwrënkalē ew hamaxmbē tarber tesaki artadroġner ew arhestaworner, amēn Šabat’ òr, aṙawòtean žamë 8.00-ēn kēsòrē etk’ 2.00, ew k,ëndgrkē erkragorçner, partizpanner, xohararner, arowestagētner ew goharavač̣aṙner, oronk’ hon kë c’owc’adren ew çaxen irenc’ barjrorak artadrowt’iwnnerë, oč mēk vč̣arowm katarelov.
[6] tree
Այս նախաձեռնութեան շատ լաւ կազմակերպուած եւ համադրուած ըլլալը, զայն կը դարձնէ աւելի գրաւիչ:
s-6
news-002G-0001051R
Այս նախաձեռնութեան շատ լաւ կազմակերպուած եւ համադրուած ըլլալը, զայն կը դարձնէ աւելի գրաւիչ:
Ays naxajeṙnowt’ean šat law kazmakerpowaç ew hamadrowaç ëllalë, zayn kë darjnē aweli grawič.
[7] tree
Վաճառողները եւ անոնց արտադրութիւնները բազմատեսակ են. գեղարուեստական պաստառներու եւ ձեռային աշխատանքներու կողքին, շատեր կը վաճառեն տնային պատրաստութեամբ հիւթեր կամ միջուկներ, անուշներ, իսկ անդին ուրիշներ կը ծախեն իրենց պտուղներն ու բանջարեղէնը, նաեւ պատրստած ճաշերը. շատ մեծ ընտրանի մը անկասկած:
s-7
news-002G-0002051S

Vač̣aṙoġnerë ew anonc’ artadrowt’iwnnerë bazmatesak en. geġarowestakan pastaṙnerow ew jeṙayin ašxatank’nerow koġk’in, šater kë vač̣aṙen tnayin patrastowt’eamb hiwt’er kam miǰowkner, anowšner, isk andin owrišner kë çaxen irenc’ ptowġnern ow banǰareġēnë, naew patrstaç č̣ašerë. šat meç ëntrani më ankaskaç.
[8] tree
Մասնակցելու պատճառը կը տարբերի անձէ-անձ:
s-8
news-002G-0003051T
Մասնակցելու պատճառը կը տարբերի անձէ-անձ:
Masnakc’elow patč̣aṙë kë tarberi anjē-anj.
[9] tree
Շատերու համար, ինչպէս է պարագան Պիպլոս Հապ-ի Ռուտի Մարունին, մասնակցիլ կը նշանակէ վերադարձ դէպի շուկայ.
s-9
news-002G-0003051U
Շատերու համար, ինչպէս է պարագան Պիպլոս Հապ-ի Ռուտի Մարունին, մասնակցիլ կը նշանակէ վերադարձ դէպի շուկայ.
Šaterow hamar, inčpēs ē paragan Piplos Hap-i Ṙowti Marownin, masnakc’il kë nšanakē veradarj dēpi šowkay.
[10] tree
«Խանութին տէրը, ճիշդ այս վայրին մէջ, միշտ տաք ուտելիք վաճառած է, ապա փոխադրուած՝ Ժըմմէյզէ, իսկ հիմա կը վերադառնանք նոյն շուկան՝ հրամցնելու երշիկներ, որոնք մեր պատրաստութիւնն են, ինչպէս մեր հրամցուցած բոլոր ուտելիքները՝ միշտ համեղ եւ առաւելագոյն թիւով մարդոց հասնելու նպատակով, եւ սպասարկելու այնպէս, ինչպէս ճիշդ ձեւն է, եւ ոչ թէ երբ ճաշ մը կ՚առաքուի խանութէն դուրս»:
s-10
news-002G-0003051V

«Xanowt’in tērë, č̣išd ays vayrin mēǰ, mišt tak’ owtelik’ vač̣aṙaç ē, apa p’oxadrowaç, Žëmmēyzē, isk hima kë veradaṙnank’ noyn šowkan, hramc’nelow eršikner, oronk’ mer patrastowt’iwnn en, inčpēs mer hramc’owc’aç bolor owtelik’nerë, mišt hameġ ew aṙawelagoyn t’iwov mardoc’ hasnelow npatakov, ew spasarkelow aynpēs, inčpēs č̣išd jewn ē, ew oč t’ē erb č̣aš më k,aṙak’owi xanowt’ēn dowrs».
[11] tree
Ատիպ Տորրային համար՝ Caffeine Beirut բաժինէն, հոս ըլլալ կը նշանակէ մաս կազմել քու միջավայրիդ եւ գործունեայ դառնալ, ան կ՚աւելցնէ.
s-11
news-002G-00030520
Ատիպ Տորրային համար՝ Caffeine Beirut բաժինէն, հոս ըլլալ կը նշանակէ մաս կազմել քու միջավայրիդ եւ գործունեայ դառնալ, ան կ՚աւելցնէ.
Atip Torrayin hamar, Caffeine Beirut bažinēn, hos ëllal kë nšanakē mas kazmel k’ow miǰavayrid ew gorçowneay daṙnal, an k,awelc’nē.
[12] tree
«Մենք մնայուն ներկայութիւն ենք նման նախաձեռնութիւններու մէջ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի համայնքային շուկաներուն:
s-12
news-002G-00030521
«Մենք մնայուն ներկայութիւն ենք նման նախաձեռնութիւններու մէջ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի համայնքային շուկաներուն:
«Menk’ mnayown nerkayowt’iwn enk’ nman naxajeṙnowt’iwnnerow mēǰ, yatkapēs inč kë veraberi hamaynk’ayin šowkanerown.
[13] tree
Մենք կ՚ուզենք մաս կազմել եւ օգնել մեր անմիջական շրջապատին՝ միաժամանակ մասնակցելով նման նախաձեռնութիւններու, որոնք կը քաջալերեն եւ աշխատանքի մղիչ ուժ կը հանդիսանան, երբ մասնաւորաբար կը յայտնաբերեն ու առիթ կը ստեղծեն ցուցադրելու մեր արտադրութիւնը շուկային մէջ:
s-13
news-002G-00030522

Menk’ k,owzenk’ mas kazmel ew ògnel mer anmiǰakan šrǰapatin, miažamanak masnakc’elov nman naxajeṙnowt’iwnnerow, oronk’ kë k’aǰaleren ew ašxatank’i mġič owž kë handisanan, erb masnaworabar kë yaytnaberen ow aṙit’ kë steġçen c’owc’adrelow mer artadrowt’iwnë šowkayin mēǰ.
[14] tree
Մենք մեր վաճառատունը բացինք Դեկտեմբեր 2019-ին, երբ Covid-19 համաճարակի արգելափակումները մէկ կողմէ եւ հետագային Օգոստոս 4-ի Պէյրութի պայթումին պատճառած վնասները միւս կողմէ, ստիպեցին մեզ ամբողջութեամբ փակել վեց ամիս:
s-14
news-002G-00040523
Մենք մեր վաճառատունը բացինք Դեկտեմբեր 2019-ին, երբ Covid-19 համաճարակի արգելափակումները մէկ կողմէ եւ հետագային Օգոստոս 4-ի Պէյրութի պայթումին պատճառած վնասները միւս կողմէ, ստիպեցին մեզ ամբողջութեամբ փակել վեց ամիս:
Menk’ mer vač̣aṙatownë bac’ink’ Dektember 2019-in, erb Covid-19 hamač̣araki argelap’akowmnerë mēk koġmē ew hetagayin Ògostos 4-i Pēyrowt’i payt’owmin patč̣aṙaç vnasnerë miws koġmē, stipec’in mez amboġǰowt’eamb p’akel vec’ amis.
[15] tree
Սակայն նման նախաձեռնութիւնները եւ այդ առիթով մեր ունեցած վաճառքը, մեզի ոտքի կը պահեն ու կը շարունակենք գոյատեւել հակառակ ներկայ բոլոր դժուարութիւններուն»:
s-15
news-002G-00050524
Սակայն նման նախաձեռնութիւնները եւ այդ առիթով մեր ունեցած վաճառքը, մեզի ոտքի կը պահեն ու կը շարունակենք գոյատեւել հակառակ ներկայ բոլոր դժուարութիւններուն»:
Sakayn nman naxajeṙnowt’iwnnerë ew ayd aṙit’ov mer ownec’aç vač̣aṙk’ë, mezi otk’i kë pahen ow kë šarownakenk’ goyatewel hakaṙak nerkay bolor džowarowt’iwnnerown».
[16] tree
Իսկ ինչ կը վերաբերի Նուր Արիտիի՝ Camilla՚s Garden-էն, համայնքային նման շուկաներ կ՚աւելցնեն ծանօթացման առիթները մանաւանդ ընտանեկան կողմնակի փոքր նախաձեռնութեան մը համար, որ վերածուած էր ձեռնարկութեան.
s-16
news-002G-00050525
Իսկ ինչ կը վերաբերի Նուր Արիտիի՝ Camilla՚s Garden-էն, համայնքային նման շուկաներ կ՚աւելցնեն ծանօթացման առիթները մանաւանդ ընտանեկան կողմնակի փոքր նախաձեռնութեան մը համար, որ վերածուած էր ձեռնարկութեան.
Isk inč kë veraberi Nowr Aritii, Camilla,s Garden-ēn, hamaynk’ayin nman šowkaner k,awelc’nen çanòt’ac’man aṙit’nerë manawand ëntanekan koġmnaki p’ok’r naxajeṙnowt’ean më hamar, or veraçowaç ēr jeṙnarkowt’ean.
[17] tree
«Այս գործը սկսայ մօրս՝ Camilla-ի հետ, 2017-ին, որովհետեւ մենք մեծ սէր կը տածենք բոյսերու եւ բնութեան հանդէպ, նաեւ՝ բոյսերու վաճառման փոքր խանութ մը ունինք:
s-17
news-002G-00060526
«Այս գործը սկսայ մօրս՝ Camilla-ի հետ, 2017-ին, որովհետեւ մենք մեծ սէր կը տածենք բոյսերու եւ բնութեան հանդէպ, նաեւ՝ բոյսերու վաճառման փոքր խանութ մը ունինք:
«Ays gorçë sksay mòrs, Camilla-i het, 2017-in, orovhetew menk’ meç sēr kë taçenk’ boyserow ew bnowt’ean handēp, naew, boyserow vač̣aṙman p’ok’r xanowt’ më ownink’.
[18] tree
Մասնագիտութեամբ Ճարտարապետ, սկսած էի քարէ յատուկ թաղարներ պատրաստել, իսկ մայրս կը պատրաստէ մորթի յատուկ բնական թոնըրներ, հիմնուած՝ եւրոպական փորձառութեան վրայ:
s-18
news-002G-00070527
Մասնագիտութեամբ Ճարտարապետ, սկսած էի քարէ յատուկ թաղարներ պատրաստել, իսկ մայրս կը պատրաստէ մորթի յատուկ բնական թոնըրներ, հիմնուած՝ եւրոպական փորձառութեան վրայ:
Masnagitowt’eamb Č̣artarapet, sksaç ēi k’arē yatowk t’aġarner patrastel, isk mayrs kë patrastē mort’i yatowk bnakan t’onërner, himnowaç, ewropakan p’orjaṙowt’ean vray.
[19] tree
Մեր խանութէն ներս նաեւ սկսանք ցանել ու ծախել բոյսերու տեսակներ:
s-19
news-002G-00070528
Մեր խանութէն ներս նաեւ սկսանք ցանել ու ծախել բոյսերու տեսակներ:
Mer xanowt’ēn ners naew sksank’ c’anel ow çaxel boyserow tesakner.
[20] tree
Նման նախաձեռնութիւններու սկսանք մասնակցիլ 2019-ի վերջերուն՝ այդ շրջանին, երբ իբրեւ պաշտօնեայ կորսնցուցի գործս՝ երկրին մէջ տիրող տնտեսական դժուար կացութեան պատճառով, որմէ առաջ այս բոյսերու աշխարհը սիրողական զբաղում էր միայն:
s-20
news-002G-00070529

Nman naxajeṙnowt’iwnnerow sksank’ masnakc’il 2019-i verǰerown, ayd šrǰanin, erb ibrew paštòneay korsnc’owc’i gorçs, erkrin mēǰ tiroġ tntesakan džowar kac’owt’ean patč̣aṙov, ormē aṙaǰ ays boyserow ašxarhë siroġakan zbaġowm ēr miayn.
[21] tree
Պաշտօնս կորսնցնելէ ետք, բոյսերու վաճառքը դարձաւ ընտանեկան գործ եւ ապրուստի միակ միջոց:
s-21
news-002G-0007052A
Պաշտօնս կորսնցնելէ ետք, բոյսերու վաճառքը դարձաւ ընտանեկան գործ եւ ապրուստի միակ միջոց:
Paštòns korsnc’nelē etk’, boyserow vač̣aṙk’ë darjaw ëntanekan gorç ew aprowsti miak miǰoc’.
[22] tree
Ես ստանձնեցի Camilla՚s Garden-ի ծանուցման եւ ժողովրդականացման աշխատանքները:
s-22
news-002G-0007052B
Ես ստանձնեցի Camilla՚s Garden-ի ծանուցման եւ ժողովրդականացման աշխատանքները:
Es stanjnec’i Camilla,s Garden-i çanowc’man ew žoġovrdakanac’man ašxatank’nerë.
[23] tree
Այս տեսակի համայնական շուկայի նախաձեռնութիւնները մեզ կը խրախուսեն նիւթական եւ զգացական գետիններու վրայ, որովհետեւ մեր հոգեկանը կը բարձրանայ, երբ մենք կը տեսնենք յաճախորդներուն հետաքրքրութիւնը մեր արտադրանքին նկատմամբ, եւ մենք ալ մեր կարգին քաջալերուած եւ վերանորոգուած՝ կը դրսեւորենք մեր սէրը այս գործին հանդէպ», կ՚ըսէ ան:
s-23
news-002G-0007052C

Ays tesaki hamaynakan šowkayi naxajeṙnowt’iwnnerë mez kë xraxowsen niwt’akan ew zgac’akan getinnerow vray, orovhetew mer hogekanë kë barjranay, erb menk’ kë tesnenk’ yač̣axordnerown hetak’rk’rowt’iwnë mer artadrank’in nkatmamb, ew menk’ al mer kargin k’aǰalerowaç ew veranorogowaç, kë drseworenk’ mer sērë ays gorçin handēp», k,ësē an.
[24] tree
Եւ ոմանց համար, նման ձեռնարկներ միջոց են օգնելու ուրիշներուն, ինչպէս է պարագան Ռաշէթ Խէյր բաժնով մասնակցողներուն:
s-24
news-002G-0008052D
Եւ ոմանց համար, նման ձեռնարկներ միջոց են օգնելու ուրիշներուն, ինչպէս է պարագան Ռաշէթ Խէյր բաժնով մասնակցողներուն:
EW omanc’ hamar, nman jeṙnarkner miǰoc’ en ògnelow owrišnerown, inčpēs ē paragan Ṙašēt’ Xēyr bažnov masnakc’oġnerown.
[25] tree
«Մենք վերջերս Մար Մըխայէլի մէջ աշխատանոց մը ստեղծեցինք՝ օգնելու երիտասարդներուն. անոնք կրնան գալ մեր աշխատանոցը եւ աշխատիլ անվճար, որովհետեւ մենք կը տրամադրենք բոլոր նիւթերը, ինչպէս ներկ եւ ձեռային աշխատանքի պէտքեր:
s-25
news-002G-0008052E
«Մենք վերջերս Մար Մըխայէլի մէջ աշխատանոց մը ստեղծեցինք՝ օգնելու երիտասարդներուն. անոնք կրնան գալ մեր աշխատանոցը եւ աշխատիլ անվճար, որովհետեւ մենք կը տրամադրենք բոլոր նիւթերը, ինչպէս ներկ եւ ձեռային աշխատանքի պէտքեր:
«Menk’ verǰers Mar Mëxayēli mēǰ ašxatanoc’ më steġçec’ink’, ògnelow eritasardnerown. anonk’ krnan gal mer ašxatanoc’ë ew ašxatil anvč̣ar, orovhetew menk’ kë tramadrenk’ bolor niwt’erë, inčpēs nerk ew jeṙayin ašxatank’i pētk’er.
[26] tree
Ոմանք կը գծեն, ուրիշեր կը զբաղին արուեստներով եւ ձեռագործներով, կամ նոյնիսկ կահկարասիներ կը պատրաստեն, ինչպէս կը նշմարէք:
s-26
news-002G-0008052F
Ոմանք կը գծեն, ուրիշեր կը զբաղին արուեստներով եւ ձեռագործներով, կամ նոյնիսկ կահկարասիներ կը պատրաստեն, ինչպէս կը նշմարէք:
Omank’ kë gçen, owrišer kë zbaġin arowestnerov ew jeṙagorçnerov, kam noynisk kahkarasiner kë patrasten, inčpēs kë nšmarēk’.
[27] tree
Մենք նաեւ կը քաջալերենք նիւթերու վերանորոգ գործածութիւնը (upcycling-ը), բայց upcycling-ը, որ խորքին մէջ նպատակի կը ծառայէ:
s-27
news-002G-0008052G
Մենք նաեւ կը քաջալերենք նիւթերու վերանորոգ գործածութիւնը (upcycling-ը), բայց upcycling-ը, որ խորքին մէջ նպատակի կը ծառայէ:
Menk’ naew kë k’aǰalerenk’ niwt’erow veranorog gorçaçowt’iwnë (upcycling-ë), bayc’ upcycling-ë, or xork’in mēǰ npataki kë çaṙayē.
[28] tree
Մենք մասնակցիլ փափաքողներուն որեւէ պայման չենք դներ. երբեմն կ՚ունենանք որոշակի թեմաներով միջոցառումներ, բայց մենք, բնականօրէն, չենք ուզեր որեւէ ձեւով սահմանափակել անոնց ստեղծագործականութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, աշխատանքային որոշ համադրում մը մասնակիցներուն միջեւ, օգտակար կը նկատենք. համագործակցիլն ալ լաւ բան է:
s-28
news-002G-0008052H

Menk’ masnakc’il p’ap’ak’oġnerown orewē payman čenk’ dner. erbemn k,ownenank’ orošaki t’emanerov miǰoc’aṙowmner, bayc’ menk’, bnakanòrēn, čenk’ owzer orewē jewov sahmanap’akel anonc’ steġçagorçakanowt’iwnë, miewnoyn žamanak, ašxatank’ayin oroš hamadrowm më masnakic’nerown miǰew, ògtakar kë nkatenk’. hamagorçakc’iln al law ban ē.
[29] tree
Արտադրութեանց վաճառման պարագային, մենք կ՚առնենք եկամուտին մինչեւ 30%-ը՝ նիւթերուն եւ այլ ծախսեր հոգալու համար, բայց մնացեալ բաժինը կը ստանան իրենք՝ արուեստագէտները:
s-29
news-002G-0008052I
Արտադրութեանց վաճառման պարագային, մենք կ՚առնենք եկամուտին մինչեւ 30%-ը՝ նիւթերուն եւ այլ ծախսեր հոգալու համար, բայց մնացեալ բաժինը կը ստանան իրենք՝ արուեստագէտները:
Artadrowt’eanc’ vač̣aṙman paragayin, menk’ k,aṙnenk’ ekamowtin minčew 30%-ë, niwt’erown ew ayl çaxser hogalow hamar, bayc’ mnac’eal bažinë kë stanan irenk’, arowestagētnerë.
[30] tree
Մենք նաեւ կը փորձենք օգնել կիներուն՝ առիթ տալով անոնց ծախելու տնային պատրաստութեամբ ճաշեր, անուշեղէն եւ նոյնիսկ հիւսուած գործեր:
s-30
news-002G-0008052J
Մենք նաեւ կը փորձենք օգնել կիներուն՝ առիթ տալով անոնց ծախելու տնային պատրաստութեամբ ճաշեր, անուշեղէն եւ նոյնիսկ հիւսուած գործեր:
Menk’ naew kë p’orjenk’ ògnel kinerown, aṙit’ talov anonc’ çaxelow tnayin patrastowt’eamb č̣ašer, anowšeġēn ew noynisk hiwsowaç gorçer.
[31] tree
Այս մէկը կ՚ընենք մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարիէ ի վեր, բայց Օգոստոս 4-ի պայթումէն ետք աւելի անհրաժեշտ էր մեր ներկայութիւնը ըլլալ կարիքաւոր ժողովուրդին հետ, եւ այդպէս ալ ըրինք:
s-31
news-002G-0008052K
Այս մէկը կ՚ընենք մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարիէ ի վեր, բայց Օգոստոս 4-ի պայթումէն ետք աւելի անհրաժեշտ էր մեր ներկայութիւնը ըլլալ կարիքաւոր ժողովուրդին հետ, եւ այդպէս ալ ըրինք:
Ays mēkë k,ënenk’ mòtaworapēs mēk ow kēs tariē i ver, bayc’ Ògostos 4-i payt’owmēn etk’ aweli anhražešt ēr mer nerkayowt’iwnë ëllal karik’awor žoġovowrdin het, ew aydpēs al ërink’.
[32] tree
Մեր աշխատանոցին մէջ աշխատողներուն հետ միասին մաքրեցինք ու աւլեցինք փողոցներ եւ վերանորոգեցինք տուներ:
s-32
news-002G-0008052L
Մեր աշխատանոցին մէջ աշխատողներուն հետ միասին մաքրեցինք ու աւլեցինք փողոցներ եւ վերանորոգեցինք տուներ:
Mer ašxatanoc’in mēǰ ašxatoġnerown het miasin mak’rec’ink’ ow awlec’ink’ p’oġoc’ner ew veranorogec’ink’ towner.
[33] tree
Բաժնեցինք ուտեստեղէնի նպաստներ եւ փորձեցինք զօրավիգ կանգնիլ մեր երիտասարդներուն:
s-33
news-002G-0008052M
Բաժնեցինք ուտեստեղէնի նպաստներ եւ փորձեցինք զօրավիգ կանգնիլ մեր երիտասարդներուն:
Bažnec’ink’ owtesteġēni npastner ew p’orjec’ink’ zòravig kangnil mer eritasardnerown.
[34] tree
Փորձեցինք հասնիլ թէ՛ մեզի ծանօթ եւ թէ մեր աշխատակիցներուն ծանօթ անձերու:
s-34
news-002G-0008052N
Փորձեցինք հասնիլ թէ՛ մեզի ծանօթ եւ թէ մեր աշխատակիցներուն ծանօթ անձերու:
P’orjec’ink’ hasnil t’ē՛ mezi çanòt’ ew t’ē mer ašxatakic’nerown çanòt’ anjerow.
[35] tree
Այս նպատակով ունեցանք էջ Instagram վրայ, որպէսզի հասնինք նաեւ համալսարաններու:
s-35
news-002G-0008052O
Այս նպատակով ունեցանք էջ Instagram վրայ, որպէսզի հասնինք նաեւ համալսարաններու:
Ays npatakov ownec’ank’ ēǰ Instagram vray, orpēszi hasnink’ naew hamalsarannerow.
[36] tree
Ներկայիս, մեր հիմնական նպատակն է քաջալերել երիտասարդները եւ յայտնաբերել անոնց պահուած ձիրքերը, նաեւ ստեղծել արուեստի վրայ հիմնուած բուժման եղանակ մը (Therapy), որ անհրաժեշտ է Covid-19-ի եւ պայթումի հետեւանքները դարմանելու ճիգերուն զուգահեռ:
s-36
news-002G-0008052P

Nerkayis, mer himnakan npatakn ē k’aǰalerel eritasardnerë ew yaytnaberel anonc’ pahowaç jirk’erë, naew steġçel arowesti vray himnowaç bowžman eġanak më (Therapy), or anhražešt ē Covid-19-i ew payt’owmi hetewank’nerë darmanelow č̣igerown zowgaheṙ.
[37] tree
Կարկինը լայն բանալով, կ՚ուզենք ներառել երաժշտութիւնն ու խոհարարութիւնը, օրինակի համար:
s-37
news-002G-0008052Q
Կարկինը լայն բանալով, կ՚ուզենք ներառել երաժշտութիւնն ու խոհարարութիւնը, օրինակի համար:
Karkinë layn banalov, k,owzenk’ neraṙel eražštowt’iwnn ow xohararowt’iwnë, òrinaki hamar.
[38] tree
Նաեւ հետամուտ ենք ստեղծելու ցուցասրահի նման վայրեր, ուր կրնանք ցուցադրել արուեստի այս աշխատանքները:
s-38
news-002G-0008052R
Նաեւ հետամուտ ենք ստեղծելու ցուցասրահի նման վայրեր, ուր կրնանք ցուցադրել արուեստի այս աշխատանքները:
Naew hetamowt enk’ steġçelow c’owc’asrahi nman vayrer, owr krnank’ c’owc’adrel arowesti ays ašxatank’nerë.
[39] tree
Այս ցուցահանդէսին նման համայնքային ձեռնարկներ որոշ չափով կ՚օգնեն, թերեւս ոչ այնքան վաճառքին, բայց կը մնան օգտակար»:
s-39
news-002G-0008052S
Այս ցուցահանդէսին նման համայնքային ձեռնարկներ որոշ չափով կ՚օգնեն, թերեւս ոչ այնքան վաճառքին, բայց կը մնան օգտակար»:
Ays c’owc’ahandēsin nman hamaynk’ayin jeṙnarkner oroš čap’ov k,ògnen, t’erews oč aynk’an vač̣aṙk’in, bayc’ kë mnan ògtakar».
[40] tree
Ինչպէս կը տեսնենք, նպատակներն ու դրդապատճառները կը տարբերին ծախողներուն մօտ, բայց բոլորը համաձայն են մէկ կէտի շուրջ՝ բոլոր նպատակները կ՚իրագործուին այս ձեռնարկին ճամբով:
s-40
news-002G-0008052T
Ինչպէս կը տեսնենք, նպատակներն ու դրդապատճառները կը տարբերին ծախողներուն մօտ, բայց բոլորը համաձայն են մէկ կէտի շուրջ՝ բոլոր նպատակները կ՚իրագործուին այս ձեռնարկին ճամբով:
Inčpēs kë tesnenk’, npataknern ow drdapatč̣aṙnerë kë tarberin çaxoġnerown mòt, bayc’ bolorë hamajayn en mēk kēti šowrǰ, bolor npataknerë k,iragorçowin ays jeṙnarkin č̣ambov.
[41] tree
Անոնք, որոնք հետամուտ են ծախելու՝ կը յաջողին, իսկ անոնք, որոնք կ՚ուզեն նոր շուկաներ գտնել կամ իրենց արտադրութիւնը ծանօթացնել՝ նոյնպէս կը յաջողին:
s-41
news-002G-0008052U
Անոնք, որոնք հետամուտ են ծախելու՝ կը յաջողին, իսկ անոնք, որոնք կ՚ուզեն նոր շուկաներ գտնել կամ իրենց արտադրութիւնը ծանօթացնել՝ նոյնպէս կը յաջողին:
Anonk’, oronk’ hetamowt en çaxelow, kë yaǰoġin, isk anonk’, oronk’ k,owzen nor šowkaner gtnel kam irenc’ artadrowt’iwnë çanòt’ac’nel, noynpēs kë yaǰoġin.
[42] tree
Կը թուի, որ համայնքային այս շուկան կը ծառայէ իր նպատակին, սակայն արդեօ՞ք այս պէտք է ըլլայ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններուն նպատակը. պարզապէս կապ մը կամ ճամբայ մը բանա՞լ աշխատանքի պայմաններ ստեղծելու համար մինչեւ Լիբանանի վիճակին բարելաւումը, եթէ անշուշտ օր մը բարելաւուի:
s-42
news-002G-0008052V

Kë t’owi, or hamaynk’ayin ays šowkan kë çaṙayē ir npatakin, sakayn ardeò?k’ ays pētk’ ē ëllay nmanòrinak naxajeṙnowt’iwnnerown npatakë. parzapēs kap më kam č̣ambay më bana?l ašxatank’i paymanner steġçelow hamar minčew Libanani vič̣akin barelawowmë, et’ē anšowšt òr më barelawowi.
[43] tree
Նոյնիսկ եթէ աւելի մեծ նպատակներ ալ ճշդուին նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու համար, շաբաթը միայն մէկ անգամ եւ այդ ալ միայն վեց ժամ դրութեամբ, կարելի պիտի ըլլա՞յ իրագործել զանոնք:
s-43
news-002G-00080530
Նոյնիսկ եթէ աւելի մեծ նպատակներ ալ ճշդուին նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու համար, շաբաթը միայն մէկ անգամ եւ այդ ալ միայն վեց ժամ դրութեամբ, կարելի պիտի ըլլա՞յ իրագործել զանոնք:
Noynisk et’ē aweli meç npatakner al č̣šdowin nmanòrinak naxajeṙnowt’iwnnerow hamar, šabat’ë miayn mēk angam ew ayd al miayn vec’ žam drowt’eamb, kareli piti ëlla?y iragorçel zanonk’.
[44] tree
Souk el Balad շուկան, այս առանձին մեկուսի նախաձեռնութիւնը իր ամբողջ ներուժով, յաջողեցաւ լաւապէս ծառայել իր նպատակին:
s-44
news-002G-00090531
Souk el Balad շուկան, այս առանձին մեկուսի նախաձեռնութիւնը իր ամբողջ ներուժով, յաջողեցաւ լաւապէս ծառայել իր նպատակին:
Souk el Balad šowkan, ays aṙanjin mekowsi naxajeṙnowt’iwnë ir amboġǰ nerowžov, yaǰoġec’aw lawapēs çaṙayel ir npatakin.
[45] tree
Բայց այս բոլորը հոս կանգ չեն առներ, որովհետեւ ճշմարիտ դժբախտութիւնը կամ դժուարութիւնը այն է, որ միայն նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ ու օժանդակութիւններ կը կատարուին այսպիսի վատթարացող ճգնաժամերու ընթացքին:
s-45
news-002G-00090532
Բայց այս բոլորը հոս կանգ չեն առներ, որովհետեւ ճշմարիտ դժբախտութիւնը կամ դժուարութիւնը այն է, որ միայն նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ ու օժանդակութիւններ կը կատարուին այսպիսի վատթարացող ճգնաժամերու ընթացքին:
Bayc’ ays bolorë hos kang čen aṙner, orovhetew č̣šmarit džbaxtowt’iwnë kam džowarowt’iwnë ayn ē, or miayn nmanòrinak naxajeṙnowt’iwnner ow òžandakowt’iwnner kë katarowin ayspisi vatt’arac’oġ č̣gnažamerow ënt’ac’k’in.
[46] tree
Միթէ այսքանը բաւարա՞ր է. վերջ ի վերջոյ, փրկութեան այս լաստը երկար չի կրնար գոյատեւել, այլապէս փրկութեան լաստ պիտի չկոչուէր. ի՞նչ կ՚ըսէք...
s-46
news-002G-00090533
Միթէ այսքանը բաւարա՞ր է. վերջ ի վերջոյ, փրկութեան այս լաստը երկար չի կրնար գոյատեւել, այլապէս փրկութեան լաստ պիտի չկոչուէր. ի՞նչ կ՚ըսէք...
Mit’ē aysk’anë bawara?r ē. verǰ i verǰoy, p’rkowt’ean ays lastë erkar či krnar goyatewel, aylapēs p’rkowt’ean last piti čkočowēr. i?nč k,ësēk’...

Edit as listText viewDependency trees